Երեքշաբթի 18 փետրուար 2019-ին տօնն էր Ս. Ղեւոնդեանց քահանաներուն, նաեւ հայ եկեղեցւոյ քահանաներուն։ Առ այդ, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նախագահութեամբ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վարդ. Գուճանեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ։ Պատարագը մատուցեց Խաչիկ ա. քհնյ. Միսիրեան, իսկ օրուան խորհուրդը փոխանցեց Անանիա ծ. վարդ. Գուճանեան։
Ան նկատել տուաւ, որ Ղեւոնդեանք յանձն առին իրենց կեանքը, մարմինները զոհել Աւարայրի դաշտին վրայ, որպէս օրինակ, տիպար եւ մանաւանդ որպէս Աստուծոյ ներկայացուցիչ Քրիստոսի պատկեր4 ցոյց տալու իրենց հաւատքը, նաեւ իրենց ծառայելու կոչումը նախ Աստուծոյ եւ ապա իրենց ժողովուրդին։ Հայր սուրբը շեշտեց, որ այս աշխարհի վրայ մեր առօրեայ կեանքին մէջ Քրիստոսի համար կարեւորը հոգին չսպաննելն է, որովհետեւ ինքն է, որ մեր հոգիները կը քննէ եւ ոչ թէ մեր մարմինները։ Ան նկատել տուաւ, որ որպէս հոգեւորականներ իրենց ծառայութեան եւ մանաւանդ առօրեայ առաքելութեան ընդմէջէն, որպէս մարմին՝ պատարագի ժամանակ եւ նոյնիսկ խորանին վրայ ներկայացուցիչներն են Քրիստոսի աւելցնելով, որ իրենք Քրիստոսի խօսքին վրայ հիմնուած, որ կը՛սէ.
«Մի վախնաք անոնցմէ, որոնք ձեր մարմինը կը սպանեն, այլ՝ վախցէք անկէ, որ հոգին կը սպանէ», նաեւ Ղեւոնդեանց քահանայից օրինակով, հրաւիրուած են ուխտելու նախ ծառայել Քրիստոսի, ապա եկեղեցւոյ ճամբով ժողովուրդին։ Հայր սուրբը ըսաւ, որ բոլորիս համար մեր մարմինները, մեր տեսքը եւ մեր «ես»-ը երբեմն շատ աւելի գերադաս է քան որեւէ հարստութիւն, բախտ, գործ այս աշխարհին մէջ, որը շատ բնական է որովհետեւ մեր մարմինները այս աշխարհին մէջ ապրելու, գոյատեւելու եւ յայտնուելու բաժինն են։ Ան հարց տուաւ, թէ ո՞վ կրնայ մարդկային կեանքին մէջ մարդու հոգին սպաննել բացատրելով, որ մարդը չի կրնար իր նմանին հոգին սպաննել, որովհետեւ մարդը հոգիի եւ սիրտի դատաւոր չէ եւ չի կրնար ըլլալ։
Հոգիի եւ սիրտի դատաւորը Քրիստոս է եւ այդ վստահութեամբ եւ գիտակցութեամբ Ղեւոնդեանք գացին Աւարայրի դաշտ, որովհետեւ չվախցան իրենց մարմինը սպաննելէ եւ իրենց առաքելութիւնը դարձուցին ժողովուրդին հետ ըլլալու, ժողովուրդին համար ըլլալու եւ ժողովուրդին հետ մնալու։ «Ղեւոնդեանք այսօր մեր հայելիներն են որպէս հոգեւորական։ Այսօր պատարագը տարբեր տեսք ունի, որովհետեւ պատարագի ամբողջ սպասարկութիւնը կը կատարեն մեր քահանայ հայրերը ի յիշատակ Ղեւոնդեանց քահանայից» հաստատեց Անանիա ծ. վարդ. Գուճանեան եւ շարունակելով իր խօսքը ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ յայտնեց, որ ներկայիս մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ յատկապէս լիբանանեան իրականութեան մէջ մեր ժողովուրդի զաւակները ընդհանրապէս եւ միշտ գիտցեր են գնահատել իրենց հոգեւորականները, կարողացեր են արժէք տալ իրենց հոգեւորականներուն ոչ թէ իրենց սքեմին կամ անձին կամ պաշտօնին համար, այլ՝ այն կապին համար որ կը կապէ հոգեւորականը իրենց եւ եկեղեցիին։ «Նոյն օրինակն է Ղեւոնդեանց քահանայից օրինակը։
Ղեւոնդեանք առաջին հերթին գացին, որպէսզի Աւարայրի դաշտին մէջ գտնուող մարտիկներուն եւ ժողովուրդին Աստուծոյ շունչը տան, Աստուծոյ հանդէպ վստահութիւն ներշնչեն, քաջութիւն ներշնչեն իւրաքանչիւրին, որ չվախնան դիմացի թշնամիէն որ մեծ հաւանականութիւն կար, որ կարենար սպաննել իրենց մարմինները» շեշտեց հայր սուրբը աւելցնելով, որ Ղեւոնդեանք եղան քաջալերողը, առաջնորդողը հաւատքի պատերազմին եւ պայքարողները հաւատքի համար եւ անշուշտ միշտ ժողովուրդին հետ։ «Այսօր եւս քահանայ հայրերը նոյն գիտակցութեամբ եւ նոյն պատրաստակամութեամբ պէտք է ըլլան ժողովուրդին հետ, պէտք է գործեն ժողովուրդին համար» ըսաւ ան ուրախութիւն յայտնելով, որ ընդհանրապէս Լիբանանի պարագային մեր թեմին մէջ քահանայ հայրերը ամբողջականօրէն կը փորձեն այդ ընթացքով եւ այդ ճանապարհին մէջ քալել։
«Հոգեւորականը իր հոգեւորականի առաքելութիւնը, ծառայութիւնը իր պսակին եւ կատարելագործութեան կը հասցնէ ժողովուրդով։ Հոգեւորականի արժէքը, չափանիշը իր զգեստները չեն։ Հոգեւորականը իր հագուստին արժէքը ինք իր կեանքով կու տայ եւ այդ արժէքը ժողովուրդն է, որ կը գնահատէ» շեշտեց հար սուրբը եւ անդրադառնալով ներկայ աղանդաւորական շարժումներուն բացատրեց, որ իրենք որպէս հոգեւորականներ երբ կու տան՝ դիմացը ակնկալութիւն չունին, սակայն այլ տեղեր մարդիկ հոգեւորականի զգեստ հագած եւ իրենք զիրենք հոգեւորականի անուն տուած երբեմն ժողովուրդի պէտքերը կը բաժնեն, որպէսզի գրաւեն։ «Մեր եկեղեցին Քրիստոսի անունին, սիրոյ, արեան վրայ հիմնուած եկեղեցի է» հաստատեց Անանիա ծ. վարդ. Գուճանեան նկատել տալով, որ յանկարծ այսօր «եղբայրներ» դուրս կու գան եւ կը սկսին ժողովուրդին քարոզ ծախել, հրաշք ձեւացնել եւ կ՛ուզեն խափանել եկեղեցւոյ ծառայութիւնը, առաքելութիւնը եւ դժբախտաբար մենք այսօր որովհետեւ նիւթականի ժողովուրդ ենք կ՛երթանք, կը հաւատանք, կը մասնակցինք եւ կ՛աղօթենք անոնց հետ եւ կը մոռնանք, որ շատ գեղեցիկ են մեր շարականները եւ արարողութիւնները, եթէ իսկապէս հաւատքով լսենք եւ մասնակցինք։
«Այս է մեր եկեղեցին ազգ եւ կրօնք։ Անոր համար պատմութեան մէջ Ղեւոնդեանք կոչուած են պատմակրօնական քահանաներ. պատմութեան մէջ անցած, պատմութեան մէջ խառնուած, Աւարայրի ոգիով թրծուած քահանաներ։ Մենք որպէս հոգեւորականներ ծափահարութեան պէտք չունինք, գնահատանքի պէտք չունինք, որովհետեւ մենք ինչ որ կ՛ընենք մեր կեանքին մէջ մարդոց հաճելի կամ սիրելի ըլլալու համար չենք ըներ այլ կ՛ընենք Աստուծոյ համար եւ մեր գնահատանքը՝ ինչպէս բոլորիս, Աստուած է որ կուտայ» շեշտեց հայր սուրբը եւ եզրափակելով իր խօսքը շնորհաւորեց ներկաները Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով, որովհետեւ քահանաները մաս կը կազմեն իրենց ընտանիքներուն։ Ան նաեւ այս առիթով շնորհաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին աղօթելով, որ Աստուած երկար ծառայութիւն շնորհէ անոր, Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին մաղթելով եւ աղօթելով, որ Աստուած անոր ծնողներուն շուտափոյթ առողջութիւն շնորհէ, որ սրբազանը վերադառնայ եւ ստանձնէ իր հօտը որպէս բարի եւ քաջ հովիւ, ինչպէս նաեւ թեմի բոլոր քահանաները, որոնք իրենց կեանքը եւ առօրեան շաղախած ժողովուրդի կեանքին մէջ կը փորձեն արժեւորել իրենց առաքելութիւնը եւ կը փորձեն ըլլալ օրինակ Ղեւոնդեանց քահանայից։
Պատարագը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։
Ս. պատարագի աւարտին ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հոգեւորականաց դասը համախմբուեցաւ սիրոյ սեղանի մը շուրջ։ Անանիա ծ. վարդ. Գուճանեան կրկին անգամ շնորհաւորեց զիրենք Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղականութեան՝ սիրոյ սեղանին համար։ Սրտի խօսք ուղղեցին նաեւ կարգ մը քահանայ հայրեր։