Մեթր ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Մարդու Որդի Նազովրեցի յեղափոխական Յիսուսի ճշմարիտ էութեան՝ Տիրակալ Քրիստոսի նենգ վերածումին մասին, յաճախ գրած է տողերուս հեղինակը եւ վկայակոչած է՝ հրեայ հակասիոնական մարքսեան հոգեվերլուծաբան Էրիք Ֆրոմմի “The Dogma of Christ” հատորը, որուն բովանդակած 8 փորձերուն (էսսէ) ամէնէն ընդարձակն է՝ հատորին վերնագիրը կազմող փորձը՝ Քրիստոսի Տոկման։
Ներկայ գրութիւնը սղագրական ամփոփումը պիտի ըլլայ այս խիստ շահեկան փորձին, որ նախ լոյս տեսած է 1930 թուին՝ գերմաներէն լեզուով, Պերլինի մէջ, ապա՝ անգլերէն թարգմանուած է 1955 թուին, եւ վերահրատարակուած՝ 1958-ին, 1963-ին եւ 1973-ին, Գանատայի, Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ։
Էրիք Ֆրոմմ՝ հոգեվերլուծաբանութեան Ֆրէօյտեան դպրոցի ընկերային-մշակութային թեքումով այլախոհ մըն է, որուն հեղինակած հատորներէն են՝ “Man for Himself”, “Fear of Freedom, “Avoir ou Ȇtre?”, “The Sane Society”, “You Shall Be Gods” եւ “The Crisis of Psychoanalysis”։ Իսկ այս հատորին միւս փորձերն են՝ “The Present Human Condition”, “Sex and Character”, “Psychoanalysis – Science or Party Line?”, “The Revolutionary Character”, “Medicine and Ethical Problem of Modern Man”, “On the Limitations and Dangers of Psychology” եւ “The Prophetic Concept of Peace”։
«Քրիստոսի Տոկման» էսսէն ունի վեց հատուածներ եւ եզրակացութեան հատուած մը, զորս պիտի ամփոփենք երեք հատուածներու մէջ, զանց ընելով հոգեվերլուծաբանութեան խիստ մասնագիտական եւ մեթոտաբանական քննարկումները։
Ա. Կրօնքի Ընկերային-Հոգեբանական Պաշտօնը
Այս հատուածին մէջ, նախ՝ իրարմէ կը զատորոշէ «ԵՍ»ի (ego) գոյատեւութեան մղումները,– որոնք հրամայական են,– եւ սեռային մղումները,– որոնք հրամայական չեն, քանի որ կախեալ չեն արտաքին օգնութենէ, եւ կրնան բաւարարուիլ լոկ ֆանթազիաներով կամ սեփական մարմինով…։
Ապա՝ կը հաստատէ թէ հասարակութիւնը կը խաղայ իրարու հակադիր երկու պաշտօններ՝ գոհացում տալու եւ զրկելու։ Իսկ հասարակութեան կայունութիւնը կը պահանջէ նուազագոյն գոհացում տալ մարդոց բնազդային բնական ու մշակութային կարիքներուն, նաեւ՝ զանգուածներու յօժարակամ ենթարկուելու պատրաստակամութիւնը՝ իրենց վերապահուած (աւելի ճիշդ՝ պարտադրուած) դասակարգին պայմաններուն… որ կը պահանջէ մասնաւոր հոգեվիճակի մը ստեղծումը անոնց մօտ։ Եւ քանի որ բնութեան դիմաց մարդուն անօգնականութիւնը կը նմանի անչափահաս մանուկին անօգնականութեան, եւ ուրեմն՝ մօր եւ հօր նկատմամբ ապաւինողականութեան, այս անգամ չափահաս մարդուն կրկնել պիտի տրուի ապաւինողականութիւնը՝ մօր եւ հօր փոխարէն, Աստուծոյ նկատմամբ, ինչ որ կրօնքին միջոցով կը կատարուի։ Իսկ երկրի վրայ Աստուծոյ զինակիցն է տիրող դասակարգը, որուն պարտի ապաւինիլ հաւատացեալ աշխատաւորը։ (Աւատատիրական հասարակարգի ժամանակաշրջանի ամենադաժան միապետական բռնատէր թագաւորը կը համարուէր Աստուծոյ որդին կամ ընտրեալը)։
Հուսկ ուրեմն՝ կրօնքը ունի գլխաւոր երեք պաշտօններ.
1) Մխիթարել մարդոց ստուար զանգուածը՝ տիրող կեանքի պայմաններուն, իրենց պարտադրած զրկանքներուն համար,
2) Քաջալերել զանոնք զգացականօրէն ընդունիլ իրենց դասակարգին վիճակը, եւ
3) Տիրող փոքրամասնութեան անհատները ազատել մեղաւոր ըլլալու զգացումէն, իրենց կողմէ մարդոց բռնանալուն հետեւանքով անոնց պատճառուած տառապանքին համար։
Այս հատուածը, ուրեմն, հոգեբանական ենթահողը պատրաստեց յաջորդող հատուածներուն նկարագրելիք փոխակերպումին…։
Բ. Սկզբնական Քրիստոնէութեան Պատկերացուցած Յիսուսը
Դոկտ. Էրիք Ֆրոմմ նախ կը նկարագրէ պատմական պահը Պաղեստինի մէջ՝ Յիսուսի ծննդեան յաջորդող տասնամեակներուն։
Պաղեստին մաս կը կազմէր Հռովմէական Կայսրութեան։ Երուսաղէմ այս կայսրութեան ամէնէն աղքատ եւ շահագործուած պրոլետարիատը ունէր, ինչ որ կը յառաջացնէր յեղափոխական շարժումներ, ոչ միայն արտաքին թշնամիին (Հռովմէական Կայսրութեան) դէմ, այլեւ՝ ներքին երկու թշնամիներու դէմ՝ կղերականներու եւ ունեւորներու դասակարգերուն։ Յիսուսի քարոզէն մեծապէս խանդավառուած էին բոլոր դասի ընչազուրկները, թէ՝ մօտալուտ է Աստուծոյ արդար թագաւորութեան հաստատումը Երուսաղէմի եւ Պաղեստինի մէջ։ Այս համեստ խաւի թշուառներու պատկերացումով, Նազովրեցի Յիսուս յեղափոխական մըն էր՝ մարդասէր եւ արդարասէր, որ հիմնովին հակառակորդն էր Պաղեստինի մէջ տիրող հոգեւորական եւ աշխարհիկ իշխանութիւններուն, եւ պաշտպանը՝ աղքատներուն, տառապեալներուն ու շահագործուողներուն, ընդդէմ՝ ունեւորներու դասակարգին եւ կայսերական պետութեան։ Ուրեմն, սկզբնական քրիստոնէութիւնը ծնունդ առաւ որպէս պատմական նշանակալից փրկչական յեղափոխական շարժում, որուն նախաքայլերը կ՚առնէր Յովհաննէս Մկրտիչը, որ կը խոստանար մօտալուտ փրկութիւն այս երկրի վրայ, ոչ՝ ապառնի… անդենականի մէջ…։
Քրիստոսի տոկման՝ Հայրիշխանութիւնը (Paternalisme) կը պարտադրէ. այսինքն՝ տիրող դասակարգային բռնատիրութիւնը…։
Մինչդեռ սկզբնական քրիստոնէութիւնը, որ Յիսուսը Մարդու Որդի ճանչցաւ, յեղափոխական է, քանի որ մարդու որդին տառապելէ եւ խաչուելէ յետոյ՝ աստուածացաւ…։ Այսինքն՝ յաղթեց հայրիշխանութեան դէմ, նաեւ՝ քանի որ Յիսուս մօտալուտ կը համարէր Աստուծոյ արդար հասարակարգին գալուստը Պաղեստինի հողին վրայ, եւ ոչ թէ անդենականի մէջ…։ Ապառիկ եւ ձրի խոստում չէր։
Գ. Յիսուսի Փոխակերպումը Տիրակալ Քրիստոսի
Դոկտ. Ֆրոմմ կը գրէ՝ երկրորդ դարու կէսերուն, Քրիստոնէութիւնը սկսաւ հետեւորդներ շահիլ, Հռովմէական Կայսրութեան միջին եւ բարձրագոյն դասակարգերուն մօտ։ Ընդհանրապէս ակնառու դիրքերու հասած կիներ եւ առեւտրականներ, որոնք ստանձնեցին Քրիստոնէութիւնը քարոզելու պարտականութիւնը։ Քրիստոնէութիւնը տարածուեցաւ կանանց եւ առեւտրականներու շրջանակներէն ներս, եւ յետոյ՝ աստիճանաբար թափանցեց տիրող ազնուական դասակարգէն ներս։ Երկրորդ դարու վերջերուն, Քրիստոնէութիւնը դադրեցաւ աղքատ արհեստաւորներու եւ ստրուկներու կրօնքը ըլլալէ։ Եւ երբ Կոստանդին Կայսեր օրով Քրիստոնէութիւնը դարձաւ պետական կրօնք, ատիկա արդէն դարձած էր կրօնը Հռովմէական Կայսրութեան տիրող դասակարգի ամենալայն շրջանակներուն։ Քրիստոնէութեան ծնունդէն 250-300 տարիներ ետք, ատոր հետեւորդները շատ տարբեր եղան առաջին քրիստոնեաներէն…։ Ասոնք ոչ միայն այլազգիներ էին (յոյներ, հռովմէացիներ, սուրիացիներ եւ ֆրանսական կոլեր, կայսրութեան բոլոր ազգութիւններէն), այլեւ՝ նոր հետեւորդները կը պատկանէին վերին, տիրող դասակարգերուն։ Թէեւ ստորին դասակարգերու զանգուածը կորիզը կը մնար Քրիստոնէութեան, բայց Քրիստոնէութիւնը դարձած էր կայսրութեան տիրող դասակարգին կրօնը, Հռովմէական Կայսրութեան ամբողջական աւատատիրականացումին զուգահեռ… այսինքն՝ Կայսրութեան ամբողջական միապետական բռնատիրականացման զուգահեռ։ Եւ՝ 212 թուի Կարակալլայի հրովարտակով, Կայսրութեան քաղաքացիները կրնային ըլլալ նաեւ Կայսրութեան ոչ ենթակայ ազգութիւններու անդամները։
Թէ՝ Նազովրեցի Մարդու Որդի Յիսուս, երբ իր հետեւորդներու ազգային ու դասակարգային արմատական փոփոխութեամբ, ինք ալ փոխակերպուեցաւ Քրիստոսի տոկմային, ինչեր փոխուեցան, Դոկտ. Ֆռոմմ կը գրէ.
Միապետական բռնատիրութեան պետական կրօն դարձած Քրիստոնէութեան Քրիստոսը, հիմա՝ տիրող դասակարգերուն զինակիցն է՝ աղքատներուն եւ պրոլետարիատին դէմ։
Աշխարհ այլեւ փրկուելու կարիքը չունի, փոխուելու կարիքը չունի արտաքնապէս։ Ամէն բան կրնայ նոյնը մնալ իրական (պատմական) աշխարհին մէջ, քանի որ փրկութիւնը դարձաւ հոգեւոր՝ դէպի ներս շրջուած, անիրական (անպատմական), բնազանցական եւ անհատական հարց մը, ոչ՝ հաւաքական (զանգուածներու), զոր կ՚երաշխաւորէ միայն՝ հաւատքը (հաւատացեալին միայն…) – Քրիստոսին հաւատացողին։ (Ֆռոմմի մարքսեան ուսմունքը որդեգրած է պատմական եւ դիալեկտիկական մատերիապաշտ փիլիսոփայութիւնը, ըստ որուն ամէն իրական բան կ՚ունենայ ծաւալ մը եւ պատմութիւն մը… այսինքն՝ կը գոյատեւէ միայն ժամանակի մը մէջ։ Ուրեմն՝ իրականը պատմական է, պատմականը իրական…)։ Հին եղբայրակցական սուրբ ապրելակերպը փոխարինուած է թողութեան գիրով, զոր գնողը կը փրկուի իր մեղքերէն։ Ու քանի որ ան հիմա հաշտուած է երկրային իշխանութեան (պետութեան) հետ… եւ կ՚ենթարկուի եկեղեցիին հոգեւոր իշխանութեան, անոր տուած գիրը գնելով… եկեղեցին, որ միապետական բռնատիրութեան օրինակով ունի իր ալ նուիրապետական բուրգը, որուն գագաթին նստած Պապը թագաւոր է, գերագոյն աւատատէր։ (Հայկական աւատատիրութեան շրջանին ալ, կաթողիկոս մը՝ Պետրոս Գետադարձ, աւատատէրն էր 500 հայկական գիւղերու եւ կը կեղեքէր ու իբր ստրուկ կը գործածէր հայ գիւղացիները… ի հեճուկս այն աւանդական կուսակցութեան պնդումին, թէ հայ ազգին մէջ չկայ դասակարգային շահագործում… եւ հետեւաբար դասակարգային կռիւ)։ Նախապէս Աստուծոյ տուած թողութիւնը հիմա Պապը կու տայ՝ առանց Աստուծոյ օգնութեան կամ միջամտութեան, քանի որ «սուրբ» կանոնը կ՚ըսէ. “Extra Ecclessium Nulla Salus” (Արտաքոյ Եկեղեցւոյ Չիք Փրկութիւն)։ (Նազովրեցի յեղափոխական Յիսուսը Քրիստոս՝ հակայեղափոխականին զոհող Վատիկանի,– Միջնադարեան խաւարի,– դպրական աստուածաբանութիւնը, վայրի եւ մոնոփոլիստական կապիտալիզմէն առաջ երկու ձեւերով ստեղծած է մենաշնորհի նախատիպը. 1) թողութիւն շնորհելը Աստուծմէ կորզելով, եւ իր մենաշնորհը դարձնելով, 2) Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու միակ միջոցը՝ Վատիկանի ճամբան պարտադրելով, երբ կ՚ըսէ. “To be in communion with God, one must pass by the Vatican”}։
Փոխուեցաւ նաեւ այն, որ ծնաւ Մարդու Որդի եւ յետոյ աստուածացաւը, վերածուեցաւ՝ Յիսուս նախ Աստուած էր, յետոյ մարդացաւ։ Ասիկա Արիոսի դէմ Աթանասիոսի յաղթանակն էր Նիկիոյ ժողովին մէջ, որ կը նշանակէ մերժել աստուածանալու կարողութիւնը մարդուն, եւ մերժել՝ Յիսուսի խոստացած մօտալուտ գալուստ արդարութեան թագաւորութեան՝ այս երկրին վրայ։ Քանի որ՝ մարդանալով արդէն Աստուած-Յիսուս փրկեր է մարդկութիւնը։ Եթէ այս է ճիշդը, ուրեմն ի՞նչու խօսիլ տակաւին սկզբնական մեղքի աբսուրդին եւ վերջին ահեղ դատաստանի ահաբեկչական սպառնալիքին մասին։ (Թոնտրական յեղափոխութիւնը եւ Գրիգոր Նարեկացին կը հաւատան Մարդու Որդիին եւ անոր աստուածանալու կարողութեան եւ կը մերժեն եկեղեցւոյ նուիրապետական կարգը, սկզբնական մեղքն ու վերջին ահեղ դատաստանը…)։
Փոխուած է նաեւ այն, որ սկզբնական յեղափոխական Յիսուսը զանգուածները կը խանդավառէր եւ անոնց գործօն մասնակցութիւնը կը խթանէր դէպի հաւաքական աշխատանք ու պայքար։ Անոր նենգափոխուած կերպարը Քրիստոսի՝ զանգուածները կը մղէ կրաւորականութեան, ապաւինողականութեան եւ ստրկամտութեան։
Դոկտ. Ֆռոմմ, հոգեվերլուծաբանութեան եզրերով, սապէս կը բնութագրէ Քրիստոսի հաւատացեալները. «Քրիստոսի տոկմային հաւատացողը նման է՝ obsessive, compulsive neurotic մարդուն, որ կը կարծէ թէ Քրիստոսի տոկման ընդունող բոլոր հաւատացեալները իրարու նման են, միեւնոյն անձն են, որովհետեւ տոկման անոնց մտածելակերպը դարձուցած է բնազանցական, ոչ՝ դիալեկտիկական»։
Եւ կը բացատրէ, թէ տոկման նման է ուժեղ թելադրութեան մը, որ ենթակայականօրէն ճշմարիտ կը թուի ըլլալ, քանի որ բոլոր հաւատացեալները՝ համախոհ կերպով նոյն ձեւով կը կատարեն բոլոր ծէսերը։ Եւ, տոկմային հարթ հաւասարեցնող այս ուժը, հաւատացեալը կը մղէ սադօ-մազոխական ենթարկումին (sado-massochistic submission)։
Դոկտ. Է. Ֆռոմմ, հաւատացեալին տիրակալ Քրիստոսի տոկմային այս սադօ-մազոխական ենթարկումը կը բացատրէ աստուածավախ այս հաւատացեալին իշխանավախութեամբ… եւ ուրեմն՝ ենթարկուելով ասոր, ինք եւս անբաժանելի մասը կը դառնայ անոր ուժին…։ Ուրեմն, Նացիզմին հետեւող գերմանացիներուն մեծ տոկոսը՝ իր անզօրութեան բարդոյթին մղումով անոր յարողներն էին, եւ ոչ թէ համոզուելով անոր կարգախօսներուն ճշմարտութեան…)։
Եզրակացութիւն
Ուրեմն, Քրիստոսի տոկմային հաւատացողը՝ մտասեւեռ ինքնապարտադրական ջղագարութեամբ վարակուած անձը, կը մղուի սադօ-մազոխական ենթարկւումի…։
- • •
Մարդու Որդի Նազովրեցի Յիսուսի յեղափոխական առաքելութիւնը նենգափոխելու կայսերական Հռոմի աւատատիրական այլանդակութեան, յետագային աւելցան նաեւ՝ դրամատիրական այլանդակութիւնները, որոնք միշտ եկեղեցիէն ներս կը մուծուին՝ եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթին կողմէ, որ արդէն զինակիցը դարձած է տիրող դասակարգին։ Հայկական Թոնտրակեան բարենորոգչական յեղափոխութիւնը արեան մէջ խեղդող Հայց. Եկեղեցւոյ էսթապլիշմէնթը, զինակիցն էր ոչ միայն աւատատիրական միապետական բռնատիրութեան, այլեւ՝ Բիւզանդական Կայսրութեան…։
Վատիկանի «Սուրբ» Օգոստինոս անունով դպրական աստուածաբանը կը քարոզէր թէ՝ ստրկութիւնը, աղքատութիւնը եւ հարստութիւնը մարդոց, նախախնամութեան կարգադրութիւնն է։
Այս նենգափոխումին դէմ ծառացող յեղափոխութիւններուն առաջիններէն եղաւ Հայկական Թոնտրակեան Յեղափոխութիւնը, որ պահանջեց վերադառնալ Սկզբնական Քրիստոնէութեան մաքրամաքուր աղբիւրին, Թ. եւ Ժ. դարերուն։
ԺԶ. դարուն, Եւրոպայի Բարենորոգչական Շարժումը (Reformation), Մարթին Լուտերի եւ Կալվինի առաջնորդութեամբ, եկաւ միայն մասամբ սրբագրելու նենգափոխումը, ի բացառեալ Գերմանիոյ մէջ Թովմաս Մունձերի (Thomas Muntzer) գլխաւորած յեղափոխութենէն, որ նոյնքան արմատական էր, որքան հայկականը, որուն զուգահեռ շարժում մըն ալ կար Թ. դարուն, իսլամ աշխարհին մէջ (Իսմայիլեան), որուն Քարամիթականներու թեւը ուղղակի կը պահանջէր այդ դարուն պատկերացուցած «Սոցիալիզմ»ը։
20-րդ դարու 60-ականներուն, Լատին Ամերիկայի Կաթոլիկ աստուածաբանները վերակենդանացուցին յեղափոխական աստուածաբանութիւնը, մշակելով՝ Ազատագրութեան Աստուածաբանութիւնը, որուն հետեւորդներէն էր Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս-Այրէսի Թեմակալ Առաջնորդ Խօսէ Մարիօ Պերկոլիօ Արքեպիսկոպոսը։
21-րդ դարու առաջին տասնամեակը փառապսակուեցաւ Պուէնոս Այրէսի Թեմակալ Առաջնորդին ընտրութեամբը Վատիկանի Աթոռին՝ Ֆրանչիսկոս Ա. Պապ անունով։
Ֆրանչիսկոս Ա. ներկայիս կը շարունակէ Սկզբնական Քրիստոնէութեան յեղափոխական առաքելութիւնը, հետեւողական պայքար մղելով ոչ միայն Միջնադարու խաւարի Վատիկանի դպրական, ստրկական աստուածաբանութեան դէմ, այլեւ՝ Արդի Ստրկատիրութեան… այսինքն՝ նոր-ազատական Վայրի Կապիտալիզմի բարբարոսութեան դէմ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, որ դար մը առաջ արդէն՝ բարձրաստիճան եկեղեցականի մը կարծիքով, վերածուած էր անշունչ դիակի, այսօր եւս կը մերժէ բարեկարգուիլ…։ (Տողերուս հեղինակը, այս կապակցութեամբ, անցեալի իր գրութիւններուն մէջ տուած է Հայց. Եկեղեցւոյ Ամենայն Հայոց Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ միաբանութիւններէն եւ Պոլսոյ ու Երուսաղէմի պատրիարքութիւններու միաբանութիւններէն՝ արծաթասէր եւ մեծահարուստ կաթողիկոսներու, արքեպիսկոպոսներու, պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու… 12 անուններ)։ Բարեկարգուելու համար, ան կարիքը չունի հետեւելու Ֆրանչիսկոս Ա. Պապին։ Կը բաւէ որ առանց ստորակայութեան բարդոյթի, վերադառնայ Թոնտրակեան Հայկական Յեղափոխութեան, կամ՝ Գրիգոր Նարեկացիի «Ի Խորոց Սրտի Խօսք՝ Ընդ Աստուծոյ»ին, որ Եւրոպայէն չորս դար առաջ բարձրացուց Renaissance-ի եւ Reformation-ի մարդու հոգին ազատագրող հիմնադրոյթները, եթէ չի կրնար որդեգրել Ազատագրութեան Աստուածաբանութեան յեղափոխական աստուածաբանութիւնը: