Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ (լուսանկարներ)

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Արցախի Օդային Փառատօնը Աւանդութիւն Կը Դառնայ

Օգոստոսի 24-ին Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ կայացաւ Արցախի երրորդ օդային փառատօնը: Սամուէլ Թաւատեան կ՛ըսէ «Արցախ էյրֆեսթի հետ է արդէն երրորդ տարին ըլլալով:  Երրորդ փառատօնին ընդառաջ՝ վերջին անգամ ըլլալով կը զննուի, կը ստուգուի փոքրիկ ինքնաթիռը: Ինքնաթիռը պատրաստ է, հիւրերն ալ սպասուածէն աւելի են: շատ: Փառատօնի մեկնարկէն ի վեր փոփոխութիւններ կան ու դէպի լաւը: Դուք կը տեսնէք ժողովուրդին հոսքը դէպի օդակայան»- կ՛ըսէ Արցախի տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութեան օդագնացութեան բաժնի պետ Սամուէլ Թաւատեան:

Շուտով Սամուէլ Թաւատեան երկինք կը բարձրացնէ Արցախի դրօշը, որ  Արցախի երրորդ օդային փառատօնին պաշտօնական մեկնարկը կը խորհրդանշէ:

ԷյրՖեսթ-2019 կազմակերպուած է Արցախի կառավարութեան եւ ոլորտին մէջ փորձ ունեցող  շարք մը  մասնաւոր  կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ: Ակնկալիքները միայն զբօսաշրջութենէն չեն, կը վստահեցնէ պետական նախարարը: «Փառատօնը բաւական կարեւոր է եւ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ, թէ՛ զբօսաշրջութեան, թէ՛ փոքր օդանաւերու զարգացման  առումով»- կը կարեւորէ Արցախի պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան:

Էջմիածնի օդանաւերու ձեւաւորման դպրոցի ներկայացուցիչները օդակայանին մէջ օդային մարտեր ցուցադրած են: Յաջորդիւ երկինքին մէջ տարբեր տեսակի  ինքնաթիռներ են՝ տարատեսակ հնարքներով: Տարուայ նորոյթներէն մէկն ալ օդային փառատօնին MI8 ուղղաթիռներու մասնակցութիւնն էր անկարգելաւորներու  խումբերով:

Հիւրերը իրենց տեսածէն տպաւորուած են: Եւկենի Պոլշագովը Ռուսիայէն ժամանած է: Արցախի տեսարժան վայրերուն լաւ ծանօթ է ան: Որոշեց օդային փառատօնն ալ չփախցնել: «Շուշին տեսած եմ, Դադիվանքը, Գանձասարը, յայտնի Հունոտի կիրճը: Օդային փառատօնին առաջին անգամ կը մասնակցիմ: Տպաւորուած եմ»- հիացմունքը չի թաքցնէր Ռուսիայէն ժամանած Եվկենի Պոլշագովը: «Հիւրեր ունինք Արցախէն, Հայաստանէն եւ արտերկրէն: Այս անգամ որոշած ենք գոնէ արտասահմանցի հիւրերուն գրանցենք, որպէսզի նախորդ տարուայ այցելուներու թիւին հետ կարողանանք համեմատել»- թեման կ՛ընդհանրացնէ Արցախի Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեան:

Ոչ միայն դիտել օդային շօն, այլ նաեւ անոր մասնակիցը դառնալ: Թռիչքներ ինքնաթիռներով,  օդապարիկով: Փափաքողները կրնան տեղւոյն վրայ տոմսերը ամրագրել: Հիւրերու գլխաւոր դժգոհութեան թեման ճիշդ այդ տոմսերուն հետ կապուած է: Մասնակցիլ փափաքողները շատ են, տեղերը՝ սահմանափակ: «Ժամեր առաջ եկած էինք այն յոյսով, որ կը կարողանանք տոմսեր ձեռք բերել: Բայց պարզուեցաւ՝ արդէն 30 տոմսերն ալ վաճառուած են»- կ՛ըսէ Հայաստանի Հանրապետութենէն Ստեփանակերտ հասած Արուսեակ Պեճանեանը:

Կազմակերպիչները կը խոստանան յաջորդ փառատօնի ժամանակ աճող պահանջարկը հաշուի առնել: Մինչ այդ՝ տեղերը ժամանակին ամրագրած մասնակիցներն են Արցախը թռչունի թռիչքի բարձրութենէն վայելել:

Արցախի մէջ առաջին օդային փառատօնը 2017 թուականին կազմակերպուած է: Արցախ ԷյրՖեսթը կը խոստանայ ամէնամեայ դառնալ եւ իր հաստատուն տեղը գրաւել Արցախ իրադարձային ու արկածային զբօսաշրջութիւնը նախընտրողներու օրացոյցին մէջ: Նախնական հաշուարկներով՝ Արցախի օդային փառատօնին մօտ 2500 մարդ մասնակցած է:

Արցախի Մէջ Ականազերծման Թեման Կը Մնայ Օրակարգի Վրայ

Արցախի մէջ դեռ կը  շարունակուի կրկնուիլ  ականներու հետ կապուած դժբախտ դէպքեր: 1990-ականներէն եւ 2016էն մնացած չպայթած զէնք-զինամթերքը կը  շարունակեն  մնալ պահուած վտանգներէն մէկը, որուն դէմ արդէն տարիներէ ի վեր կը պայքարին՝ պետական ու բարեգործական միջոցներով: Բարեգործական միջոցներով Արցախի մէջ ականազերծում կ՛իրականացնէ Հելլօ Թրասթ-ը՝ արդէն մէկ տասնամեակէ աւելի:

Հելլօ Թրասթ Ղարաբաղ ծրագրի նոր պատասխանատուն իւրօրինակ ցուցադրութիւն է կազմակերպած է՝ բաց դռներու օր յայտարարելով: Ցուցադրուածն ալ  կազմակերպութեան խումբերուն  կողմէ Արցախի տարբեր հատուածներէն գտնուած, վնասազերծուած զինամթերքն է: Հակառակ տեսքի եւ ժամանակագրական բազմազանութեանը՝ բոլորն էլ նոյն սպառնալիքները կը պարունակեն: «Հիմնական մասը 1990-ականներու զինամթերքն է, բայց նաեւ նորերը կան՝ 2016-էն: Ցաւօք, այս զինամթերքին մեծ մասը անոր համար է, որ տուժեն  խաղաղ բնակիչները: Եւ ցաւօք, հակառակ հին ըլլալուն, այս զինամթերքը տակաւին կը պայթի ու վտանգաւոր է»,- կը մանրամասնէ Հելլօ Թրասթ-Ղարաբաղ ծրագրին ղեկավար Ռոպերթ Սայֆրեթը:

Վտանգը իրական է, քանի որ ականադաշտերէն շատերը բնակավայրերու տարածքին կամ հարեւանութեամբ կը գտնուին: Թէ՛ ականազերծման ենթակայ որքան տարածք կայ Արցախի մէջ՝ Հելլօ Թրասթ-ի ներկայացուցիչները չեն կրնար ճշգրտօրէն յայտարարել: Ահազանգեր կը ստանան պարբերաբար: Որպէս կանոն՝ իւրաքանչիւր ահազանգէ յետոյ ականապատուած նոր տարածքներ կը  բացայայտուին եւ կը գումարուին ունեցած թիւին վրայ: Ականազերծման աշխատանքներու հիմնական մասը կ՛իրականանայ մարդասիրական ծրագրի շրջանակներուն մէջ՝ ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան ֆինանսաւորմամբ: Ականազերծողները ուշի-ուշով կը հետեւին Ուաշինկթընէն հասնող լուրերուն: Գործակալութիւնը կրնայ  դադարեցնել ֆինանսաւորումը: Ֆինանսաւորման ընթացիկ փուլը կ՛աւարտի սեպտեմբերին: «Մենք յոյս ունինք, որ ֆինանսաւորումը կը շարունակուի նաեւ սեպտեմբերէն յետոյ: Այժմ մենք կը գտնուինք մանրամասն եւ շատ հետաքրքիր քննարկումներու փուլին մէջ՝ յետագա յ ֆինանսաւորման համար»,- կը նշէ Հելլօ Թրասթ-Ղարաբաղ ծրագրին ղեկավարը:

Թեմային աւելի ուշ անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի արտգործնախարարը: Արտառոց ոչինչ չէ պատահած: «Այն ինչ կը կատարուի,  նորութիւն չէ: Այս հարցը ամէն տարի կը քննարկուի, վիճաբանութիւններու առիթ կը դառնայ: Սա ԱՄՆ-ի համար սովորական գործընթաց է, բայց միւս կողմէն ալ մաս կը կազմէ  հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, այնպէս որ՝ մենք այդ ուղղութեամբ կը շարունակենք աշխատիլ»,- լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ  վստահեցուցած է ՀՀ արտգործնախարար Զոհրապ Մնացականեանը:

Եթէ, այսուամենայնիւ USAID-ը որոշէ դադարեցնել ֆինանսաւորումը, Հելլօ Թրասթը Արցախի մէջ աշխատանքը չի դադարեցնէր, կը վստահեցնեն ականազերծողները: Ականազերծման աշխատանքներ կ՛իրականան  նաեւ  բարեգործական այլ աղբիւրներէ ստացուող գումարներու հաշուոյն: Պարզապէս աշխատանքները աւարտելու համար աւելի շատ ժամանակ կը պահանջուի: 

 

Ստեփանակերտ

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին