Շաբաթ, 02. 12. 2023

spot_img

Հնչէ՛ Դուն Զի՜լ Առաջին Զանգ Հարազատ Դպրոցին Մէջ (լուսանկարներ)

Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս

Ամառը անցաւ: Ուսման եւ գիտելիքի ամիսները իրենց լայն թեւերը պարզած կը դիմաւորեն կրթութեան եւ գիտելիքի ծարաւ զինուորները, լուսաւորուելու եւ սնունդ ստանալու անոր ընդարձակ բուրաստանէն:

Հնչե՛ց Պէյրութի Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանի ուսումնական 69-րդ տարեշրջանի առաջին զանգը, Հինգշաբթի 26 Սեպտեմբեր 2019, առաւօտեան ժամը 7:30ին, իր յարկին տակ համախմբելով աշակերտները։

Վարժարանիս աւանդոյթի համաձայն, 2019-2020 ուսումնական տարուայ մեկնարկը սկսաւ տօնական խանդավառ մթնոլորտով. բակին մէջ հաւաքուած աշակերտութիւնը եւ ծնողները ուրախ էին ու երջանիկ, յատկապէս՝ այն ծնողները, որոնք իրենց անդրանիկ զաւակներուն մանկափթիթ առաջին քայլերը վստահեցան վարժարանիս ուսումնական բարձր մակարդակին, հայեցի դաստիարակութեան ու հոգատար մթնոլորտին:

Առաջին դասարանցիները շփոթուած էին, կրտսերները՝ ուրախ, որոնք դարձեալ հանդիպեցան իրենց համադասարանցիներուն, իսկ միջնակարգի աշակերտները՝ աւելի լրջացած ու հասունցած:
Հայ աշակերտին երկրորդ տունը՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան միջնակարգ վարժարանը, կը մնայ հայ կրթութեան ու լուսաշող ապագայի կերտման դարբնոցը, հակառակ բազում դժուարութեանց, ան աննկուն կամքով կը շարունակէ լայն բանալ գիրկը դիմաւորելով Լիբանանահայ համայնքի հպարտ աշակերտները:

Ուսումնական տարին սկսաւ դրօշակի արարողութեամբ, որուն յաջորդեց Լիբանանի, Հայաստանի եւ Վարժարանիս քայլերգներու երգեցողութիւնը:

Կարճ դադարէ մը ետք, աշակերտները բարձրացան Պարսամեան սրահ, ուր տեղի ունեցաւ վերամուտի համար կազմակերպուած գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր:

Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Միջն. Գ. կարգի աշակերտուհի՝ Նուշիկ Զատիկեան, ուր ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. « Իբրեւ հայ երբեք կասկած չունինք, որ մեր ինքնութիւնը կը սկսի հայ վարժարաններէն: Մեզի համար հայ դպրոցը իմաստաւորողը ինքը, հայ ուսուցիչն է՝ հայ կրթական համեստ մշակը: Ան է, որ մեր բոլորին մօտ ունի իր իւրայատուկ յանձնառութիւնը, յարգանքն ու սէրը, տեղը, դիրքն ու առաքելութիւնը եւ որ չի սահմանափակուիր պարզ կամ սոսկ հայեցի դաստիարակութեան սահմաններուն մէջ:» Ապա եզրակացնելով խօսքը ըսաւ.« Ուրեմն՝ պէտք է կամք ունենանք յաղթահարելու դժուարութիւններ, հասնելու համար մեր երազած  նպատակներուն:»

Պանծացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 28-րդ տարեդարձը, Միջն Ա դասարանի աշակերտուհի՝ Վալենթինա Սրապիոնեան արտասանեց Վահան Թէքէեանի «Անկախութիւն Հայկական» բանաստեղծութիւնը, որուն յաջորդեց Ն. Մեզպուրեանի խօսքերով եւ Կոմիտաս վարդապետի երաժշտութեամբ « Ո՜վ մեծասքանչ դու լեզու» երգը, կատարմամբ նախ. Զ դասարանի աշակերտ՝ Յակոբ Ածիլածեանի:


Կրթութեան եւ գիտութեան մասին ասացուածքներ ընթերցեց Միջն. Ա դասարանի աշակերտուհի՝ Մարի Սիպել Կիւլեան, որուն յաջորդեց Ս. Սարուխանեանի երաժշտութեամբ «Հարազատ Դպրոց» մեղեդին, որ դաշնամուրի վրայ գեղեցիկ կատարողութեամբ մեկնաբանեց Միջն. Բ դասարանի աշակերտուհի՝ Ռիթա Մարտիրոսեան:

Աշակերտին սէրը նուիրուած մեր պանծալի լեզուին, ասմունքի միջոցով, ներկայ աշակերտութեան փոխանցեցին Միջն. Գ դասարանի աշակերտներ՝ Գէորգ Գէորգ եւ Տէյվիտ Գէորգ արտասանելով Համբիկ Մարտիրոսեանի «Հայոց Լեզուն» բանաստեղծութիւնը, կոչ ուղղելով բարձր եւ անսասան պահել «մեր գոյութեան փաստ ու վկայ, չքնաղ ժառանգ ու մեզ հայրենիք կանչող փարոս, անյաղթ դրօշ հայոց լեզուն…:»

Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին, վարժարանիս տնօրէնուհի՝ Տիկ.  Կալինա  Նաճարեանը չզլացաւ վերամուտի առիթով դրական լիցքեր եւ կրթական նոր ծրագրեր փոխանցել ներկայ աշակերտութեան, ինչպիսին Անգլիական SAM LAB ծրագրի գործածութիւնը դասարաններէն ներս համագրոծակցաբար professional leacerning center-ի, որուն մէջ կ’ընդգրկէ “Coding”, “STEAM”, եւ “Robotics”։ Ան կը միտի պատրաստել արդի արհեստավարժութեան հետ քայլ պահող, առողջ քննադատական մտածողութիւն ունեցող, ինչպէս նաեւ ինքնավստահ ու ստեղծագործ սերունդ մը: Ապա աւելցնելով ըսաւ.-« Հպարտութեամբ կը յայտարարենք, թէ շնորհիւ մեր ազնիւ ծնողներուն, ինչպէս նաեւ Թ.Մ.Մ հիմնադիրներու մարմնի նիւթաբարոյական օժանդակութեան, Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի մեծ ընտանիքը, սերունդ առ սերունդ զայն հասցուց իր 69-րդ ամեակին եւ արդէն աշխատանքներ կը տարուին շատ շուտ, միասնաբար տօնելու անոր փառապանծ 70 ամեակը:» Ապա յորդորեց աշակերտութեան զինուիլ արդի գիտելիքներով, կարենալու համար ապագային դիմագրաւել ծառացած բոլոր դժուարութիւնները. կազմաւորուելով դառնալ լաւ մարդ ու լաւ հայ, թրծուիլ հայեցի շունչով, ինչպէս նաեւ հարստանալ մեր հարուստ գանձերով՝ հայ լեզուով ու հայոց պատմութեամբ:» Որմէ ետք յետադարձ ակնարկ մը նետելով, արժեւորեց անցնող տարիներու վարժարանիս դիմակալած բազում դժուարութիւնները, զանազան նուաճումներն ու յաջողութիւնները՝ հպարտութեամբ ոգեկոչելով իրագործուող նորանոր ծրագիրներու արդիւնաւէտութիւնը վարժարանիս կրթաուսումնական նուաճումներուն մէջ: Ան ուրախութեամբ յիշեց անցեալ տարեշրջանին մէջ, Միջն. Գ. դասարանի աշակերտներուն արձանագրած պատուաբեր արդիւնքները պետական քննութիւններուն: Հետեւաբար, աշակերտութեան ու իր անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անհատ բարերարներուն, անձնուիրութեամբ գործող ազգայիններուն, ինչպէս նաեւ ԹՄՄ հիմնադիրներու մարմինին, հոգաբարձութեան, ուսուցչակազմին, ծնողաց յանձնախումբի ժրաջան տիկիններուն եւ Սանուց Միութեան, որոնց նիւթական ու բարոյական ներդրումը վարժարանիս կը նպատակադրէ ապահովել նոր սերունդի հայեցի եւ արժանավայել կրթադաստիարակութիւնը:


Յայտագիրի  աւարտին, աշակերտները ունեցան խմբանկարներ իրենց դաստիարակներուն ընկերակցութեամբ, որմէ ետք ուղղուեցան դասարանները, սկսելու համար 2019-2020 կրթական տարեշրջանը առաւել եւս թրծուած ըլլալով բանաստեղծութեան իշխան՝ Վահան  Թէքէեանի  անբասիր շունչով  ու  ոգիով:

Իսկ վարժարանիս մանկապարտէզի 2019-2020 կրթական տարեշրջանի բացումը տեղի ունեցաւ, Ուրբաթ՝ 27 Սեպտեմբեր, 2019-ին առաւօտեան ժամը 7։00-ին: Արդէն իսկ մանկապարտէզի բակը իր դռները լայն բացած կը սպասէր սիրելի փոքրիկներն ու ծնողները միասնաբար սկսելու նոր ու ճոխ գիտելիքներով լի տարեշրջանի մը առաջին քայլերը։

Քայլերգները ունկնդրելէ ետք, մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ․ Վերա Հաննա բարի գալուստ մաղթելէ ետք, իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ մեր մանկապարտէզը կը կեդրոնանայ 21-րդ դարու մանկավարժական արդի ու իւրայատուկ մեթոտաբանութեան, որ կը բխի երեխաներու կարիքներու աշակերտակեդրոն ուսուցման վրայ։

Եզրափակելով բացման խօսքը ան ըսաւ, թէ միասնաբար՝ դպրոց, ծնողք, աշակերտ եռեակի սերտ համագործակցութեամբ է որ տարուէ տարի վարժարանս կը նուաճէ բարձունքներ, արձանագրելով նորանոր յաջողութիւններ։

Յայտագիրը շարունակուեցաւ «գիրքի կերպարին» հետ տեղի ունեցած մանկական զանազան խաղերով ուսուցչուհիներու առաջնորդութեամբ, որմէ ետք իւրաքանչիւր աշակերտ ստացաւ գրենական պիտոյքներով լի դպրոցական պայուսակ մը, բարերարի մը կողմէ տրամադրուած:

Տեղի ունեցան յիշատակելի նկարահանումներ, որմէ ետք աշակերտները բարձրացան դասարանները շարունակելու իրենց համար պատրաստուած յատուկ յայտագիրը։
Տուն վերադարձին աշակերտները իրենց հետ տարին վերամուտը խորհրդանշող ձեռայիններ։

Հուսկ, կը մնայ սիրելի մեր գիտութեան ծարաւ զինուորներուն մաղթել բարի վերամուտ եւ բարի երթ դէպի «գագաթն արփաւէտ»:

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Միջն. վարժարանի
Լրատուական գրասենեակ

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին