Մինչ հակապետական ցոյցերը Լիբանանի մէջ պիտի ամբողջացնեն իրենց երրորդ շաբաթը, յեղափոխականները նոր ռազմավարութիւն որդեգրեցին: Անոնք ակամայ ճամբաները բանալէ սկսան մէկը միւսին ետեւէն շրջապատել պետական հաստատութիւնները անդամալուծելով անոր աշխատանքները:
Հիմնականին մէջ համալսարանական ուսանողութենէ եւ դպրոցական աշակերտութենէ բաղկացած մեծ խումբեր սկսան Լիբանանի իիւրաքանչիւր շրջանի ու քաղաքի մէջ ընտրել մէկ կամ աւելի կեդրոններ, ու անոր շրջակայքը հաւաքուելով իրենց բողոքի ցոյցերը կատարել:Կեդրոնական դրամատան մասնաճիւղը եւ շատ մը այլ հաստատութիւններ թիրախը դարձան արդէն իս 20 օրեայ անխոնջ ցուցարարական փորձարութիւնը ունեցած Լիբանանցի քաղաքականացած երիտասարդութեան:
Պէյրութի մէջ գտնուող Կրթական նախարարութեան կեդրոնատեղին, Արդարադատութեան պալատը, Ելեկտրականութեան ընկերութեան շէնքը, վարչապետարանը, բջիջային հեռախօսի կեդրոնները- Թրիփոլիի քաղաքապետարանը, Նապաթիյյէյի Կեդրոնական դրամատան մասնաճիւղը եւ այլ հաստատութիւններ առաջին թիրախները հանդիսացան:
Այս աւելի քան յաջող փորձէն ետք ցուցարարները իրար հրաւիրեցին վաղը նոր հասցէներ պաշարել:
Մինչ այդ Համաշխարհային Պանքը ահազանգ հնչեցուց Լիբանանի տնտեսական իրավիճակին մասին եւ յայտնեց, որ վստահութիւն ներշնչող կառավարութեան մը կազմութիւնը անյետաձգելի է այլեւս:
Հաղորդուեցաւ, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ իր այս շաբթուայ երկար տեւող հանդիպումներէն երկրորդը տուաւ Վարչապետ Սաատ Հարիրիին: Այս այցելութիւնը եկաւ փաստելու, որ քաղաքական բարձր մակարդակի բակ դռներուն ետեւ ինչ, որ բան կ՛եփեն:
Ամէն պարագայի ժողովուրդը որոշած է մինչեւ ծայրը երթալ միանգամընդմիշտ լուծելով իրենց ապագան խթանող հարցերը, փոխանակ ժամանակաւոր դարմանումներ ընելու: