Երկուշաբթի, 11. 12. 2023

spot_img

Ի ՅՈՒՇ ՓՐՈՖ ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆԻ. ԻՆՉՊԷ՞Ս ԳՐՈՒԵՑԱՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅԵՐԷՆ ՀԱՏՈՐԸ

ԳՐՒԳՈՐ ՔԷՕՍԷԵԱՆ

 

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի ծանօթութիւնս եւ եթէ արտօնուի ըսել՝ բարեկամութիւնս կ՚առնչուի նախ «Պայքար» շաբաթաթերթին(1), որուն խմբագրի պաշտօնին հրաւիրուած էի 1982-ին, երբ օրաթերթը վերածուեցաւ շաբաթաթերթի։ Մեր կապը զօրացաւ, երբ շաբաթաթերթին «փոխարինեց» «Պայքար» ամսագիրը(2)։ Ասոնց միջոցին բարեդէպ առիթը ներկայացաւ նաեւ իրեն հետ ունենալու երկու հանդիպումներ, Պոստոն եւ Նիւ Ճըրզի։

Տատրեան ուշադիր ընթերցող մըն էր «Պայքար»ին, եւ ընդհանրապէս հայ մամուլին։ Իր կապը հայերէնին հետ, որ սկսած եւ արմատացած էր իր ծննդավայր Պոլսէն եւ իր Մխիթարեան վարժարանէն, մնաց իր հոգիի հարազատ արտայայտութիւնը, հակառակ հայերէն գիրք չգրելուն, ճիշդը՝ չգրելուն… մինչեւ 1995, որուն մասին պիտի ըլլայ վկայութիւնս որպէս խմբագիր։ Նշեմ, թէ իր կրտսեր քոյրն էր վաստակաւոր գրագիտուհի Ատրինէ Տատրեան (1913-2002), վերջին շրջանին՝ ֆրանսաբնակ։ Փրոֆ. Տատրեանի հայերէնի հանդէպ սիրոյն մէկ խոր արտայայտութիւնն է հետեւեալ բացիկը,– ցաւակցագիրը,– երբ «Պայքար» շաբաթաթերթը իր դռները փակեց Փետրուար 1993-ին։ 

Փետրուար 1993

Սիրելի Պ. Քէօսէեան

Մեծ ցաւով կարդացի ձեր վերջին թիւը. ափսոս այլեւս չպիտի կարենամ վայելել Ձեր զմայլելի հայերէնը, որ կ՚արտացոլար Ձեր ամէն մէկ խմբագրականին մէջ։ Ես ուղղակի կ՚ամչնամ, որ Մխիթարեանի իմ դասընկերներէս շատեր, որոնք այս ափերը կայք հաստատած են, կը պատկանին այն դասին որուն Արան ակնարկած էր իր յօդոածին մէջ(3). հայերէն թերթի բաժանորդագրուելու կարիքէն խուսափողներ։

Ինչպէս Արան շեշտած էր, իբրեւ խմբագիր մեծ կշիռով մը անաչառօրէն կիրարկեցիք եւ յայտնի կ՚ըլլայ որ քաջաբար դիմագրաւեցիք ճնշումները՝ գրաքննական տենդով եղած։

Ի բոլոր սրտէ կը ցաւակցիմ,

Վահագն Տատրեան

 

«Պայքար» ամսագրի ծրագիրին միտումը պիտի մղէր խմբագրութիւնը, որ աշխատակցութեան հրաւէրներ ուղղուին կարգ մը ակադեմականներու կողքին՝ նաեւ երկու ծանօթ գիտնականներու. Փրոֆ. Վահագն Տատրեան եւ Յարութիւն (Արթիւր) Պէյլերեան (Փարիզ), անձնապէս հինէն ծանօթ, որ սիրով ընթացք տուաւ հրաւէրին։ Իսկ առաջինը ընդունեցաւ որ իր անունը նաեւ մաս կազմէ ամսագիրին աշխատակիցներու պաշտօնական ցանկին։ Կարեւո՛ր հաւանութիւն մը, որ ենթակային կողմէ բարոյական յանձնառութիւն կ՚ենթադրէ, ինչ որ իրականացաւ։

Ամէն առթիւ, գրաւոր(4) թէ հեռաձայնով, Փրոֆ. Տատրեանի ուշադրութեան կը յանձնէի ցաւալի պարագայ մը, թէ իր նման հայու եւ հայերէնի քաջատեղեակ անձի մը համար անբացատրելի պիտի ըլլար եթէ ուղղակի հայերէնով գործ չգրէր, եւ թէ ամսագիրը պատրաստ էր հրատարակելու իր որեւէ չափի գրութիւնը։ Վերջին անգամ, 1994-ի սկիզբը, նամակով մը մասնաւորաբար շեշտեցի, թէ որքան փափաքելի պիտի ըլլար ամսագրին Ապրիլի թիւին մէջ ընկալել իր առաջին գրութիւնը։ Անչափելի եղաւ ուրախութիւնս, երբ իրմէ ստացայ  Մարտ 1994 թուակիր հեռատիպ մը, ուր ո՛չ միայն կ՚աւետէր ղրկած ուսումնասիրութեան մր լուրը, այլ կը բացայայտէր նաեւ թէ անոր փաստաթուղթերը իրեն նոր եկած էին Թուրքիայէն «գաղտնի ճամբով»։ Կը գրէր.

«Հիմա թղթատարին յանձնեցի 18 էջնոց ձեռագիր մը եւ յաւելեալ՝ ծանօթագրութեանց էջ մը։ Ինչպէս պիտի տեսնէք, իմ սկզբնական նպատակս էր ամբողջացնել երկասիրութիւնը այդ նիւթի մասին. դուք պիտի որոշէիք ատոր շարունակական հրատարակութեան հարցը եւ նոյնիսկ զայն առանձին պրակի ձեւով վերահրատարակելու հարցը։ Գլխաւոր մակդիրն է՝ «Հայկական Ցեղասպանութիւնը յետ-պատերազմեան Օսմանեան խորհրդարանին մէջ. Հայ օրինատուներու մեղադրական ելոյթները»(5)։ Երկու մաս պիտի ունենար. Ա. Երեսփոխաններու Ժողովին մէջ, Բ. Ծերակոյտին մէջ. բայց չհասայ եւ չպիտի հասնիմ. բազմաճիւղ պրպտումներու եւ ծրագիրներու բեռան տակ կը տքնիմ եւ կը կքիմ, եւ բառին բուն իմաստով մազ քերելու ժամանակ չունիմ։ Ճիշդ այս պատճառաւ ալ հազիւ կրցայ Նոյեմբեր1918-ի նիստը, որ 3 ժամ տեւեց, վերլուծել եւ մանրամասնօրէն թարգմանել։ Եթէ այս տարուան վերջը ժամանակս ներէ, պիտի փորձեմ վերջացնել. դեռ գործին 3/4ը չէ գրուած։ Որով, եթէ յարմար կը տեսնէք, այս երկասիրութիւնը իբրեւ առանձին եւ անկախ գործ հրատարակեցէք Ապրիլի ձեր բացառիկին մէջ. չեմ գիտեր, թերեւս ալ նոյնիսկ իբր այսպիսի յօդուած, երկար է ձեր պայմաններուն համար. ա՛լ դուք պիտի տնօրինէք: Ես այս թիւերը գաղտնի ճամբով մը նոր ստացայ Թուրքիայէն (4 Նոյ. 1918-ի արձանագրութեանց պրակի Ա. էջին լուսապատճէնը կը կցեմ) եւ ատոնց մէջ վաւերագրական շատ կարեւոր նիւթեր կան. բայց այս մասին հրապարակաւ պէտք չէ արտայայտուիլ ներկայիս։ (…) Կրնայ ըլլալ որ կէտադրութեան եւ հայերէնի ոճի սրբագրութիւններու պէտքը զգաք, ազատ զգացէք. ո՛չ մաքուրի քաշելու, ո՛չ ալ նոր պարբերութիւնները զատորոշելու ժամանակ ունեցայ»։

Ինծի կու տար նաեւ ուրախալի տեղեկութիւն մը. «Ձեզի ուրիշ լուր մը տամ, բայց առայժմ չհրապարակուի։ Իսթանպուլէն հրատարակչականի տնօրէնը երէկ հեռաձայնով յայտնեց, որ համալսարանի իրաւաբանական մենագրութիւնս թուրքերէն լեզուով հրապարակ ելաւ 5 օր առաջ եւ 3,000 օրինակ բաժնուեցաւ, ծախուեցաւ ամբողջ Թուրքիոյ մէջ. ղրկուեցան օրինակներ համալսարաններու, մեծ գրադարաններու, ականաւոր խմբագիրներու, հրապարակագիրներու եւ նախագահ Demirel-ին, եւ վարչապետուհի Çiller-ին։ Իսկ գրքին կողքը կը կրէ Արարատի նկարը… Հաւատալս չի գար եւ կը սպասեմ հաւանական փոթորիկի մը»։

Ամիսներ ետք, գրեթէ տարի մը, վերջապէս կ՚ամբողջացնէր ուսումնասիրութիւնը։ Հատորը պէտք էր հրատարակել վեց շաբաթէն, Ապրիլ 1995-էն առաջ, մանաւանդ որ Ցեղասպանութեան 80-րդ տարելիցին առթիւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած էր միջազգային գիտաժողով մը։ Ղրկած էր նաեւ իր հոն խօսելիք զեկոյցին բնագիրը, խնդրելով որ շարուածքը օր առաջ հասնի Երեւան Ժիրայր Լիպարիտեանին(6) առ ի թարգմանութիւն («Կ՛ուզեն հոն եւրոպացի եւ ամերիկացի ակադեմականներու բաժնել անգլիերէն տարբերակը(7)»։ Միջանկեալ ինք Եւրոպա պիտի երթար բանախօսութիւններու համար, եւ հետեւաբար ժամանակ չունէր ստանձնելու անհրաժեշտ աշխատանքները։

 

«Փետրուար 1995

Յարգելի Պ. Քէօսէեան,

Ահա խոստացած երկասիրութիւնս՝ իր ամբողջութեամբ։ Բաւական հոգեմաշ գործ մը եղաւ, քանի որ մեռեալ լեզուի մը հետ կը պայքարէի եւ մեծ զգուշութեամբ պէտք է շարադրէի թարգմանական մասերը։

Ծերակոյտի նիստերը շատ աննշան ըլլալուն, հրաժարեցայ ատոնց ուսումնասիրութենէն։ Ինչպէս գիտէք, շատ բծախնդիր եմ թուրքերէն-օսմաներէն մէջբերումներու գործածութեան նկատմամբ. որով, խնդրեմ, ուշադիր եղէք. (…) Գիտեմ թէ դուք ալ բաւական պիտի յոգնիք. բայց վստահ եմ, որ սա մեծ նպաստ մը պիտի ըլլայ. այսպիսի ուսումնասիրութիւն տեղ մը չկայ, ոչ մէկ լեզուով. լաւ կ՚ըլլար եթէ Ապրիլին հասնէր եւ Հայաստանի մէջ տրամադրելի ըլլար Ապրիլ 19-25 միջազգային համագումարին։

Ձեզմէ պիտի խնդրեմ, որ կէտադրութեան գործը դուք ստանձնէք, բութ, ստորակէտ, վերջակէտ, նոր տող, նոր պարբերութիւն եւլն. ես ուղղակի ժամանակ չունեցայ ատոնցմով զբաղելու։

Յարգանօք

Վահագն Տատրեան

 

Փրոֆ. Վահագն Տատրեանի երկասիրութեան հատորը լոյս տեսաւ «Պայքար»էն տիտղոսի փոփոխութեամբ. «Հայկական Ցեղասպանութիւնը խորհրդարանային եւ պատմագիտական քննարկումներով»(8)։ Ինք, նախօրօք, արդէն շատ ուրախ էր եւ հրճուանքը կ՚արտայայտէր այդ մասին։ Հայերէն գրելը հոգեկան թաքուն պահանջք մըն էր, որ վերջապէս իր գոհացումը կը գտնէր։ Ինծի կը գրէր.

«Ինչպէս գիտէք, ես կլանուած եմ օտար լեզուներով. բոլոր ակադեմական գործերս հրատարակուած են անգլիերէնով եւ մասամբ գերմաներէնով. ամիս մը յետոյ Գերմանիա եւ Հոլանտա 4 դասախօսութիւններ պիտի տամ գերմաներէնով: Բայց միշտ կը տառապիմ, որ իմ պաշտած Մայրենի[ս]՝ հայերէնը, գործածելու առիթէն զրկուած եմ. որով մասնաւոր ճիգ մը ըրի եւ ասիկա իմ ա[ռաջին] ակադեմական երկասիրութիւնս է հայերէնով: Կրնաք երեւակայել իմ գերազանց հրճուանքս. որով, եթէ անպատեհութիւն մը չէք տեսներ, եւ եթէ հայերէնս գոհացուցիչ կը գտնէք, ներածականին մէջ հաճեցէք քանի մը տողով անդրադառնալ այս կէտին(9)։ Թերեւս ատիկա խթանէ ուրիշ ակադեմականներ:

Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացի ձեր «կենսական» կապը Նալպանտեաններուն հետ»(10):

Ուրիշ թուակիրով մը դարձեալ կ՚անդրադառնար հայերէնին եւ հայուն, երբ կ՚ակնարկէր Հայաստանի մէջ գիրքին վերահրատարակութեան հաւանականութեան. 

«Թէեւ Երեւանն ալ հրատարակելու միտք ունի, բայց կը խորհիմ որ անոնք միջազգային վարկի հետամուտ անգլիերէնով պիտի հրատարակեն։ Ես իմ հայրենակիցներուս համար գրեցի» (Նամակ, Փետրուար 1994)։

 

***

 

Վահագն Տատրեանի հետ գրական վերջին կապս առնչուած է դարձեալ Ցեղասպանութեան։ Երզնկացի Մամիկոն Աշճեանի դուստրը, Տիկ. Անահիտ Ասթարճեան, ինծի յանձնած էր իր հօր՝ Մամիկոն Աշճեանի մեծ Եղեռնի պատանեկան յուշերու տետրակը,– դպրոցականի գծաւոր տետրակ մը, դեղնոտած եւ յոգնած,– խմբագրութեան խնդրանքով։ Կարելի չէր ամբողջովին չտարուիլ 13 տարեկան տղեկի մը ականատեսի պարզունակ այլ սրտաճմլիկ պատումներէն, սկսեալ Երզնկայի իրենց տունէն մինչե Քեմախի սպանդի կիրճը, Եփրատի ափին, ապա վերապրող աքսորականներու գողգոթան Ակնի, Արաբկիրի, Խարբերդի մահատեսիլ ճամբաներուն վրայ։ Նշելի կէտ մը. Աշճեանի մօրեղբայրն է թրքական բանակի սպայ Գալուստ Սիւրմէնեան, որ իր աստիճանին ազդեցութեամբ սկիզբը դեր մը ունեցած է քրոջը ընտանիքին ապահովութեան մէջ, ապա ինքն ալ փախուստ տուած է երբ իր դէմ մահափորձ կատարուած է. «Հայէն թուրք սպայ չ՚ըլլար»։

Երբ հրատարակուած պրակէն(11) օրինակ մը ղրկեցի Տատրեանին, շուտով իրմէ ստացայ ճշդում մը. տեղ մը զոհ գացած էի ոճրագործ համանուններու, երկուքն ալ հայու ջարդարարներ, իրականը՝ «նոյնքան սարսափելի»։ Ստորեւ Փրոֆ. Տատրեանի պերճախօս լուսաբանութիւնը որ տեղ գտաւ պրակին Բ. հրատարակութեան մէջ։

«Ձեր գրածը, բոլորովին ուրիշ, բայց նոյնքան հրոսակապետ ոճրագործ մըն էր։

Խնդրոյ առարկայ անձը Erzincan-ի երեսփոխան Սաղըրզատէ Հալէթն է (Saĝirzade Halet), որ ծնած է Kemach (Քեմախ) եւ որդին է Saĝirzade Haci Tahir Paşa-յի, որ իր կարգին (կուսակալ) մըն էր: Հայկական ջարդերու ժամանակ հրոսախումբ մը (Çete) կազմեց, որուն համար ընտրեց Երզնկայի է՛ն արիւնկզակ թուրքերը եւ քիւրտերը: Իր ա[ռաջին] գործը եղաւ Քեմախի եւ շրջանակներու է՛ն առոյգ եւ կայտառ երիտասարդները «աշխատաւորական վաշտ» պիտակի տակ հաւաքել (inşaat taburu) եu Sansia Dere (Սանսիա Ձորը), որ Մամախաթունի մօտ է, առաջնորդելով՝ զանոնք անխնայ կոտորել: Իր չարագործութիւնները կը ներառեն անթիւ եւ այլազան ոճիրներ, ինչպէս բռնաբարում՝ (Երզնկացի Սարգիս Տէր Ստեփանեանի դուստրը՝ Նազենին) երեք անընդհատ օրերու ընթացքին, զանգուածային կողոպուտ, եւլն.: Նախ Երզնկայի հայ հարուստները [հաւաքեց] եւ զանոնք կողոպտելէ յետոյ (համայն իրենց կալուածներով եւ ինչքերով) Խարբերդի ճամբուն վրայ սպաննեց։ Յետոյ ջարդեցին հայ երիտասարդներէ բաղկացած բ. խումբ մը, թեւերնին կապուած, նոյն այդ Սանսիա Տէրէ ձորը: Շաբաթ մը յետոյ սկսաւ Երզնկայի հայ բնակչութեան մաքրագործումը. նախ Գույու Պաղը հայոց գերեզմանատունը Հալէթ սպաննեց այրերը, իսկ մնացեալ ժողովուրդը բռնեց մահասփիւռ Քեմախի կիրճի ճամբան, ուր ոստիկանական զինուորներու (gendarmes)  եւ քիւրտերու մասնակցութեամբ իրագործուեցաւ ջարդերու մեծ նախճիրը»:

 

Ծանօթագրութիւն

 

1- «Պայքար» շաբաթաթերթը փակուեցաւ 7 Փետրուար 1993-ին ։

2–  «Պայքար» շաբաթաթերթին «փոխարինեց» ամսագիրը շարունակաբար Գրիգոր Քէօսէեանի խմբագրութեամբ։ «Պայքար» ամսագիրին առաջին թիւը (Ապրիլ 1993) կը ներկայանար որպէս գաղափարախօսական-տեսաբանական լուրջ հրատարակութիւն մը։ Եւ իսկապէս, հակառակ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան պաշտօնաթերթի իր հանգամանքին, ամսագիրը դարձաւ ազատ բեմ Արտասահմանի թէ Հայաստանի ուսումնական գրիչներու համար, բաց դուռ մը՝ բոլոր իմացական պարկեշտ պրպտումներու առջեւ։ 1995-ի սկիզբը հրատարակութինը Պոստոնէն փոխադրուեցաւ Հայաստան, (ոմանց անճարակ բարբառով՝ «հայրենադարձ» կատարեց) զոյգ խմբագրութեամբ,– Երեւան եւ Պոստոն։ Շուրջ երկու տարի եւ ամիսներ եւս հոն շարունակուելէ ետք,– վերջին շրջանին անկանոն,–  դադրեցաւ հրատարակուելէ։ Երեւանի մէջ ամսագիրը կրած էր դիմագիծի փոփոխութիւն, դառնալով նաեւ գրական։

3- Արայ Գալայճեան. «Պայքար» շաբաթաթերթը փակուած է» («Պայքար», 27 Փետրուար 1993)։ Արայ Գալայճեան խմբագիրն էր ՌԱԿ-ի անգլիատառ օրկան “The Armenian Mirror-Spectator”-ին եւ մնայուն քրոնիկագիրը՝ «Պայքար» շաբաթաթերթին»։ Խմբագրած եւ հեղինակած է բազմաթիւ գործեր։

4- «Պայքար»ի խմբագրութեան շրջանէս ունեցած նախնական եւ ապա՝ անգործածելի պզտիկ համակարգիչէս կարելի եղաւ Տատրեանէն փրկել միայն ութ տարբեր թուակիրներով գիրեր եւ ինձմէ իրեն ուղղուած՝ երկու նամակներ, որոնց վրայ հիմնուած է այս վկայութիւնը։

5- «Պայքար» ամսագիր, Ապրիլ-Մայիս 1993։

6- Ժիրայր Լիպարիտեան. ամերիկահայ (նախկին լիբանանահայ), պատմաբան։ Այդ շրջանին Լիպարիտեան քաղաքական խորհրդականն էր Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի։

7- 23 Ապրիլ1995-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Միջազգային գիտաժողովին Փրոֆ. Տատրեանի երկասիրութեան թարգմանաբար ներկայացուածը խտացեալ տարբերակն էր հայերէնին, որուն ամբողջական բնագիրը մաս կազմեց հատորին, հետեւեալ տիտղոսով. «Պետութեան մը եւ պետական կուսակցութեան մը միաձոյլ դերը Հայկական Ցեղասպանութեան Մէջ» (էջեր 107-132)։

8- Փրոֆ. Վահագն Տատրեան. «Հայկական Ցեղասպանութիւնը խորհրդարանային եւ պատմագիտական քննարկումներով»։ 1995, Պայքար, 147 էջ։

9- Փրոֆ. Տատրեանի այս բաղձանքը դժբախտաբար կարելի չեղաւ գործադրել, ինչպէս նաեւ ուրիշ պահանջք մը, որովհետեւ կրկնակի մերժեցի  հրատարակութեան մէջ յիշատակել անունս որպէս գիրքին խմբագիրը։ Անտեղի գտայ նաեւ իմ կողմէս յաւելեալ «նախաբան» մը ստորագրել, երբ ինք գրած էր պերճախօս «Ներածական» մը։ Բաւարար էր գիրքին ներքին շապիկին վրայ նշել «Պայքար» անունը։

10- Մամիկոն Աշճեան. «Յուշեր Մեծ Եղեռնէն», Նիւ Ճըրզի, ԱՄՆ, 47 էջ, 2008։ Խմբագրեց, ծանօթագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց՝ Գրիգոր Քէօսէեան։

11- Օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան Մատթէոս Նալպանտեան, սսեցի, կ՚ըլլար քեռկինիս (Քեռիս՝ Մինաս Գուզուեան) մօրեղբայրը։ Իր շնորհիւ է որ Գուզուեաննները,– Մինասը եւ իր 6 քոյրերը,– իրենց ընտանիքներով ճողոպրած են Ցեղասպանութենէն կամ Տէր Զօրէն։ Անոնք «պաշտպանուած»՝ Սիսէն հասած են Հալէպ։ Նալպանտեանը Պոլսէն մասնաւոր  անցագիրներ ղրկած է Գուզուեանները ներկայացնելով որպէս իր ընտանիքին անդամները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին