Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ 18 յունուար 2020-ին առաւօտեան ժամը 10։00-12։00 Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ասպարէզի ուղղութիւն շրջանաւարտներու կողմէ» (Career guidance from the alumni) նիւթով արեւելումի հաւաք մը, մասնակցութեամբ ազգային վարժարաններու Ժ., ԺԱ. եւ ԺԲ. դասարաններու աշակերտներուն։
Սրահին մէջ զետեղուած սեղաններու ետին իրենց տեղերը գրաւած էին զանազան ճիւղերու մասնագէտներ, որոնց կենսագրական տուեալները «փաուըր փոյնթ»-ով անընդհատ կը ցուցադրուէին մեծ պաստառի մը վրայ։
Նախաձեռնութեան մասնակցող մասնագէտներն էին՝ Խաժակ Կէօքճեան` ճարտարագէտ, Րաֆֆի Տէր Վարդանեան՝ Hospitality, Սագօ Տէր Վարդանեան՝ սպայ, Ֆրէտի Տաուտ՝ physiotherapy, Լորա Մերտխանեան-Քաթթան՝ փաստաբան, Լարա Պայթարեան՝ տեսարաններու ճարտարապետ (Landscape architect), Նժդեհ Մկրտիչեան՝ լսատեսողական, Ցոլին Շահինեան՝ հիւանդապահուհի, Շանթ Վարդանեան՝ քաղաքական գիտութիւն, Յարութ Արթինեան՝ օդաչու, Դալար Մխիթարեան՝ հոգեբանութիւն, Սեւակ Քէթէնճեան՝ ֆիզիքական կրթութիւն, Հայկ Խաչերեան՝ Electrical engineering, Անիթա Մուջոյեան՝ անգլերէն գրականութիւն, Արշօ Պալեան՝ լրագրութիւն, Քրիսթին Սարգիսեան՝ ընկերային ծառայութիւն, Փաթիլ Լեւոնեան՝ graphic design, Կասիա Պալեան՝ քաղաքական գիտութիւն, Շողեր Քէշիշեան՝ Human resources։
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Հայկազեան համալսարանի համակարգիչի բաժանմունքի պատասխանատու եւ համակարգչային գիտութեան դասախօս՝ Ուսումնական խորհուրդի անդամ Շանթ Ստեփան։ Ան յայտնեց, որ «Երկար ճանապարհ դէպի ազատութիւն» խորագիրը կրող իր ինքնակենսագրութեան մէջ հարաւային Ափրիկէի նախկին նախագահ հանգուցեալ Նելսըն Մանտելա գրած է. «Կրթութիւնը ինքնազարգացման մեծ մեքենան է։ Կրթութեան միջոցով է, որ գիւղացիի մը աղջիկը կրնայ բժիշկ դառնալ, հանքագործի մը տղան կրնայ հանգին մեծաւորը դառնալ, ագարակի մէջ աշխատողի զաւակը կրնայ մեծ պետութեան մը նախագահը դառնալ» հաստատելով, որ կրթութիւնը յաջողութեան բազմաթիւ ճամբաներ կու տայ նոր սերունդին։ Շանթ Ստեփան հաստատեց, որ սոյն ձեռնարկը կը նպատակադրէ զինել մեր աշակերտները համապարփակ եւ արդի տեղեկութիւններով` գործի ասպարէզներու եւ իրենց համապատասխան համալսարանի ճիւղերու։ «Մեր մարտահրաւէրը եւ առիթը այն է, որ շինենք լաւագոյն մարզուած աշխատանքի ուժը, որ պատրաստ է մրցիլ համաշխարհային գետնի վրայ։ Այս պատճառով հարկ է, որ մենք մեր կարելին ընենք պատրաստելու մեր երիտասարդ սերունդը։ Միաժամանակ, մենք կը հաւատանք իւրաքանչիւր պատանիի կարողութիւններուն։ Կը հաւատանք նաեւ, որ իւրաքանչիւր անձի պէտք է առիթ տրուի զարգացնելու իր ձիրքերը եւ օգտագործելու այն առիթները, որ կեանքը ընձեռած է իրեն» հաստատեց Շ. Ստեփան աւելցնելով, որ պատրաստելու համար մեր երիտասարդ սերունդը, որ դիմագրաւեն մարտահրաւէրներ եւ զարգացնեն իրենց ձիրքերը Լիբանանի ազգային տնտեսութեան մէջ, մենք չենք կրնար առանձին աշխատիլ։ Բոլոր գործատէրերը եւ հաստատութիւնները իրենց կարեւոր դերակատարութիւնը ունին նոր սերունդին առիթներ պարգեւելու, մարզուելու եւ փորձառութիւն շահելու տարբեր մասնագիտութիւններու մէջ։ Եզրափակելով իր խօսքը ան կոչ ուղղեց ներկայ մասնագէտներուն, զօրավիգ կանգնելու եւ օգտակար հանդիսանալու աշակերտներուն այս ուղղութեամբ։
Հայկազեան համալսարանի դասախօս՝ դոկտ. Լեւոն Աւետանեան իր սրտի խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ ասպարէզի ընտրութիւնը կեանքի ամէնէն կարեւոր որոշումներէն մէկն է հետեւաբար, անհրաժեշտ է աշակերտներուն համար ստեղծել բազմաթիւ առիթներ դիւրացնելու համար կողմնորոշուելու եւ ասպարէզի ճիշդ ընտրութիւն կատարելու որոշումը։ Դոկտ. Աւետանեան ըսաւ, որ ասպարէզի ընտրութիւնը կարելի է ընել միտքով կամ սիրտով բացատրելով, որ միտքով ընտրել կը նշանակէ ընտրել այն ասպարէզը, որ համոզուած ենք, որ կրնանք յաջողիլ անոր մէջ նոյնիսկ եթէ զայն չսիրենք, մինչ սիրտով ընտրել կը նշանակէ ընտրել այն ասպարէզը, որ կը սիրենք, նոյնիսկ եթէ համոզուած չենք որ կրնանք յաջողիլ անոր մէջ։ «Որ ճամբով ալ հասնիք ձեր ասպարէզի ընտրութեան, առանց հետեւողական ու կեդրոնացուած ճիգի, որակեալ ու նպատակասլաց աշխատանքի, դժուար թէ ձեր ընտրած ասպարէզը գտնէ ակնկալուած յաջողութիւնը» հաստատեց դոկտ. Լեւոն Աւետանեան բացատրելով աշակերտներուն, որ ինչ ալ ըլլան չափանիշները կամ հիմքերը, որոնցմէ մեկնելով կ՛ընտրեն ասպարէզ մը, պէտք է վստահ ըլլան, որ ընտրութիւնը միայն իրենց ընտրութիւնն է աւելցնելով, որ ճիշդ ընտրութեան հասնելու համար պէտք պիտի ունենան իրենց ծնողներուն անվերապահ զօրակցութեան եւ քաջալերանքին, իրենց ուսուցիչներու ցուցմունքներուն, իրենց վարժարաններու ստեղծած կարելիութիւններուն, ինչպէս նաեւ նման նախաձեռնութիւններու։
Այնուհետեւ աշակերտները առիթը ունեցան այցելելու իրենց նախասիրած մասնագիտութեան սեղանը եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու այդ ճիւղի մասնագէտին կողմէ։
Աւարտին «Ազդակ» զրոյց ունեցաւ կարգ մը աշակերտներու հետ, որպէսզի իրենց կարծիքը տան ձեռնարկի մասին։ Անոնք նկատել տուին, որ յաջող նախաձեռնութիւն մըն էր, որուն կարիքը ունին աշակերտները կողմնորոշուելու համար։ Անոնք ըսին, որ մասնագէտները բաւական օգտակար դարձան, որ կարենան հանգիստ զգալ եւ հարցումներ ուղղել իրենց, նաեւ իւրաքանչիւր մասնագիտութեան մասին տեղեկութիւններ ստացան որոնք նորութիւն էին իրենց համար։ Անոնք փափաք յայտնեցին, որ յառաջիկայ տարի եւս կազմակերպուի նման ձեռնարկներ եւ առաջարկեցին աւելցնել մասնագիտութիւններու շարքը։