Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Խաչի Կեանքը

ՇՆՈՐՀՔ ՎՐԴ. ԱՇԸԳԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն

 

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցին դարերէ ի վեր կը տօնախմբէ Խաչեալ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Խաչի տօները: Հայ եկեղեցին իր տօնացոյցին մէջ ունի խաչի չորս տօներ, որոնցմէ երեքը՝ Գիւտ Խաչի, Երեւման Խաչի եւ Վերացման Խաչի կը տօնէ Քրիստոնէական համայն եկեղեցիներուն հետ: Իսկ, Վարագայ Խաչի տօնը յատուկ է Հայ եկեղեցւոյ եւ կը դրսեւորէ հայ ժողովուրդի պաշտամունքն ու սէրը՝ հանդէպ Ս. Խաչին ու անոր սիրեցեալ Խաչեալին: Խաչին պաշտպանութիւնը խնդրելու աղօթքներ գրած է հայ եկեղեցականը, փառաբանական շարականներ է յօրինած՝ պատերազմէն ու ասպատակութիւններէն պաշտպանուելու եւ կենաց Խաչին հովանիին տակ ապրելու:   

«Գալով ինծի , քա՛ւ լիցի որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի խաչէն զատ ուրիշ բանով պարծենամ» (Գաղ 6.14):

Քրիստոնէութեան մեծագոյն Աւետարանիչէն եւ անխոնջ առաքեալէն կը լսենք սոյն խօսքերը, որ կը կարդանք Պօղոս առաքեալի Գաղատացիներուն գրած նամակին 6-րդ գլխուն 14-րդ համարին մէջ:

Գաղատիան փոքր Ասիոյ նահանգներէն մէկն էր, ուր Պօղոս առաքեալ Քրիստոնէութիւնը քարոզած ու հաստատած էր, իր առաքելական 2-րդ եւ 3-րդ ճամբորդութիւններուն ընթացքին (Հմմտ Գրծ 16.6, 18.23): Տարիներու ընթացքին այդ գաղութին մէջ թափանցեցին Հին Ուխտը տառացի կերպով գործադրել  ուզող հրէութենէ դարձի եկած քարոզիչներ ու հաւատացեալներ, որոնք կ’ուզէին Մովսիսական օրինապաշտութիւն պարտադրել ոչ-հրէութենէ, այսինքն՝ հեթանոսութենէ դարձի եկած քրիստոնեաներու: Պօղոս առաքեալ կու գայ յայտարարելու, թէ մարդուս թլփատուած կամ անթլփատ ըլլալը եւ Հին Ուխտի օրէնքները տառացիօրէն պահելը կարեւոր չէ, որովհետեւ անոնք չեն որ մարդս կ’արդարացնեն, ոչ ալ կարող են փրկել հրեան ու հեթանոսը մեղքէն ու յաւիտենական կորուստէն, այլ միայն Քրիստոսի խաչին վրայ կատարած զոհաբերութիւնն ու թափած արիւնը: 

Արդարեւ, Խա՛չը եղաւ կամուրջը Աստուած-մարդ ու մարդ-մարդ սիրոյ յարաբերութեան: Խաչը իրագործեց այն ինչ որ օրէնքն ու օրինապահութիւնը, բարոյականութիւնն ու անձնական ջանքը չկրցան իրագործել: Խաչին միջոցաւ Հին Օրէնքի դռները փակուեցան եւ Նոր Օրէնքին՝ Շնորհքին դարպասները լայնօրէն բացուեցան: Խաչը որ տկարութեան, պատիժի ու ամօթի նշան էր, Քրիստոսով դարձաւ յաղթութեան դրօշ, իսկական զօրութեան խորհրդանիշ, պարծանքի առարկայ: Խաչէն խուսափող մարդկութիւնը Քրիստոսով իր առջեւ գտաւ փրկութեան մէկ ճանապարհ՝ Խաչի ճանապարհը: Խաչը, որ իր վրայ առած մարդոց կեանքերուն վերջ կու տար, մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը իր վրայ առնելով վերջ տուաւ մեղքի պատճառով Աստուած եւ մարդու միջեւ յառաջացած թշնամութեան (Հմմտ Եփ 2.16):  Խաչը խաղաղութեան աւետիսի իրագործումն է, սրբութիւն եւ յաղթութիւն շնորհող պարգեւն է: Ան միակ պարծանքը պէտք է ըլլայ քրիստոնէութեան, որովհետեւ մարդկութիւնը իրագործուեցաւ միայն Խաչին միջոցաւ:  

Այսօ՛ր, 21-րդ դարուն, մեր պայմաններուն ու ապրելակերպին դիմաց, ի՞նչ պատգամ ունի մեզի փոխանցելիք Ս. Խաչը. արդեօք ունի՞նք սորվելիք բաներ:

Ա.- Մեր կեանքը կեդրոնացնել խաչին վրայ:

Այսօր շա՜տ փիլիսոփայութիւններ, գաղափարներու հոսանքներ, ընկերային բազմաթիւ շարժումներ արհեստագիտութեան միջոցներով կը պատեն մեր կեանքը: Օր ըստ օրէ կը շատնան նոր վարդապետութիւնները, կեանքի ձեւերը,  որոնք կ’ուզեն մեր ուշադրութիւնը շեղել Խաչէն ու Խաչեալէն: Քրիստոնեային համար լաւագոյն բարոյականը, կեանքի ոճը եւ յաւիտենական անշեղ սկզբունքը  Խաչին յանձնառու կեանքն է: Մեր կեանքի ուղին Խաչեալ ու Յարուցեալ Քրիստոսի զոհագործութեամբ բացուած նեղ ու փշոտ ճանապարհն է, սակայն անսակարկ սիրոյ ու գերագոյն համբերութեամբ լարուած է, «որովհետեւ հրեաներ հրաշք կ’ուզեն, իսկ յոյներ իմաստութիւն կը փնտռեն», սակայն «մենք խաչուած Քրիստոսը կը քարոզենք » (Ա. Կոր 1.22): Այսօր, մեր ապրած ընկերութիւնն ալ տարբեր տեսակի արժէքներ կ’ուզէ, տարբեր կեանքի պատգամ ու իմաստութիւն կը փնտռէ, սակայն մենք կոչուած ենք Խաչուած Քրիստոսը մեր ապրած կեանքով, Խաչին հաւատարիմ ըլլալով քարոզելու ու հրապարակաւ դաւանելու ու յայտարարելու:

Չփնտռենք այլ ուղիներ, չորոնենք այլ՝ անհարազատ միջոցներ Երկինքի Արքայութիւնը ժառանգելու, որովհետեւ Խաչեալին կարելի է հասնիլ միայն Խաչի ճամբով:

Բ.- Խաչին համար ապրուած կեանքը՝ նոյնինքն Խաչեալին ապրած կեանքն է:

Երբեմն մարդիկ կը շուարին եւ հարց կու տան. ո՞րն է Խաչի քարոզութիւնը ու անոր հաւատարիմ կեանքը: Ի՞նչ ձեւով կարելի է տիրանալ այս բոլորին եւ ապրիլ աստուածահաճոյ կեանք մը:

Խաչով փոխակերպուած կեանքի գաղտնիքը նոյնինքն Քրիստոսի ապրած երկրաւոր կեանքն է: Խաչին արժէքները, կեանքի յատուկ ըմբռնումները միայն Խաչին վրայ չիրագործեց մեր Տէրը, այլ իր իւրաքանչիւր խօսքը, կեցուածքը եւ արարքները օծուած կը տեսնենք Խաչին խորհուրդով: Հետեւաբար, Խաչին նուիրուած կեանքի օրինակը Քրիստոսի կեանքն է: Անոր անսահման սէրը, կարօտեալին, զրկեալին, անտեսուածին հասնիլը, խոնարհաբար աշակերտներուն ոտքերը լուալը, մեղաւորներուն հետ նստելով՝ զանոնք շահիլը, բանտարկեալին այցելելու, հիւանդին հոգ տանելու, ծարաւին ջուր տալու եւ մերկը հագցնելու Իր պատգամը (Մտ 25.35-36): Աստուածաշունչին մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս Յիսուս Քրիստոս բարի աւետիսը փոխանցեց անխտիր բոլորին, մարդոց մէջ եղաւ աղի ու լոյսի ներկայութիւն:  Ան ընկերութեան ցոյց տուաւ կեանքի բուն սկզբունքները՝ յեղաշրջելով շատ մը սխալ սովորութիւններ, մտածելակերպեր եւ կեանքի կանոններ: Տակաւին, Քրիստոս ներեց զինք չսիրողները, տոկաց սարսռելի չարչարանքներուն դիմաց, խարազանուեցաւ լուր, խաչ բարձրացաւ բարեխօսելով Հօր Աստուծոյ: Ահաւասիկ Քրիստոսի կեանքը եւ իր անձէն բխող առաքինութիւնները, որոնք մեզի օրինակներ են, գիտակցաբար ապրելու Խաչի կեանքը, տառապանքի ու սիրոյ, չարչարանքի ու ներողամտութեան կեանքի ոճը:

Այսօր, անկարելի կը թուին այս բոլորը: Արդ, աղօթենք ու խնդրենք Աստուծմէ, որպէսզի ան Իր Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ հաստատ պահէ մեզ մեր հաւատքին մէջ, տայ այն ուժեղ կամքը, Փրկիչը օրինակելու անսպառ եռանդը, Խաչին նուիրուած կեանք մը ապրելու անհրաժեշտ կարողութիւնը, ի փառս Քրիստոսի եւ իր Սուրբ եկեղեցիին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին