Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատմական այցելութիւնը Լոս Անճելըս

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Լոսանճելըսահայութիւնը Կիրակի եւ Երկուշաբթի՝ Սեպտեմբեր 22-23-ի օրերուն ապրեցաւ իր նմանը չտեսած ոգեւորութիւն, երբ հայաշատ Լոս Անճելըս ժամանեց Նոր Հայաստանի առաջին դէմք՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ընկերակցութեամբ իր ազնիւ տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի եւ հայրենի պատուիրակութեան։

Պատմական, տօնական եւ աննախադէպ կարելի է որակել աշխուժութիւնը հայ համայնքէն ներս։ Յագեցած էր վարչապետին ծրագիրը առաւօտեան կանուխ ժամերէն մինչեւ ուշ գիշեր։ Տասնեակէ աւելի հանդիպումներ, բազմաթիւ ելոյթներ, որոնց գագաթնակէտը հանդիսացաւ Կրանտ Փարքի հանրահաւաքը, ուր աւելի քան 18,000 հայրենակիցներ ներկայ գտնուեցան լսելու սիրելի վարչապետին կենդանի խօսքը ուղղուած իրենց, մեզի, բոլորիս։

Հայ համայնքի կառոյցներուն հետ

 

Կիրակի, Սեպտեմբեր 22-ի առաւօտեան, Պեւըրլի Հիլզի «Ինթըրքոնթինենթալ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի հայ համայնքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, քննարկելով ազգային համահայկական հնչողութիւն ունեցող հարցեր։

Փաշինեան, առանձին հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ ազգային երեք կուսակցութիւններու՝ ՍԴՀԿ-ի, ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ղեկավարութիւններուն հետ։

ՌԱԿ-ի հետ հանդիպումին մասին տեսնել առանձին։

Մամլոյ ասուլիս

Նոյն օրը, նոյն պանդոկին մէջ հրաւիրուած էր նաեւ պարոն Փաշինեանի մամլոյ ասուլիսը՝ լոսանճելըսահայ զանգուածային լրատուական միջոցներուն հետ։ Ներկայ էին քսանէ աւելի թերթերու եւ հեռատեսիլի ալիքներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայաստանեան լրատուական միջոցներ։

Հարցումները ե՛ւ քաղաքական էին, ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ կը վերաբերէին Սփիւռքին։ Ամուլսարի հանքը շահագործելու հարցը՝ այո թէ ոչ, պետութիւն եւ եկեղեցի փոխյարաբերութիւնները, նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի անցեալն ու ներկան, Հայաստանի ներքաղաքական խնդիրները, ո՞վ է սփիւռքահայը, Թաւշեայ յեղափոխութեան հետեւանքները, յաջորդ քայլերը եւ այլ հարցումներու պատասխանելէ առաջ վարչապետ Փաշինեան շեշտեց, թէ իր գլխաւոր պատգամը հետեւեալն է՝ Համահայկական գաղափարախօսութիւն եւ տնտեսական յեղափոխութիւն։

Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետին հետ 

Հայաստանի վարչապետն ու տիկին Յակոբեանը հանդիպում ունեցան Քալիֆորնիոյ նահանգային եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։ Նախ տեղի ունեցաւ հանդիպում Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Էլենի Քունալաքիսի հետ։ Ողջոյնի խօսքերէ ետք, վերջինս շնորհաւորած է ժողովրդավարութեան հաստատումին ուղղուած ջանքերն ու Թաւշեայ յեղափոխութիւնը Հայաստանի մէջ։ Անոնք զրուցած են Քալիֆորնիա-Հայաստան համագործակցութեան հեռանկարներու մասին եւ Փաշինեան կարեւորած է Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք իր հանդիպումը Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կէյվին Նիւսըմի հետ։ Փաշինեան երախտագիտութիւն յայտնած է Քալիֆորնիոյ իշխանութիւններուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ դատապարտութեան գծով տարուած ջանքերուն համար։

. Հայաստանի վարչապետը նման հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Լոս Անճելըս գաւառի կառավարիչ Քեթրին Պարկըրի, նահանգային սենաթի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի եւ Լոս Անճելըսի Քաղաքային խորհուրդի անդամներուն հետ։

Լոս Անճելըսի քաղաքապետին ընդունելութիւնը ի պատիւ Փաշինեանի

Հարիւրէ աւելի քաղաքական եւ համայնքային հիւրերու ներկայութեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսէթի պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր նոյն օրուան կէսօրուան ժամը 2։00-ին Քաղաքապետարանին մէջ։ Այստեղ պարտք կը զգանք շնորհակալութիւն յայտնելու Լոս Անճելըսի Քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանին, որուն տքնաջան աշխատանքին պտուղն էր կազմակերպումը ընդունելութեան եւ անոր յաջորդող ժողովրդային հանրահաւաքին։ Հանդիսավարուհին լրագրող Արաքսիա Կարապետեանն էր, իսկ բացման խօսքով հանդէս եկաւ Փօլ Գրիգորեան։ Ապա խօսք առին ՀՀ Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսէթի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Հայաստանի վարչապետը իր խօսքը ուղղեց անգլերէնով, շնորհակալութիւն յայտնելով քաղաքապետ Կարսէթիին՝ գնահատելով անոր նուիրուածութիւնն ու աջակցութիւնը հայ համայնքին։

Կարսէթի-Փաշինեան հանդիպում

Ընդունելութենէն անմիջապէս ետք, քաղաքապետ Կարսէթի եւ վարչապետ Փաշինեան առանձին հանդիպում ունեցան։ Կարսէթի նշած է, թէ Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը շատ յաջողակ է եւ գործակցութիւնը շատ առողջ։

Փաշինեան, իր հերթին, խօսած է քաղաքական արմատական փոփոխութիւններէն ետք տնտեսական փոփոխութիւններու ճամբով յառաջ երթալու մասին։ Անոնք զրուցած են զբօսաշրջութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, ներդրումներու եւ գործակցութեան այլ հեռանկարներու մասին։ 

Պատմական հանրահաւաք

Աւելի քան 18,000 հայորդիներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի շուրջ մէկժամեայ ելոյթը Կրանտ Փարքի մէջ, հանրահաւաքին ընթացքին։

Ներկայ էր հայ համայնքի հոգեւոր, քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարութիւնը բարձրագոյն մակարդակով։ Այնտեղ էին եւ խօսք առին քաղաքապետ Էրիք Կարսէթի, Քալիֆորնիոյ փոխնահանգապետ Էլենի Քունալիքիս, քոնկրեսական Ատամ Շիֆ, նահանգային սենաթի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան եւ Լոս Անճելըս գաւառի կառավարիչ Քեթրին Պարկըր։

Փաշինեան ելոյթը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, ամերիկահայութեան եւ համայն Սփիւռքին՝ հսկայական աջակցութեան համար։ «Զգացել ենք ձեր շունչը, միասին ենք կերտել ժողովրդական եւ ժողովրդավարական յաղթանակը», ըսաւ ան։ Խօսեցաւ արտագաղթի մասին, որոնք երկիրէն հեռացած եկած են այս ափերը աշխատելու, իրենք զիրենք պահելու եւ ձեռք երկարելու նաեւ Հայաստանի իրենց հարազատներուն։ Ան յիշեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքեան կառոյցներուն, կուսակցութիւններուն, բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, որոնք միշտ թիկունք կանգնած են հայրենիքին։

Խօսելով տնտեսական յեղափոխութեան մասին, Փաշինեան կարեւորեց Սփիւռքի գործարարներուն ներդրումը Հայաստանի մէջ։ Ան շեշտեց նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդութեան դերը, որոնք գալով Հայաստան հոն իրենց դիմաց կը բացուին նոր հնարաւորութիւններ։ Փաշինեան յիշեց Օգոստոս 5-ին Ստեփանակերտի մէջ հնչեցուցած համահայկականութեան գաղափարախօսութեան մասին արտայայտութիւնը Համահայկական խաղերուն ընթացքին եւ ըսաւ՝ «Հայ լինելը հետաքրքիր է. It’s cool to be Armenian!»։

Աւարտին, անդրադարձաւ Մեծ հայրենադարձութեան ծրագիրին, առաջարկեց, որ ամէն հայ բնակարան ունենայ Հայաստանի մէջ եւ հրաւիրեց համայն հայութիւնը, որպէսզի այս տարեվերջին նոր տարին ու Ս. Ծնունդը անցընեն Հայաստանի մէջ։ «Հայաստանը այլեւս փոքր երկիր չէ, ամբողջ հայութիւնն է Հայաստանը», եզրափակեց ան։ 

Կալա-ճաշկերոյթը

Կիրակի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի «Պիլթմոր» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ կալա-ընդունելութիւն՝ ի պատիւ վարչապետ Փաշինեանին եւ իր տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանին։ Ներկայ էին հայ համայնքի շուրջ 700 ներկայացուցիչներ։ Տաթեւիկ Էքէզեան յաջողութեամբ կատարեց հանդիսավարի պաշտօնը։ Խօսք առին Գլխաւոր հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպան Վարուժան Ներսէսեան եւ ի հարկէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Զոյգ քայլերգները մեկնաբանեց Նաթալի Պուիքեանց, իսկ աղօքթը կատարեցին Առաջնորդ Հոգեւոր Հայրերը։ Ցուցադրուեցաւ Թաւշեայ յեղափոխութեան մասին պատմող նոր ժապաւէնէն հատուած մը։ Երաժշտական ընդմիջումներ կատարեցին Կրեկ Հօշարեանն ու անոր երաժշտական խումբը։

Պատմական էր պահը, երբ վարչապետ Փաշինեան ունեցաւ սիրազեղ ելոյթ մը։ Ան սկսաւ շնորհակալական խօսքերով բոլոր անոնց, որոնք Սփիւռքի մէջ այսքան տարի շարունակ պահած են իրենց ինքնութիւնը, փոխանցելով նաեւ իրենց զաւակներուն։ Ան շեշտեց. «Ես ուզում եմ ևս մէկ անգամ ընդգծել՝ համարում եմ, որ մեր հաւաքական ամենամեծ առաքելութիւնը մեր մեծութիւնը, մեծութեան մեր ինքնազգացողութիւնը վերականգնելն է։ Մենք պէտք է վերականգնենք մեր մեծութիւնը տնտեսութեան մէջ, մենք պէտք է վերականգնենք մեր մեծութիւնը գիտութեան մէջ, մենք պէտք է վերականգնենք մեր մեծութիւնն արուեստի մէջ, մենք պէտք է վերականգնենք մեր մեծութիւնը դիւանագիտութեան մէջ, մենք պէտք է վերականգնենք մեր մեծութիւնը սպորտի մէջ և ընդհանրապէս բոլոր բնագաւառներում»։

Սան Խոզէ

Երկուշաբթի օր Փաշինեան Լոս Անճելըսէն անցաւ Սիլիքոն Հովիտի Սան Խոզէ քաղաք, ուր քանի մը ժամուան մէջ շարք մը հանդիպումներ եւ բանակցութիւններ ունեցաւ բարձր արհեստագիտութեան ոլորտի յառաջատար ընկերութիւններուն հետ։ Ստորագրուեցաւ նաեւ համագործակցութեան մասին յուշագիր։

. Սիլիքոն Հովիտի մէջ, ՀՀ վարչապետը այցելած է «Սինոփսիս» ընկերութեան կեդրոնատեղին եւ դիմաւորուած ընկերութեան նախագահ Չի Ֆուն Չանի կողմէ։ Այս ընկերութիւնը մասնաճիւղ ունի Հայաստանի մէջ, ուր կը գործէ շուրջ 700 հոգի 2004-էն իվեր գլխաւորութեամբ Երուանդ Զօրեանի։ «Սինոփսիս»-ը աշխարհի տարածքին ունի 120 գրասենեակ աւելի քան 13 հազար պաշտօնէութեամբ։

. Յաջորդ հանդիպումը վարչապետը ունեցած է Սիլիքոն Հովիտի հայ գործարարներու հետ, որ կարեւոր եւ օգտակար հանդիսացած է երկու կողմերուն համար ալ։ Փաշինեան հայազգի մասնագէտներուն ըսած է. «Մեր բոլոր խնդիրները կարող ենք լուծել միայն աշխատանքով՝ յոյսներս դնելով մեր տաղանդի վրայ»։

. Նոյն օրը Սիլիքոն Հովիտի Տրափըր համալսարանի հիմնադիրներ Թիմ եւ Պիլ Տրափըրներուն հետ հանդիպելով, պարոն վարչապետը քննարկած է արհեստագիտութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան հեռանկարները։ Յուշագիր ստորագրելով, կողմերը պայմանաւորուած են համատեղ կրթական ծրագիրներ իրականացնել որակեալ մասնագէտներ պատրաստելու ուղղութեամբ։

. Յաջորդ այցելութիւնը “NVidia” ընկերութիւնը եղած է։ Վարչապետն ու տիկին Յակոբեանը հիւրընկալուած են ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ճենսըն Հուանկի կողմէ, քննարկելով փոխգործակցութեան հնարաւորութիւնները։

Նիւ Եորք

Նիւ Եորք ժամանելով, վարչապետ Փաշինեան մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր ժողովի նստաշրջանի աշխատանքներուն։

ՄԱԿ-ի կեդրոնական գրասենեակին մէջ վարչապետը տասնեակէ աւելի հանդիպումներ եւ միջոցառումներ ունեցաւ։

. Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24-ին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Քալիֆորնիան ստորագրեցին համագործակցութեան Շրջանակային համաձայնագիր։ Փաստաթուղթը ստորագրեցին Քալիֆորնիոյ կառավարիչ Կէյվին Նիւսըմ եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան։

Համաձայնագիրը ստորագրելէ ետք տեղի ունեցած է Փաշինեան-Նիւսըմ հանդիպումը։ ՀՀ վարչապետը նշած է, թէ Հայաստան հետաքրքրուած է աւելի եւս ամրապնդելու կապը Քալիֆորնիոյ հետ, իսկ Քալիֆորնիոյ նահանգապետը կարեւորած է նահանգին հայութեան դերը, ցոյց տալով, թէ Քալիֆորնիա նոյնպէս հետաքրքրուած է համատեղ ծրագիրներով։

Փաշինեան Նիւսըմը հրաւիրած է Հայաստան։

. Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ ներկայ գտնուած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշի ընդունելութեան եւ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովի 74-րդ նստաշրջանի ընդհանուր քննարկումներու բացումին։

. Վարչապետ Փաշինեան առանձին հանդիպում ունեցաւ նաեւ Նիւ Եորքի հայ համայնքին հետ, արծարծելով ազգային մտահոգութիւն ներկայացնող խնդիրներ, ձեռքբերումներ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին