Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Ատիս Հարմանտեանի յիշատակին. «Մեր սիրոյ կարօտի անմոռաց վկաներ»

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ եզակի դէմք մը հանդիսացաւ Ատիս Հարմանտեան, որուն ապացոյցը Շաբաթ, Սեպտեմբեր 7-ի ազգային թաղումն էր Հոլիվուտ Հիլզի գերեզմանատան մէջ, ներկայութեամբ հազարէ աւելի հայրենակիցներու։ Խօսք առին հարազատները, սիրելիները, Ատիսի անձին ու երգին երկրպագուները։

Յանուն մշակութային երեք միութիւններու՝ ԹՄՄ, Համազգային եւ Նոր Սերունդ, ցաւակցական խօսք արտասանեցին Արա Ահարոնեան, Վիլմա Գույումճեան եւ Յարութ Տէր Դաւիթեան։ Յուզիչ էին Ատիսին երեք զաւակներուն ելոյթները։ Ընթերցուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա.-ի ցաւակցագիրը։ Յուղարկաւորութեան արարողութեան հանդիսապետեցին Ս. Էջմիածնի եւ Տանն Կիլիկիոյ Արեւմտեան թեմերու առաջնորդները, փոխանցելով նաեւ իրենց ցաւակցական ու մխիթարական խօսքերը։ Տպաւորիչ էին Ատիս Հարմանտեանին զաւակներուն՝ Թալինին, Լիանային եւ Նորայրին ելոյթները։ Կենսագրականը ընթերցեց եւ հանդիսավարեց Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան։

***

Ատիս պիտի մնայ անմահ։ Անոր երգը պիտի շարունակէ հնչել տասնամեակներ շարունակ։ Երիտասարդ նոր զոյգեր սէր պիտի երգեն «Ծաղիկներ-ծաղիկներով», «բարտիներու խշշոցով», «գիշերով», «աստղերով», «հեռանալ-մոռանալով», «սեւ աչերով», «այլ աչերով», «գարուն-գարունով» եւ «սիրուն հայրենիքով»։

Ատիս Դպրոց մը հանդիսացաւ Լիբանանի մէջ, որ ո՛չ միայն հայերէն երգ-երաժշտութիւն լսել սորվեցուց յետ-եղեռնեան թրքախօս կիլիկեցիներուն, այլեւ՝ իր հայերէն երգ ու բառով հայացուց զանոնք, սիրցուց հայ երգը, սորվեցուց հայերէն խօսիլ, հայերէնը սիրել, հայերէնով երգել ու պարել։

Ատիս Դպրոցը միայն 70-ականներու սերունդին համար չեղաւ։ Ան շարունակեց երգել մեծ նուիրումով, արհեստագիտութեան հետ համընթաց, անոր նուագախումբերուն գործիքաւորումները արդիականացան, օրուան համաշունչ՝ մերթ ազգային-ժողովրդական, մերթ եւրոպական ռիթմիկ նուագակցութեամբ կապեց հայ երիտասարդութիւնը իր հնչեղ ձայնին, իր դերասանական ձայնային ելեւէջին։ Ան իր ժպիտով, գեղադէմ տեսքով, պատշաճ արտաքինով օրինակ հանդիսացաւ նոր սերունդի երգիչներուն համար, որոնք Հալէպէն Պէյրութ, Լոս Անճելըսէն Փարիզ շարունակեցին Ատիս Դպրոցին վերելքը, հայաբոյր երգեր հրամցնելով հանրութեան։

Այստեղ կարելի չէ չյիշել երեւանցի Յասմիկ Մանասէրեանի անունը, որ հեղինակն է Ատիսին առաջին շրջանի գրեթէ բոլոր երգերուն։ Արդեօք Ատիս-Յասմիկ յաջող գործակցութի՞ւնն է պատճառը, որ սփիւռքահայ երգիչները մինչեւ այսօր կը նախընտրեն «գրել» իրենց երգերը արեւելահայերէնով։ Հետաքրքրական է չէ՞, որ արեւմտահայերուն ականջին արեւելահայերէնը միշտ աւելի երաժշտական կը հնչէ, իսկ արեւելահայերուն քով՝ հակառակը, արեւմտահայերէնը երաժշտական զեփիւռ մը ունի կ՚ըսեն։

Ատիս երգեց նաեւ արեւմտահայերէն, ինչպէս Մանուէլը, բայց ընդհանրացածը արեւելահայերէնն էր եւ է։ Փօլ Պաղտատլեանը, Յարօ Բուրեանը, Սահակ Սիսլեանը, Կարօ Կապուտակեանը, Արման Պախչէճեանը, Ժոզէֆ Գրիգորեանը եւ շատ ու շատ լիբանանահայ կամ արեւմտահայ երգիչներ շարունակեցին իրենց երգերը գրել կամ գրել տալ արեւելահայերէնով։ Ինչպէս նշեցինք, Մանուէլ Մենենկիչեանին երգերը մեծ մասամբ գրուած են արեւմտահայերէնով, շնորհիւ այս ասպարէզին մէջ իր դրոշմը ձգած այլ աստղի մը՝ Սարգի Մուրատեանին։

Ատիս, Վարդիվառ Անթոսեան, Յարութ Փամպուքճեան, Մանուէլ, Մաքսիմ Փանոսեան, Փօլ, Մարթին Եորկանց եղան այն անունները, որոնք տասնամեակներ շարունակ հայերէնը տարածեցին իրենց երգերուն ընդմէջէն։ Այդ երգիչներէն ոմանք «միջազգայնացան», իրենց երգերուն երաժշտութիւնը քաղելով արեւելեան ռիթմերէ, յունարէնէ, արաբերէնէ, իրենց երգին մէկ-մէկ տուին հայերէնին ոչ հարազատ ելեւէջներ, ալա-թուրքական «մուղամներ»։ Սակայն, Ատիս Հարմանտեան հեռու մնաց այդ «ռապիզ» երգերէն, կարելիին չափ պահելով հայկականութիւն եւ մեծ սէր իր արուեստին հանդէպ։

Մեր սերունդը մեծցաւ Ատիսով եւ պիտի շարունակէ ապրիլ Ատիսով։

Սիրելի Ատիս, դուն անմահ ես, որովհետեւ ձայնդ պիտի մնայ մեզի հետ։ Դուն տարբեր եղար, Դպրոց մը եղար, որ փոխանցեցիր ե՛ւ հայրենասիրութիւն ե՛ւ  հայերէնասիրութիւն։ Դուն մեզ մղեցիր, որպէսզի մենք սիրենք զիրար հայերէնով, պատուիրենք երգերդ Կիպրոսի հայկական ժամէն՝ մաէսթրօ Սեպուհ Աբգարեանի ռատիոկայանէն, Ռատիօ Փարատայզէն, Վանայ Ձայնէն, Ռատիօ Սեւանէն…։ Ատիսի եւ հայ երգի տարածումը Լիբանանի մէջ կը պարտինք նաեւ ձայնասփիւռի այս կայաններուն, որոնց մեծ մասը մինչեւ այսօր, նորերու շարքին, կը շարունակեն սփռել հայ երգն ու երաժշտութիւնը համացանցի միջոցով։

«Ծաղիկներ, ծաղիկներ» կը զետեղենք քու «անթառամ» յիշատակիդ, սիրելի Ատիս, որպէս «մեր սիրոյ կարօտի անմոռաց վկաներ»։

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

ԹՄՄ խօսքը արտասանուած Ատիս Հարմանտեանի թաղումին

Ընկ. Արա Ահարոնեանի կողմէ

 

«Ծաղիկներ ծաղիկներ»ու երգեցողութիւն,

Գերաշնորհ առաջնորդ սրբազան հայրեր,

Հոգեւոր հայրեր,

Հասարակական ու միութենական գործընկերներ,

Ատիս Հարմանտեանի բարեկամներ եւ Հարմանտեան ընտանիքի սգակիր հարազատներ,

Յասմիկ Մանասէրեանի յօրինած այս երգով՝ 55 տարիներ առաջ, ողբացեալ Ատիս Հարմանտեանը Պէյրութի մէջ հանդէս կու գար իր էսդրատային յատուկ ոճով, առինքնող ձայնով եւ վայելչագեղ բեմականութեամբ՝ սկիզբ մը դառնալու իր աւելի քան կէս դարու երգարուեստի վաստակին։

Ինծի սերնդակից պատանիներուն համար, Լիբանանի մէջ Հարմանտեան եղաւ հայ երգի իւրայատուկ ոճի անզուգական մեկնաբան։

Իսկ Ատիսի հայաբոյր երգերը այլեւս հեռու պահեցին հայ երիտասարդն ու երիտասարդուհին թրքական երաժշտութիւն ունկնդրելէ, ինչպէս նաեւ թրքաբարոյ սովորութիւններէ, մանաւանդ հայաշատ Պուրճ Համուտի շրջանէն ներս։

Արուեստի ու բանաստեղծութեան հմտութիւնը Հարմանտեանի մօտ, մեկնարկ հանդիսացաւ նոր երգերու, որոնք ձայնասկաւառակի վրայ տարածուեցան զանազան գաղութներ վառ պահելով հայկական մշակոյթը օտար երկինքներու տակ։

1972-ին Փառատօնի վերածուեցաւ Լիբանանի մէջ Թէքէեան Մշակութային Միութեան կազմակերպած երգահանդէսը Քազինօ տիւ Լիպանի համերգասրահէն ներս, բարձր գնահատանքի արժանացնելով հայ էսդրատային երգը, համայնքին ընտրանիին ու օտար պետական եւ արուեստի գործիչներու կողմէ։

Իսկ 1974-ին հրաւէրով Խորհրդային Հայաստանի ատենոյ մշակոյթի նախարար Մարադ Խարազեանի, Ատիս Հարմանտեան կը մեկնէր հայրենիք, ուր զանազան քաղաքներու մէջ կու տար 26 մենահամերգներ, արժանանալով բարձր գնահատանքի։

Ատիս Հարմանտեան հրաւէր կը ստանար մեկնելու հայաշատ գաղութներ խանդավառելով հայ էսդրատային երգի երկրպագուները։

Իր համեստ բնաւորութեամբ յաճախ ան կը քաջալերէր աւելի երիտասարդ սերունդի հայ երգի մեկնաբանները, որոնք հետեւեցան իր օրինակին տարածելու հայ երգը։ Իսկ աւելին, իր կրտսեր եղբայրը՝ Փիէրը, եւ որդին՝ Նորայրը, Ատիս քաջալերեց զանոնք, որպէսզի նուագակցութեամբ մաս կազմեն իրեն ընկերակցող նուագախումբին։

Այսօր դուք հաւաքուած էք հոս եւ ձեր ներկայութեամբ Ատիսին կու տաք հրաժեշտի յարգանքը, ու կրնաք վկայել, որ հայ երգարուեստի տարածումով Ատիս Հարմանտեան հայ ժողովուրդի հայրենիքէն հեռու երկնքի տակ պայքարեցաւ հասակ առնող սերունդները հեռու պահելու սպիտակ ջարդէն։

Թէքէեան Մշակութային մեծ ընտանիքին անունով, մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Հարմանտեան ընտանիքի հարազատներուն։

Սիրելի Ատիս,

Հանգիստ, յաւիտենական հանգիստ քու յոգնաբեկ աճիւններուդ։

 

Հոլիվուտ Հիլզ, 7 Սեպտեմբեր 2019

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին