Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս
Ուրբաթ, 6 Դեկտեմբեր 2019-ին, վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Փրոֆ. Ընկեր Հրայր Հովիւեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ,անոր մահուան Ա. տարելիցին առթիւ: Սոյն ձեռնարկին ներկայ էին ազնուափայլ Տիկ. Մարալ Հովիւեան, ԹՄՄ տեղական վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Վաչէ Տօնէրեան, վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Յովիկ վարդանեան եւ անդամներ, Թ.Մ.Մ. Հիմնադիրներու մարմինի նախկին ատենապետ՝ Տիար Կարապետ Պապահէքեան, հիւրեր եւ ծնողներ:
Ներկաները յոտնկայս յարգեցին Փրոֆ. Հրայր Հովիւեանի յիշատակը: Ապա Նախ. Ե. դասարանի աշակերտներու կատարողութեամբ՝ տեղի ունեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի, վարժարանիս եւ ՌԱԿ-ի քայլերգներու երգեցողութիւնը՝ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Օրդ. Լասքարինա Ագրապեանի: Ապա Միջն. Գ. դասարանէն՝ Տէյվիտ Գէորգ իր բացման խօսքով ներկայացնելով Փրոֆ. Հովիւեանը ըսաւ. « Մարդ, որ գործեց մարդկութեամբ, խիղճով ու հաւատքով. տուաւ աւելին քան ստացաւ: Եզակի այն դասախօսներէն էր, որ երբեք չզլացաւ փոխանցելու գիտութիւն ու կրթութիւն իր աշակերտներուն: Իր կրթական աշխատանքներուն զուգահեռ ան մեծ հետաքրքրութիւն ունէր հայ գիրին ու լեզուին նկատմամբ ու նախանձախնդիր էր անոր տարածման: Տարիներ շարունակ ստանձնեց Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետի պաշտօնը: Անձնուիրաբար ու հոգատարութեամբ փայփայեց վարժարանիս բոլոր պէտքերն ու լուծեց՝ անոր առջեւ ծառացած խնդիրները»: Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով, թէ Ընկ. Հովիւեան երկար տարիներ դասախօս էր NDU համալսարանէն ներս: Ընկերասիրութեան եւ ուսուցչութեան բարձր ոգիով, գիտութիւն սերմանած էր իր աշակերտներուն մէջ: Միանալով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն, անոր մէջ տարաւ բեղուն գործունէութիւն հասնելով ղեկավարութեան: Սկզբունքային ու պայքարի մարդ էր: Եղաւ այն խոնարհներէն, որ իր հաւատքով, նուիրումով, ուղղամտութեամբ եւ պարտաճանաչութեամբ դարձաւ սիրելի դէմք եւ յարգանքը վայելեց շատերուն: Ցաւօք սրտի, անողոք հիւանդութիւնը մեզմէ կանուխ հեռացուց մեր բոլորին շատ սիրելի Փրոֆ. Ընկ. Հրայրը: Ան տակաւին շատ տալիք ունէր մարդկութեան, գիտութեան եւ կրթութեան:
Բացման խօսքէն ետք, Նախ. Ե. դասարանէն Փաթիլ Փափազեան եւ Միջն. Ա. դասարանէն Ալին Գէորգեան, ասմունքեցին Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար»ը, որմէ ետք Նախ. Զ. դասարանի աշակերտները ներկայացան «Հայր Իմ» յուզումնալից խմբերգով, իսկ Նախ. Դ. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ իրենց մասնակցութիւնը բերին Վահան Թէքէեանի «Բարձրացում» խմբային արտասանութեամբ: Ապա վարժարանիս «Կարս» պարախումբի (մեծերը) ներկայացան «Մուշ» պարով: Միջն. Բ. դասարանէն՝ Ռիթա Մարտիրոսեան դաշնամուրով ներկայացաւ «Դու Իմ Հայրենիք» նուագով: Մեր աշակերտները ուխտեցին անսասան պահել Փրոֆ. Հրայր Հովիւեանի արժանապատիւ անունը, հաւատարիմ մնալով վարժարանիս կրթական առաքելութեան վեհ սկզբունքներուն, յառաջադէմ ըլլալով իրենց ուսման մէջ, հասնելու համար համալսարանական կրթական յաջողութիւններու, զինք կոչելով իրենց կեանքին տիպար մարդը:
Տեղի ունեցաւ նաեւ տեսաերիզի ցուցադրութիւն նուիրուած Փրոֆ. Հովիւեանի գործունէութեան տարբեր փուլերուն մասին:Ապա Պրն. Աւետիս Տիպան ներկայացնելով հիւր բանախօսը՝ Տիար Վաչէ Տօնէրեանը, զայն բեմահարթակ հրաւիրեց , որպէսզի ներկաներուն փոխանցէ Յիշատակի խօսքը: Ան անդրադարձաւ թէ առիթը ունեցաւ խօսելու անձի մը մասին, որ իրեն համար շատ հարազատ էր: Հարազատ՝ ոչ միայն որպէս գործընկեր, այլ որպէս իսկական ընկեր, կուսակցական ընկեր, բարեկամ եւ շատ աւելին: Այդ սիրելի բարեկամը մեր սիրելի ընկեր Հրայր Հովիւեանն է, որ հեռացաւ մեզմէ մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ: Մեծ կորուստ մըն էր ան մեզի համար: Բանախօսը անդրադարձաւ Ալպէր Այնշթայնի խօսքին, թէ պէտք է ձգտինք ոչ թէ յաջողութեան, այլ կեանքն իմաստաւորելուն: Ան իր խօսքը շարունակեց ըսելով. « Երբ կը նայինք Ընկ. Հրայրի նման անձնազոհ եւ նուիրուած անձի մը, որ նպատակ դրած էր ծառայել իր ազգին, հայրենիքին եւ կուսակցութեան առանց որեւէ ակնկալութեան՝ հոն կը տեսնենք իսկական հայը»: Ապա անդրադարձ մը կատարեց Ընկ. Հրայրին որպէս իսկական մարդ, դաստիարակ, ազգային գործիչ, ղեկավար ընկեր եւ ներշնչող անձնաւորութիւն: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով,թէ Ընկ. Հրայրը այն անձն էր, որ ծառայեց կուսակցութեան եւ Թէքէեան մշակութային Միութեան եւ դարձաւ տիպար օրինակը շատ մը շարքային ընկերներու: Բեղուն կեանքով լեցուն անցաւ Ընկ. Հրայրի կեանքը: Թէեւ ան շուտ հեռացաւ կեանքէն , բայց իր ետին ձգեց հարուստ յիշատակներ, որոնք կը մնան յարատեւ մեր յիշողութեան մէջ:
Վերջապէս վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կալինա Նաճարեանը իր սրտի խօսքին մէջ անդրադարձաւ, թէ տարի մը առաջ Նոյեմբեր 15-ին, Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի մեծ ընտանիքը, անողոք հիւանդութեան մը հետեւանքով հրաժեշտ տուաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան նուիրեալ անդամ, ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի նախկին ատենապետ, վարժարանիս հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ, յարգուած կրթական մշակ, օրինակելի ղեկավար, տիպար ու խոնարհ հայորդի Փրոֆ. Հրայր Հովիւեանի:
Ան իր փոխանցած շունչով, գաղափարներով եւ դաստիարակութեամբ եղաւ Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի մեծ ընտանիքին պատասխանատու անհատը, մշտարթուն պաշտպանը, որ անձնուիրաբար սատար հանդիսացաւ վարժարանիս առաքելութեան ու վերելքին, արժանապատիւ կերպով շարունակելով իր նախնիներուն գործը: Միաժամանակ իր վայելած հեղինակութեամբ, գիտական մեծ պաշարով, գաղափարական մեծ շտեմարանով, մտաւորական ղեկավարի փայլուն հմայքով նոր որակ տուաւ վարժարանիս:
Տնօրէնուհին իր խօսքը շարունակեց ըսելով. « Բաժանումէդ տարի մը ետք մենք կը զգանք քու բացակայութիւնդ: Սակայն կը խոստանանք մեր երթը լուսաւորել քու շունչովդ արժանապատիւ կերպով շարունակելու քու ուղիովդ՝ հեռատես, անկեղծ, պարկեշտ, պարտականութեան գիտակից, հաւատարիմ, սկզբունքային ու հանդուրժող նկարագրով ծառայելու հայ նոր սերունդի դաստիարակութեան»: Հուսկ ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով.« Տարի մը առաջ հողին յանձնեցինք մարմինդ, սակայն քու բազմաբնոյթ ծառայութիւններդ եւ պայծառամիտ ընկերային գաղափարներդ անմար պիտի մնան մեր սրտերուն մէջ: Արդարեւ այս սրտի խօսքը ընդունէ իբրեւ յարգանք ու երախտագիտութիւն քու կատարած գործիդ ու մեծ վաստակիդ: Թող Աստուած օրհնէ քու յիշատակդ եւ երանութեան մէջ պահէ լուսաւոր հոգիդ»:
Վերջապէս Պրն. Աւետիս Տիպան բեմահարթակ հրաւիրեց վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանը եւ Տիար վաչէ Տօնէրեանը, որպէսզի յուշանուէրով մը պատուէ զայն:
Վարժարանիս հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը որոշեց յետ մահու յարգանքի իր տուրքը մատուցել անձնուէր, ազգային ու կրթական մշակին, մտաւորականին եւ վարժարանիս հոգաբարձութեան նախկին ատենապետ՝ Փրոֆ. Հրայր Հովիւեանին, շնորհելով Տիպար եւ Նուիրեալ Կրթական Մշակի Շքանշանը, իր կողակիցին՝ վարժարանիս հոգաբարձութեան նախկին անդամուհի Տիկ. Մարալ Հովիւեանին ձեռամբ վարժարանիս հոգաբարձութեան Ատենապետին :
Յիշատակդ անթառամ Փրոֆ. Ընկեր Հրայր Հովիւեան:
Վահան Թէքէեան Վարժարանի
Լրատուական Գրասենեակ