Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

100-Տարուայ Բացակայութիւն Փիէր-Օկիւսթ Ռենուարի

Ինքնանկար (1910)

Պատրաստեց՝ ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

1841թ. 25 Փետրուարին, Ֆրանսայի Լիմոժ քաղաքը բնակող աղքատ դերասան Լէոնարտի եւ դերձակուհի Մարգարիտայի ընտանիքին մէջ կը ծնի 6-րդ զաւակը՝ Փիէր-Օկիւսթ Ռենուարը, որ յետագային պիտի դառնար հռչակաւոր գեղանկարիչ, կրաֆիք եւ  տպաւորապաշտութեան հիմնադիրներէն մէկը:

Չնայած Ռենուարի ծնողները հարուստ չէին, սակայն ամէն կերպ կը ջանային ապահովել իրենց 7 երեխաներուն պահանջները:

Օկիւսթ շատ չարաճճի երեխայ մըն էր եւ շատ կը բարկացնէր ծնողքին. կը սիրէր առանց թոյլտուութեան վերցնել հայրիկի մատիտները եւ առանց մայրիկին հարցնելու՝ նկարել տան պատերուն վրայ: Իսկ ծնողքը՝ չափէն շատ սիրելով փոքրիկը, ոչինչ կ’արգիլէր անոր:                     

1844թ. Ռենուարներու ընտանիքը Փարիզ կը հաստատուի, ուր փոքրիկ Փիէրը կը սկսի երգել Սուրբ Էսթաշի մեծ տաճարի եկեղեցական երգչախումբին մէջ:  Երգչախումբի հիմնադիր-խմբավար, երաժշտահան Շարլ Կունօն, լսելով փոքրիկի ձայնը, մեծ ապագայ կը գուշակէ անոր՝ երաժշտութեան բնագաւառէն ներս եւ ծնողներուն կը համոզէ տղային երաժշտական դպրոց տանիլ: Սակայն փոքրիկը, որ հետաքրքրուած չէր երաժշտութեամբ, կը հրաժարի երաժշտական դպրոցէն…

13-ամեայ Փիէրին սորվելու կը տանին Լեւի եղբայրներու ճենապակեայ իրեր արտադրող գործարանը, ուր ան նկարել կը սորվի՝ շատ լաւ նկարազարդելով եւ ձեւաւորելով սպասք, վարագոյրներ, հովահարներ՝ միաժամանակ յաճախելով գեղանկարչութեան դպրոց: Ան մեծ հաճոյք կը ստանայ իր գործէն. սակայն 1858թ. գործարանը կը սնանկանայ եւ Օկիւսթ ձեռնունայն մնալով կը սկսի նկարազարդել սրճարաններու պատերը եւ հովանոցներ: 1860-ին, ան Լուվրի մէջ կ’աշխատի իբրեւ պատճենահան՝ կրկնօրինակելով յայտնի նկարիչներու աշխատանքները, որը մեծ ազդեցութիւն կը ձգէ Օկիւսթի յետագայ աշխատանքներու վրայ:

1862թ. ան կ’ընդունուի Փարիզի Գեղարուեստի դպրոց, ուր կը մտերմանայ Գլոտ Մոնէի եւ Ալֆրէտ Սիսլէյին հետ:  Հոս անոր կը դասաւանդէ Մարք Կապրիէլ Շարլ Կլէյրը. ակադեմիական կրթութեան մեթոդներու հետեւորդ մը, որ կ’ըսէր, թէ գեղանկարչութիւնը պէտք է իրական կեանքը ներկայացնէ եւ նկարներու մէջ պէտք է գերակայեն մռայլ երանգները: Ան իր սաներն ալ այդ սկզբունքներով կը կրթէր: Փիէրը, սակայն, աւելի փոփոխութիւններու եւ նորարարութիւններու հակամէտ էր:

Ռենուարի առաջին յաջողած աշխատանքը, որ բարձր կը գնահատուի, իր սիրելի «Լիզը Հովանոցով» (1867թ.) դիմանկարն էր (Լիզը Ռենուարի սիրուհին էր, որուն ամուսնութիւնը եւ իրմէ հեռանալը խոր վշտի մէջ ձգած էր նկարիչին): Օկիւսթի վաղ շրջանի կտաւներու մէջ նկատելի է Կիւսթաւ Գուրպէի եւ Էտուարդ Մանէի ազդեցութիւնը՝ լուսաօդային փոփոխական գեղեցկութիւնը, մասնաւորապես մարդկային կերպարներու բազմազանութիւնը:

Անոր յետագայ կտաւներու գոյները թափանցիկ ու պայծառ կը դառնան: 

Ֆրանսացի գրող, գրաքննադատ, լրագրող Օգթաւ Միրպօն Ռենուարի մասին ըսած է. «Ան կերպարուեստի մէջ միակն է, որ ոչ մէկ տխուր նկար ստեղծած է»:

  1880-ական թուականներուն Ռենուարը կը ճամփորդէ Իտալիա, Սպանիա (ուր կը ծանօթանայ Վելազքէզի եւ Կոյայի աշխատանքներուն), Ալժիր եւ ուրիշ երկիրներ։ Հոլանտայի մէջ ան կ’ուսումնասիրէ Վէրմեերի եւ Ռեմպրանտի նկարները: Յետագային, Ռաֆայէլի ազդեցութեամբ, ան կը փոխէ նկարելու եղանակը՝ գծանկարը աւելի ճշգրիտ դարձնելով, ուրուագծերը՝ պարզ եւ ծաւալները՝ մշակուած:

 Ի տարբերութիւն շարք մը տպաւորապաշտ գեղանկարիչներու՝ Ռենուարին առաւել կը հետաքրքրէ մարդու անհատականութիւնը եւ անոր անկաշկանդ կապը բնութեան հետ: Ան ճշգրտօրէն կ’արտայայտէ բնորդի տրամադրութեան նրբերանգները, կը բացայայտէ փարիզեցի կանանց իւրայատուկ ու անկրկնելի հմայքը:      

Ռենուարը չէր կրնար անտարբեր մնալ կանացի գեղեցկութեան հանդէպ եւ շատ կը սիրէր կանանց: Կանայք եւս կը սիրէին անոր. մուսաները մէկը միւսին ետեւէն կը փոխարինէին միմեանց: Շատեր վստահ էին, թէ ան բնաւ պիտի չամուսնանայ, քանի որ անոր կեանքի ամենամեծ սէրը նկարչութիւնն էր: Գեղանկարչի մուսաներէն՝ դերասանուհի Ժաննա Սամարին կ’ըսէր. «Ամէն անգամ կտաւի վրայ աշխատելու ընթացքին, Ռէնուարը կ’ամուսնանայ այն կնոջ հետ, որուն կը պատկերէ»:

   Շուտով Փիէր կը հանդիպի իր ապագայ կնոջը՝  իրմէ 20 տարի փոքր դերասանուհի Ալինա Շարիկոյին, որ իր տան դիմացը գտնուող տիկին Քամիլի մթերային խանութը կ’աշխատէր: Ալինան շատ լսած էր հռչակաւոր նկարիչի մասին եւ կը հիանար անորով: Ան շատ հեռու էր նկարչութենէ, սակայն ամէն կերպ կը փորձէր լաւ եւ հասկցող կին ըլլալ. համեղ կերակուրներ կը պատրաստէր ամուսնոյն համար, կը հետեւէր տան կարգուկանոնին եւ սիրով կը հիւրընկալէր իր սիրելի վարպետի ընկերներուն: Ռենուարն ու Ալինան իրենց առջինեկի՝ Ժանի ծնունդէն 5 տարի յետոյ միայն պաշտօնապէս կ’ամուսնանան: Աւելի ուշ կը ծնին Քլոտն ու Փիէրը:

   Օկիւսթը իւրովի կը սիրէր կնոջը: Կնոջ հանդէպ տածած նուրբ ու քնքոյշ զգացմունքները արգելք չէին հանդիսանար իր բնորդուհիներուն հետ սիրավէպեր ունենալուն: Տիկին Ռենուարը սիրուհիներու կողմէն ոչ մէկ վտանգ կը զգար, միայն կը վիրաւորուէր ամուսնոյն վերաբերմունքէն, բայց որոշած էր չհեռանալ անկէ՝ քանի որ անոր հանդէպ ունեցած սէրը զօրեղ էր:

   1897թ. նկարիչը առողջական լուրջ խնդիրներ կ’ունենայ. նոյն ատեն կը կոտրի ձեռքը: Երթալէն անոր վիճակը աւելի անմխիթար կ’ըլլայ, սակայն նկարիչը կը շարունակէ նկարել… Շուտով Ռենուարը յօդացաւով տառապելով՝ կը գամուի անդամալոյծի սայլակին: Զօրաւոր ցաւերէն տառապող նկարիչը, սակայն, ձեռքէն չի ձգեր վրձինը. որդին՝ Քլոտը կ’օգնէ վրձինը ձեռքերու մէջ բռնել եւ նկարել: Իսկ երբ անոր մատները վերջնականապէս կը թուլնան, իր խնդրանքով մատիտը կը կապեն ձեռքին, եւ ան կը շարունակէ նկարել: Կ’ըսուի թէ, իր մերձաւոր ընկերը՝ հանճարեղ Անրի Մաթիսը, որ  ամէն օր կ’այցելէր իրեն, օր մը կը հարցնէ. «Օկոսթին, ինչո՞ւ նկարելը չես ձգեր, այնքա՜ն կը տառապիս ցաւէն»: Իսկ վերջինս կը պատասխանէ. «Ցաւն անցողիկ է, մինչդեռ գեղեցկութիւնը յաւերժ է»:

 «Ես երջանիկ մարդ եմ, քանզի այժմ նկարելէ զատ, այլ բան ընելու ընդունակ չեմ», կը կատակէ ան:

Իր վերջին կտաւներու մէջ Ռենուարը կը պատկերէ երեխաներ, երիտասարդ աղջիկներ եւ այլաբանական կերպարներ,որոնք իր համար երիտասարդութեան, գեղեցկութեան եւ ուժի խորհրդանիշներ էին:

Ա. Աշխարհամարտի ժամանակ՝ 1915 թ. Յուլիսին, նկարիչի առողջական վիճակը ա՛լ աւելի կը վատթարանայ. որդիները հայրենիքի առջեւ իրենց պարտքը կատարելու կ’երթան: Ալինան՝ անչափ մտահոգուելով անոնց ճակատագրով, յանկարծամահ կ’ըլլայ: Չդիմանալով իր անփոխարինելի ընկերոջմէ եւ հաւատարիմ կնոջմէ բաժնուելու իրողութեան՝ Ռենուար վերջնականապէս ուժասպառ  կ’ըլլայ…

Հռչակաւոր նկարիչը կը մահանայ 1919-ի Դեկտեմբեր 3-ին (78 տարեկան), թոքատապէն, Գակէնս-Սուր-Մերի մէջ: Ան թաղուած է Էսուա քաղաքը:

Իր կեանքի ընթացքին Ռենուարը խնդալով միշտ կ’ըսէր, թէ նկարելու մասին ինք ոչինչ գիտէ: Մահուընէ քանի մը ժամ առաջ ան կը խնդրէ վրձին եւ ներկեր տալ իրեն, եւ աւարտին կը հասցնէ իր վերջին աշխատանքը՝ «Նաթիւրմորտ»ը (իր համար հաւաքած ծաղկեփունջէն), մինչեւ վերջին շունչը մնալով արեւի լոյսի եւ մարդկային երջանկութեան անխռովելի երկրպագուն: Անոր վերջին խօսքերը կ’ըլլան. «Կարծես ես ինչ-որ բան կը սկսիմ հասկնալ այս մասին»…

Իր լաւագոյն գործերէն են՝ «Ժաննա Սամարի»ի եւ «Վիքթոր Շոքէ»ի դիմանկարները, «Երկնագոյն Ժապաւէնով Օրիորդ Կրիմպէլը», «Հովանոցներ», «Հովահարով Աղջիկը», «Պարը Բուժիւալի Մէջ»…..

«Հովանոցներ» կտաւը (1881-1886թթ.) կը համարուի Ռենուարի ամենայայտնի գործերէն մէկը՝ չնայած կտաւին մէջ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն: Այս կտաւը ան նկարած է քանի մը տարի շարունակ՝ այն շրջանին, երբ իր նկարչական ձեռագրին մէջ արմատական փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենային: Նկարի մէջ աջին գտնուող կանանց հագուստները 1881-82թթ. իտալական նորաձեւութեանը կը համապատասխանեն, իսկ ձախին գտնուողներունը՝ 1886-ի նորաձեւութեանը: 

Ռենուարը կերտած է նաեւ քանդակներ («Վեներա», «Մայրութիւն», «Մեծ Լուացարարուհին»…), որոնք կ’առանձնանան կերպարուեստի ձեւերու հզօրութեամբ եւ ուրուագծերու ներդաշնակութեամբ:  

Նկարիչը արժանացած է Ֆրանսայի Պատուոյ Լէգէոնի շքանշանին: 

Ռենուարի ստեղծագործելու տարբեր ժամանակահատուածները տարբեր անուններով կոչուած են. սկըզբնական շրջանը կը կոչուի «Ինկէսի Շրջան», երբ նկարիչն ինքզինքը «թթու» կ’անուանէր:  90-ականներու սկիզբը անոր արուեստին մէջ նոր փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենան: Գեղատեսիլ ձեւով կը յայտնուին գորշ գոյներ, ինչի պատճառով այս շրջանը կը կոչուի «մարգարիտ»:

Կապրիէլը Կարմիր Վերնաշապիկով (1910)

Վերջին շրջանը կը կոչուի «կարմիր». ոչ մէկ թաքնուած իմաստ ունի՝ պարզապէս այդ շրջանին նկարիչը նախապատուութիւնը կու տար տաք կարմիր եւ վարդագոյն երանգներուն:

Այսօր Ռենուարի գործերը կը զարդարեն Եւրոպայի ամենայայտնի պատկերասրահները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին