Զարթօնք Հայրենիքի Մէջ – 36 –
ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
ԶԱՐԱ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակիցներ
1992ին ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ բնակող խումբ մը երիտասարդներ, համախմբուելով Սուրբ Վարդան եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ, հիմնեցին պարախումբ մը, որ յետագային՝ 1995ին ի պատիւ ազատագրուած Շուշիին, այդ անոր անունով անուանեցին խումբը:
Պարախումբը մեծ ճանաչում ունի եւ տարիներու ընթացքին բազմաթիւ հիւրախաղեր ունեցած է տարբեր երկիրներու մէջ՝ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Ամերիկայի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ: 2013ին ՇՈՒՇԻ պարախումբը ընտրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ պաշտօնապէս ճանչցուած Միջազգային պարային խորհուրդի անդամ:
Նշենք, որ խումբի նշանակալից ելոյթներէն է նաեւ 2015ի յուլիսի 5-ին Երեւանի Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ կատարած ելոյթը, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Պարախումբ իր ձեւաւորման օրուընէ ի վեր ներկայացուցած, պահած ու պահպանած է հայկական պարարուեստը, աշխարհին ներկայացնելով հայ մշակոյթը:
«Զարթօնք» օրաթերթը պատիւը ունեցաւ Երեւանի մէջ հետաքրքրական զրոյց ունենալ պարախումբի պարուսոյց եւ գեղարուեստական ղեկավար Սեդա Փասքալեան – Գանթարճեանի հետ: Տիկին Սեդա իրեն յատուկ հաճելի, անկեղծ եւ անմիջական ոճով մեզի ներկայացուց տարիներու իրենց աշխատանքը, ձեռքբերումները, յաջողութիւնները, մայր հայրենիքի Հայաստանի մէջ ՇՈՒՇԻի հրամցուցած ելոյթները եւ յառաջիկայ ծրագիրները։ Այստեղ, տեղին է նշել, որ Տիկ. Սեդա Գանթարճեան 2015ին ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ արուեստի ու մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ ազգանուէր գործունէութեան եւ անմնացորդ նուիրումի համար պարգեւատրուած է նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով: Նոյն տարին Ամենայն Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Տիկ. Գանթարճեանը պարգեւատրած է Էջմիածնի Սահակ Մեսրոպ շքանշանով:
– Տիկին Գանթարճեան, շնորհակալ ենք հարցազրոյցի հրաւէրը չմերժելու համար։ Պատիւը ունինք ձեզի հետ զրուցելու եւ աւելի մօտէն ծանօթանալուձեր հետ, որովհետեւ դուք տարիներէ ի վեր Սփիւռքի մէջ պահեր ու զարգացուցէր էք հայկական մշակոյթը, տարբեր պետութիւններու մէջ ներկայացուցեր էք զայն։ Պիտի խնդրէինք, որ մեզի ներկայացնէք Ձեր կենսագրութիւնը, այնուհետեւ խումբի կազմաւորման, եւ անոր միջոցաւ ձեր տարած գործունէութեան մասին։ Եւ անշուշտ ինչո՞ւ խումը անուանուեցաւ ՇՈՒՇԻ։
– Ես պարել սկսած եմ շատ կանուխ՝ երբ ընդամէնը 5 տարեկան էի։ Եղբայրս Սարգիս Փասքալեանն էր իմ պարուսոյցը (ծնունդով լիբանանահայ հանրածանօթ պարող: 1950-ական թուականներու վերջը Հայրենի պետական երգի պարի անսամպլի Լիբանանի մէջ ելոյթներէն քաջալերուած՝ Սարգիս Փասքալեան, որ պարարուեստի մէջ կը ծառայէր այն օրերուն, Հայրենիք մեկնեցաւ մասնագիտանալու այդ ճիւղին մէջ, ապա վերադառնալով մեծ զարկ տուաւ ՀԵԸ-ի պարախումբի յաջողութիւններուն – խմբ. – )։
Մենք յաճախած ենք Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան դպրոցները եւ ամէն առիթով բեմ բարձրացած ենք։ 1971ին, երբ Ամերիկա մեկնեցանք միշտ կ,ուզէի շարունակել պարելը։ Այդ ժամանակ առիթ ունեցայ եղբօրս հետ աշխատիլ ՀԲԸՄի Անդրանիկ պարախումբին մէջ։ Այնուհետեւ ամուսնացայ, երեխայ ունեցայ եւ այլն։ 27 տարիներ առաջ չորս աղջիկներ մօտեցան մեզի եւ խնդրեցին իրենց պարել սորվեցնել: Այսպէս սկսաւ մեր պարախումբը: Ինչո՞ւ Շուշի, որովհետեւ ճիշտ Շուշիի ազատագրման հետ մեր պարախումբի երրորդ տարեդարձը կը համընկնէր։ Ես ուրախ եմ, որ այսօր մեր պարախումբը ՇՈՒՇԻ անուանումով հանդէս կու գայ աշխարհի տարբեր երկրներուն մէջ։ Հինգ անգամ եղած ենք Հայաստան: Երկուքը Հայաստանի Օփերայի եւ Պալէյի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ: Վերջընդերը Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով էր։ Մենք ելոյթներով եղած ենք Յորդանան, Դամասկոս, Հալէպ, Պէյրութ, Գանատա, ԱՄՆ տարբեր նահանգներ եւ այլն։ Ինձ միշտ կ՛ըսեն, չե՞ս վախնար պարախումբը Հայաստան տանիլ, որովհետեւ Հայաստանն ունի ամենալաւը։ Մենք մեր երեխաներուն չենք բերեր Հայաստան, որ ըսենք մենք ամենալաւն ենք։ Ընդհակառակը, մենք կ՛ուզենք իրենց համեստ ձեւով ներկայացնել, այն ինչը, որ մեր ուժերու սահմանին մէջ է։ Մենք մեր առօրեայ աշխատանքները ունինք մեր ապրած երկրին մէջ: Մեր պարողները արհեստավարժներ չեն։ Շաբաթը 50-60 ժամ աշխատելով, մենք ստեղծած ենք ՇՈՒՇԻ պարախումբը, որ այսօր պատուով կը ներկայացնէ հայկական մշակոյթը։
-Այս անգամ Հայաստան գտնուելու առիթը ձեր Գիւմրիի ելոյթն էր։ Կը խօսի՞ք այդ մասին։ Ինչպէ՞ս անցաւ, ինչպէ՞ս Գիւմրին ընդունեց ՇՈՒՇԻին։
-Ես կ՛ուզէի, որ մեր պարողները մօտէն ճանչնային Գիւմրին ու անոր հողին վրայ պարէին։ Ուրախ եմ ըսելու, որ շատ լաւ ընդունուեցանք։ Խումբը բաւական մեծ էր այս անգամ։ Երաժշտութիւն կար, պար կար, որ շատ մեծ սիրով ընդունուեցաւ։ Նարեկ Յարութիւնեանին Նիւ Եորքէն կը ճանչնամ։ Օր մը անոր ըսի, որ նման ծրագիր ունիմ, կ՛ուզեմ ՇՈՒՇԻն առանձին փայլի, բայց ձեր ըրած գործը եւս շատ կարեւոր է ընել ու միասին պէտք է կարողանանք բան մը յաջողցնել հոն։ Ինքը շատ ուրախացաւ: Հրաւիրեցի ու իրենց 30 հոգանոց նուագախումբով մասնակցեցան։ Մայսթրօ Արտյոմ Խաչատրեանին նուագախումբը իրապէս շատ բարձր մակարդակով ու հրաշալի նուագախումբ է։ Կ՛ուզեմ իրենց օր մը հրաւիրել Նիւ Եորք։ Այս անգամ կրնամ ըսել, որ մեր խումբը կազմուեցաւ Նիւ Եորքէն, Երեւանէն ու Գիւմրիէն։ Գիւմրիէն հրաւիրած էի երաժիշտ Մուրատ Մալխասեանին, իսկ Երեւանէն Սամուէլ Բաղինեանին՝ ասմունքող։ Միջոցառումը նուիրուաած էր Կոմիտասին։ Մենք ոչ մէկ բան չխնայեցինք Մենք նիւթական շահի համար չենք ըներ այն ինչ, որ կ՛ընենք, այլ մեր մշակոյթն ենք, որ կը փափաքինք բոլորին ներկայացնել։
– Տիկին Գանթարճեան, որպէս «կանոն», Սփիւռքի մէջ նման նախաձեռնութիւնները, որոնք ոեւէ միութեան կամ կուսակցութեան հովանաւորութեան տակ չեն, երկար կեանք չեն ունենար։ Ձեր գաղտնիքը ի՞նչ է։
– Ինչպէս ըսի, ՇՈՒՇԻ պարախումբը փոքր խումբով ստեղծեցինք եւ ելոյթներու համար գումար հարկաւոր էր, օրինակ զգեստներու համար։ Հաստատեցինք անդամավճառի դրութիւն: Այս գումարը լրիւ բաւարար էր այդ հարցերը լուծելու համար։ Մենք, ըլլալով հայկական պարախումբ, մեր սեփական տարածքը չունինք Նիւ Եորքի մէջ: Սրահ կը վարձակալենք շաբաթը երկու անգամ։ Գաղութը մեծ է, բայց բոլոր սրահները զբաղուած են, մենք Գորեացիներէն կը վարձակալենք: Պէտք է ըսեմ, որ տարազները կը կարուին Հայաստանի մէջ։ Տիկին Ռոզա Մելքոնեանի հետ միասին մենք կ՛աշխատինք արդէն 15 տարիէ ի վեր: Իր պատրաստած բարձրաճաշակ զգեստները ամէն անգամ մեզի կը հասնին Երեւանէն։ Անշուշտ տոմսերու գիները եւս օգնութիւն են մեզի համար։ Լաւ վիճակի մէջ ենք, կրնանք ամբողջ աշխարհը շրջիլ (կը խնդայ – խմբ.) ։ Ժողովուրդը գիտէ, որ մենք բարձր մակարդակով կը ներկայացնենք հայկական մշակոյթը եւ մեզի կ՛աջակցի։ Ժողովուրդը ինքն ալ մեզի բարձր մակարդակով կ՛ընդունի։
– Խումբը 25 տարիէ աւելի գոյութիւն ունի։ Ո՞րն է անոր շարժիչ ուժը եւ Ձեր՝ որպէս պարուսոյց, յաջողութեան գրաւականը։
– Շատ ատեններ եղած է, որ ես յոգնած, հազիւ քալելով գացած եմ պարի փորձի: Ես ինծի մտածած եմ՝ «Սեդա, դու խե՞նթ ես, այսքան գործերու մէջ ինչո՞ւ այս կ՛ընես»։ Յետոյ 5 ժամ պարի փորձէն յետոյ, ինչպէս կը տեսնէք ես 20-25 տարեկան չեմ ալեւս, տատիկ եմ արդեն, երբ կը քալեմ դէպի մեքենաս, արդէն մոռցած կ՛ըլլամ բացասական մտածումներս…:
Մենք ունինք իրապէս հրաշալի երաժշտութիւն։ Մեր հարուստ երաժշտութիւնն է, որ ինծի կը մղէ նոր պարեր բեմադրել։ Մանաւանդ ունիմ Արա Գէորգեանի նման բարեկամ, որ վերջերս իր գրած «Շուշի» ստեղծագործութիւնը նուիրեց պարախումբին։ Իրեն ալ հրաւիրեցինք անշուշտ մեր ելոյթին։ Կը մաղթեմ, որ բոլոր հայերը մեր իսկական երաժշտութիւնը սիրեն ու պարեն անոնց եղանակով։ Երբ մեր պարախումբին երիտասարդ անդամները հայկական տարազ կը հագնին ու հպարտօրէն բեմ կը բարձրանան ու կը պարեն, ես իմ յոգնածութիւնը լրիւ կը մորնամ։
– Քանի որ պարախումբը 27 տարուայ պատմութիւն ունի, պէտք է խօսիլ նաեւ սերնդափոխութեան մասին։ Ինչպէ՞ս ան տեղի կ՛ունենայ:
-Նիւ Եորքի գաղութին մէջ շատ պարախումբեր կան եւ անշուշտ 27 տարի առաջ, սկսանք ու 2001 թուականին առաջին անգամ եկանք Երեւան, այդ մարդոց զաւակներն են, որ հիմա պարախումբին մէջն են։ Խումբին հսկողութիւնը խիստ է, բայց պատիժ չկայ…։ Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ երիտասարդները, որոնք կրնան Ուրբաթ երեկոն անցնել ընկերներու հետ, կը նախընտրեն գալ պարախումբ եւ այդ 2-3 ժամը հայկական երաժշտութիւն լսել։ Մանաւանդ մեր խումբին երգն ալ կայ։ Երգն ու պարը իրար հետ շատ ճոխ է ու յուզիչ։ Կրնամ ըսել, որ մեր յաջորդ համերգը նուիրուած է Շառլ Ազնավուրին եւ այս անգամ պէտք է նշանաւոր հրաւիրենք երգիչներ Հայկ Պետրոսեանին եւ Իվեթա Մուկուչեանին։ Երկուքին ալ հանդիպեցայ Երեւանի մէջ ու յառաջիկայ Հոկտեմբերի 26-ին համերգ պիտի ունենանք Նիւ Եորքի մէջ։ Պէտք է ամենաբարձր մակարդակով ոգեկոչենք Շառլ Ազնավուրի մահուան տարելիցը։
– Պարախումբի կազմի մասին կը խօսի՞ք։ Քանի՞ հոգի են, աղջիկները կը գերակշռե՞ն, թէ տղաքը։
– Երբ սկսանք, միայն աղջիկներ էին։ Մենք ալ դժուարութիւն ունէինք տղաներ բերելու։ Անոնց մօտ կա փափաքը, բայց փորձի գալու այդ ազատ ժամերը չունին։ Հիմա պարախումբը 120 հոգիէ կազմուած է, որոնց մեծամասնութիւնը աղջիկներ են։ Մինչեւ 17 հոգի տղայ ունէիք, բայց հետագային նրանք սկսան աշխատիլ, համալսարան երթալ եւ այս պատճառով այժմ մեծ տղոց թիւը քիչ է։ Բայց փոքրիկներու խումբին մէջ տղաներ կան։
Տեղին է նշեմ, որ խումբը ունի օգնական տիկիններու խումբ մը, որոնք հսկայական աշխատանք կը տանին։ Կ՛ուզեմ առանձնացնել Տիկ. Թալին Արսլանեան Քիւփէլեանի անունը, որ օր ու գիշեր մօտս է օգնելու: Նաեւ մեծապէս շնորհակալ եմ Տիկ. Սօսի Սեդրակեանին, որ դարձեալ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ օգնելու ինծի: Գործը շատ շատ է, ամէնքս ալ աշխատելով մենք միասին կարողացանք ստեղծել այս պարախումբը ու առաջ տանիլ։ Գիշեր-ցերեկ կ՛աշխատինք: Տոմսերու վաճառք, հագուստներու կարգաւորում, ընկերային համացանցի վրայ ներկայութիւն եւայլն։ Առանց այդ նուիրեալ տիկիններուն անկարելի է, որ ես կարողանայի պարախումբը այս մակարդակի վրայ պահել։ Շնորհակալ եմ իրենց:
– Շատ լաւ։ Կ՛ուզէինք աւելի խօսիլ նաեւ յառաջիկայ ծրագիրներու մասին։ Ի՞նչ հրաւէրներ ունիք, բացի Շառ Ազնավուրի նուիրուած ձեր համերգէն: Ուրիշ ի՞նչ միջոցառումներ կան նախատեսուած։
– Եկող տարուայ համար Պրազիլէն հրաւէր ունինք։ 4 տարի է կը հրաւիրեն, 2020ի օգոստոսին վերջապէս պիտի ըլլանք այնտեղ; Նպատակ ունիմ յաջորդներուն պարախումբը անպայման տանիլ նաեւ Երուսաղեմ։ Այնտեղ փոքր գաղութ ունինք, բայց ես անպայման կ՛ուզեմ, որ մեր պարախումբը այնտեղ ալ գտնուի, ինչպէս հինգ անգամ Էջմիածին եկած ենք, այնպէս ալ այնտեղ կ՛ուզեմ տանիլ զիրենք։ Ինձ բոլորը կ՛ըսեն, որ ինչքա՜ն կարեւոր է Էջմիածինը, նոյնպէս կարեւոր է նաեւ Երուսաղեմը։
Ես պիտի ուզեմ կարեւոր բան եւս աւելցնել։ Երբ սկսանք ՇՈՒՇԻ պարախումբը ձեւաւորել, ծնողները ինձ մօտենալով կ՛ըսէին. «Սեդա, մենք մեր տուներուն մէջ հայկական երաժշտութիւն չէինք լսեր, չկար։ Իսկ հիմա անոնք ՇՈՒՇԻի երգերը կը նուագեն տան մէջ, որպէսզի ազգականները գան, պարեն, ուրախանան։ Մեր առաջին պարը եղած է Ղարաբաղ պարը։ Ծնողները կ՛ըսէին այդ մեր ՇՈՒՇԻի պարն է, երաժշտութիւնն է։
Ես իմ պարողներուն կ՛ըսեմ. «մինչեւ այն պահը, երբ կրնաք քալել, պարել, պարեցէ՛ք։ Բեմի նման հարուստ միջավայր չկայ։ Կը մաղթեմ, որ բոլորը առողջ ըլլան, միշտ պարեն, ես ալ առողջ ըլլամ, որպէսզի ինչքան կարենամ բոլորին սորվեցնեմ… Պարել:
– Տիկին Գանթարճեան շնորհակալ ենք հետաքրքիր եւ բովանդակալից զրոյցին համար։