Նախորդ շաբաթ էր հեռախօսիս զանգը հնչեց: Պրն. Ներսէս Պապայեանն էր: Աւետեց, որ ինք Պէյրութ է: Իրեն տեղեկացուցի, որ Երեւան կը գտնուիմ այդ պահուն եւ աւելցուցի «չմեկնիս Պէյրութէն, շուտով կը վերադառնամ»:
Այդպէս ալ եղաւ, վերադարձիս օրն իսկ երեկոյեան զանգեց ու ժամադրուեցանք յաջորդ օրուայ երեկոյեան:
Հաճելի էր զինք ընդունիլ մեր խմբագրատան մէջ, որ առաջինը չէր անշուշտ: Սերնդակից չըլլալով հանդերձ Ներսէս Պապայեանի անունը ինծի միշտ կը յիշեցնէ մանկութեանս եւ պատանեկութեանս հին, լաւ ու անմեղ օրերը երբ բախտաւորութիւնը ունեցած եմ աշակերտելու իր հօր՝ վաստակաշատ Երուանդ Պապայեանին, որ մեր բոլորին սիրելի տնօրէնն էր:
Ներսէս Պապայեան, որ ի դէպ ֆիզիքապէս ալ շատ կը յիշեցնէ մեր սիրելի եւ անմոռանալի տնօրէնը, իր հօր օրինակով միշտ ջատագովը եղած է ամէն լաւ գործի: Ամէն առիթով ստացած եմ իր նամակները քաջալերելու իմ մէկ գրութիւնը կամ գօտեպնդելու կամ յաջողութիւն մաղթելու երբ ազգային-հասարակական կեանքի մէջ կ՛ապրինք վերիվայրումներ: Լիբանանեան քաղաքականութեան մէջ, ոչ այնքան համամիտ իմ հետ ան նաեւ հանգիստ արտայայտած է իր տեսակէտը եւ ունեցած ենք քաղաքակիրթ քննարկումներ: Ազգայինի մէջ սակայն ո՛չ մէկ տարբերութիւն: Բացարձակ համախոհութիւն:
Հանդիպումը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու Լիբանանը, հայրենիքն ու ազգը յուզող հարցեր: Ներսէս Պապայեան ինչպէս ամէն իր ազգով մտահոգ հայորդի ունի իր մտահոգութիւնները ինչ կը վերաբերի սփիւռքահայ կեանքին եւ հայրենիքին բարօրութեան: Ան մտահոգ է լիբանանահայ համայնքի իրավիճակով եւ լիբանանահայ դպրոցով, մանաւանդ իրեն սրտամօտիկ Վահան Թէքէեան Վարժարանին ներկայով ու ապագայով, որ բախտակից է լիբանանահայ ազգային շատ մը հաստատութիւններուն, որոնք ամէն գնով կը մաքառին պատնէշի վրայ մնալու յօգուտ լիբանանահայութեան գոյատեւման: Յօգուտ այն տակաւին կազմակերպուած եւ հայութեամբ եւ հայօրէն ապրող համայնքին, որ աշխարհագրականօրէն ամենամօտիկն է մեր պապենական հողերուն:
Հանդիպման, որ աւարտին հաճելի զուգադիպութեամբ մը, միացաւ ընկ. Յակոբ Գասարճեան, միասնաբար քննարկեցինք Վահան Թէքէեան Վարժարանը ամուր եւ անսասան պահելու ծրագիրներ, որոնց ի խնդիր Ներսէս Պապայեան իր ամբողջական նեցուկը յայտնեց եւ խոստացաւ ջանք չխնայել գործօն մասնակիցը դառնալու ամէն լաւ ծրագրի:
Հանդիպման աւարտին սիրով ողջագուրուեցանք եւ ժամադրուեցանք օր մը դարձեալ հանդիպման: Յաջորդ, օրը իր նախավերջին օրն էր Լիբանանի մէջ: Ան ուզեց այցելել իր սիրելի Վարժարանը:
Արդարեւ Պրն. Ներսէս Պապայեան յաջորդ օր այցելած է Վահան Թէքէեան Վարժարան, որուն այս առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի հետեւեալը.
«Ուրախալի եւ հպարտանալի երեւոյթ է, երբ Վարժարանս կ՛ունենայ այցելութիւններ աշխարհով մէկ տարածուած թէքէեանցիներու, ազգայիններու եւ բարերարներու կողմէ, որոնք անվերապահօրէն սատար կը հանդիսանան անոր վերելքին։
Արդարեւ, այսօր վարժարանս այցելեց անոր հիմնադիր եւ վաստակաշատ տնօրէն՝ մեծարգոյ Տիար Երուանդ Պապայեանի մեծայարգ զաւակը՝ Տիար Ներսէս Պապայեանը, ընկերակցութեամբ ԹՄՄի Հիմնադիրներու Մարմնի վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Գասարճեանի եւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի վարչութեան գանձապահ, վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանին։ Մեծայարգ հիւրը այցելեց կարգ մը դասարաններ եւ ունեցաւ հաճելի զրոյց Վարժարանիս տնօրէնութեան հետ, մօտէն հետաքրքրուելով վարժարանիս կրթադաստիարակչական ընթացքին մասին:
Պրն. Պապայեան նաեւ տեղեկացաւ վարժարանիս նորանոր ծրագիրներուն եւ յաջողութիւններուն մասին, ապա խանդավառութեամբ կատարեց 2500 ամ. տոլարի սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը, սատարելու համար Վահան Թէքէեան Վարժարանի զարգացման ապագայ ծրագիրներուն»։
Ձախէն՝ Յակոբ Գասարճեան, Ներսէս Պապայեան, Յովիկ Վարդանեան, Կալինա Շեմեմեան-Նաճարեան
Շնորհակալութիւն Պրն. Ներսէս Պապայեանին իր ազնիւ այս զոյգ այցելութիւններուն համար: Այս առիթով կողքի էջին մէջ տեղ կու տանք իր սրտի խօսքին:
Սեւակ Յակոբեան