Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի դէմ տրամադրութիւնները բաւական սրած են: Բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին: Նախարարը կ՛արհամարհէ զանոնք: Հրաժարական տալու հիմք չի տեսներ եւ երիտասարդներուն պայքարը կ՛որակէ որպէս քաղաքական:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անվերապահօրէն կը սատարէ Արայիկ Յարութիւնեանին: Ըստ երեւոյթին, անձամբ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ նախարարին տրուած է այդ ցոյցերը արհամարհելու կանաչ լոյսը:
Այլ խօսքով, Նիկոլ Փաշինեանն իր վրայ կը վերցնէ նախարարութեան գործառոյթները, հետեւաբար՝ ոեւէ բացթողում կամ հակաճառութիւն կը համարուի իր սեփականը: Այս պարագային, նստացոյց ու բողոքի գործողութիւններ ընողներուն կարծիքով, պէտք է նաեւ հեռանայ ինքը՝ Փաշինեանը:
Օրեր առաջ, երիտասարդներէն մէկը Փաշինեանին մեթրոյի տոմս տուաւ, որպէսզի վերջինս զայն փոխանցէ նախարարին: Նպատակը այն էր, որ Արայիկ Յարութիւնեանը մեթրոյով շրջի ու տեսնէ, թէ ի՞նչ կը մտածեն իր մասին:
Նախկին իշխանութեան օրոք նման բողոքի ցոյցերը, յատկապյս ընդդիմութեան կողմից, կը հանգեցնէին պաշտօնեայի հրաժարականին: Այսօրուայ կառավարութիւնը, ինչպէս Փաշինեանը կը կոչէ՝ ժողովուրդին կառավարութիւնը, ոչ միայն չարձագանգէր, այլ՝ համացանցային տիրոյթի բարձր մակարդակով կը ծաղրէ նոյն այդ ժողովուրդը:
Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջը մէկ օրէն չի յառաջացաւ: Մէկուկէս տարուայ պաշտօնավարման ընթացքին, Յարութիւնեան բազմաթիւ խնդրահարոյց նախագիծեր մշակեց, ինչպէս՝ հիմնարկներ լուծարել, բարձրագոյն ուսման հիմնարկներու մէջ լարուածութիւն առաջացրել եւ այլն: Ուսանողներու, երիտասարդներու այսօրուայ պահանջը բնական հակազդեցութիւնն է տեղի ունեցած քաղաքական գործընթացներուն:
Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականին կողքին կը պահանջեն նաեւ Արտաքին գործերու նախարարի հրաժարականը: Պատճառը՝ օտար լրատուամիջոցի մը հետ իր վերջին հարցազրոյցին արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարի արտայայտած միտքերն էին, որոնք ըստ դժգոհողներուն, բարձր մակարդակի դիւանագետի միտքեր չէին, այլՙ շարքային կուսակցական քարոզիչի: Բողոքող երիտասարդները ճամպրուկներ փոխանցեցին նախարարութիւն, հորդորելով նախարարին իր սեփական իրերը հաւաքէ նախարարութեան իր գրասենեակէն ու երթայ տուն:
Օրուայ իշխանութիւնները պարտաւոր են համարժէք արձագանգել հասարակութեան օրէ-օր աճող բողոքներուն, առարկայական գնահատական մը տալով երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն: Յետ-յեղափոխական թմբիրէն շատերը դուրս եկած են: Որքան օրերը անցնին, այնքան հասարակութեան բողոքը սկսած է աւելնալ: Այս իրավիհակը ի նպա՞ստ է իշխանութեան, թէ ոչ: Ոեւէ իշխանութիւն, եթէ առարկայականօրէն չի գնահատէ երկրին մէջ կատարուածը, դատապարտուած է մնալու գերութեան մէջ: Ժողովուրդին մեծ վստահութեամբը իշխանութեան հասած ու նոյն այդ ժողովուրդին արհամարհող ու ծաղրող իշխանութիւնը կամ առաջնորդը կրնայ իր նախորդին հետ համեմատած շատ աւելի ցաւալի պայմաններով հեռանայ:
ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ