Դոկտ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Մուտք
Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան հռչակման տարեդարձին առթիւ պէտք էր թուղթին դնէի շրջանէ մը իվեր զիս յուզող միտքեր: Հիմնական երեք նիւթ կար որոնց մասին կ’ուզէի գրել.-
Grace Period, նախանձախնդրութիւն եւ it takes a village…:
Grace Period
Քաղաքական կեանքին մէջ որեւէ նորանշանակ անձի կամ իշխանութեան հանդուրժողութիւն կը ցուցաբերուի, «աչք կը գոցուի» իր սկզբնական շրջանի որոշ խակ ու տհաս եւ ձախորդ արարքներուն ու գործունէութիւններուն համար (բացի եթէ անոնք աղէտալի ըլլան): Այս հանդուրժողութիւնը ժամանակային սահմանափակութիւն ունի (grace period), որմէ ետք ընդդիմութիւնը, չորրորդ իշխանութիւնը, նախանձախնդիր մտաւորականութիւնը «լեզու կ’ելլէ»:
Կը փափաքէի գրել այս grace periodին մասին, եւ հարցադրել թէ մեր` հայութեան grace periodը ե՞րբ կ’աւարտի եւ մենք՝ իբրեւ պետականատէր ազգ, իբրեւ իշխանութիւն, իբրեւ պատկան մարմիններ, կուսակցութիւններ, նախանձախնդիրներ, յանձնառուներ ե՞րբ պիտի խելքի գանք:
Ըսել կ’ուզեմ թէ Հայաստանի grace periodը ե՞րբ կ’աւարտի, այսինքն Հայաստանը իր բացարձակ իմաստով ե՞րբ պիտի դադրեցնէ հանդուրժող ըլլալ հայութեան հանդէպ: Թէ՞ արդէն իսկ ան վերջակէտ դրած է grace periodին, բայց մենք խուլ ու կոյր կը ձեւանանք պարտկելու համար մեր ծուլութիւնն ու անպատասխանատութիւնները:
Նախանձախնդրութիւն
Ասիկա ուրիշ նիւթ մըն էր որուն մասին կը փափաքէի գրել: Ընկերաքաղաքական բառապաշարին մէջ ասոր իբրեւ եզր կը գործածեն social capital բառակապակցութիւնը: Ես զայն կը թարգմանեմ ազգային նախանձախնդրութիւն: Եթէ փորձեմ գէթ մասնակիօրէն բացատրել զայն, պիտի ըսեմ «այն հոգեբարոյական եւ ազգային-ընկերային արժէքներու պաշարը, որ մեզ պիտի մղէ միւս հայուն ու հայկականին (հաստատութիւն, թաղ, վիճակ, ձեռնարկ…) աջակցելու, զօրակցելու, օգնելու»:
Ազգային նախանձախնդրութիւնն է նաեւ որ զիս չի մղեր ինքնաշարժէն դուրս աղբ թափելու, տան աղբը խմբաւորելու, կարելիէս աւելիով օգտակար դառնալու, միւս հայուն եւ մարդուն հետ իբրեւ մարդ եւ անհատ վերաբերելու… Այնճարի մէջ շուն մը սատկեցնելու առիթով տանս ամբողջ աղբը մարդոց գլխուն չթափելու…:
Հաւանաբար ազգային նախանձախնդրութիւնը ուղիղ համեմատական է որեւէ ազգի ներազգային ագուցումի հզօրութեան…:
It takes a village to raise a childը իմացեր եմ որ ափրիկեան ասացուածք է: Յստակ է ըսուածը, թէ՝ ամբողջ գիւղ մը պէտք է աջակցի մանուկի մը աճումին:
Այս տողերուն ետին պէտք է տեսնել, սակայն որ կայ մանուկ մը որ պէտք է աճի, պէտք ունի աճման: Մանուկ մը կայ, որ վտիտ է: Մանուկ մը կայ, որ որբ չէ, բայց ծնողքին կողքին կարիքը ուրիշներու հոգատարութեան, հոգածութեան: Մանուկ մը կայ, որ պէտք է սորվի ոչ միայն իր ծնողքէն այլեւ ուրիշներէ: Որովհետեւ ան պէտք է աճի բազմակողմանի գիտելիքներով, շնորհքներով, ճարտարութիւններով ու կարողութիւններով: Եւ այդ բազմակողմանի աճումին պատասխանատուն գիւղն է: Այդ մանուկին աճումին տէրը գիւղն է, այսինքն բոլոր գիւղացիք:
Պէտք է տեսնել, նաեւ որ աճումը գործընթաց կ’ենթադրէ, միօրեայ յանձնառութիւն չէ, այլ յարատեւ հոգածութիւն:
Թերեւս հակաճառենք թէ՝ ի՛նչ երաշխիք կայ որ մանուկը ճիշտ պիտի աճի ամբողջ գիւղին աջակցութենէն ետք: Ո՞վ կը վստահեցնէ թէ ամբողջ գիւղին թափած ճիգերէն ետք մանուկը պիտի աճի, գաճաճ պիտի չմնայ, խոտոր կամ զարտուղի պիտի չմեծնայ..:
Մանուկին քաջառողջ, ողջմիտ, խոհեմ, իմաստուն հաւասարակշռուած եւ օրինակելի աճումին գերագոյն երաշխիքը զինք աճեցնողներուն մօտեցումին ոգին է: Ի՞նչպիսի նախանձախնդրութեամբ մենք մօտեցանք եւ աջակցեցանք այդ մանուկին աճումին. եթէ ազնիւ՝ ապա ան նուազագոյն հաւանականութիւնը ունի անազնիւ աճելու:
Փակագիծի մէջ ըսեմ որ մանուկը քիչ մը կը նմանցնեմ ծառին: Զայն իբրեւ տունկ կը ցանես, կը հոգաս, իսկ ինք կը մեծնայ շուք կու տայ եւ պտուղ, որոնցմէ կ’օգտուին տունկը ցանողն ու յետնորդները:
Ոմանք կրնան առարկել թէ գիւղացիք գործ բան չունի՞ն ուրիշին մանուկը աճեցնլէ բացի:
Փաստն այն է սակայն, որ գիւղացիք պէտք է գիտակցին որ այդ մանուկը իրե՛նց մանուկն է, իրենցմէ իւրաքանչիւրի՛ն մանուկն է, որովհետեւ եթէ ես կ’ուզեմ որ զաւկիս (մանուկիս) հանդէպ ազնիւ վերաբերում ցուցաբերես դուն, իրաւունք չունիմ ազնիւ վերաբերում չցուցաբերել քու՛ մանուկիդ հանդէպ…: Որովհետեւ քու մանուկդ ի՛մ ալ մանուկս է՝ եթէ ես զաւկիդ մօտենամ հաւաքական գիւղին ելակէտէն:
Ափրիկեան այս ասացուածքը նաեւ հայկական է, միայն մանուկ բառը փոխենք «Հայաստան» բառով, իսկ գիւղացիք ալ՝ «հայերս»: