Մուտք
Զեկոյցս կը վերաբերի Լիբանանի հայօճախին համարկումի առանձնայատկութիւններուն: Լիբանահայութիւնը ծնունդը չէ Հայոց Ցեղասպանութեան: Լիբանանի մէջ հայկական շօշափելի հետքերը կ’երթան առնուազն մինչեւ 18րդ դարու սկիզբները՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցիին հաստատումը Լեռնալիբանանի մէջ 1: Այդուհանդերձ հայոց զանգուածային ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ կը սկսի 20րդ դարասկիզբին եւ կ’առնչուի Հայոց Ցեղասպանութեան, երբ մազապուրծ խլեակներ 1920ականներու սկիզբը կայք հաստատեցին Լիբանան:
Զեկոյցս պիտի անդրադառնայ վերջին հարիւրամեակի Լիբանանի հայօճախին համարկումի առանձնայատկութիւններուն: Պիտի ջանամ սահմանել համարկումի տեղայնացուած ըմբռնումը, տալ տեսական երեսակներ, ապա եւ նիւթը տեղաւորել տեսական այդ սահմանումներուն մէջ ու պարզել համապատասխան իրավիճակը:
Համարկումին Սահմանները
Հակառակ անոր որ համարկումին գլխաւոր դերակատարը մարդն է, այդուհանդերձ համարկումը հաւաքական երեւոյթ է:Չենք կրնար խօսիլ անհատի համարկումին մասին. համարկումի ծիրին մէջ անհատը կը գործէ իբրեւ ենթախումբի ինքնութիւնը կրող: Այլ խօսքով համարկումին համար նախապայման է կենսագործող ենթախումբի մը գոյութիւնը եւ անիմաստ է խօսիլ անհատ ընտանիքի համարկումին մասին: Համարկումին միւս դերակատարը հանդիպակաց անհատ/ներն են, որոնց հաւաքական պատկերը կը մարմնաւորուի միւս ենթախումբ/երով եւ կը դրսեւորուի անոնց յառաջացուցած միջավայրով:
Համարկումը ենթախումբի մը գիտակցեալ, զգօն, նաեւ – պարագաներու բերմամբ ինքնըստինքեան, ինքնեկ – առնչումն է՝ իր ազգային-քաղաքական-լեզուական-մշակութային-ընկերային-տնտեսական-կրօնական-կենցաղային-հոգեւորհամակարգերու ծիրէն դուրս գտնուող ուրիշ հաւաքականութիւններու համապատասխան համակարգերու եւ այդ համակարգերը կրողներու: Այս առնչումով ենթախումբը ընտրովի, շարունակուող ընթացքով, տակաւ կը շփուի, կ’ընտելանայ, կ’ընդգրկէ, կը ներկրէ, կ’որդեգրէ, կ’իւրացնէ2 այլ հաւաքականութիւններու վերոյիշեալ համակարգերուն կարգ մը երեսակները, գերակշռութիւն վերապահելով իր սեփական համակարգ/երուն: Համարկումի ընթացքին ենթախումբերուն վերոյիշեալ համակարգերու բաղադրիչները կրնան գտնուիլ փոխշփումի, փոխառնչումի, փոխընդգրկումի եւ փոխազդեցութեան տարբեր հանգրուաններու, բնոյթներու, կշռոյթներու վրայ: Համարկումը միատարր, միաբնոյթ, միօրինակ, միուղի, միաշերտ չէ. ենթախումբի իւրաքանչիւր անդամ տարբեր տարողութեամբ կրնայ առնչուիլ եւ հակադարձել վերոյիշեալ համակարգերուն: Անհատական այս առնչումներու կացութիւն-իրավիճակներուն համապատկերը կը հանդիսանայ ենթախումբի համարկումին ամէնէն արտաքին շրջագիծը: Իսկ անհատական այս առնչումներու ընդհանրական (հասարակ) յայտարարը կը հանդիսանայ ենթախումբին համարկումի ամէնէն ներքին եւ կեդրոնական շրջագիծը,:
Համարկումը առողջ կ’ըլլայ երբ փոխադարձ է ան՝ ենթախումբին եւ միւս հաւաքականութիւն/ներու վերոյիշեալ համակարգերուն միջեւ: Ընդհանրապէս եւ գրեթէ միշտ՝ ենթախումբին եւ միւս հաւաքականութեան/ներու վերոյիշեալ համակարգերը հաւասար չեն ըլլար՝ ըստ բովանդակութեան եւ զօրութեան:
Այս համակարգերու զօրութիւնը կախեալ է առարկայական եւ ենթակայական, տեղայնական թէ արտաքին պատճառներէ, գործօններէ, պարագայական ազդակներէ(այս մասին՝ աւելի ետք):
Կարելի է ենթադրել, որ համարկումին գործընթացը սկիզբ կ’առնէ շուկայական միջավայրին մէջ եւ կը թափանցէ ենթախումբին համակարգի այն ոլորտը որ տկար, խոցելի կամ չգոյ օղակ է ենթախումբին սեփական համակարգերուն մէջ, որով առիթ կը յառաջանայ տուեալ «օտար» ոլորտին կամ, աւելի մանր («բացակայ») միաւորին թափանցումին ապա եւ որդեգրումին՝ ենթախումբին կողմէ: Հուսկ, այս միաւորը կը վերածուի «փունջ’ի եւ տակաւ կը ծաւալի 3:
Համարկումը քարացած վիճակ չէ. ան չընդհատող, երբեմն տարբեր, հակադիր ուղղութիւններով ընթացող, չդադրող գործընթաց է: Համարկումին յառաջացեալ կամ խորացեալ հանգրուանը (երբ ներկրուող տարրերը կը դառնան գերակշիռ ի հեճուկս ենթախումբի վերոյիշեալ համակարգերու սեփական տարրերուն) կու տայ նախանշանները ենթախումբի տարբեր շերտերու ձուլման ընթացքին: Համարկումին մակերեսային եւ սկզբնական հանգրուանը կ’արտացոլացնէ սեփական պատեանի մէջ կծկուած հաւաքականութիւն մը 4: Համարկումի գործընթացը կրնայ վերաճիլ այլասերումի, ձուլումի եւ մերումի: Կրնայ յարաբերական տեղքայլ ապրիլ, կամ կրնայ հակառակ ուղղութեամբ ընթանալ:
Այլասերումը յառաջացեալ համարկումն է, երբ ենթախումբին վերոյիշեալ համակարգերուն ոչ-բոլորը տարբաղադրուած կամ փոխարինուած են այլեւայլ հաւաքականութիւններու համապատասխան համակարգերով:
Ձուլումը խորացեալ համարկումն է, երբ ենթախումբը կը տարբաղադրուի այլեւայլ հաւաքականութիւններու մէջ իր վերոյիշեալ բոլոր համակարգերով:
Մերումը խորացեալ հաւասարազօր տարբաղադրում-միախառնումն է թէ՛ ենթախումբին եւ թէ՛ հանդիպակաց խումբին/երուն, որուն արդիւնքով յառաջացած է նոր բաղադրիչներով, վերափոխեալ համակարգերով հաւաքականութիւն մը, որ միայն մասնակիօրէն կը յիշեցնէ իւրաքանչիւր ենթախումբի սկզբնական վիճակներու համակարգերը:
Համարկումին Ազդող Գործօններ
Ենթախումբերու առնչումին արդիւնքը կախեալ է բազմատարր եւ բազմաբնոյթ գործօններէ: Թուենք միքանին.-
ա) Ժամանակային գործօն.- եթէ առնչումին տեւողութիւնը կարճատեւ է (երկարատեւ, յարաբերաբար մնայուն բնոյթ չի կրեր), ապա դժուար թէ համարկումը սկզբնական հանգրուանէ անդին անցնի:
բ) Ծիրի գործօն.- Եթէ ենթախումբերը իրար կ’առնչուին վերոյիշեալ համակարգերէն միայն մէկնումէկի շրջանագիծին մէջ, ապա դժուար թէ համարկումը սկզբնական հանգրուանէ անդին անցնի:
գ) Ուժային գործօններ.- առնչուող ենթախումբերէն մէկուն գերիշխող, կամ պետականակիր ենթախումբ ըլլալը, թուային մեծամասնութեամբ գերակշռումը, մշակութային տիրակալութիւնը…, միւս կողմէն՝ հանդիպակաց ենթախումբին յարաբերաբար նորեկ, եկուոր, տկար, փոքրամասնութիւն ըլլալը…:
դ) Հասարակաց յայտարարներ.- առնչուող խումբերու նոյնակրօնութիւնը (սրբավայրերու, յարանուանական), նոյնալեզուութիւնը, ֆիզիքական նմանութիւններ-տարբերութիւնները (մորթի գոյն, դիմագիծ, աչքեր, հասակ եւն.), տօներու, սովորոյթներու նոյնութիւն-նմանութիւն-տարբերութիւններ:
ե) Ինքնութենական կառչածութիւն.- Ենթախումբերու կառչածութեան խորութիւնը, տարողութիւնը, աստիճանը՝ իրենց վերոյիշեալ համակարգերուն: Անոնց խորացեալ իմացումը, քաջատեղեակութիւնը վերոյիշեալ սեփական համակարգերուն:
զ) Պատմական անցեալ.- Ենթախումբերուն հասարակաց անցեալի յարաբերութիւններուն թշնամական-բարեկամական բնոյթը:
է) Համակարգերու այժմէականութիւնը.- Ենթախումբերու վերոյիշեալ համակարգերը որքանով ժամանակակից են, կը համընկնին-կը բաւարարեն ժամանակակից պահանջքները՝ ենթախումբին: Ասկէ կը յառաջանայ կարիքը պահպանելու, բարեփոխելու կամ հրաժարելու սեփական համակարգերէն:
ը) Եթէ ենթախումբերէն մին սփիւռք է, ապա՝ անոր կապուածութիւնը մայր հայրենիքին, վերջինիս հետ կապերու խորութիւնը, բնոյթը, տեսականին:Այս առումով կարեւոր գործօն է տուեալ սփիւռքին (նոյնինքն ենթախումբին) պատմական հայրենիքին տեղը, քաղաքական-տնտեսական-մշակութային կարգավիճակը՝ համաշխարհային համակարգին մէջ, անոր սոֆթ փաուըրին (փափուկ ուժ) հասողութիւնը, ազդեցութիւնը:
թ) Տուեալ երկրին պետական-քաղաքական համակարգը. այլամերժակա՞ն, թէ՞ ընդգրկողական, ժողովրդավարակա՞ն, թէ՞ բռնատիրականէ ան: Պետութիւն-քաղաքացի յարաբերութեան քաղաքական փիլիսոփայութիւնը հիմնուած է անհատի՞, թէ՞ համայնքի ըմբռնումի գաղափարախօսութեան վրայ:
ժ)Երկրին հասարակութեան բաղադրատարրերու ինքնութենական բնոյթը (էթնիք, կրօնական, լեզուական):Կարեւոր է նաեւ այդ բաղադրատարրերուն քանակը՝ բազմաթի՞ւ, աւելի քան երկու, թէ՞ ընդամէնը երկու ենթախումբերէ գոյացած է երկրին հասարակութիւնը:
ժա) Երկրին բնակչութեան քաղաքական մշակոյթը, ժողովրդավարական որակը, փոխհանդուրժողութիւնը, «ուրիշին» հանդէպ մօտեցումը:
ժբ) Համարկումը շփման արդիւնք է: Հետեւաբար, շփման դրդապատճառները նոյնպէս կարեւոր գործօններ են: Այս դրդապատճառներուն կապուած է ենթախումբին ինքնաբաւութեան աստիճանը: Այլ խօսքով, զօրաւոր գործօն է ենթախումբին վերոյիշեալ համակարգերուն առողջ կենսագործունէութիւնը ներենթախմբային միջոցներով: Եթէ ենթախումբը ինքնաբաւ է՝ շփումի դրդապատճառները նուազ են կամ հիմնարար չեն, հետեւաբար համարկումը նուազ է:
ժգ) Պէտք է անդրադառնալ նաեւ հանդիպակաց ենթախումբին/ներուն յատկանիշերուն. ինքնաբա՞ւ է ան/անոնք եւս, այլապէս տարբեր ընթացք կրնայ առնել համարկումին կշռոյթը:
ժդ) Առնչուող ենթախումբերուն ընկալողութիւնը համաշխարհային գործընթացներուն:
ժե) Կարեւոր է ընդգծել նաեւ առնչուող ենթախումբերուն նոյն վայրին մէջ գտնուելու պատճառները. բռնագաղթուա՞ծ, բռնակցուա՞ծ, ակամա՞յ, ստիպողակա՞ն պարագաներու բերմամբ ներկայութիւն մըն է ենթախումբերէն մին (կամ երկուքը, կամ բոլորը): Ի՛նչ պատճառներով կամ ի՞նչ իրադարձութիւններու հետեւանքով ենթախումբերը կը գտնուին իրարու առնչուելու կացութեան մէջ:
ժզ) Ենթախումբերուն գործող/աշխուժ/ներգործօն սերունդներուն բնոյթը տուեալ երկրին մէջ. առաջի՞ն՝ անցեալով ապրո՞ղ, թէ անցեալէն գէթ մասամբ կտրուած յետնորդ (երկրորդ, երրորդ, չորրորդ) սերունդ են անոնք:
ժէ) Ենթախումբերուն քաղաքական օրակարգերը: Ի՞նչ համեմատութիւններով տեղայնական եւ անդրսահմանային են անոնց կենսագործունէութեան նպատակները:
ժթ) Ենթախումբերու տնտեսական կարողականութիւնը, որուն շնորհիւ վերոյիշեալ համակարգերը (կամ անոնցմէ ոմանք) կրնան բնականէն աւելի աճիլ ու դրսեւորուիլ:
ի) Ենթախումբերու երկրին մէջ խտացեալ-միատեղ կամ ցրուած-տարտղնուած գոյութիւն-կեցութիւնը: Ենթախումբերը իրարմէ կղզիացա՞ծ բնակավայրերունին, թէ՞ կան աշխատանքային, կեցութեան, կենցաղային հասարակաց վայրեր:
իա) Ենթախումբի բնակած վայրի բնական հարստութիւններուն, աշխարհագրական դիրքի կարեւորութիւնը:
Լիբանանի Հայօճախին Համարկումի Ընթացքը
Լիբանահայ համարկումը երկճակատ եղած է.-
ա) Ներհայկական, բ) Տեղայնական:
ա) Ներհայկական համարկում.-
Նկատի պէտք է առնել, որ 1920ականներու սկիզբը Լիբանան հաստատուած գաղթականութիւնը միատարր չէր. ճիշտ է, հաւանաբար անոնց շուրջ 60 տոկոսը կու գար Կիլիկիայէն 5, սակայն նոյնիսկ կիլիկիահայերը միատարր չէին. գաղթականները իրենց ծննդավայրին մէջ վերածուած էին ինքնակայ, յարաբերաբար ներփակ ենթախումբերու, հաւաքական ինքնութիւնը, վերոյիշեալ համակարգերը նոյն որակով եւ ըմբռնողութեամբ եւ իմացութեամբ առկայ չէին այդ գաղթականներուն մէջ: Անոնք դրսեցի, ուրիշ, օտար կը նկատէին իրենց բնակավայրէն դուրս գտնուող հայերը: Տարբեր էր նաեւ իրենց գործածած լեզուն. անոնք բարբառներ կամ թրքերէն կը գործածէին: Տարբերութիւններ կային իրենց սովորոյթներուն մէջ եւս: Կար նաեւ գերակայութեան զգացումը ծննդավայրին հանդէպ. հայրենակիցը գերակայ եւ նախապատիւ կը դասուէր այլ շրջանի մէջ ծնած հայէն: Ցցուն էր նաեւ յարանուանական տարբերութիւնը, անոր ընկալումն ու կիրառումը՝ կաթողիկէ, աւետարանական եւ առաքելական համայնքներու անդամներուն կողմէ: Ուշագրաւ էր բացակայութիւնը հաւաքական հայու վերոյիշեալ համակարգերուն: Ընդհանրական, հասարակ յայտարարը միասնական ճակատագիրն ու պայմաններն էին, Ցեղասպանութեան եւ երկրորդ գաղթականութեան հետեւանքով բոլորին համար յառաջացած նոյն իրավիճակ կացութիւնը:
Հետեւաբար, նախ պէտք է անդրադառնալ այս խառնիճաղանջ, խայտաբղետ զանգուածին ինքնահամարկումին մասին: Պէտք է ըսել, թէ գաղթական այս զանգուածին ինքնահամարկումի գործընթացը երկարեցաւ մինչեւ 1950ականները: Այս համարկումին թափին եւ խորութեան մէջ կարեւոր գործօններ եղան լիբանահայ դպրոցական ցանցերը, եկեղեցիները, կուսակցութիւնները, միութիւնները, այն շփումներն ու առնչումները, որոնք յառաջացան այս մարմիններուն գործունէութեամբ բայց մանաւանդ բնակավայրային միջավայրը՝ քեմփերը, ապա եւ հայաբնակ թաղամասերը, մամուլը, հանրային ձեռնարկները եւն.:
Մատնանշելի է նաեւ որ ներհայկական այս համարկումի գործընթացը կը շարունակուի մինչեւ այսօր. արդարեւ, 1920ականներու գաղթականներուն հոսքէն կարճ ժամանակ ետք, լիբանահայութիւնը ընդունեց ներհոսքը զանազան հայկական ուրիշ ենթախումբերու, որոնցմէ երեքը յարաբերաբար մեծաթիւ էին: Արդարեւ, 1939ին Ալեքսանտրէթի Սանճաքին Թուրքիոյ յանձնումով Լիբանան հոսեցաւ շուրջ 12000 հայութիւն՝ Մուսա Լեռէն, Ալեքսանտրէթ քաղաքէն եւ անմիջական շրջակայքէն: Ժամանակ մը ետք, 1948ին՝ Պաղեստինի տագնապին յառաջացումով, կարեւոր թիւով գաղթական պաղեստինահայեր հաստատուեցան Պէյրութ եւ շրջակայքը: Վերջին մեծաթիւ ներհոսքը պատահեցաւ 1967ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն ետք, երբ գաղթականներու նոր ալիք մը եկաւ Լիբանան: Այնուհետեւ եւս, շրջանի արաբական երկիրներէն (մանաւանդ Սուրիայէն, իսկ վերջերս Իրաքէն) թէ Թուրքիայէն ներհոսքը դէպի Լիբանան երբեք չդադրեցաւ: Դէպի Լիբանան չորրորդ մեծաթիւ ալիքը արդիւնքն էր Սուրիոյ մէջ ծայր առած պատերազմին, որուն հետեւանքով աւելի քան 10,000 սուրիահայեր ներհոսեցան Լիբանան:
Հասկնալի է անշուշտ, որ ներհայկական այս համարկումին ընթացքը արդիւնաւորուեցաւ Լիբանան հաստատուած հայկական տարբեր ենթախումբերու միաձուլումով եւ ընդհանրական լիբանահայու յառաջացումով 6: Թերեւս բացառութիւն կարելի է նկատել Մուսա Լեռ-Այնճարի հայութեան պարագան, որ համարկուեցաւ քան թէ լիարժէք ձուլուեցաւ լիբանահայութեան մէջ:
Բ) Տեղայնական Համարկում
Տեղայնական համարկումը սկիզբ առաւ 1920ականներու սկիզբին Կիլիկիոյ պարպումին հետեւանքով հայութեան՝ Լիբանանի ամբողջ ծովեզերքին – հիւսիսէն հարաւ – բնակեցուելուն: Թրիփոլիէն մինչեւ Սուր հաստատուած հայկական այս ենթախումբերը, ըստ վերոնշեալ տեսական գործօններուն՝ տարբեր տարողութեամբ, կշռոյթով ու խորութեամբ մտան համարկումի գործընթաց:
Այս գործընթացը եւս կը շարունակուի մինչեւ այսօր: Եւ եթէ այնուհետեւ պատահած հայկական ներհոսքերու հետեւանքով տեղայնական համարկումին գործընթացը միօրինակ չընթացաւ, յամենայնդէպս 1946-48ի ներգաղթին պատճառով ծայրամասային ենթախումբերու համարկումին թափը զօրացաւ, մանաւանդ իբրեւ հետեւանք այդ ենթախումբերու ինքնաբաւութեան տկարացումին, որ պատճառ դարձաւ որ ենթախումբը ստիպուի աւելի յաճախակի եւ անմիջականօրէն, այլաբնոյթ առնչումներ ունենալու հանդիպակաց ենթախումբերու հետ:
Տեղայնական համարկումին հակադրուող կարեւոր գործօն պէտք է նկատել լիբանանեան հասարակութեան ոչ-միաձոյլ ըլլալու պարագան: Արդարեւ, ան միատարր չէ, այլ կը բաղկանայ բազմաթիւ ենթախումբերէ, որոնք Լիբանանի մէջ ունին պետաիրաւական ճանաչում: Այլ խօսքով, Լիբանանի մէջ կենսագործող իւրաքանչիւր քաղաքացիական ենթախումբ օրինականացած է իր էթնիք/համայնքային/կրօնական/լեզուական/յարանուանական/ինքնութենական կամ այլ առանձնայատկութիւններով 7: Լիբանանի իւրաքանչիւր քաղաքացի ունի Լիբանանի պատկանելիութենէն անդին անցնող ենթախմբային պատկանելիութիւն, որով պայմանաւորուած է իր լիբանանցիութիւնը: Ուստի եւ, որեւէ ենթախումբի անդամ մը իրաւականօրէն չի կրնար ընդգրկուիլ Լիբանանի ոչ-ենթախմբային հաւաքականութեան մը մէջ, որովհետեւ այդպիսին գոյութիւն չունի:
Այլ խօսքով, Լիբանանի իւրաքանչիւր քաղաքացի անդամ է սեփական համակարգերով օժտուած ենթախումբի մը: Ինչ խօսք, այս պարագան կը դժուարացնէ համարկումի գործընթացին խորացումը:
Արդարեւ, Լիբանան համայնքապետական երկիր է: Այս համայնքներուն մէկտեղում/պայմանական եւ պայմանաւորուած գործակցութիւնը կ’օրինականացնէ եւ կ’իրաւականացնէ Լիբանան պետութիւնը 8:
Նոյն տրամաբանութեան իբրեւ շարունակութիւն, սահմանադրականօրէն իւրաքանչիւր ենթախումբի յատկացուած են որոշ պաշտօններ եւ դիրքեր համայնքապետական այս երկրին մէջ, որոնք անխոցելի եւ անբռնաբարելի են: Այսինքն, համայնք-ենթախումբ մը չի կրնար ոտնձգութիւն կատարել ու տիրանալ այլ համայնք-ենթախումբի մը վերապահուած քոթային:
Հետեւաբար, պետաիրաւական համակարգը անուղղակիօրէն կը սանձէ այս ենթախումբերուն խորացեալ համարկումը, որ կրնար ձուլման տանիլ ենթախումբը:
1920 Սեպտեմբերին երբ կը հռչակուէր Մեծն Լիբանան պետութիւնը5 իւրաքանչիւր ենթախումբ իր իրաւունքի բաժինը վերցնելէ ետք կը լծուէր նորակազմ երկրին մէջ ինքզինք վերաձեւելու եւ կազմակերպելու գործընթացին: Նոյն կացութեան մէջ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի հայութիւնը, որ արտաքին նուազագոյն միջամտութիւններու ենթարկուելով (նկատի ունինք Լիբանանի պետութիւն եւ միւս համայնքներ-ենթախումբեր) լծուեցաւ ներհամարկումի գործընթացին, ձեւաւորեց ու կազմակերպեց ինքզինք, ենթախմբային համակարգերը բարեփոխեց ու նորովի պատշաճեցուց զանոնք իր նոր միջավայրին, արտաքին նուազագոյն միջամտութիւններով:
Կարելի է Լիբանանի հայութեան ներհայկական համարկումին գործընթացի վճռական հանգրուանի աւարտ նկատել 1940ականներու աւարտ-1950ականներու սկիզբը, երբ այս հաւաքականութիւնը վերածուեցաւ հայօճախի (յառաջացնելով-զօրացնելով իր համակարգերը):
Ներհայկական այս համարկումին աւարտով ալ կը սկսի տեղայնական համարկումին շօշափելի հանգրուանը, երբ սկսած էր յառաջանալ ենթախումpին տեղածին սերունդը, գաղթական հայերը քիչ թէ շատ վարժուեր էին երկրին պայմաններուն, իւրացուցեր էին տեղական լեզուի որոշ բառաշերտ, անցեր էին շուկայական յարաբերութիւններուն մէջ մակերեսային առնչումէ աւելի խորքային յարաբերութիւններու, կարեւոր դերակատարութիւն ունէին երկրի տնտեսական անիւին շրջադարձին մէջ, համարկուեր էին երկրին քաղաքական կեանքին որոշ դրսեւորումներուն, սակայն կը պահպանէին մշակութային կղզիացումը, հակառակ 1946-48ի ներգաղթի իրենց փորձառութեան դասերուն, որով տեսակարար կշիռ սկսեր էր ներկայացնել հայրենիքը սիրելու, անոր կապուելու բայց երկրորդ հայրենիքի մէջ բնակելու մտածումը:
Լիբանահայ տեղայնական համարկումին յաջորդ հանգրուանը կը հանդիսանայ 1950-75 շրջանը, երբ հայրենական ներգաղթին պատճառով Լիբանանի ծայրամասային հայկական օղակները մեծապէս կը տկարանան, կը դադրին ինքնաբաւ ըլլալէ ու կ’որդեգրեն այլասերումի կամ հայկական կեդրոնական ենթախումբին աշխարհագրականօրէն միանալու ուղին: Միւս կողմէն, հայօճախը ներքնապէս թափ կու տայ իր ազգային-մշակութային աշխուժութեան-վերելքին, միաժամանակ ընդգրկուելով Լիբանանի քաղաքական-տնտեսական-ընկերային ամէնօրեայ կենսագործունէութեան: Քառորդ դարու այս հանգրուանը կ’առնչէ լիբանահայ ենթախումբը տեղայնական ենթախումբերուն՝ բոլոր համակարգերու եւ ոլորտներու առումով:
Կը թուի թէ այս հանգրուանին երկարատեւ շարունակութիւնը կրնար կարելիութիւնն ունենալ մերում մը յառաջացնելու լիբանահայ ենթախումբին եւ գէթ քրիստոնէական միւս ենթախումբերուն միջեւ:
1975ի քաղաքացիական պատերազմը, սակայն համարկումի այս ընթացքը կասեցուց եւ ետքայլի տարաւ:
Արդարեւ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որուն ամբողջ տեւողութեան կարմիր ժապաւէնի պէս նկատելի էր միջկրօնական գունաւորումը, պատճառ դարձաւ որ ենթախումբերու համերաշխ գոյակեցութիւնը խաթարուի: Դեռ աւելին, ոչ միայն իսլամ-քրիստոնեայ հակադրութիւն մը առճակատումի տարուեցաւ, այլեւ նոյնիսկ ներքրիստոնէական եւ ներիսլամական ներքին հակադրութիւններու եւ առճակատումներու դուռ բացաւ: Ներքին այս հակադրութիւնները իրարու դէմ լարեցին բոլոր ենթախումբերը. Ենթախումբերուն հակադրութիւնները տարբեր սրութիւններու բարձրացաւ, ինչ որ պատճառ դարձաւ իւրաքանչիւր ենթախումբի անդամի օտարացումին՝ եւ մերժումին այլ ենթախումբին կողմէ: Ահա այս պայմաններուն մէջ էր որ երբ ենթախումբի մը ծայրամասային օղակին խոցելիութիւնը վտանգալից դարձաւ, այդ օղակը ինքնամփոփուեցաւ եւ պատսպարուեցաւ իր մայր ենթախումբին հովանիին տակ: Այլ խօսքով, 1975-90 տարիները այլամերժումի, ուրիշը/միւսը չընդունիլը շեշտաւորող տարիներ եղան, որով տարբեր ենթախումբերու փոխառնչումի գործընթացը լրջօրէն տուժեց: Տուժեց եւ ետքայլ կատարեց նաեւ համարկումը:
Փաստօրէն, երբ ակնկալելի էր որ բնօրրածին սերունդներուն անցումով, տեղայնածին սերունդներու տեսակարար կշիռ գոյացնելով թափ առնէր համարկումի գործընթացը, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եկաւ նահանջ պարտադրելու նաեւ լիբանահայ տեղայնական համարկումին:
1990 էն ետք, քաղաքացիական պատերազմին դադրեցումէն եւ միջենթախմբային պատնէշներու տակաւ վերացումով լիբանանեան համարկումին գործընթացը վերսկսաւ աւելի դանդաղ, աւելի վերապահ եւ զգուշաւոր:
Այս հանգրուանին, Լիբանանի հայօճախին համարկումի գործընթացը աւելի թափով ներգրաւուեցաւ ներլիբանանեան համապարփակ, ընդհանրական համարկումի գործընթացին մէջ: Այդուհանդերձ,յատկանշական է որ լիբանանեան իւրաքանչիւր ենթախումբ համալիբանանեան համարկումին իրեն յատուկ կշռոյթը ունի:
Համարկումի այս գործընթացը շեշտակիօրէն կ’ազդուի համաշխարհայնացումի գործընթացին ազդակներէն: Այս ազդեցութիւնը երբեմն կը դրսեւորուի արհեստական, միտումնաւոր հակազդեցութիւններով, հակադարձութիւններով, երկրագունդի այս կամ այն վայրին մէջ կատարուած մեծ ու ցնցիչ իրադարձութիւններէն, Միջին Արեւելքի մէջ արաբ-իսրայէլեան, պաղեստինեան-իսրայէլեան տագնապին վերիվայրումներէն, քրիստոնեայ Արեւմուտքիեւ Արեւելքի ու իսլամական աշխարհին մէջ հակաիսլամական թէ հակաքրիստոնէական այլեւայլ դրսեւորումներէ: Միաժամանակ, լիբանահայ տեղայնական համարկումը կ’ազդուի նաեւ անդրսահմանային իւրայատուկ գործօններէ, որոնք ունին հայկական երեւոյթներ եւ կ’առնչուին Սփիւռքին, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայկական տարածականութեան զարգացումներուն:
Այդուհանդերձ,համարկումին եւ յառաջացեալ համարկումին նպաստող վճռական գործօններ են միջավայրը, շուկան, ենթախումբին նորօրեայ ինքնաբաւութեան անկարելիութիւնները եւ նոյնինքն համաշխարհայնացումին երեւոյթները:
Արդարեւ, համաշխարհայնացումի ներկայ պայմաններուն մատուցումով յառաջացած «տեսանելի-բայց-ոչ-անպայման հասանելի» առատութեան տեսական առկայութիւնը անբաւարար կը դարձնէ որեւէ ենթախումբի վերոյիշեալ համակարգերու բաւարարութիւնը, որով պարտադիր կը դառնայ առնչումը ուրիշ ենթախումբերու եւ անոնց միջոցով հասանելիութիւնը՝ ենթախումբին պակսող համաշխարհային համակարգերուն:
ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅԵՐՆ ԱՅՍՕՐ
Էթնոսոցիոլոգիական Հետազօտութիւններ
Երեւան – Պէյրութ 2019
[1] Նկատի ունինք Զմմառու Հայ Կաթողիկէ վանքը: Այս մասին աւելի մանրամասն տե՛ս՝ Մեսրոպ Վրդ. Թերզեան, Զմմառու Հայ Վանքը. 1749-1949, Պէյրութ, Հայ Կաթողիկէ Տպարան, 1949:
[2] Այլ խօսքով, ուրիշ ենթախումբի համակարգին առնչուիլը երկար գործընթաց է, ուր էական ելակէտ կը հանդիսանայ ընդառաջումի գործընթացը:
[3] Համարկումը աւելի զօրաւոր է այն ոլորտին մէջ, ուր կողմերէն մէկը չունի անոր դրսեւորումը (պորտապար, հեռատեսիլային յայտագիր, երբեմն ալ մրցակցութիւնը կը սրի գրաւիչի ու աւելի գրաւիչին միջեւ):
[4] Տե՛ս նաեւ՝ Անդրանիկ Տագէսեան, Լիբանանի Հայօճախը. Գիրք Ա., Համարկումին Խաչուղիները (1920-2005), Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն, Հայկազեան Համալսարանի Հրատ., Պէյրութ, Տպ. Անտոնեան, 2015, էջ 9-10:
[5] Ըստ Արա Սանճեանի, 1920ականներուն Լիբանան հասած հայերուն «շուրջ 25 հզ-ը Կիլիկիայից էին, շուրջ 8 հզ-ը՝ Անատոլիայի, իսկ մօտ 5 հզ-ը՝ Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններից» (Արա Սանճեան, «Լիբանան»՝ Սփիւռք Հանրագիտարան, գլխ. խմբ.՝ Յովհաննէս Աւագեան, Երեւան, Հայկ. Հանրագիտարան Հրատ., 2003, էջ 291: Լիբանահայ ենթախումբի մէկ օղակին աւելի խորունկ դիտարկումը տուաւ հետեւեալ պատկերը.- Կիլիկիայէն ժամանածներ՝ 52,2%5,Արեւմտեան Հայաստանէն ու Կեդրոնական Փոքր Ասիայէն ժամանածներ՝ 14.3%, Արեւմտեան Փոքր Ասիայէն ժամանածներ՝ 4,3%, իսկ արտասահմանէն՝ 29% (Անդրանիկ Տագէսեան, «Ժողովրդական Քաղուածքներ Նոր Հաճնոյ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Պսակի, Մկրտութեան ու Մահուան Տոմարներէն (1930-2009)»՝ Հաճնոյ Հերոսամարտի 90Ամեակի Գիտաժողովի Նիւթեր Եւ Վաւերագրեր Ու Լուսանկարներ, կազմ. եւ խմբ.՝ Անդրանիկ Տագէսեան, Հրատ.՝ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան, Պէյրութ, Հայկազեան Հրատ., 2013, էջ 118):
[6] Լիբանահայ ներհայկական համարկումին գործընթացը համապարփակ էր եւ կ’ընդգրկէր լիբանահայ բոլոր յարանուանութիւններու բոլոր օղակները:
[7] Լիբանանի մէջ պետական օրէնքով ճանչցուած-իրաւականացած են 18 ենթախումբեր, որոնք կը կոչուին համայնքներ: Այս համակարգը ձեւաւորուած է օսմանեան «միլլէթ համակարգ»ի ժառանգին հիմամբ:
[8] Այս մասին աւելի մանրամասն տե՛ս՝ Անդրանիկ Տագէսեան, Լիբանանի Հայօճախը. Գիրք Ա., Համարկումին Խաչուղիները (1920-2005), Հրատ. ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան եւ Հայկազեան Համալսարանի Հայկակ նՍփիւռքի Ուսումնասիրութեան ԿԵդրոն, Պէյրութ, Հայկազեան Համալսարանի Հրատ., 2015, էջ 14-16):
Դոկտ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ