Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Լիբանանի Հայոց Թեմին Մէջ Աղօթք Լիբանանի Խաղաղութեան Համար

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ գերաշնորհ տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսի, երէկ կիրակի 27 հոկտեմբեր 2019-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ աղօթք Լիբանանի խաղաղութեան համար։ Պատարագը մատուցեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ հոգշ. տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան։

          Իր պատգամին մէջ սրբազան հայրը յայտնեց, թէ խաղաղութեան համար աղօթողը միաժամանակ կը գործէ խաղաղութեան հաստատումին համար, որ մարդկային բնական մղում եւ կեցուածք է, միաժամանակ աւելցնելով, որ քրիստոնէական խոր իմացումով խաղաղութեան հաստատումը միայն ոչ-պատերազմական վիճակը չէ, այլ՝ ընկերային ներդաշնակութիւնն է, համերաշխութիւնը, սէրը, բարութիւնը, արդարութիւնը, համակեցութիւնը, որուն տիպար ու կենդանի օրինակը ըլլալու կոչուած է Լիբանանը, եւ որուն մենք եւս որպէս համայնք մեր շինիչ մասնակցութիւնը բերած ենք, կը բերենք եւ պիտի շարունակենք բերել։ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Աստուծոյ զաւակը կոչուելու արժանի դառնալը հայ քրիստոնեային աստուածատուր շնորհն է։ Աստուծոյ զաւակը զԱստուած կ՛ապրի եւ կ՛ապրեցնէ, ան նաեւ աստուածային խաղաղութեան եւ մարդկային բարերարութեան դեսպանն է։ «Մեր խաղաղութեան առաքեալ ըլլալը, Հայ եկեղեցիով կը յատկանշուի, եւ իւրաքանչիւրս զանազան պատասխանատուութեամբ, բայց միասնաբար կը մասնակցինք խաղաղութեան հաստատումի նուիրական աշխատանքին» շեշտեց սրբազանը աւելցնելով, որ իբրեւ Աստուծոյ եւ ազգի ընտանիքը՝ եկեղեցւոյ հարազատ զաւակները պիտի աղօթենք, որ խաղաղութեան իշխանը՝ Քրիստոս, Լիբանանի ամբողջական խաղաղութիւն պարգեւէ, որպէսզի վերադառնանք մեր բնականոն կեանքին։ Շարունակելով իր խօսքը սրբազանը անդրադարձաւ 23 հոկտեմբերին Պքըրքէի մէջ տեղի ունեցած քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու եւ եպիսկոպոսներու հանդիպումի ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին ընդգծած չորս կէտերուն.- ա) Առաջին հերթին հարկ է ողջունել ժողովուրդին միասնականութիւնը։ Առաջին անգամ ըլլալով ժողովուրդը, հեռու համայնքային, կուսակցական ու քաղաքական բաժանումներէ, ինքզինք կ՚արտայայտէ որպէս մէ՛կ ամբողջութիւն։ 2) Անհրաժեշտ է, որ իբրեւ եկեղեցի, ժողովուրդին հետ ըլլանք, ո՛չ ձեւական կամ տեսականօրէն, այլ գո՛րծնապէս մեր զօրակցութիւնը յայտնելով ժողովուրդին սպասումներուն նկատմամբ։ 3) Ստեղծուած ընկերատնտեսական ներկայ տագնապին լուծման գծով նաեւ եկեղեցի՛ն պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը, աւելի՛ն կատարելու ժողովուրդին համար, յատկապէս ընկերային, մարդասիրական, կրթական ու առողջապահական մարզերէն ներս։ 4) Անհրաժեշտ է, որ առաջարկենք Հանրապետութեան Նախագահին, շուտով սկսելու խորհրդակցութեան՝ համայնքներու, կուսակցութիւններու եւ ցուցարարներու պատասխանատուներուն հետ, իմանայ անոնց տեսակէտները եւ համապատասխան գործնական քայլերու դիմէ։

          «Այսօրուան աղօթքով մենք եւս կը շեշտենք եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը ժողովուրդին եւ անոր կարիքները շուտով գոհացնելու անհրաժեշտութիւնը» հաստատեց առաջնորդը նկատել տալով, որ մեզ դիմագրաւող մարտահրաւէրին դիմաց այս բոլորը կատարելը կը խտանայ եկեղեցաբանական մէկ  եզրի մէջ՝ ապաշխարութիւն, որ իրաւ քրիստոնեային կեանքի ճանապարհն ու հոգեդարձն է առ Աստուած։ Եզրափակելով իր խօսքը սրբազանը կոչ ուղղեց անհատաբար եւ հաւաքաբար ընդունիլ, որ մեղք գործած ենք, զղջալ գործուած մեղքին համար, որոշել անգամ մըն ալ մեղքի թակարդին մէջ չիյնալ եւ հատուցել մեղքին պատճառած վնասը։  

          «Տէր ողորմեա»-ի ժամանակ աղօթք կատարուեցաւ Լիբանանի խաղաղութեան համար, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը իր կարգին ընթերցելով խաղաղութեան աղօթքը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին