Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

ՊԱՏԳԱՄ. ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ  ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

 

 

                                                                                  Դաւիթի աթոռին վրայ ու

                                                                              Անոր թագաւորութեանը վրայ

                                                                  Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու

                                                                      Խաղաղութեանը սահման չկայ,

                                                              որպէսզի հիմակուընէ մինչեւ յաւիտեան 

                                              իրաւունքով ու արդարութիւնով հաստատէ ու զօրացնէ զանիկա:

                                                          Զօրքերու Տէրոջ նախանձը պիտի ընէ ասիկա:

                                                                                                                               Եսայեայ 9.7

 

Խաղաղութեան մաղթանքներով դարձեալ կը դիմաւորենք Տէր Յիսուս Քրոստոսի սուրբ ծնունդը:  Այս անգամ, սակայն, անխաղաղ վիճակները աւելի խիստ կերպով կը պաշարեն մեզ:  Մեր անմիջական շրջանին մէջ՝ բողոքի, դժգոհանքի, ապստամբութեան եւ յեղափոխութեան արտայայտութիւններով փողոց իջած են ոմանք, իրենց խաղաղութիւնը կորսնցուցած ըլլալուն պատճառով:  Միւս կողմէ՝ ասոնք կը խանգարեն ամբողջ երկրի ժողովուրդին խաղաղութեան այն փոքր մնացորդը, որով ժողովուրդը կը փորձէ տակաւին պահել իր ապրուստին եւ ապագայի յոյսին փշրանքները:  Մինչ Սուրիոյ մէջ տակաւին կը շարունակուի պատերազմական վիճակը՝ Լիբանանի, Պաղեստինի, Իրաքի, Պարսկաստանի, Հնդկաստանի, Հոնք Քոնկի, Ֆրանսայի, Սպանիայի եւ շատ այլ երկիրներու մէջ՝ բազմամիլիոն մարդիկ իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերով կ’իջնեն փողոց, պահանջելու համար կացութիւններու փոփոխութիւն, իրաւունք եւ արդարութիւն:  Այդ ընելու ընթացքին՝ մարդիկ նաեւ կը քանդեն շատ ուրիշներու խաղաղ եւ բնականոն կեանքի ընթացքը:  Նաեւ, այս բոլորին տեղեակ կ’ըլլան բոլորը, լրատուական եւ ե-ցանցերու միջոցաւ, իրարմէ սորվելով եւ զիրար հրահրելով:  Փողոցներ փակելու նստացոյցերէն կ’անցնինք քայլարշաւներու, որոնց կը հետեւին կաթսաներու զրնգոցով պահանջները, անիւներ եւ ինքնաշարժեր կ’այրուին, մարդոց ինչքեր կը փճացուին, եւ… վիճակը անխաղաղ է:

Անխաղաղ այս վիճակներուն մէջ՝ «Երկինքի բարձրութեան մէջ՝ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն» երգող հրեշտակները կը յիշենք, որոնք հովիւներուն աւետեցին Փրկիչին ծնունդը:  Այդ «մեզի ծնած Մանուկ»ին անուններէն մէկը, «Խաղաղութեան Իշխան»ն է:  Եսայի մարգարէն, «մեզի ծնած մանուկին, մեզի տրուած որդիին» անունները յիշելէն ետք՝ կը շարունակէ իր մարգարէութիւնը ըսելով, թէ՝ «Անոր … խաղաղութեանը սահման չկայ,» եւ որ պիտի զօրանայ եւ հաստատուի «իրաւունքով եւ արդարութիւնով:» 

Իրաւունք եւ արդարութիւն պահանջելը բոլորիս պարտականութիւնը կը սեպուի, սակայն զանոնք իրագործելու համար՝ խաղաղութեան կը կարօտինք:  Առանց այդ խաղաղութեան՝ յոյս չկայ որ իրաւունք եւ արդարութիւն պիտի իրականանան:  Անշուշտ ակնյայտ է նաեւ թէ ասոնք բռնի չեն իրականանար:  Եթէ բռնութեամբ փորձենք հաստատել իրաւունք եւ արդարութիւն, ապա պատճառած կ’ըլլանք նոր անխաղաղ վիճակներ, եւ նոր բռնութիւններու առիթ կու տանք:  Նոյնիսկ եթէ հաստատուին ալ՝ շատ կարճ ժամանակի համար պիտի ըլլայ անոնց գոյութիւնը, եւ պիտի ըլլայ սահմանափակ:  Ուստի ճանչնալու ենք թէ «բարեփոխութիւն» պահանջողը ի՛նչ կ’ըսէ. արդեօք կ’ըսէ թէ, «իշխանութիւն ունեցողը բաւարար կողոպտեց մարդիկը եւ հիմա իր կա՞րգն է», թէ՝ իրապէս փոխուելու է իշխանութիւն բանեցնելու որակը, հաստատելով բոլորին իրաւունքն ու արդարութիւնը:  Մարգարէին ըսածը այն է թէ նոր Թագաւորին իշխանութիւնը եւ խաղաղութիւնը սահման պիտի չունենան:

Խաղաղութեան Իշխանին սուրբ ծնունդը կը տօնենք, սակայն կ’անտեսուի շատերու կողմէ. ուրիշներ անոր մէջ կը տեսնեն շուկայական շահու առիթ միայն. տակաւին ուրիշներ, սրտանց տօնել փափաքելով հանդերձ, չեն կրնար «խանձարուրով փաթթուած մանուկէն եւ մսուրէն» անդին նայիլ:  Տօնէն անդին նայելու իմաստով հարց տանք. հրեշտակներուն աւետած «Երկինքի բարձրութեան մէջ Աստուծոյ փառք, երկրի վրայ խաղաղութիւն, մարդոց մէջ հաճութիւն»ը պարզապէս լու՞ր մըն է երկինքէն ղրկուած, թէ՞ պատուէր մը մարդոց տրուած:  Մեր պատասխանն է՝ թէ՛ աստուածային պատգամ է այս, թէ՛ պատուէր:

Մեր աղօթքը եւ մաղթանքն է որ Բեթլէհէմի Մանուկին հաւատացողներ կարենան ընդունիլ որ իրենց առաւելութիւնն է նախանձախնդիր ըլլալ Աստուծոյ կամքին եւ յանձնառու ըլլալ իրաւունքով եւ արդարութիւնով խաղաղութիւն ընել մեր շրջապատին մէջ, առանց սահմանափակումի, որպէսզի Աստուած միշտ փառաւորուի մեր կեանքի որակով մեր խաղաղութեան մէջ, ինչ ալ ըլլան վիճակները:

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ

 

 

                                                                                               Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան

                                                                                                                Նախագահ

                                                                                                       Մերձաւոր Արեւելքի

                                                                            Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան

Յունուար 2020

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին