«Զաթօնք»ի Խմբագիրը Մրցանակը Ձօնեց`
Հայաստանի Անկախութեան Տարեդարձին, Լիբանանեան Հայրենիքին եւ Թերթին Ընթերցողներուն
12-րդ տարին ըլլալով Եւրո-միջերկրականեան համագործակցութեան խորհուրդը Իտալիոյ Պենեւենթօ շրջանին մէջ կազմակերպեց «Ստեղծագործ միտք»ը պատուելու փառատօնը՝ արժանաւորներուն շնորհելով «Մարզանի» լրագրութեան եւ գրականութեան միջազգային մրցանակը:
«Մարզանի» լրագրութեան եւ գրականութեան միջազգային մրցանակին այս տարի, այլ գործիչներու շարքին, արժանացաւ նաեւ «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը:
«Մարդկային արդի պատմութեան մէջ, լրատուական միջոցները ինչպէս, որ օգտագործուած են պատերազմներ, հակամարտութիւններ եւ փոխադարձ ատելութիւն սերմանելու անոնց կարելի է օգտագործել խաղաղութիւն հաստատելու ու հանդուրժողականութիւն ուսուցանելու»: Այս մասին նշեց «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան նշեալ փառատօնին ծիրէն ներս կայացած հրապարակային քննարկման հանդիպումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ Պենեւենթօ շրջանի Սան Ճիորճիօ Տէլ Սաննիօ քաղաքին մէջ:
Հրապարակային Քննարկումի Երեկոյ
«Փխրուն խաղաղութիւնը Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ. Իտալիան եւ Եւրոմիութիւնը՝ հակամարտութիւններու գօտիներուն վրայ հաւասարակշռութեան փնտռտուքի մէջ» խորագիրը, կրող հրապարակային քննարկում մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 14 Սեպտեմբեր 2019ի երեկոյեան:
Քննարկման մասնակցեցան Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահերը, Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութեան տնօրէն Լոր Սուլէյմանը, «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեանը, «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանը, Եւրո-միջերկրականեան համագործակցութեան խորհուրդի նախագահ Վինսէնզօ Պարզիալէն եւ այլք:
Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած հարցին, Յակոբեան իմիջի այլոց նշեց, որ ինք արդար չի տեսներ, որ Հայ ժողովուրդը ներկայացուի կամ ճանչցուի միայն որպէս ցեղասպանութեան զոհ: «Ես այս ուղերձը կը յղեմ բոլոր ներկաներուն եւ այլ միջոցներով սոյն քննարկումին հետեւող ունկնդիրներու». ըսաւ «Զարթօնք»ի խմբագիրը: «Հայ ժողովուրդը նաեւ պէտք է յիշել իր պատմութեամբ, մշակոյթով եւ այլ արժանիքներով, որոնք պէտք մտաբերել ցեղասպանուածի ու զոհի կերպարէն առաջ: Մեր թագաւորները յաճախ դաշնակիցը եղած են Հռոմի կայսրերուն, որոնց հետ ծունկ-ծունկի ունեցած են յաղթարշաւներ, մենք քրիստոնեայ պետութիւն եղած ենք Վատիկանէն ալ առաջ, մեր լեզուամտածողութիւնը սեռային խտրականութիւն չունի, մեր կանայք եւրոպական շատ մը երկիրներէ առաջ ունեցած են ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունք, մենք մեր մշակոյթով հպարտ՝ աշխարհը նուաճած ենք»,-ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Յակոբեան: Արցախի խնդրով «Զարթօնք»ի խմբագիրը շեշտեց, որ այնտեղ տարուող պայքարը Արցախը Հայաստանին միացնելու պատերազմ չէ: «Այնտեղ տեղի ունեցածը կը բխի մարդկային տարրական իրաւունքէ՝ Ժողովուրդի մը ինքնորոշման ազատ իրաւունքին խնդիրն է, ուր ուշ կամ կանուխ, ազատ եւ անկախ ապրիլ վճռած Արցախցի Հայ ժողովուրդը պիտի յաղթէ» եզրափակեց Յակոբեան:
Իր կարգին, «Արմէնփրես»ի տնօրէն Արամ Անանեան ըսաւ , որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ վերջին հարիւր տարուան ընթացքին պատերազմը վերացական երեւոյթ չէ. ան իւրաքանչիւրի կենսագրութեան մէկ մասնիկն է: «Առաջին աշխարհամարտը մեզի համար Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրումն էր: Երկրորդ աշխարհամարտը հայ ժողովուրդը կը համարէ իր պատերազմը, քանի որ տուն վերադարձած չեն ռազմաճակատ մեկնած հայերու կէսէն աւելին, իսկ Արցախի հերոսամարտը մեր ժողովուրդի ազատութեան համար պայքարի նշանաւորումն էր: Խաղաղութեան խորհուրդը կրնան հասկանալ այն ժողովուրդները, որոնք խորապէս կ՛ընկալեն պատերազմի սարսափը»,-նշեց Անանեանը:
Միջոցառման մասնակիցներուն իր ուղերձը յղեց Եւրոխորհրդարանի փոխնախագահ Մասսիմօ Գասդալտոն՝ ողջունելով նման քննարկումներու նախաձեռնութիւնը: «Եւրոպան հետաքրքրուած է այսպիսի նախաձեռնութիւններով, որոնք հիմքն են երկխօսութեան եւ հաղորդակցութեան» ,-նշեց փոխնախագահը՝ հանդիպումը արժեւորելով, որպէս «արժէքաւոր ձեռնարկ»:
Պատուոյ Քաղաքացիութիւն Իտալիոյ Մէջ Հայաստանի Եւ Լիբանանի Դեսպաններուն
Ձախէն՝ քաղաքապետը, Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանը
եւ Իտալիոյ մէջ Հայաստանի Դեսպանը
«Մարզանի» Միջազգային Փառատօնի ընթացքին յատկանշական անդրադարձով մը Սան Ճիորճիօ Տէլ Սաննիոյի քաղաքապետութիւնը պատուոյ քաղաքացիութիւն շնորհեց Իտալիոյ մէջ Հայաստանի եւ Լիբանանի դեսպանուհիներուն Վիքթորիա Պաղտասարեանին եւ Միրա Տահէրին, առ ի գնահատանք անոնց կարեւոր աշխատանքին եւ որպէս խորհրդանիշ՝ իտալացի ժողովուրդին բարեկամական զգացումներուն հանդէպ Հայաստանի եւ Լիբանանի:
Հաճելի եւ Շնորհակալ Անակնկալը եւ Շնորհակալ Անակնկալը
«Մարզանի» Միջազգային Փառատօնի նախօրէին Սան Ճիորճիօ Տէլ Սաննիոյի քաղաքապետութիւնը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւ որդեգրած էր: Բանաձեւը հեղինակած էր Եւրո-միջերկրականեան համագործակցութեան խորհուրդի նախագահ, Հայ ժողովուրդի բարեկամ՝ Վինսէնզօ Պարզիալէն: Քաղաքապետը հաճելի անակնկալով մը այդ մասին ընտրած էր յայտարարել փառատօնին ընթացքին ի պատիւ այնտեղ ներկայ գտնուող Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանուհիին եւ Հայ պարգեւատրեալներուն:
Պարգեւատրում
Կիրակի 16 Սեպտեմբեր 2019ի երեկոյեան հանդիսութեան վայրը փութացած էին մեծ թիւով պետական եւ պաշտօնական հիւրեր ինչպէս նաեւ տեղւոյն մշակութասէր քաղաքացիները:
«Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիրը, ձեռամբը Եւրո-միջերկրականեան համագործակցութեան խորհուրդի նախագահին պարգեւատրուեցաւ «Մարզանի» լրագրութեան եւ գրականութեան «Ստեղծագործ միտք» միջազգային մրցանակով հայկական սփիւռքի մէջ աւելի քան 80 տարիէ ազատ ու յանդուգն սակայն պատասխանատու խօսքի, անաչառ լրատուութեան եւ Հայ ժողովուրդի անժամանցելի դատին մեծապէս նպաստած ռահվիրայ օրաթերթի մը յանձնառու առաքելութեան դրօշը բարձր պահած ըլլալուն համար:
Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Պրն. Քաղաքապետին, կազմակերպող խորհուրդին ինչպէս նաեւ Իտալիոյ ժողովուրդին այս մրցանակը իր եւ «Զարթօնք»ի պատասխանատուներուն անունով ձօնեց Հայաստանի Անկախութեան մօտալուտ տարեդարձին, Լիբանանեան Հայրենիքին եւ Թերթին Ընթերցողներուն:
Համամարդկային արժէք ունեցող աշխատանք տանող ու իրենց կեանքը մարդկութիւնը ճշմարտութեամբ իրազեկելու նուիրած մօտ 2 տասնեակ քաղաքական գործիչներու, լրագրողներու, Երաժշտութեան, ֆիլմարուեստի, եւ գիտութեան ներկայացուցիչներու շարքին պարգեւատրուեցան նաեւ «Զարթօնք»ի գործընկերներ «Արմէնփրես» լրատուական գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանն ու Լիբանանի «Ազգային Լրատուական Գործակալութեան տնօրէնուհի Լոր Սուլէյմանը:
Արամ Անանեան իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնելով կազմակերպող մարմնին ըսաւ« «Արմէնփրես»-ը եւ ես կ՛արժանանք այս մրցանակին Հայոց ցեղասպանութեան, հայկական հարցի լուսաբանման եւ մարդասիրութեան խնդիրներուն անդրադառնալու համար: Իմ համեստ կարծիքով՝ Հայկական հարցը հարստացած է նոր բովանդակութեամբ. այդ բովանդակութիւնը աշխարհի որեւէ ծայրը մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու անթոյլատրելիութեան ընկալումը պէտք է ըլլայ»: «Մեր յանձնառութիւնը՝ ուղղուած մարդասիրութեան եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման պիտի շարունակուի»,- հաստատեց Անանեան: