Շաբաթ, 05. 10. 2024

spot_img

Քրեյզի – Փեթսի Քլայն ( Crazy –Patsy Cline )

Երգի Մը Պատմութիւնը -32-

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Յաճախ է կը պատահի այնպէս, որ երաժշտութեան հեղինակ կատարողները կը գրեն երգ մը ու կը կատարեն զայն, սակայն յետոյ ան յայտնի կը դառնայ միայն այլ երգիչի մը կատարումով։ «Քրեյզի» երգն ալ բացառութիւն չէ։ Անոր ալ նոյն ճակատագիրը կը սպասէր։

Երգը գրած է քաունթրի ոճի երգիչ Ուիլլի Նելսընը։ Անոր համահեղինակն էր իր ընկերը՝ Օլիվըր Ինկլիշը։ 60ականներուն Ուիլլին գրեթէ անծանօթ քաունթրի երգիչ էր։ Ձայնագրող ընկերութիւնները, թէեւ կը գնահատէին իրեն տաղանդը, այնուամենայնիւ կը խուսափէին ձայնագրել անոր երգերը, զանոնք համարելով չափազանց խճողուած։

Ուիլլին կը յիշէ-«Ես կը սիրէի փորձարկումներ ընել տարբեր հանգաւորումներով եւ բառախումբերով։ Բայց այդ պատճառով իմ երգերու հնչողութիւնը «ձայնագրող հսկաներուն» հաշւոյն չէր գար։ Անոնք կը համարէին, որ իմ երգերը ոչ եկամտաբեր են, եւ չէին ուզեր դրամ վատնել ձայնագրութեան վրայ, համարելով զայն փոխհատուցում չունեցող դրամական կորուստ եւ ժամանակի վատնում։ Պատճառը , թերեւս, այն էր, որ անոնք վարժուած էին անընդհատ լսել մէկը միւսին նմանող հնաոճ երգեր եւ ոեւէ նոր բան, որ տարբեր էր, անոնք կը մերժէին։ Իմ ՝ «Քրեյզի» երգի հետ անմիջապէս խնդիր յառաջացաւ։ Խնդիրը այն էր, որ պարզունակ 3 աքորի փոխարեն, երգիս մէջ 4-5 աքորային յաջորդականութիւն կար, բան մը, որ հեռու էր ժողովրդական քաունթրի պարզ երգերու կառուցուածքէն։ Երգն ալ, սկիզբը կոչած էի «Stupid» (յիմար)։

Ուիլլին նախ երգը կ՛առաջարկէ Պիլլի Ուոքըրին, որ կը հրաժարի կատարել զայն, պատճառաբանելով, որ ան աւելի երգչուհիի յարմար համար երգ է։ Ան միակողմանի սիրոյ մասին է, ուր երգի հերոսը կ՛անդրադառնայ, որ յարաբերութիւնները աւարտած են, բայց կը շարունակէ տառապիլ անպատասխան սէրէ։

Որոշ ժամանակ անց, երգը , պատահականութեան շնորհիւ կը յայտնուի այդ ժամանակ հանրածանօթութեան գագաթնակէտին վրայ գտնուող քաունթրի երգչուհի Փեթսի Քլայնի մօտ։ Օր մը, երբ Ուիլլին կը գտնուէր «Թութսիս Օրքիտ Լաունճ» ( Tootsie’s Orchid Lounge ) պարին մէջ, այնտեղ կը զուգադիպի, որ ըլլայ երգչուհիին ամուսինը՝ Չարլի Տիքը։ Ուիլլին երաժշտական սարքով կը միացնէ Քրեյզի երգը։ Լսելով զայն, Չարլին կը բացականչէ ,-«Այս այն երգն է, որ պիտի Փեթսին կատարէ»։ Եւ, հակառակ ան հանգամանքին, որ անոնք բաւականաչափ գինովցած էին, ճամբայ կ՛ելլեն դէպի Փեթսիի տունը։

Երբ Չարլին կը միացնէ երգը Փեթսիին համար, երգչուհին չի հաւնիր զայն։ Այնուամենայնիւ, ամուսինը կը կարողանայ համոզել կնոջը, որ երգը ճիշդ իրեն համար է: Արտադրիչը՝ Օուեն Պրետլին կը ձեւափոխէ ներդաշնակումը ու երգը բոլորովին այլ տեսք ձեռք կը բերէ։


Երգի ձայնագրութենէն քանի մը շաբաթ առաջ, երգչուհին ինքնաշարժի արկածի մը կ՛ենթարկուի եւ կը կոտրէ կողոսկրը։ Այս պատճառով երգի գործիքային մասը կը ձայնագրուի առանց իրեն։ Երգչուհիին ձայնը՝ միայն շաբաթներ անց է, որ կը ձայնագրուի եւ կը միացուի ընդհանուր երգին։

Փեթսին կը պատմէ, որ-« Ճակատագրի հեգնանքով, կամ ալ ինչ, որ գերուժով, որ ես չեմ հասկնար, իմ բոլոր վերջին հիթերու նիւթերը կ՛իրականանան: Ես ունէի երգ, որ կը կոչուէր «Tra-la-la Tringle» («Թրա-լա-լա եռանկիւն», եւ ան ահա եւս յայտնուեցաւ սիրային եռանկիւնի մէջ։ Ես ունիմ երգ մը «I Fall to Pieces» ( «Ես Կը Վերածուիմ Փշուրներու»), որմէ ետք ինքնաշարժի արկածի ենթարկուեցայ։ Ես կը վախնամ նոյնիսկ մտածել, թէ ինչ կը պատահի ինձ հետ «Crazy» ( «Խելագար» ) երգէն ետք…» ։

Երգը մտաւ Rolling Stone ամսագրի «500 մեծագոյն երգեր»ու շարքի մէջ, ինչպէս նաեւ տեղ գտաւ Գրեմիի «Փառքի սրահ»ին մէջ։
Հետաքրքրական է մի քանի փաստ երգի մասին․

Փեթսին զայն առաջին անգամ համերգի ժամանակ կատարեց հենուած ըլլալով հիւանդանոցային հենակներու վրայ։ Ելոյթէն ետք դահլիճը երեք անգամ յոտնկայս ծափահարեց երգչուհիին։
Երգչուհի Լիեն Ռայմսը երգած է զայն Սպիտակ Տան մէջ, նախագահ Ճորճ Պուշի եւ առաջին տիկնոջ համար, որուն սիրելի երգն էր այս։
Amusement and Music Operator Association-ի հաւաստումով, այս երգը ամերիկացիներն ամենայ շատը միացուցած են հանրային երաժշտական սարքերով ։

….I’m crazy for feeling so blue
And I’m crazy for loving you ….

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին