Կը պատմուի, որ Ռումանիոյ թագաւորներէն մին ատենին ուզած է Պուխարէսթի թանգարանը այցելել: Այցելութիւնը զուգադիպած ըլլալով Ապրիլ 1ին, թագաւորէն առաջ թանգարան փութացած է նշանաւոր նկարիչ մը, որ մուտքին՝ գետնին վրայ մեծ վարպետութեամբ նկարած է տեղական թղթոսկի մը, որուն վրայ կ՛ըսեն, որ կար նոյնինքն թագաւորին նկարը…:
Թագաւորը գետինը դրամ նշմարելով կը հրահանգէ իր օգնականին, վերցնել զայն: Շուտով կը պարզուի, որ ինք զոհ գացած էր Ապրիլ 1ի կատակին….:
Այս մէկը տարիներ առաջ պատահած է սիրելի ընթերցող երբ քաղաքացին կրնար կատակել իր իշխանաւորին հետ եւ ծուղակը ձգել զինք Ապրիլ 1ի սուտով մը:
Հիմա ամէն բան շրջուած է: Հիմա միայն իշխանութեան գլուխ գտնուողն է, որ կը խափէ իր ժողովուրդին շատ յաճախ գետիններն ու օդին մէջ «դրամներ» կամ տնտեսական մեծ խոստումներ «գծել» տալով կամ «ձրիօրէն» բաշխելով բոլորին…:
Այս երեւոյթը Ապրիլ 1ի անմեղ սուտ չէ, այլեւս բնականաբար, այլ՝ ամենօրեայ ոչ անմեղ սուտ…:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ