ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Ո’վ աւելի լաւ գիտէ անկախութեան իմաստն ու արժէքը քան անոր համար պայքարած ու զոհեր մատուցած ժողովուրդը: Իսկ այն ժողովուրդը, որ մեռնելու կարգին գիտէ նաեւ ապրիլ, ան չի մեռնիր:
Այն հողը, որ զոհուած Ռոպերթներու, Արմենակներու եւ Տիգրաններուն տեղ կը ծնի նոր քաջեր, ու մնացողները ի պատիւ ինկածներուն, երեխաներուն կը կոչեն զոհուած հերոսներուն անուններով, մինչ զոհուածներուն Աստուած տակաւին ապրիլ պարգեւած ընկերները տէր կը կանգնին իրենց մարտական ընկերներուն զաւակներուն, այդ հողին իրաւունքն է անկախ ըլլալ… այդ հայրենիքը յաւերժ կ՛ապրի, իր զաւակներուն միջոցաւ, իր զաւակներուն համար:
«Խմբ.»
Սեպտեմբերի 15-ին Շուշիի սուրբ Ղազանչեցոց տաճարին մէջ մկրտութեան մեծ արարողութիւն կազմակերպուած է: Մկրտուած են Ապրիլեան պատերազմին զոհուած հերոսներու հարազատները, պատերազմէն յետոյ ծնած եւ զոհուած տղոց անունները կրող փոքրիկները: Կնքահայրերն ալ ապրիլեան պատերազմի մասնակիցներն են՝ շարքայինէն գնդապետ: Բոլորն ալ իրենց պարտքը կը համարեն զոհուած մարտընկերներու ընտանիքներուն կողքին ըլլալը: Անոնք վստահ են, նոր, հոգեւոր կապը, առաւել քան իր նպատակին պիտի ծառայելէ՝ դառնալով նաեւ տասնամեակներու վրայ երկարող բարեկամութեան հիմքը:
Ապրիլ՝ չմոռնալով անոնց, որոնք մնացին ապրիլին մէջ: Ապրիլեան մարտական գործողութիւններու մասնակիցներու միութեան հռչակած նպատակն է: Անոր, որ ճակատագիրը խնայած է մարտի դաշտին մէջ, իր պարտքը կը համարէ զոհուած մարտընկերոջ ընտանիքի կողքին ըլլալ: «Որեւէ բան չկայ, որ կրնայ անոնց հուշերուն մէջէն ջնջել այդ ցաւը: Բայց մենք կրնանք թեթեւցնել այդ ցաւը՝ ըլլալով անոնց կողքին: Իրենց երեխաներու թիկունքին կրնայ կանգնիլ ապրիլեանի մասնակիցը՝ որպէս քաւոր, զոհուած տղոց երեխաներուն, իսկ երեխաները մեր հարազատները, որպէս սանիկ»,- կ՛ըսէ Ապրիլեան մարտական գործողութիւններու մասնակիցների միութեան անդամ Շուլի Յակոբեանը: Ճիշդ այդպէս ալ միութեան մէջ հասունացաւ գաղափարը, որ Ապրիլեան պատերազմի մասնակիցները դառնան նոյն պատերազմին զոհուած հերոսներու՝ հարազատներու, պատերազմէն յետոյ ծնած եւ զոհուած տղոց անունը կրող փոքրիկներու կնքահայրերը: Ռուբէն Մխիթարեանն ու ընկերներ ալ օգնեցին գաղափարը գործի վերածել: «Ես ու ընկերներս ուղղակի մէկ անգամ ալ ցոյց տուինք, Հայոց բանակին, պաշտպանութեան բանակին անդամ ինկած տղոց պէտք է յիշել ոչ թէ առիթից առիթ, այլ ամէն օր»,- բազմաթիւ օրերու չարչարանքը կարճ բանաձեւեց նախաձեռնութեան կազմակերպիչ Ռուբէն Մխիթարեան: Արդիւնքը Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցուոյ մարդաշատ հրապարակն է: Ռոպերթ Ապաճեանի պապը կնքահայր չէ, բայց որոշած է անպայման ներկայ ըլլալ փոքրիկ Ռոպերթներուն մկրտութեանը…: Փոքրիկ Ռոպերթներէն մէկը Քաշաթաղի շրջանէն է: Երիտասարդ մայրը կը խոստուանի՝ իր 7-րդ երեխայի անունը որոշած էր այն ժամանակ, երբ տակաւին բժիշկները չէին ըսած՝ տղա՞յ կը ծնի, թէ աղջիկ: «Երազ եմ տեսել: Ինչը ճիշտ է՝ էդպէս եմ որոշել: Ամուսինս ասաց՝ ինչ գիտես, թող ծնուի՝ յետոյ: Ասացի՝ ես արդէն գիտեմ»,- պատմում է Արեւիկ Գրիգորեանը:
Իսկ գնդապետ Սահակեանի գիրկը զոհուած մարտական ընկերոջ՝ Դաւիթ Գասպարեանի դուստրն է: «Մարիանան իմ գեղեցկուհին է, ու ես քաւոր եմ կանգնելու իրեն ու մինչեւ մեր գեղեցկուհին ամուսնանայ՝ բոլոր միջոցառումներին էլ պարտադիր մասնակցութիւն կ՛ունենամ»,- կը վստահեցնէ պահեստազօրի գնդապետ Գրիգորի Սահակեանը: Պատմութիւնները շատ են: Ղազանչեցոցի բակը լեցուն է հիւրերով ու անոնց պատմութիւններով: Բայց արդէն տաճար մտնելու ժամն է: 40 կնքահայրերը, 90 սանիկներու եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն հետ Ղազանչեցոց կը մտնեն, ուր արդէն ամէն ինչ պատրաստ է պատասխանատու արարողութեան համար: Մեծ կնունքին նաեւ նախագահ Բակօ Սահակեանն ալ մասնակցեցաւ՝ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ: Անոնցմէ շատերը նախկին ազատամարտիկներ են, 1990-ականներու պատերազմի ու Ապրիլեան պատերազմի մասնակիցներ:
Տաճարը, որ որպէս կանոն լուռ ու խորհրդաւոր կ՛ըլլայ ընդհանրապէս, լեցուած է փոքրիկ Ռոպերթներու, Արմենակներու, Տիգրաններու ճիչ ու ծիծաղով: Այսպէս նոր պատմութիւններ կը ծնին, բարեկամական նոր կապեր կ՛ամրանան: Արցախի թեմակալ առաջնորդը օրուայ տօնական տրամադրութիւնը բնական կը համարէ: Մարդոց միաւորողը պարզապէս կորուստի ցաւը չէ, այլ այդ ցաւը միասին յաղթահարելու ձգտումը: «Մկրտեցինք, խաչը կախեցինք հենց խաչուերացի տօնին, որ կրկնակի ուժեղ լինի եւ իրենք էլ դառնան հայրենիքի հզօր պաշտպան»,- օրուայ խորհուրդը կ՛ամբողջացնէ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը:
Ստեփանակերտ