Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Հասարակարգային Հարցեր Եւ Հայանպաստ Առիթներ

Պատմական եւ դիալեկտիկական մատերիապաշտ փիլիսոփայական դպրոցին համաձայն, մարդկութեան պատմութեան ծանօթ են ցարդ՝ հինգ հասարակարգեր.

1) Նախնական Համայնատիրական,

2) Ստրկատիրական,

3) Աւատատիրական,

4) Կապիտալիստական եւ

5) սոցիալիստական։

 

Ասոնց կը յուսացուի որ յաջորդէ 6-րդ կոմունիստական, կամ՝ զարգացած համայնատիրական հասարակարգը։

Այս տարբեր հասարակարգերուն միջեւ միջանկեալ հասարակարգեր գոյութիւն ունեցա՞ծ են, կամ՝ կրնա՞ն ունենալ։ Ի՞նչ կրնայ ըլլալ այդ միջանկեալ հասարակարգին բովանդակած ընկերային-տնտեսական-քաղաքական համակարգը… կամ՝ անպայմանօրէն՝ ոչ-նախորդեան, այլ՝ նախա-յաջորդեանը կրնա՞ն ըլլալ։ Այսինքն. օրինակ՝ ոչ-կապիտալիստական, այլ՝ նախա-սոցիալիստական, կամ՝ որձեւէգ։

20-րդ դարու 50-ականներուն, խօսք եղաւ ոչ-կապիտալիստական զարգացումի մը մասին, կարգ մը երկիրներու մէջ՝ ասիական, ափրիկեան եւ լատին ամերիկեան ցամաքամասերուն վրայ։ Ասոնք սակայն երբեք դուրս չելան որ՝ նախա-սոցիալիստական էին…։

Այս պատմական իրականութենէն կը հետեւեցուի՞ թէ՝ չկայ միջանկեալ հասարակարգ։ Եւ ուրեմն. օրինակ՝ աւատատիրական հասարակարգէն դէպի սոցիալիստականը կարելի չէ ոստում կատարել, կապիտալիստականի հանգրուանի գլխուն վրայէն։ Եւ հետեւաբար, այդպիսի ոստում կատարած յաղթական յեղափոխութիւնը պարտի ոչ միայն կիրարկել պրոլետարական բռնատիրութիւն, անարգել կարողանալ կերտելու համար սոցիալիզմի գաղափարաքաղաքական վերնակառոյցը, զարգացնելով ժողովուրդին գիտակցութիւնն ու համոզուածութիւնը սոցիալիզմի շուրջ։ Այլեւ՝ պարտի որդեգրել բազմաձեւ տնտեսակարգ, որոշ սահմաններու մէջ արտօնելով՝ սոցիալիստականի կողքին, կապիտալիստական տնտեսակարգ, կերտելու համար սոցիալիզմի տնտեսական ներքնակառոյցը։

Այս անհրաժեշտութիւնը առաջինը եղաւ տեսնողն ու գործադրողը՝ Վ.Ի. Լենին, որ անդրադարձաւ բազմաձեւ տնտեսակարգի անհրաժեշտութեան, երբ յեղափոխութիւնը յաղթանակած էր՝ ոչ թէ զարգացած կապիտալիզմի երկրին մէջ, այլ՝ կիսա-աւատատիրական եւ թոյլ զարգացած կապիտալիստական Ռուսաստանի մէջ։ Ան իր այս թեզը անուանեց New Economic Policy (NEP)։ Սակայն ինք առիթ չունեցաւ երկար ժամանակ կիրարկելու NEP-ը, երբ կեանքէն կանուխ հեռացաւ, իսկ 1924-էն իրեն յաջորդող Ստալինը չշարունակեց NEP-ը։

Հետագային, NEP-ը որդեգրեց Ժողովրդային Չինաստանի Կոմկուսը, քանի որ իր ալ յեղափոխութիւնը յաղթանակած էր կիսա-աւատատիրական եւ թոյլ զարգացած կապիտալիստական Չինաստանի մէջ…։ Եւ այսօր՝ Չին Կոմկուսի ղեկավարութեան տակ սոցիալիստական հասակարագ կառուցող Ժողովրդային Չինաստանը, բրիտանական “The Economist”ի գնահատումով, աշխարհի ամէնէն յառաջադէմ երկիրն է, իր միլիառաւոր բնակչութեամբ։

(Չին Կոմկուսի կիրարկած NEP-ը գլխովին կը զատորոշուի Կորպաչեւի Փերեսթրոյքայէն եւ ԱՄՆ-ի Փենթակոնի շեղումէն, քանի որ՝ Կորպաչեւ ջնջեց Սովետ Միութեան սահմանադրութեան Յօդ. 5-րդը, որ երկրի ղեկավարութիւնը կը վերապահէր Կոմկուսին։ Իսկ ԱՄՆ-ի Փենթակոնի շեղումը՝ ժամանակավրէպ դարձած կապիտալիզմի ճգնաժամը լոկ մեղմացնելու համար կ՚օգտագործէր սոցիալիստական տնտեսութեան միջոցառումներ, ինչպէս շեշտած է Նոամ Չոմսքի։ Մինչդեռ չին Կոմկուսը սոցիալիզմ կը կառուցէ իր ղեկավարութեան տակ)։

20-րդ դարի կէսերուն, Նիքիթա Խրուշչեւի օրերուն, Սովետ Միութեան Կոմկուսը, հասկնալի բայց աններելի պատեհապաշտութեամբ, որդեգրեց ոչ-կապիտալիստական զարգացման հակամարքսեան տեսութիւնը, պատեհապաշտօրէն յուսալով (մինչդեռ Լենին հետեւողականօրէն պայքար մղած էր կուսակցութենէն), որ օգնելով այդ ժամանակներուն մեծ զարթօնք ապրող՝ Ասիոյ, Ափրիկէի եւ Լատին Ամերիկայի ազգային ազատագրական պայքար մղող ժողովուրդներուն, կը կարողանայ այդ երկիրներուն ընկերային-տնտեսական համակարգերը հունաւորել դէպի սոցիալիզմ, քանի որ այդ երկիրներու պայքարը ուղղուած էր Արեւմուտքի գաղութարար եւ իմփերիալիստ տէրութիւններուն դէմ։ Այս յոյսով, Սովետ Միութիւնը հսկայական ծաւալներով օգնութիւններ մատուցեց այս երկիրներուն՝ դրամական, տնտեսական, ճարտարագիտական, զինուորական, մշակութային-կրթական եւ միւս բոլոր մարզերուն մէջ, որոնց շարքին մեծագոյններէն էին՝ Եգիպտոսին նուիրուած Ասուանի ջրամբարտակն ու Հալուանի երկաթի արդիւնաբերութեան ծրագիրը եւ Կամալ Ապտելնասէրին շնորհուած լենինեան շքանշանն ու եգիպտական Կոմկուսին թելադրումը, որ միաձուլուի Նասէրի կուսակցութեան մէջ…։ Իսկ հաւանաբար ամենածախսալիցը՝ Մոսկուայի մէջ Փաթրիս Լումումպայի անուան վիթխարի համալսարանն էր, բոլոր մասնագիտութիւններով եւ ձրի՝ երրորդ աշխարհի ուսանողութեան համար։

Սովետ Միութիւնը մեծ դեր ունեցաւ նաեւ գաղթատիրութեան համակարգի լուծարքին մէջ, որ մեծապէս նպաստեց նախկին գաղութներու եւ կիսագաղութներու ազգային ազատագրութեան։ Սակայն, ամերիկեան իմփերիալիզմը, CIA-ի յեղաշրջական գործողութիւններու եւ այս երկիրներու բանակներուն օգնութիւններ տալու ճամբաներով, այս երկիրներու մեծ մասին վրայ հաստատեց նոր-գաղութարարութեան համակարգ մը։ Այս երկիրներուն մէկ մասին մէջ (ինչպէս՝ Իրանի, Իրաքի, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ Միութեան տարիներուն, եւ Սուտանի ու Ալճերիոյ) տեղի ունեցան կոմունիստներու զանգուածային ջարդեր ու հալածանքներ, որոնց զոհ գացին Իրանի «Թուտեհ» եւ Սուտանի ու Լիբանանի (Ֆարժալլա Հելու) կոմունիստ կուսակցութիւններու ընդհանուր քարտուղարները։ Զգայացունց ծաւալով այս ոճիրները գործադրուեցան «քաղաքակիրթ» Արեւմուտքի  գոհունակ, իսկ սոցիալիստական ճակատի (գլխաւորութեամբ Սովետ Միութեան) մեղապարտ ձեռնպահութեամբ։ Էնվեր Սատէթ Եգիպտոսէն վտարեց սովետ մասնագէտներն ու տարբեր մարզերու օգնական խորհրդատուները։ Լիբանանցի մեծանուն յառաջապահ գրող Ռա՛իֆ Խուրի, Եգիպտոսի դէմ գրեց խարանող պարսաւագիր մը՝ «Կատուի Ապերախտութիւն» խորագրով։

Նոր-գաղութարարութիւնը (néo-colonialisme) այս երկիրներուն մէջ յաջողեցաւ, շնորհիւ այս երկիրներու բուրժուազիաներու համագործակցութեան՝ ամերիկեան իմփերիալիզմին հետ, եւ երկրի տնտեսութիւնը կախեալ պահեցին ԱՄՆ-ի Մեթրոփոլի կապիտալիզմէն… արգիլելով՝ ոչ-կապիտալիստական զարգացումին նախա-սոցիալիստականի վերածումը…։ Ուրեմն, ոչ-կապիտալիստական զարգացումը անխուսափելիօրէն չի յանգիր սոցիալիստականի…։

Սակայն, Սովետ Միութեան Կոմկուսի տեսաբանները յաւակնեցան միջանկեալ ոչ-սոցիալիստական զարգացումի տեսութիւնը հիմնաւորել՝ հետեւեալ, իբր թէ Մարքսեան, թեզով.

«Թէեւ պատմութեան յառաջդիմութեան մղիչ ուժը, դասակարգային պայքարն է, իբր մեծագոյն հակասութիւն, այդ պայքարը անպայմանօրէն սահմանափակուած չէ երկրի մը բանուոր դասակարգին ու բուրժուազիային միջեւ, եւ կրնայ բաժանուած ըլլալ հետեւեալ երեք բաղադրիչ մասերուն.

«1) Առաջին մեծագոյն բաղադրիչը այն հակասութիւնն է, որ գոյութիւն ունի իմփերիալիզմի ճակատի ղեկավար ԱՄՆ-ի եւ սոցիալիզմի ճակատի ղեկավար Սովետ Միութեան միջեւ։ Քանի որ, առաջինը կը ներկայացնէ բուրժուա դասակարգը, իսկ երկրորդը՝ բանուոր դասակարգը։

«2) Երկրորդ միջին բաղադրիչը այն հակասութիւնն է, որ գոյութիւն ունի իմփերիալիզմի ճակատի եւ ազգային ազատագրական հակա-իմփերիալիստական պայքար մղող ժողովուրդներու ճակատին միջեւ։

«3) Իսկ երրորդ անջատ բաղադրիչը ան հակասութիւնն է, որ գոյութիւն ունի նոյնինքն՝ իւրաքանչիւր կապիտալիստական երկրի, ներառեալ իմփերիալիստական ճակատի ղեկավար երկրի՝ բուրժուական ու բանուորական դասակարգերուն միջեւ։

«Հետեւաբար, իմփերիալիզմի ճակատին դէմ պայքար մղող ազգային ազատագրութեան շարժումները՝ եթէ օգնութիւն ստանան սոցիալիզմի ճակատի երկիրներէն, կրնան զարգանալ դէպի սոցիալիզմ…»։

Այս ապամարքսեան տեսութիւնը խոցելի է նաեւ հակամարքսեան այն ենթադրութեամբ, թէ՝ արտաքին գործօնը կրնայ վճռորոշ ըլլալ…։ Մինչդեռ մարքսիզմի հաստատ դրոյթը կ՚ըսէ, թէ միայն ներքին գործօնն է վճռորոշ, իսկ արտաքինը՝ կրնայ միայն նպաստել կամ վնասել ներքինին։ Դիպուկ եւ պատկերաւոր է Մաօ Ցէ Թունկի տուած incubator-ի օրինակը. որուն մէջ եթէ ձուաձեւ խճաքար մը դնենք, ջերմութեան ազդեցութեան տակ (որ արտաքին գործօնն է), ճուտիկ դուրս չի գար, որովհետեւ ձուաձեւ խճաքարը չունի ձուի ներքին գործօնը…։

Սովետ Միութեան Կոմկուսի շիլ տեսաբաններու մշակած ոչ-կապիտալիստական զարգացման պատեհապաշտական, Շոփենհաուերեան կամապաշտական եւ յեղափոխականին անվայել եւ միայն ըմբոստին վայել եւ յատուկ շտապողական վա՛յ տեսութիւնը՝ թրիլիոններ արժեց Սովետ Միութեան պետական գանձին, միութեան ժողովուրդները հարկադրելով շարք մը զրկանքներու։ Այս, եւ նման այլ սխալներն են, որ սոցիալիզմի սովետական մոդելը տապալեցին ներսէն…։ Այս խոշորագոյն սխալին յարակից սխալ մըն էր նաեւ կապիտալիզմի եւ սոցիալիզմի միջեւ իշխանութեան հերթափոխութեան (արաբերէնով՝ թատաւուլ սուլթա) ցնդաբանութիւնը. իբր թէ՝ առաւել կամ կատարեալ ու ամբողջական դեմոկրատականութեան սիրոյն, յապաւելով՝ արիւնալի յեղափոխութեան եւ առաջին շրջանի պրոլետարական բռնատիրութեան հանգրուանները, փոխարէնը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու ճամբով իշխանափոխութիւնը կատարելու համար, բուրժուազիային ու բանուոր դասակարգին պատկանող կուսակցութիւններուն միջեւ։ Եւրոպայի ամէն սոցիալիստ կամ սոցիալ-դեմոկրատ կոչուած կուսակցութիւն, որ երեսփոխանական ընտրութեան ճամբով իշխանութեան հասաւ, կրցա՞ւ սոցիալիստական սոցիալիստական հասարակարգ կառուցել իր յաղթած երկրին մէջ։ Բնաւ երբեք։

Լատին Ամերիկայի սոցիալիստական կուսակցութիւնները, որոնք աւելի արմատական ու յեղափոխական են քան Եւրոպայի սոցիալիստ անունը կրող ԱՋ սոցիալիստները, ցարդ չկրցան կառուցել սոցիալիստական հասարակարգ, քանի որ իշխանութեան չհասան՝ յեղափոխութեամբ եւ երկրէն արմատախիլ չըրին բուրժուազիան, որ արտաքին իմփերիալիստական օգնութեամբ, կը շարունակէ արգիլել սոցիալիզմի խաղաղ կառուցումը…։ Սոցիալիստական հասարակարգ կարելի եղաւ կառուցել՝ միայն ու միայն, Ռուսաստանի մէջ, Վլ. Ի. Լենինի ղեկավարած, Մաօ Ցէ Թունկի ղեկավարած, Գուպայի մէջ, Ֆիտէլ Քասթրոյի ղեկավարած, Վիէթնամի մէջ, Հօ Շի Մինհի ղեկավարած եւ Հիւսիսային Քորէայի մէջ, Քիմ Իլ Սունկի ղեկավարած ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ, արիւնալի պատերազմներով։

Ուրեմն, կարելի չէ աւատատիրականէն սոցիալիստական հասարակարգ ոստում կամ թռիչք կատարել՝ անտեսելով կապիտալիստականի հանգրուանը։ Կարելի չէ նաեւ՝ կապիտալիստականէն սոցիալիստական հանգրուան թեւակոխել՝ ոստում կամ թռիչք կատարելով եւ անտեսելով՝ յեղափոխութեան ու պրոլետարական բռնատիրութեան փուլերը։ Որովհետեւ՝ հասարակարգերու փոփոխութիւնը, դասակարգերու միջեւ փոփոխութիւն է, թշնամիներու միջեւ է, իսկ միեւնոյն հասարակարգի տարբեր քլաններուն միջեւ հերթափոխութիւնը՝ լոկ հակառակորդներու միջեւ է, որ կ՚ըլլայ խաղաղօրէն, ընտրութեան ճամբով եւ չի պահանջեր տասնամեակներ՝ հին հասարակարգը արմատախիլ ընելու համար իր ներքնակառոյցով ու վերնակառոյցով, եւ հաստատելու համար նոր հասարակարգը՝ իր ներքնակառոյցով ու վերնակառոյցով: 

Հասարակարգային հարցերու շուրջ այս մտորումները մեզի կը վերյիշեցնեն, մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ, երկու ուշագրաւ նախընթացներ, որոնք կանխահաս երեւոյթներ եղած են իրենց ժամանակին մէջ, եւ բարենիշեր կու տան մեր ժողովուրդի գիտական ու արդարադատ մտածողութեան։

Առաջինը՝ Արմենական Կուսակցութիւնն է։ Այս կուսակցութիւնը առաջինն ու միակն է, որ հիմնուած է հայրենական հողին վրայ, եւ հակագիտականօրէն իրարու չէ միախառնած՝ պայքարի իրարմէ անկախ, զատորոշ երկու հանգրուանները՝ ազգային ազատագրութեան, եւ՝ ընկերային ազատագրութեան։ Եւ՝ գիտական յաջորդականութիւնը յարգելով, իր պայքարի մօտաւոր եւ անմիջական նպատակը ընտրած է՝ ազգային ազատագրութիւնը օսմանեան լուծէն, իսկ հեռաւոր ու հետագայ նպատակը ընտրած է՝ ընկերային ազատագրութիւնը։ Անդրանիկ Անդրէասեան, իր «Մեր Գաղափարն Ու Գործը» խորագրեալ գիրքին մէջ, յիշած է՝ թէ 1905 թուի ռուսական վիժած յեղափոխութեան առիթով, Արմենական Կուսակցութիւնը հրապարակած է շրջաբերական մը, որուն մէջ յստակօրէն պարզած է՝ թէ Արմենական Կուսակցութեան առաջնահերթ նպատակն է ազգային ազատագրութիւնը օսմանեան լուծէն, իսկ ազատագրութենէն վերջ, երբ մեր հասարակութեան մէջ ալ սրի պայքարը «Քափիթալ»ի եւ «Աշխատանք»ի միջեւ, ինք կը կանգնի՝ Աշխատանքի կողքին։ Այս պայծառ զատորոշումը՝ ազգայինի եւ ընկերայինի հանգրուաններուն միջեւ, չկայ Արմենականին յաջորդող միւս երկու աւանդական կուսակցութիւններու ծրագրերուն մէջ։ Ազգային ազատագրութենէն առաջ՝ անոնց բարձրացուցած ընկերային ազատագրութեան շուտիկութեան պայքարի դրօշը՝ օդին մէջ… ոչ՝ հողին վրայ… քննադատած է Երուանդ Օտեան՝ իր քանդակած «Ընկեր Փանջունի»ի կերպարով, «Առաքելութիւն Ի Ծապլվար» վերնագրով երգիծավէպին մէջ…։ (Յովհաննէս Աղպաշեան հասարակական գործիչը, երգիծագիրը (Խիկար) եւ «Ժողովուրդի Ձայն» կոմունիստական օրաթերթի խմբագրապետը, որ լիբանանցի երգիծագիր Մարուն Ապպուտի «Պարպար Աղա» երգիծավէպը թարգմանեց հայերէնի, այս անգամ ալ Ե. Օտեանի «Ընկեր Փանջունի»ն թարգմանեց արաբերէնի, որ լոյս տեսաւ 1971-ին, «Ալ-Նահար» օրաթերթի հրատարակչատունէն՝ արաբերէն «Ալ-Րաֆիք Պանշունի» վերնագրով)։

Արմենական Կուսակցութիւնը միախառնած չէ ազատագրութեան ազգային եւ ընկերային երկու տարբեր հանգրուանները, այլ՝ իւրաքանչիւր հանգրուանի տուած է անոր հասունացման ժամանակը, ինչ որ իր՝ գիտական ու ճշմարտապէս յեղափոխական երկարաշունչ պայքարի պատրաստակամութիւնը կ՚արտացոլացնէ…։

Արմենականները ճիշդ վերլուծած են 1905 թուի ռուսական յեղափոխութեան վիժումին պատճառները, որ ատիկա՝ շուտիկութեան, անհամբերատարութեան, կամապաշտութեան եւ արկածախնդրութեան ու պատեհապաշտութեան հետեւանքն էր…, քանի որ Ցարական Ռուսաստանի մէջ տակաւին հասունցած չէր ընկերային ազատագրութեան հանգրուանը, ինչ որ՝ 15 տարիներ ետք, Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան յաղթանակէն վերջ միայն պիտի վերլուծէր Լենին…։ Ասի՝ խիստ ուշագրաւ ու շնորհաւորելի երեւոյթ մըն է մեր արդի պատմութեան մէջ։

Երկրորդ պատմական ուշագրաւ կանխահաս նախընթացի երեւոյթը շատ աւելի հին է… անհաւատալիօրէն։ Ատիկա՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ 447 թուի Շահապիվանի ժողովի արդարադատ մէկ իրաւախոհութիւնն է (jurisprudence, իժթիհատ) ամուսնալուծումի դատերուն մէջ, այր ու կնոջ նիւթական փոխ-յարաբերութեանց կապակցութեամբ։ Այս մարզին մէջ գոյութիւն ունեցած են երկու ռեժիմներ։ Հինը եւ անարդարը՝ այր ու կնոջ ինչքերու բաժանումի ռեժիմը (Régime de Séparation des Biens), արդիականն ու արդար՝ այր ու կնոջ ինչքերու համայնական ռեժիմը (Régime de Communauté des Biens)։ Այս երկու ռեժիմներէն արդիականն ու արդարը՝ Եւրոպայի մէջ սկսաւ կիրարկուիլ 20-րդ դարու երրորդ տասնամեակէն։ Մինչդեռ՝ այս արդար ռեժիմը, Հայաստանի մէջ որդեգրուեցաւ 447 թուին, Շահապիվանի Ժողովին մէջ, մօտ՝ մէկուկէս հազարամեակ առաջ…։ Հազարամեակ մը առաջ բռնկած բարենորոգչական Թոնտրակեան յեղափոխութենէն հինգ դար առաջ…։ Իսկ այսօր՝ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Իրանի մէջ գործող Հայ Առաքելական դատաստանական խորհուրդներու գործադրած ռեժիմը՝ հի՜ն անարդարն է…։ Այս մասին՝ քիչ ետք։

Արդիական եւ արդար ռեժիմը՝ ամուսնական տան ունեցուածքը կը նկատէ այր ու կնոջ համայնական սեփականութիւնը, եւ՝ ամուսնալուծման պարագային, այդ ունեցուածքը կը կիսուին այր ու կին։ Շահապիվանի իրաւախոհութիւնը այր ու կնոջ տուած է ամուսնական տան սեփականութիւնը կազմող հնչուն ոսկիին, տուներուն, կալուածներուն, այգիներուն, կենդանիներուն ու զաւակներուն անգամ՝ կէսը… հաւասարապէս։

Հին եւ անարդար ռեժիմը՝ ամուսնական տան կուտակած հարստութիւնը՝ այր մարդուն սեփականութիւնը կը համարէ, եւ եթէ այրն է մեղաւոր կողմը, ան կը դատապարտուի անմեղ կնոջ տալու հատուցումի խորհրդանշական գումար մը, եթէ նոյնիսկ անմեղ կինը՝ բացի իր առտնին ծառայութիւններէն, մասնակցած ամուսնական տան հարստութեան կուտակումէն, իր ամուսնական առաջին շրջանի ինքնազրկումներուն շնորհիւ կատարած խնայողութիւններով, իր ամուսինի գործին օգնելով կամ՝ դուրսը աշխատելով…։

Ներկայիս գործադրուող «Լիբանանի Հայոց Անձնական Իրաւանց Կանոն»ը եւ «Դատավարական Կանոն»ը հիմնովին բարեփոխուելու կարիքը ունին, ոչ միայն արդարադատութեան մտահոգութեամբ, այլեւ՝ զուտ արհեստավարժական նախանձախնդրութեամբ, եթէ՝ նախանձախնդրութիւնը ունինք պահպանելու՝ հայ ընտանիքին ներդաշնակութիւնն ու ամրութիւնը, որպէս երաշխիք՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան հայապահպանումին։

1982 թուին, «Լիբանանի Հայոց Անձնական Իրաւունքի Կանոն»ի հաստատման 30-ամեակին, Լիբանանի Հայ Համալսարանաւարտներու միութիւնը՝ տողերս գրողի նախագահութեան ժամանակ, նախաձեռնութիւնը առաւ բարեփոխելու այս կանոնները եւ այժմէականացնելու զանոնք, եւ այդ նպատակով՝ Միութեան նախագահը պատրաստեց համապարփակ նախագիծ մը, որուն քննարկումին համար ալ՝ Միութիւնը ծրագրեց ու կազմակերպեց Մերձաւոր Արեւելքի (Սուրիա, Լիբանան, Կիպրոս եւ Իրան) Հայ Իրաւաբաններու Սիմփոզիում մը, Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ։

Յիշենք նաեւ՝ որ արդէն 20 տարիներ առաջ՝ 1962-ին, այս կանոններու գլխաւոր հեղինակն ու խմբագիրը՝ Մեթր Կարապետ Իզմիրլեան, 1952 թուին հաստատուած այս կանոններու 10-ամեակին, ինք նկատած էր բարեփոխելի շարք մը յօդուածներ, զորս 16 էջերու վրայ մեքենագրեալ յանձնած էր յատենի Առաջնորդ Տաճատ Ուրֆալեանին, բայց երբեք նկատի չէր առնուած անոր առաջարկը։ Իսկ Արամ Քէշիշեանի առաջնորդութեան օրով, տողերուս հեղինակը զայն գտած-փրկած էր Առաջնորդարանի թափուելիք թուղթերու աղբակոյտէն…։ Առաջնորդարանի քարտուղարին հարցնելով թէ այս ալ թափուելիք համարեց Առաջնորդը, եւ ան այո՛ ըսած ու հաստատած էր եւ արտօնած որ առնէ։ Սիմփոզիումին քննարկուելիք նախագիծի պատրաստութեան ժամանակ, տողերուս հեղինակը, ոչ միայն նկատի առած էր Մեթր Իզմիրլեանի առաջարկած բարեփոխուելիք յօդուածները, այլեւ՝ այդ փաստաթուղթը իբր յաւելուած կցած էր՝ ցարդ անտիպ մնացած իր ուսումնասիրութեան, Լիբանանի բազմահամայնքային համակարգին շուրջ, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ իր պատրաստած բարեփոխումներու համապարփակ նախագիծը։

Մօտ 30 հայ իրաւաբաններ դրապէս պատասխանած էին Սիմփոզիումի հրաւէրին, եւ որպէսզի այս նախաձեռնութեան համահայկական հանգամանքը պահպանուէր, եւ ոչ մէկ ձեւով կապուած ըլլար անցեալի եկեղեցական տխուր տագնապին, ԼՀՀՄ-ի վարչութիւնը որոշեց հրաւիրել նաեւ՝ ոչ միայն այս կանոնները առաջարկող Իրաւագիտական Յանձնախումբի երեք անդամներէն՝ Մեթր Կ. Իզմիրլեան, Մեթր Հրաչեայ Շամլեան եւ Վահէ Սէթեան (վերապրող այս վերջինը՝ իբր Սիմփոզիումի նախագահ), եւ Կիլիկիոյ Աթոռի բոլոր թեմերու դատաստանական խորհուրդներուն կրօնական նախագահներն ու աշխարհական ատենապետները։ Վահէ Սէթեան ողջունեց նախաձեռնութիւնը, սակայն պայման դրաւ որ առնուի Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հաւանութիւնը։ Միութեան վարչական լրիւ կազմը, որ Միութեան նման համահայկական էր (դաշնակ, կոմունիստ, ռամկավար, հնչակեան եւ անկուսակցական) ներկայացաւ կաթողիկոսին եւ անոր պարզեց նախաձեռնութեան միտք բանին, որ զուտ հայապահպանումին՝ հայ ընտանիքը ամուր պահելով նպաստելու շարժառիթը ունի, եւ զուտ արհեստավարժական նախանձախնդրութիւնը ունի, որոնք կը բխին ԼՀՀՄ-ի համահայկական առաքելութենէն եւ հայ իրաւաբաններու ասպարէզի կոչումէն։ Նաեւ՝ անոր յայտնելով, որ Սիմփոզիումին եզրակացութիւնը կը դնեն Կաթողիկոսութեան եւ Ազգային Իշխանութեան տրամադրութեան տակ՝ որպէս սիրայօժար իրաւական խորհրդատւութիւն, եւ անոր գործադրութիւնը կամ ոչը՝ կը թողուն անոնց տնօրինումին, եւ բնաւ նիւթ չեն դարձներ մամուլի մէջ՝ հրապարակային քննարկման։ Գարեգին Բ. սիրալիր ընդունեց վարչական կազմը, ջերմօրէն հիւրասիրեց սուրճով, զովացուցիչով եւ… սիկառով (գուպայական ըլլալը շեշտելով)։

Յաւելեալ՝ ան իւրաքանչիւր վարչականի նուիրեց Կաթողիկոսարանի հրատարակած գրպանի օրացոյցէն օրինակ մը… Միութեան նախագահին տուած օրինակը բացած՝ այն օրուան էջը, որ զուգադիպէր Նոյեմբեր 29-ին, ներքեւը գրուած՝ Հայաստանի Խորհրդայնացումի Օր… եւ յանկարծ՝ «բայց, ըսաւ, ներկայիս մենք առաջնահերթութիւնը կու տանք կրթական հարցին, եւ ոչ թէ՝ դատաստանականին»…։ Եւ ուրեմն, ան մերժեց իր հաւանութիւնը տալ եւ արտօնել թեմերու կրօնական նախագահներու եւ աշխարհական ատենապետներու մասնակցութիւնը այս Սիմփոզիումին։ Եւ՝ ԼՀՀ Միութեան վարչութիւնը հրաժարեցաւ Սիմփոզիումէն, իսկ մեր կրօնական դատարանին Անձնական Իրաւանց Կանոնը մնաց իր յետամնաց, անարդար, կանանց նկատմամբ կրկնակի շահագործումի՝ հայր-իշխնական եւ կապիտալիստական վիճակին մէջ՝ Շահապիվանի Ժողովէն 1572 (447-2019) տարիներ ետք… անգամ։

Անձնական Իրաւանց, եւ ընդհանրապէս՝ Մարդու Անհատական ու Հասարակական Իրաւունքներու յետամնացութեան վիճակը առաւել ծանրակշիռ դարձած է այսօր, երբ մոռացութեան տուած ենք՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան ազգային ազատ ինքնորոշումի հասարակական իրաւունքը, Արեւմտահայաստանի ազատագրումին սրբազան դատը…։

Սակայն, ընթացիկ տարուան Հոկտեմբեր ամսուան 17-ին, Լիբանանի մէջ, 18-ին՝ ՄԱԿ-ի մէջ, եւ Հոկտեմբեր 29-ին՝ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին մէջ, յաջորդաբար՝ նախ կանանց անձնական իրաւունքին, ապա՝ Տարագիր Արեւմտահայութեան հասարակական իրաւունքին համար, եւ հուսկ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին համար, յոյսի պատուհաններ բացուեցան։

Հոկտեմբեր 17-ին, Լիբանանի մէջ համաժողովրդային պոռթկումը՝ մեծ հարուած տուաւ թայֆէական պառակտիչ համակարգին, դուռը բանալով ոչ-թայֆէական եւ ոչ-կրօնական ընտանեկան հարցերու դատարաններու առջեւ։

Իսկ Հոկտեմբեր 18-ին, ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւանց Ենթայանձնաժողովի անդամ ընտրուեցաւ 192-ի վրայ 144 երկիրներու ձայնով՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ 2020-2022 խիստ նշանակալից ու կարեւոր տարիներուն համար, որոնք կը զուգադիպին Սեւրի Դաշնագրի եւ Ուիլսոնեան Իրաւարար Վճիռի դարադարձերուն։

Եւ վերջապէս՝ Հոկտեմբեր 29-ին, Փանթրքական Թուրքիոյ Մեծ Եղեռնի մեղսակից Գերմանիայէն եւ անոր մանկաբարձ Սիոնիզմի պետութեան վարչապետ Նեթանիահուէն յետոյ՝ ԱՄՆ-ի Քոնկէսն անգամ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Այս ճանաչումներուն սպասող եւ զանոնք մուրացող հայկական կազմակերպութիւնները ալ ինչի՞ կը սպասեն, պահանջելու համար Արեւմտահայաստանի ազատագրումը…։

Հայաստանի եւ Տարագրութեան մէջ, հայութիւնը պատրա՞ստ է օգտուելու 144 երկիրներու եւ Գերմանիոյ, Իսրայէլի եւ ԱՄՆ-ի մեզի պարգեւած այս ոսկի առիթէն…։

Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին