Շաբաթ, 02. 11. 2024

spot_img

Երգի Մը Պատմութիւնը -36- Մէյրի Տիտ Եու Նօ ( Mary Did You Know ) 

Սուրբ Ծննդեան  եւ Աստուածաշնչեան թեմաներով բազմաթիւ եւ բազմազան երգեր կան։ Անոնց թիւը այնքան շատ է, որ անհնար է յստակ ցուցակ կազմել։ Մեծ մասին հեղինակներն ալ անյայտ են։ Այս երգերուն շարքին սակայն, երգ մը կայ, որուն հեղինակները  ժամանակակից երգահաններ  են։

Mary Did You Know երգին  հեղինակը յայտնի երգիծաբան, բանաստեղծ-երգահան Մարք Լոուրին է։ Երգին ստեղծման պատմութիւնը ան հետեւեալ ձեւով կը յիշէ․ «Իմ եկեղեցիին հոգեւոր առաջնորդը ինձմէ խնդրեց Սուրբ Ծնունդին նուիրուած ծրագիր մը գրեմ մեր եկեղեցիին համար։ Ան կը կոչուէր «Ծննդեան Դալար Եղեւնի»։ Ես մենախօսութեան սեւագիր մը պատրաստեցի, որպէսզի տեղադրեմ երգերուն միջեւ։ Եւ երբ կը մտածէի, թէ ինչ զրոյց կրնայի ունենալ, եթէ հանդիպէի Մարիամ Աստուածածնին հետ, գլխուս մէջ բազմաթիւ հարցեր ծագեցան։ Ես անոր նախ անպայման կը հարցնէի, թէ արդեօք ի՞նչ կը զգայ Սուրբ Ծնունդի օրը։ Արդեօք դիւրի՞ն էր Աստուած մեծցնելը, արդեօք ան այդ բանը գիտէ՞ր, արդեօք չէ՞ր գիտեր․․․այսպէս,  բազմաթիւ հարցումներ յառաջացան գլխուս մէջ։ Ես կ՛ուզէի հարցումներուս միջոցաւ փոխանցել ամբողջ անսահմանութեան զգացումը, որ ունէի։ Ինծի համար հետաքրքիր էր, թէ օրինակ ի՞նչ կը զգար Մարիամը, երբ  իր ափին մէջ կը բռնէր իր մանկիկին փոքրիկ ձեռքը, արդեօք ճիշդ այդ պահուն ան կը գիտակցէր, որ ճիշդ այդ փոքրիկ ափը տարիներ յետոյ կոյրին տեսողութիւն, չլսողին լսողութիւն, անօթիին հաց, մահացածին կենդանութիւն պիտի տայ։ Եւ այսպէս ալ բազմաթիւ անպատասխան հարցեր գոյանալով ,  գրուեցաւ մենախօսութիւնը»։

«Բնագիրը  գրեցի 1982ին։ Երբ ան ամբողջութեամբ պատրաստ էր, անդրադարձայ, որ այս մէկը երգի մը ամբողջական բնագիր է եւ ուզեցի, որ այն երգ դառնար։ Պարբերաբար կը դիմէի տարբեր երգահաններու, որպէսզի անոնք երաժշտութիւն գրեն բնագրին համար։ Ես աշխատանքի սկիզբը անոնց ազնուօրէն  կը զգուշացնէի, որ բնագիրը կարծես իմ երեխան ըլլայ եւ ես պէտք կ՛որոշեմ, որ իրենց առաջարկած երաժշտութեամբ  ան երգ կը դառնայ կամ ոչ: Եղան բազմաթիւ տարբերակներ, որոնցմէ ո՛չ մէկը իմ սրտիս չխօսեցաւ: Վերջապէս, 9 երկար տարիներ ետք, երգին բնագիրը տուի ընկերոջս՝ Պատի Կրինին, որ այդ ժամանակ Gaither Vocal Band խումբին մէջ կ՛երգէր եւ անոնք այդ ժամանակ համերգային շրջագայութեան մէջ էին»,-  կը շարունակէ պատմել Մարք Լոուրին։

«Մարք ինծի տուաւ երգի մը բնագիրը իմ շրջագայութենէն առաջ։ Ես անոր մասին մոռացած էի։ Մօտ երկու շաբաթ ետք գտայ թուղթերը ու աչքէ անցուցի անոր բառերը։ Ինծի թուաց, որ ճիշդ կ՛ըլլայ մինոր (minor) թոնայնութեան մէջ գրել անոր նուագակցութիւնը։ Աքորներուն մօտաւոր յաջորդականութիւնը ստեղծելէ ետք,  ինձմէ  ոչ աւելի, քան  30 վայրկեան ժամանակ խլեց երգին մեղեդին։ Երբ երգը քիչ թէ շատ պատրաստ էր, ես զանգեցի Մարքին։ Գիտէք, այն ժամանակ չկային հաղորդակցութեան ժամանակակից միջոցները, եւ լարով՝ հեռախօսով հաղորդակցիլը կը դժուարացնէր ստեղծագործական գործընթացը։ Մարքը լսեց երգը ու ըսաւ, որ ան ճիշդ  այն է, ինչ ինքը կ՛ուզէր։ Մի քանի շաբաթ ետք մենք հանդիպեցանք եւ ձայնագրեցինք երգը սիրողական ձայնագրող սարքի միջոցով , իսկ  ձայներիզը փոխանցեցինք Մայքլ Ինկլիշին, որ այդ ժամանակ զբաղուած էր իր նոր ալպոմի ձայնագրութիւններով»,- կը պատմէ Պատի Կրինը։

Երգին առաջին կատարողը եղաւ Մայքլ Ինկլիշը ։ Երգը 90-ականներու  փոփ –ռոք ոճով ձայնագրուեցաւ։  Հետագային ան վերաերգուեցաւ բազմաթիւ երգիչներու կողմէ եւ բազմազան ժանրերով՝ փոփ-ռոք, քաունթրի, լատին-փոփ, արէնպի, ռեկկէ, պաչադա, ագափելլա եւ այլն։

Մարքի տուած   ոչ մէկ հարցումը  պատասխան չստանար երգին մէջ։ Ընդհակառակը, ան կարծես կը ստիպէ ունկնդրին նոյնպէս ընկղմուի մտորումներու մէջ եւ խորհի անոր մասին։ Երգը նոյնիսկ բացասական վերաբերմունք առաջացուց որոշ աստուածաբաններու  մօտ։ Անոնց վրդովեցուցած էր այն հանգամանքը, որ Մարքը Աստուածածնին չափազանց կենցաղային իրավիճակի մէջ կը նկարագրէր։ Այնուամենայնիւ երգը դարձաւ բազմահազար ունկնդիրներու սիրելին։ Այս բանին վկայութիւնը անոր վերաերգուած տարբերակներու թիւն ու անոնց ժանրային բազմազանութիւնն է։  Իսկ եթէ աւելի անկեղծ ըլլամ, պիտի իմ կողմէն աւելցնեմ հետեւեալը․ երգը առաջին անգամ լսելէ ետք ան յատուկ կերպով չի տպաւորէր։ Ան միջին վիճակագրական,  Սուրբ Ծննդեան բազմաթիւ երգերու շարանին մէջ երգ մը կը թուի ըլլալ, սակայն երրորդ, չորրորդ անգամները լսելէ ետք  պատահաբար անդրադարձայ, որ կորսնցուցած եմ հաշիւը, թէ քանիերորդ անգամն է, որ երգը  կը լսեմ իրար ետեւէ։ Ամեն լսելէ ետք ան աւելի կը կլանէ ինծի, եւ աւելի ու աւելի շատ կ՛ուզեմ լսել երգը։ Չեմ գիտեր այս բանին պատճառը ի՞նչ է, կամ գաղտնիքը ինչին մէջն է, բայց իմ համեստ կարծիքով, կ՛ենթադրեմ որ մեղեդիին պարզութիւնն ու բնագրին դիպուկութիւնն են, որ կը ստիպեն սիրահարուիլ երգին հետ:

Մարիամ, դուն  գիտէի՞ր արդեօք,

Որ որդիդ օր մը պիտի քալէ ջուրերուն վրայէն …

Դու գիտէի՞ր արդեօք

Որ ան ձեռքով պիտի փոթորիկը մեղմէ …..

              

……..Եւ երբ դուն կը համբուրես մանկիկդ

Աստծոյ երեսն է, որ դուն կը համբուրես…..

 

 ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից        

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին