Երէկ բուռն կերպով շարունակուեցան ժողովրդային ընդվզումի բողոքները Լիբանանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ, մինչ գլխաւոր ճամբաները մնացին փակ: Փակ մնացին նաեւ դրամատուներն ու կրթական հաստատութիւնները:
Նախորդ օր ցոյցերու ընթացքին զոհուած երիտասարդը՝ Ալաա Ապու Ֆախր, յեղափոխութեան նահատակ հռչակուեցաւ եւ անոր ի պատիւ բոլոր հրապարակներու վրայ ալ յարգանքի արտայայտութիւններ եւ խորհրդանշական նախաձեռնութիւններ տեղի ունեցաւ: Զոհուած երիտասարդին թաղումը պիտի կատարուի այսօր՝ իր ծննդավայրին մէջ, մինչ ցուցարարներուն մեծ մասը Պէյրութի հրապարակին վրայ պիտի ոգեկոչեն անոր յիշատակը: Նշենք, որ զոհուածը 38 տարեկան, ընտանիքի հայր էր: Ան իր ետին ձգեց իր այրին եւ անչափահաս զաւակներ:
Երէկուայ ցոյցերուն ընթացքին վտանգաւոր զարգացում մը արձանագրուեցաւ Ժալ Էլ Տիպի մէջ ցուցարարներուն եւ կարգ մը, ըստ ցուցարարներում՝ Աունական երիտասարդներու միջեւ, որոնք մօտենալով բիրտ ուժ ուզեցին բանեցնել բանալ փորձելով Ժալ էլ Տիպի ներքին ճամբան: Կրակոցներ ալ լսուեցան, որուն յաջորդեց քաշքշուք, մինչ կրակ բացող երիտասարդը ձերբակալուեցաւ ապահովական ուժերու կողմէ:
Վարչապետարանին մէջ, ըստ երեւոյթին վարչապետը իր հետ ընթացող բոլոր բանակցութիւններուն ունեցաւ իր կտրուկ դիրքը, որն է չընդունիլ վարչապետի պաշտօնը, եթէ պատահի, որ նշանակուի կառավարութեան կազմի մը վրայ, որ պիտի չվայելէ ժողովուրդին վստահութիւնը: Ան շարունակեց պնդել արհեստավարժերէ կազմուած խումբով մը հանդէս գալ ապագային: Կեցուածք մը, որ անհանագիստ կ՛ընէ յատկապէս նախագահն ու Շիաա կազմակերպութիւնները:
Ցոյցերը աւելի մեծ թափով կը շարունակուին: Կրթական հաստատութիւնները եւ դրամատուները կը շարունակեն փակ մնալ: Վտանգաւոր հանգրուան մըն է, որ Լիբանանը կը դիմակալէ: