Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Մեր եզակի յայտնագործումները՝ փայլատակել են ակնթարթների մէջ… երկարատեւ ապարդիւն փնտռտուքներից յետոյ…։
Վ. Համբարձումեան
Մօտ ութն տարիներ առաջ, 2011 թ. Դեկտեմբերին, երբ գրեթէ ամբողջութեամբ կլանուած էի Սուրիոյ դէմ մղուող եւ աշխարհի յետադիմութեան կողմէ նախապատրաստուած համաշխարհային ահաբեկչական պատերազմով, փոքրածաւալ, սակայն բազմատաղանդ մէկ բարեկամիս գրիչէն ելած գիրք մը ստացայ, հեղինակին կողմէ մակագրուած՝
Ջան Գասպար
Եռամեծար մարդ է-ական
Եւ սքանչելի ու խորիմաց
Եւ խորաթափանց…
ովկիանոսածաւալ սիրով՝
…..
Դեկտ. 2011, Լոնտոն
Արագօրէն թերթատելով գիրքին քանի մը էջերը, տեսայ որ խօսքը առաջին մարդոց եւ «Հայ»երու մասին է եւ կը շօշափէ հնաբանութեան, լեզուաբանութեան եւ մարդատեսակի ծագումին եւ զարգացումին միջուկային տեսութեան մը մասին… մէկդի դրի, աւելի հանդարտ օրերու սպասելով։ Եւ այդպէս ալ տեւեց եօթը տարի։ Անցեալ Դեկտեմբեր 22-ին գոյժը հասաւ Լոնտոնէն, թէ գիրքին հեղինակը ոչ եւս է…։ 28 Յուլիս 2019-ին երկրորդ գոյժ մը հասաւ, դարձեալ Լոնտոնէն՝ թէ հեղինակին երէց եղբայրն ալ ոչ եւս է։ Ուրեմն, Լիբանանահայ Գրական Շրջանակի մեր դպրոցի աւագ սերունդի երկու փայլուն երախտաւորներ՝ Յովհաննէս եւ Խաչատուր Փիլիկեաններ ոչ եւս են… երկու երբեմնի շողշողուն աստղեր ասուպային լռութեամբ մեկնած են առյաւէտ, եւ լիբանանահայ մամուլի խմբագիրներն անգամ՝ լուր չունին… չեն ճանչցած զանոնք։ Լիբանանահայ Գրական Շրջանակը երեք օրաթերթերու մէջ գուժեց անոնց մահը, եւ մենք՝ պարտք զգացինք հանրութեան ծանօթացնել այդ լուսաւոր երկու դէմքերը։ Նախ՝ կրտսեր եղբայրը, ապա՝ երէցը։
- • •
ՓՐՈՖ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՓԻԼԻԿԵԱՆ
(15 Ապրիլ 1942, Մուսուլ – 22 Դեկտեմբեր 2018, Լոնտոն)
Երկրորդական ուսումը՝ Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեանէն։ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն անգլիական գրականութեան B.A.։ Լոնտոնի Բաց Համալսարանէն B.Sc. հոգեբանութեան։ Լոնտոնի School of Oriental and African Studies-էն M.A. ընկերային մարդաբանութեան նիւթին։ Հետեւած է Միւնիխի համալսարանի եւ Լոնտոնի թատերական արուեստի Թագաւորական Ակադեմիայի դասընթացքներուն եւ ԱՄՆ-ի Փրինսթոն Համալսարանի MacArthur Theater-ի յատուկ դասերուն։
Մասնագիտացած է Շէյքսփիրի, Հայկական, Թրքական եւ Ճափոնական սինեմաներուն մէջ, եւ հեղինակած է՝ “My Hamlet”, “Armenian Cinema”, “Classical Japenese Theater”, հայերէնի թարգմանած է Սամուէլ Պէքէթի “Come and Go” թատերախաղը («Գալ ու Երթալ» վերնագրով)։ Encyclopedia Britanica-ի աշխատակցած է պատմութեան մեծագոյն բեմադրիչ՝ Max Reinnardt-ի մասին գրութեան ներածականով։ Պատմագէտ, լեզուագէտ, հնագէտ, մարդաբան եւ հասարակական գիտութիւններու հեղինակաւոր գիտակ Փրոֆ. Յովհաննէս Փիլիկեանի գլուխ գործոցն է՝ «”ՀԱՅ”ԵՐԸ, ԱՌԱՋԻՆ “ՄԱՐԴ”ԵՐԸ» երկասիրութիւնը, որուն պիտի անդրադառնամ այս գրութեան մէջ։
Լոնտոնի, Հայաստանի, Իսլանտայի, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ բեմադրած է յոյն դասական ողբերգութիւններ, Եւրիփիտէսի «Էլեկտրա»ն, Սոփոկլէսի «Էտիպ Արքան», Շէքսփիրի «Լիր Արքան», Շիլլերի «Աւազակներ»ը, Էսքիլէսի «Ակամեմնոն»ը, Ռասինի «Ֆետրա»ն եւ ընդհանուր շուրջ 35 փիեսներ, բոլորը ինքնատիպ ու նորարական ոճով։ Լոնտոնի Greenwich, Chichester Festival եւ Yvonne Arnaud թատերոններուն բեմերէն, Իսլանտայի Ազգային Թատրոնի բեմէն, Սլովենիոյ Ազգային Թատրոնի բեմէն եւ Փրինսթոն Համալսարանի Mac Arthur Թատրոնի բեմէն… եւ դարձած է Բրիտանիոյ ականաւոր բեմադրիչներէն, ինչպէս պիտի տեսնենք։
Իր արուեստին մասին վկայած են բրիտանացի հռչակաւոր մասնագէտներ, ինչպէս՝
Թատերագիտութեան հեղինակաւոր մասնագէտ, “The Theater of the Absurd”ի (New York, 1969, Anchor, original) հեղինակ Մարթին Էսլին (Martin Esslin), “Plays and Players” հանդէսի 1976 թ. Դեկտեմբերի համարին մէջ գրած է. “H. Pilikian is one of Britain’s most original directors, who never produces anything that is dull or conventional”։
“RADA” հանդէսի 2 Յունիս 1972 թուակիր համարին մէջ, թատերագէտ Hugh Cruttwell գրած է. «Դրապէս յեղափոխական… ինքնատիպ հանճարի տէր մարդ մը»։
“The Times” թերթը իր 27 Հոկտեմբեր 1977 թուակիր համարին մէջ, Փիլիկեանը կոչած է “A Theatrical Innovator”։
Եւ՝ հասարաական գիտութիւններու Դոկտ. Փրոֆ. C.R. Badcock գրած է. “Pilikian is a man of immense culture and learning… great creative gifts… very impressive achievements. His deep knowledge of literature and the arts, combined with his critical well-informed appreciation of the social sciences, make him pre-eminently qualified to produce work of the first quality and greatest importance”։
Հին հռովմէացի նշանաւոր արուեստաբան, բարոյագէտ եւ ռահվիրայ իմաստասէր Հելվեդիուսի հետեւորդներէն է Փրոֆ. Յովհ. Փիլիկեան թատերագէտը։
Հելվեդիուս ըսած է. «Թատրոնն ու բարոյագիտութիւնը խաբուսիկ կը դառնան՝ եթէ զանոնք դիտենք քաղաքագիտութենէ եւ իրաւագիտութենէ դուրս…»։
Ուրեմն, Փրոֆ. Փիլիկեանի համար թատրոնը զուարճանալու եւ զբօսնելու (entertainment) վայր ու առիթ չէ, այլ՝ քաղաքական ու բարոյական դաստիարակչական առիթ մըն է. Ան պատգամ մը ունի, եթէ նոյնիսկ մատուցուի զաւեշտի, երգիծանքի կամ եղերաերգիծական եղանակով։ Նոյնիսկ անհեթեթի թատրոնը պատգամ ունէր, որուն երեք մեծերն էին Սամուէլ Պէքէթ, Արթիւր Ատամով (Յարութիւն Ադամեան) եւ Էօժէն Իօնեսքօ։ Վերջին երկուքը սակայն երկար չմնացին հոն։ Ատամով եղաւ յեղափոխական իրապաշտ քաղաքական թատերագէտ, իսկ Իոնեսքօ եղաւ նոր-իրապաշտ թատերագիր։
Լոնտոն երկու տասնամեակ կեցութեան շրջանին, ան նաեւ հիմնադրած է երկու առաջնակարգ բրիտանական թատերախումբեր՝ Լոնտոնի Առաջին Համակ – Սեւամորթներու Բրիտանական Թատրոնը եւ Լոնտոնի Առաջին Ամբողջովին Դիմակաւոր Բրիտանական Թատրոնը։ Ան բանտուած չէ մնացած իր ազգային նեղ խոզակին մէջ, եւ միջազգայնական ոգիով ու համամարդկային տեսլականով գործած է հոն, ուր որ գտնուած է, քանի որ հետեւած է Գրական Շրջանակի Դպրոցի՝ ընդելուզումի ճամբով համարկուելու քաղաքականութեան, ինչ որ տարագիր արեւմտահայուն հայապահպանումի միակ արդիւնաւէտ քաղաքականութիւնն է, որ ոչ միայն կը պահպանէ իր ազգային ինքնութիւնը եւ կը հարստացնէ զինք, այլեւ՝ հիւրընկալ երկրի ժողովուրդին կը ծանօթացնէ Հայ Հողային Դատը, եւ կը շահի անոր նեցուկը այդ դատին…։ Ան՝ 1981 թուին, Լոնտոնի մէջ, 1983 թուին Վենետիկի եւ 1986 թուին Փարիզի մէջ կազմակերպած է «Հայ Ֆիլմ»ի տասնօրեակներ, նպաստելով հայ սինեմայի միջազգային ճանաչումին…։
Ան յիշատակուած է International Who’s Who կենսագրութեանց բառարանին մէջ, եւ շահած՝ Սովետ Հայաստանի Մշակոյթի Նախարարութեան «Պետրոս Ադամեան» մրցանակը՝ 1985-ին։
2012 թուին լոյս տեսած իմ գիրքս՝ Անհեթեթի Թատրոնի երեք մեծերէն (Սամուէլ Պէքէթ, Արթիւր Ատամով (Յարութիւն Ադամեան) եւ Էօժէն Իօնեսքօ) վերջինին եւ Անհեթեթի Թատրոնի մասին, ձօնած էի Իօնեսքօ-ի ծննդեան 100-ամեակին, անոր «Արքան Կը Մահանայ» փիեսին 50-ամեակին, Համօ Բեկնազարեանի ծննդեան 120-ամեակին, եւ Փրոֆ. Յովհ. Փիլիկեանի երկու հատորներուն 30-ամեակին (Մէկը՝ Սամուէլ Պէքէթի “Come and Go” փիէսի հայերէն թարգմանութեան՝ «Գալ ու Երթալ» վերնագրով, Անհեթեթի Թատրոնի մասին, որ մինչ այդ հայերէնով լոյս տեսած այս թատրոնի մասին գրուած բոլոր գրութիւններէն ամէնէն ամբողջականն էր, որմէ ետ կը մնար նոյնիսկ հայրենի հեղինակաւոր թատերագէտ-սինեմագէտ Կ. Քալանթարի անդրադարձը «Սովետական Արուեստ»ի 1985 թուի թիւ 11-ին մէջ։ Միւսը՝ “Armenian Cinema” (A Source Book), 1981, London, Counter-Point Publications, որ նոյնպէս կը նպաստէր հայկական սինեմարուեստի միջազգային ճանաչումին)։
Փրոֆ. Յովհ. Փիլիկեանի գլուխ գործոցը, հանճարեղ պատմագրութիւնը իբր խորագիր ունի հետեւեալը. «”ՀԱՅ”ԵՐԸ՝ ԱՌԱՋԻՆ “ՄԱՐԴ”ԵՐԸ» (Մարդատեսաի Ծագման եւ Զարգացման Միջուկային Տեսութիւն)։ Հրատարակուած է Եւրոպայի Հայոց Համագումարին կողմէ։ Ներածականը գրած ու հրատարակութեան պատրաստած է Համագումարի նախագահ՝ Կարօ Յակոբեան, որ նաեւ գիրքի անգլերէն եւ արեւմտահայերէն բնագրերուն ռուսերէնի թարգմանութիւնն ալ կատարած է։
Գիրքը բուն երկասիրութեան միայն 4-րդ մասէն եւ 5-րդ մասէն հատուածներէ կը բաղկանայ։ Կարօ Յակոբեան, ներածականին մէջ յոյս կը յայտնէ թէ պիտի կարողանայ հետագային, երկասիրութեան ամբողջական բնագրին արեւելահայերէնն ալ թարգմանել եւ հրատարակել։ (Մենք տեղեակ չենք թէ Կարօ Յակոբեան կրցա՞ւ իրականացնել իր այս յոյսը)։
Այս գիրքը «ՀԱՅ» բառի ծագումին շուրջ հնագիտական, լեզուագիտական եւ մարդաբանական ինքնատիպ մեթոտաբանութեամբ մը կատարուած հետազօտութիւն մըն է, որ եզակի է ոչ միայն հայ պատմա-բանասիրութեան մէջ, այլեւ՝ միջազգային։ Եւ այդ իսկ պատճառով ամբողջական բնագիրը պատրաստուած է անգլերէն լեզուով։ Եւ անգլերէն բնագրի առաջին տողերը հարց կու տան. “Where did life begin on this planet? Where did man come to be? On what piece of first land appeared floating on the water? A mini History of Pre-History as Proto-History _ A study of the origins of the “HAI” the first people”։ (Ան համեստօրէն իր կատարած երկասիրութիւնը կը նկատէ՝ Մինիկ-Պատմութիւնը Նախա-Պատմութեան որպէս՝ Նախատիպար-Պատմութիւն…)։
Փրոֆ. Փիլիկեան իբր գիտնական, իր թեզին վերջին եզրակացութեան մէջ, դարձեալ համեստօրէն, հետեւեալը կ՚ըսէ. «ԵԹԷ՝ մարդկութեան ծագումին մասին մեր քուանթոյին-միջուկային տեսաբանութիւնը ՃԻՇԴ Է, ուրեմն, կրնա՞նք ըսել թէ՝ մարդկութիւնը յառաջացած է Ադամ-Եւայէ մը, Հայաստանի բարձրավանդակէն, եւ արդեօ՞ք բոլոր ժողովուրդները Հայաստանէ՞ն արտագաղթած են»։ Այս հարցումներուն ան կը պատասխանէ մատերիապաշտ փիլիսոփայութեան դիալեկտիկ (ոչ բնազանցական) մտածելաեղանակով, եւ կ՚ըսէ. «Մեր տեսութիւնը կ՚ընդունի երկու իրարու հակոտնեայ լուծումներն ալ։ Մենք կ՚ընդունինք արդիական այն տեսակէտը, թէ՝ մարդկութիւնը յառաջացած է միաժամանակ՝ տարբեր երկրամասերու մէջ, այնպէս՝ ինչպէս որ կան ափրիկեան եւ հնդկական առիւծատեսակներ։ Ուրեմն, մեր տեսութիւնը հետեւեալն է.
«ԵԹԷ մարդակենդանին կը գտնուէր տարբեր երկրամասերու մէջ՝ նոյնպէս, իբրեւ կենդանական ուրոյն խմբաւորումներ, ապա Հայաստանի բարձրավանդակին վրայ, առաջին անգամ – Պատմութեան մէջ –, մարդ կենդանին երկոտանիի վերածուելով՝ քալեց, ապա հնարեց առաջին բառը՝ ինքնագիտակցութեան գալով, եւ հազարամեակներու ընթացքին, խումբ առ խումբ տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհին մէջ, եւ սեռային յարաբերութիւններով միախառնուելով տեղացի մարդ կենդանիներուն հետ, զանոնք մարդկայնացնելով եւ քաղաքակրթելով՝ մշակոյթով եւ թեքնոլոժիով, որուն իբր երախտագիտութիւն տեղացի մարդեղինացած ժողովուրդը ինքզինք անուանեց զինք քաղաքակրթողին անունով… քանի որ այսօր լեզուագիտութեան մէջ փաստ է՝ որ աշխարհի հնագոյն ժողովուրդները (չինացի, եգիպտացի, եթովպիացի, յոյն, ճափոնցի, ափրիկեցի, պարսիկ, բրիտանացի եւ այլք) կոչուած են հայի-խոյի տարբերակներով…»։
Եւ քիչ անդին կը գրէ. «Խայ-խոյ հայերը, նախապատմական շրջանին արդէն՝ իբրեւ խոյ-ժողովուրդ որդեգրեցին եւ զարգացուցին խոյի կոտոշներու պատկերագրութիւնը, պարոյրը, իբրեւ ազգային կնիք, իբրեւ՝ ազգային մշակոյթի, ինքնագիտակցութեան եւ ցեղային-ժողովրդային ծագումի պատմական հաստատագիր։ Միայն ու միայն Հայաստանի Վասպուրականի լեռներու ժայռապատկերներուն վրայ կարելի է յայտնաբերել նախապատմութեան այս հնաբանական փաստը։ Օրինակ՝ Ուղտասարի Էծագրերը, ուր կարելի է տեսնել թէ ինչպէս կոտոշները կը վերածուին պարոյրի այլապատկերին։ Այլ խօսքով, միայն Հայաստանի ժայռապատկերները, իբրեւ հնագոյն նախապատմական արձանագրութիւններ, պահպանուած են եւ հնաբանականօրէն կը փաստարկեն կոտոշի եղափոխութիւնը պարոյրի, իբրեւ գեղարուեստական-մշակութային ազգային ինքնագիտակցութեան խորհրդանշանագիր»։
(Փակագիծի մէջ կ՚ուզեմ ընթերցողին ուշադրութեան յանձնել պարզ զուգադիպութիւն մը՝ խոյի կապակցութեամբ, եւ փիլիսոփայական հիմնական կանոն մը՝ պարոյրի կապակցութեամբ։ Խոյը՝ նաեւ հեղինակին Աղթարքի նշանն է, ծնած ըլլալով Ապրիլի 15-ին։ Իսկ պարոյրը՝ պատմական եւ դիալեկտիկական մատերիապաշտ փիլիսոփայութեան մէջ, մարդկութեան զարգացման հիմնական կանոնին պատկերագրութիւնն է։ Այսինքն, այդ զարգացումը պարուրաձեւ է. զարգացման շրջագիծը՝ երկրորդ ոլորումին, նոյն կէտէն չանցնիր, այլ՝ միշտ աւելի բարձր կէտէ մը…։ Այլ խօսքով՝ պատմութիւնը ինքզինք չի կրկներ…)։
Ընդհանուր գաղափար մը տալու համար գիրքի բովանդակած հարցերուն եւ խնդիրներուն մասին, ստորեւ կը գրեմ անոր կարգ մը ենթախորագրերը.
– «ՀԱՅ» բառի ստուգաբանութիւնը եւ անոր ածանցումները։
– Հայ նախապատմութեան տեսութիւն։
– Հայաստանն ամբողջ՝ Նոյան Տապանն է։
– Սխալ հասկցուած Տարվինիզմը։
– Հնագոյն Եգիպտոսի պարագան. Բուրգերը՝ Արարատ Լերան կառուցապատկերը։
– Հնագոյն անգլիացիներու պարագան։
– Պարոյրը՝ Խոյ-Հայ ժողովուրդի ազգային կնիքը։
– Յոյներու ծագումը Հայկական Բարձրավանդակէն։
– Բոլոր այբբենարաններու խոյ-կոտոշային ծագումը։
– Մարդ արարածի գոյառման միջուկաքուանթային տեսութիւնը։
– Ճափոնի հնագոյն հայերը։
– Ափրիկէի նախապատմական հայերը։
– Հայերէնը բոլոր լեզուներու մայր լեզուն։ (Չենք կարծեր, որ Փրոֆ. Փիլիկեանի այս պնդումը պարզապէս հակադարձութիւն մըն է Փանթուրքիզմի այն պնդումին, թէ թրքերէնն է «մայր» լեզուն, որուն իրենք կու տան Güneş-Dil Teorisi–ի հիմնաւորումը։ Սակայն, ըստ մեր համեստ կարծիքին, այս ենթախորագրին տակ Փրոֆ. Փիլիկեան չէ յաջողած համոզիչ եւ սպառիչ պատճառաբանութիւն տալ…)։
– Ամէն մարդ Հա՞յ է…։ Ոչ, սակայն…։
Թէ իր այս պատմական բարդ երկասիրութեան համար Փրոֆ. Փիլիկեան վերլուծումի ինչ մեթոտ գործածած է, ան կը գրէ.
«Իբրեւ վերլուծութեան տրամաբանական մեթոտիկա, անհրաժեշտ է բարդօրէն միաձուլուած միասնութիւն մը ներքնապէս քանդել, պայթեցնել, տեսնելու համար թէ ինչ «աղիւսներէ» կազմուած է… յետոյ՝ վերստին կառուցել՝ իր նախկին բարդ իրավիճակը, քայլ առ քայլ։ Այս մեթոտիկան Տէքարթ գտած էր 17-րդ դարուն, հերքելով դպրական եւ արիստոտէլեան բնազանցական մեթոտիկան։ Առանց այս մեթոտիկային, որ դիալեկտիկական է, միջուկային բնագիտութիւնը չէր կրնար գոյանալ»։
Փրոֆ. Յովհ. Փիլիկեանի ոճը՝ կտրուկ է, անզիջողական, ճակատային, երբ՝ մանաւանդ խօսի միջազգային քաղաքական, գաղափարական, ընկերային արդարութեան, ազգային եւ ընկերային ազատագրութեան, Հայ Հողային Դատին, ցեղապաշտութեան, իմփերիալիզմի եւ բրիտանական աղուիսագիտութեան մասին, մասնաւորաբար Փանթուրքիզմի եւ Սիոնիզմի մասին։
Ընթերցողին կը փոխանցեմ անոր կեցուածքներէն միայն երկու մէջբերումներ.
- “Paradise, the true Garden of Eden, which is the whole of this world, not a fictional fantasy somewhere in afterlife – Judaism believed that the Kingdom of God must be built here on earth, which is what Karl Marx, as probably the best Jew in history, tried to achieve by providing a socio-economic Socialist-Communist Blue-print for its construction. It is we that through our ignorance and stupidities, unnecessary, futile, foolish Capitalist greed who turned this Eden-world into genocidal hell”.
- “The Cain and Abel two blodd-brothers, Cain murdering Abel in unbearable jealousy of his own brother, is a horrendous, obnoxious paradigm of pure satanic genocidal evil, there in the Thorah, as a terrigying warning not to be imitated, and yet it is replicated daily, let alone by governments everywhere, but specially shamefully and specially shamelessly by the very Israeli-Zionist state attempting to genocide the Palestinian Arab, more of them everyday”.
Երկու մէջբերումներ, որոնք յստակօրէն ցոյց կու տան Փրոֆ. Յովհ. Փիլիկեանի գաղափարաքաղաքական դիմագիծն ու անգլերէն լեզուին իր տիրապետութեան մակարդակն ու ճակատային, ոչ դարձուածքային ոճը, զոր կը պահանջէր նահատակ Դանիէլ Վարուժան, երբ խօսքը կ՚ըլլար սկզբունքային լուրջ խնդիրներու մասին։ Լոնտոն ապրող՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքով, արեւմտահայ մտաւորական մը, Սիոնիզմի պատմական որջին եւ բրիտանական աղուիսագիտութեան միջնաբերդին մէջ նստած, կը մերկացնէ իր ժողովուրդին ու համայն մարդկութեան այս թշնամիները, միաժամանակ՝ մէկէ աւելի անգամներ ալ genocidal եզրը գործածելով, կը վերյիշեցնէ 1915 թուի Մեծ Եղեռնը, զաւթեալ Արեւմտահայաստանը…։
Յաւակնութիւնը չունինք հեղինակին հնաբանական, մարդաբանական ու լեզուաբանական գիտելիքները ունեցած ըլլալու։ Հետեւաբար, մենք մեզի չենք արտօներ հեղինակին այս տեսութեան մասին դրական կամ բացասական կարծիք յայտնելու, բարձրօրէն գնահատելով հանդերձ անոր թափած մեծ ջանքերը՝ իր ունեցած հնաբանական, մարդաբանական ու լեզուագիտական գիտելիքները առաւելագոյնս ի սպաս դնելու այս երկասիրութեան հետազօտութեան փնտռտուքին։
Գիրքը տպագրութեան պատրաստող եւ անոր ներածականը գրող յարգարժան մտաւորականը՝ Կարօ Յակոբեան, որ ծանօթացած է նաեւ այս երկասիրութեան ամբողջական բնագրին՝ անգլերէնով, ներածականին մէջ գրած է հետեւեալը.
«Վերլուծենք մեր միջուկային փորձառական պայթումին գիտական արդիւնքները։ Այսպէս՝ լեզուական սա փաստը ինքնին, կասկած չի ձգեր, որ Հայը առաջին մարդն էր Հայաստանի լեռնաշխարհին մէջ մարդացողը։ Ամփոփենք այդ պատահարը։ Առաջին մարդը յայտնաբերեց լեզուն (ասուն կենդանի մը դարձաւ, Գ.Տ.), կեանքի ճիչին գիտակցութեամբ այ ըսաւ, սահմանեց իր ինքնութիւնը, զայն շեշտելով հայ եւ իր սեռային ինքնութիւնը իբրեւ այր, իր սոցիալական պատասխանատւութիւնները այդ երեք էութիւններուն (ինքնութիւններուն, Գ.Տ.) իբրեւ հ-այր, սահմանեց իր սեռային բաժնեկիցը՝ իբր մ-հ-այր, բնակեցաւ քարայրի մէջ եւ գտաւ կրակ շինելու թեքնիքը՝ այրել…։ Նախապատմութեան լեզուագիտական այս համայնապատկերային փաստագրութիւնը գոյութիւն ունի միայն՝ հայերէն լեզուին մէջ։ Այս բոլորէն վերջ կարիքը կա՞յ զբաղելու մանրուքներով թէ՝ Ուրարտուն հայկակա՞ն է թէ՝ ոչ։ Երբ Ուրարտուն Արարատի բարբառային տարբերակն է այ միջուկային հնչոյթին»։
Ժամանակը ինք պիտի ճշդէ՝ թէ Փրոֆ. Յովհ. Փիլիկեանի երկասիրութեան տեսութիւնը, իր գործածած մեթոտիկայով՝ համաշխարհային հեղինակութեան տիրացած սովետահայ աստղագէտ Վ. Համբարձումեանի յիշած՝ յայտնագործումի մը փայլատակո՞ւմն է, թէ՝ երկարատեւ փնտռտուք մը ապարդիւն։