Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

ՆԱՓՈԼԷՈՆ ՊՈՆԱՓԱՐԹԸ ԵՒ ՍԷՐԸ (ԾՆՆԴԵԱՆ 250-ԱՄԵԱԿ)

Ֆրանսայի կայսր, աշխարհահռչակ զօրավար եւ պետական գործիչ, որ ժամանա-կակից Ֆրանսական պետութեան հիմնադիրը կը համարուի եւ Արեւմուտքի պատ-մութեան ամենաականաւոր գործիչներէն մին: Այն եզակի անհատներէն, որոնք համաշխարհային պատմութեան մէջ դարակազմիկ գործեր ըրած են:

   Նափոլէոն ծնած է 15 Օգոստոս, 1769-ին, Քոր-սիքա կղզիի Այաչօ փոքրիկ քաղաքին մէջ: Ան՝ աղքատ ազնուական, իրաւաբան եւ Քորսիքայի Խորհրդարանի անդամ Քարլօ Պոնափարթի եւ Լեդիցիա Ռամոլինոյի 13 երեխաներէն երկրորդն էր:

   Նափոլէոն իր կրթութիւնը կը ստանայ Ֆրան-սիոյ մէջ. նախ կ’ուսանի Պրիէնի զինուորական դպրոցին մէջ, ուր եւ ակնառու կը դառնայ իր յառաջդիմութիւնը՝ մասնաւորաբար մաթեմա-տիկայի եւ փիլիսոփայութեան մէջ: Կարճ ժամանակ անց, գերազանց ուսման հա-մար, Նափոլէոնին կը տեղափոխեն Փարիզի թագաւորական զինուորական դըպ-րոցը: Այդ դպրոցը ժամկէտէն շուտ աւարտելով կը տեղափոխուի Վալանս՝ շարու-նակելով ուսումը ֆրանսական բանակի սպայի կոչումով:

   Իր վարած յաջորդական փայլուն ճակատամարտերու հետեւանքով, շուտով ան մեծ փառքի կը տիրանայ՝ Եւրոպայի մէջ կը սկսի Նափոլէոնի դարաշրջանը: Ամրա-պընդելով իր իշխանութիւնը, ան նախ Ֆրանսայի ցմահ հիւպատոս կը դառնայ, որմէ ետք՝ երկրի կայսր կը հռչակուի: Ամբողջ աշխարհը հաշուի կը նստի Նափոլէոնին հետ, բացառութեամբ Անգլիայի, որ այդպէս ալ եղաւ իր «կոկորդին մնացած ոսկո-րը»:

   Նափոլէոն կը մահանայ 1821-ի Մայիս 5-ին, 52 տարեկանին (որոշ ուսումնասի-րողներու կարծիքով՝ թունաւորումէ): Անոր աճիւնը կ’ամփոփուի Փարիզի Հաշման-դամներու Տունին մէջ:

   Փառաւոր զօրահրամանատար ըլլալով հանդերձ, Նափոլէոն Պոնափարթ աշ-խարհին յայտնի է նաեւ իր տարօրինակութիւններով: Օրինակ՝ օփերային արուես-տի մեծագոյն սիրահար ըլլալով հանդերձ, անիկա բնաւ չէր ծափահարեր օփերային ներկայացումներուն եւ կ’արգիլէր ատիկա ընել ուրիշներուն ալ: Ան գերտոկուն անձնաւորութիւն մըն էր. օրական 2-3 ժամ կը քնանար միայն: Սակայն, կեանքի մայրամուտին արդէն, շուտ կը յոգնէր եւ յաճախ քնանալու պահանջ կ’ունենար:

   Այդ վտիտ, փոքրամարմին միապետը, որ ընդամէնը 157 սմ հասակ և կանացիա-կերպ կազմուածք ունէր, սակայն՝ ամեհի կամք եւ անկոտրում նպատակասլացու-թիւն, նախանձելի յաջողութիւն ունէր կանանց քով:

   Նափոլէոնի կեանքին մէջ մեծ դեր ունեցած են կանայք։

   Եթէ երիտասարդ սպայի հոգին պատանեկան տարիքին պարուրուած էր միայն իր հայրենիքի և ընտանիքի հանդէպ, ինչպէս նաև Ժան Ժաք Ռուսսոյի գործերու նկատ-մամբ տածած սիրով, ապա յետագային ան դարձաւ անձ մը, որ երկու կին ու բազմա-թիւ սիրուհիներ ունեցաւ։

   Երիտասարդ Նափոլէոնը իր նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէր․ «Ի՞նչ է սէրը… Ատիկա սեփական թուլութեան գիտակցումն է, որ շուտով կը տիրէ միայնակ մար-դու ողջ էութեանը։ Միաժամանակ, ատիկա սեփական անձին իշխելու կարողութիւ-նը կորսնցնելու զգացումն է։ Սիրտդ մէկ կը սեղմուի, մէկ կ’ուռչի կրծքավանդակիդ մէջ. ան աւելի ու աւելի արագ կը տրոփէ, և աչքերէդ երանութեան արցունքները կը յորդին։ Այդ է սէրը»:   

   Կնոջ արժանիքները անոր համար կը խտանային մայրութեան և լաւ տնտեսուհի ըլլալուն մէջ։  Ան կնոջ ամենակարևոր բարեմասնութիւնը ամօթի զգացումը կը հա-մարէր․«Ամօթխածութիւնը կնոջ համար նոյնն է, ինչ այր մարդուն համար խիզա-խութիւնը։ Ես հաւասարապէս կ’ատեմ ինչպէս վախկոտ այր մարդուն, այնպէս ալ անամօթ կնոջը»:

   Պոնափարթ շատ խիստ էր ընտանեկան բարոյականութեան հարցին վերաբեր-եալ։ Ազատ կենակցութիւնը, որ յեղափոխութեան շրջանին համընդհանուր երևոյթ դարձած էր երկրէն ներս, անոր համար անթոյլատրելի անբարոյականութիւն մըն էր։

Բազմիցս խօսուած է Նափոլէոնի տարբեր սիրային կապերու մասին: Սակայն անոր մե-ծագոյն սէրը Մարիա-Ժոզէֆ-Ռոզը՝ Ժոզէֆի-նան եղաւ, որուն հետ միապետը ամուսնա-ցաւ եւ կայսրուհիի տիտղոսը շնորհեց անոր: Եթէ ան երբևէ ընդունեց ոևէ կնոջ՝ իբրև ան-հատականութիւն, կանացի կատարելատիպ, ապա ատիկա միայն Ժոզէֆինան եղաւ։

   Նափոլէոնին համար կարևոր չէր որ այդ կինն իրմէ վեց տարի մեծ էր և երեխաներ ու-նէր։ Ժոզէֆինայի հետ միութիւնը անոր հա-մար իրական երջանկութիւն մըն էր։

   Անոնց ամուսնական համաձայնագիրին մէջ անձնական տուեալները որոշ փոփո-խութիւններով գրանցուեցան. Ժոզէֆինան ինքզինքը 4 տարի պզտիկ ներկայացուց, իսկ Նափոլէոնը իր տարիքին 1.5 տարի աւելցուց։ Սակայն, ամուսնութենէն վերջ, սկզբնական տարիներուն Ժոզէֆինան անհաւատարիմ եղաւ իր ամուսնոյն, և ամ-բողջ բանակն ու քաղաքը գիտէին այդ մասին։ Իսկ Նափոլէոն՝ հաւատալով իր սի-րոյն, այդ լուրերը ստոր բամբասանք կը նկատէր։ Աստիճանաբար անիկա հասկցաւ որ, իրապէս, կինը խաբած և դաւաճանած է իրեն։ Նափոլէոն ներեց Ժոզէֆինային, բայց չմոռցաւ դաւաճանութիւնը, և անոնց դերերը շուտով փոխուեցան. ամու-սինն այլևս սէր չէր խնդրեր կնոջմէ, Ժոզէֆինան ընդհակառակը, նոր սկսած էր սի-րել եւ հասկնալ ամուսնոյն։

   Եւ Նափոլէոն, որուն առաջ չքնաղ կանայք չէին հետաքրքրեր, որ միշտ հրաժարած էր ամէն տեսակ վայելքներէ (միայն Ժոզէֆինայով տարուած էր), կարծես վրէժէն դրդուած, այլևս անհրաժեշտ չէր համարեր հաւատարիմ մնալ կնոջը։ Ան սկսաւ սիրաբանիլ այլ կանանց հետ, և մէկը միւսին ետևէն փոխել սիրուհիները։ Արդէն ո՛չ թէ Նափոլէոնը յուսահատ կը խանդէր, այլ՝ Ժոզէֆինան, որովհետև ամուսինը ազա-տօրէն իրեն կը պատմէր իր ամենատարբեր սիրային արկածներու մասին։ Ժոզէֆի-նան անոր համար այլևս լաւագոյն բարեկամ մըն էր պարզապէս, որուն հետ ինք դիւրութեամբ կը կիսուէր ու կը պատմէր ամէն բան։

   Տարիները թաւալեցան, Ժոզէֆինայի տարիքը յառաջացաւ, բայց ան այդպէս ալ չը-կըրցաւ գահաժառանգ, զաւակ պարգեւել կայսեր, որու համար կը տանջուէր նա-խանձէն ու այն միտքէն, թէ իրմէ երիտասարդ այլ կին մը կրնայ գրաւել իր տեղը։

   Չնայած Նափոլէոն չէր ուզեր լքել կնոջը, որովհետև շնորհակալութեան և պար-տաւորուածութեան զգացումէ զատ, նաև տակաւին անսահման կը սիրէր անոր, այ-նուամենայնիւ սկսաւ մտածել նոր ամուսնութեան մասին։ Անիկա ստիպուած էր այդ քայլին դիմելու քաղաքական տեսանկիւնէ դրդուած՝ արքայական ցեղը շարու-նակելու համար թագաժառանգ մը պէտք էր։  Շուտով որոշուեցաւ որ Նափոլէոնը պէտք է ամուսնանայ դքսուհի Մարիա-Լուիզային հետ։ Նափոլէոնն ու Ժոզէֆինան՝ ի շահ Ֆրանսայի, վերջ դրին իրենց ամուսնութեան, որ մեծ տառապանք մըն էր եր-կուքին համար ալ։ Բաժանումէ յետոյ Նափոլէոնի գրած նամակները ապացոյցն էին այն բանին, որ ան չէր դադրած Ժոզէֆինային սիրելէ։ Իր երկրորդ ամուսնութենէն վերջ, և մինչեւ իր կեանքին վերջին պահը, ան միշտ սիրով կը յիշէր իր առաջին կը-նոջը։ Երբ կայսրը վերադարձաւ Էլպայէն, իր քարտուղարին ըսաւ․«Ժոզէֆինան հի-ասքանչ կին էր, խիստ առողջ դատողութեամբ։ Ես անոր կորուստը ծանր կը տանիմ։ Այն օրը, երբ ստացայ Ժոզէֆինայի մահուան լուրը, իմ կեանքիս ամենադժբախտ օրն էր»:

   Ժոզէֆինան կեանքէն հեռացաւ Նափոլէոնի Էլպա աքսորուելէն կարճ ժամանակ անց։ Անոր հրաժեշտի խօսքերն էին․ «Էլպա, Նափոլէոն»:

   Աշխարհահռչակ զօրավարը երեք զաւակ ունեցաւ, որոնցմէ մէկն էր միայն Ֆրան-սայի օրինական թագաժառանգը:

   Նափոլէոնին  նախ ժառանգ մը պարգևեց իր սիրուհիներէն մէկը՝ 18-ամեայ Էլեո-նորա Տէնիւէլ տը լա Բլէնը։ Սակայն այդ ժառանգը՝ կոմս Լէօնը, չափահաս դառ-նալով, անհաշուենկատօրէն ամենաշուայտ կեանքը սկսաւ վարել. ան խաղամոլ, անգործունեայ և ոչ խելամիտ մէկն էր: Հզօր կայսեր ժառանգը, որ ժամանակին շը-քեղութեան և հարստութեան մեջ թաղուած, վայելած էր Նափոլէոնի փառքի ու հզօ-րութեան պտուղները, կեանքին հրաժեշտ տուաւ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ։

   Նափոլէոնի մեծ սէրը եղաւ նաև՝ լեհուհի  կոմսուհի Մարիա (Մարիցա) Վալևսքա-յեան, որ սկիզբը մերժեց ամենազօր զօրավարի առաջարկը: Տակաւին ոչ ոք մերժած էր անոր: 18-ամեայ գեղեցկուհիին տիրելու համար  կայսրը խոստացաւ, թէ ամէն ինչ կ’ընէ ի շահ անոր հայրենիքին: Եւ կոմսուհին, ընդառաջելով իր երկրի պաշտօնեաներու խնդրանքին՝ հայրենիքին օգտա-կար ըլլալու յոյսով, զսպելով իր կանացի արժանապատ-ւութիւնը, դժկամութեամբ և արտասուելով գնաց կայսեր քով: Այնտեղէն հեռանալու պահուն, Մարիան դեռեւս կ’ար-տասուէր: Երեք օր վերջ անոնք դարձեալ հանդիպեցան. Վալևսքայեան այլեւս չէր լար: Անոր դիմադրութիւնը վեր-ջապէս տեղի տուաւ, երբ միայնակ մնաց կայսեր հետ, և Մարիան մինչև լոյս մնաց անոր քով: Ան պարտուած էր: Նափոլէոնի անկեղծ և զօրաւոր զգացումը նուաճած էր կոմսուհիին սիրտը և նոյն-պիսի զգացում ծնած՝ անոր մէջ: Նափոլէոն շատ երջանիկ էր իր նոր սիրոյ հետ, սակայն մոռցած էր լեհական թագաւորութիւնը վերականգնելու իր խոստումը: Վալ-ևսքայեան խորապէս վիրաւորուած էր, բայց չլքեց Պոնափարթին:

    Երբ Նափոլէոնը գիտցաւ որ Մարիան յղի է, շատ ուրախացաւ։ Երեխան ծնաւ և անուանուեցաւ Ֆլորիան-Ալեքսանդր-Իոսիֆ։ Սակայն, երբ կոմսուհին, որ արդէն անկեղծօրէն կը սիրէր կայսրին, շտապեց Փարիզ՝ սիրեցեալին քովը ըլլալու համար, գահին արդէն բազմած էր Պոնափարթի երկրորդ կինը՝ Աւստրիոյ արքայադուստր, դքսուհի Մարիա-Լուիզան:

   Վալևսքայեան որդուն յաճախ կը բերէր հօրը քով, որ Ալեքսանդրին մեծ քնքշու-թեամբ ու սիրով կը վերաբերէր։ Մարիա Վալևսքայեան, անկախ ամէն ինչէն միշտ հաւատարիմ մնաց Նափոլէոնին, միշտ անոր մօտ եղաւ։ Երբ Նափոլէոնի աստղը վերջնականապէս խամրեցաւ, և բոլորը լքեցին անոր, Վալևսքայեան որդւոյն հետ ե-կաւ Էլպա, աքսորեալին քով՝ կիսելու անոր դժբախտութիւնը։ Սակայն, Նափոլէոն մերժեց Վալևսքայեայի զոհողութիւնը, յոյս ունենալով որ իր մօտ կու գան Մարիա-Լուիզան ու իր օրինական որդին, որոնք այդպէս ալ չեկան, իսկ Նափոլէոնը վերջնա-կանապէս կորսնցուց իրեն հաւատարիմ անձը:

Նափոլէոնի երկրորդ ամուսնութիւնը, որ պարզապէս դիւանագիտական, քաղա-քական հաշիւներէ դրդուած ամուսնութիւն մըն էր, անոր կործանումը դարձաւ: Ան, իր կեանքի այդ շրջանն անուանած է «ծաղիկներով քողարկուած անդունդ»:

   Աւստրիոյ կայսեր դստեր հետ ամուսնանալով, անոր սիրելէ զատ, Նափոլէոն յոյս ունէր իր եւ Ֆրանսայի համար երկա-րատև խաղաղութիւն հաստատել և հասնիլ քաղաքական նպաստաւոր պայմաններու: Դժբախտաբար անսպասելիօ-րէն գահն ու կայսրութիւնը կործանեցան…

   Ի սկզբանէ Մարիա-Լուիզան լուրջ չէր ընդուներ իրենց կան-խատեսուող ամուսնութիւնը՝ չպատկերացնելով, թէ ինք կըր-նայ դառնալ այն «անաստուած քորսիքացիին» կինը, որ այդ-քան դառնութիւն պատճառած էր իր հօրն ու երկրին։ Սակայն, հնազանդելով հօրը և նախարարներու կամքին, որոնք այդ ամուսնական միութեան մէջ կը տեսնէին Աւստիրոյ պետականութեան պահպանման երաշխիքը՝ յանուն հայրենիքի բարօրութեան, Մարիան «զոհեց» ինքզինքը։ Մինչդեռ 41-ամեայ Նափոլ-էոնը կատարելապէս սիրահարուած էր իր երիտասարդ հարսնացուին, որ միակող-մանի, բայց գերազանց դաստիարակութիւն ստացած էր: Ան լիարժէք երջանկու-թեան և երանութեան մէջ էր. վերջապէս կրնար ժողովուրդին ցուցադրել իրական արքայադստեր:  Շուտով Մարիա-Լուիզան երկրին համար լոյս աշխարհ բերաւ եր-կար սպասուած օրինական թագաժառանգը: Որդւոյն առաջին ճիչը լսելով՝ Նա-փոլէոն ոտքի ցատկելով նետուեցաւ դէպի երախան, իր ձեռքերու մէջ առաւ և համ-բուրեց անոր։ Ուրախութեան արցունքները կը հոսէին անոր այտերն ի վար։ 

   Դեռևս օրօրոցին մէջ՝ Նափոլէոն-Ֆրանց-Քարլ-Ժոզէֆ ստացաւ «Հռոմի կայսր» հնչուն տիտղոսը։ Որդւոյն ծնունդէն յետոյ Նափոլէոնի և կնոջը միջև օտարացման շրջան սկսաւ։ Կայսրը իր ամբողջ ազատ ժամանակը կը տրամադրէր միայն զաւա-կին, որուն կ’աստուածացնէր, իսկ որդին ալ շատ կը սիրէր հօրը:

   Սակայն, շուտով կրկին «սև ամպեր կուտակուեցան» Նափոլէոնի գլխուն վերև, և երբ ան դարձեալ աքսորուեցաւ, Մարիա-Լուիզան, որ փառքի ու երջանկութեան ժա-մանակ ամուսնոյն կողքին էր՝ դժբախտութեան մէջ միայնակ ձգեց անոր։ Ան, առ-նելով որդին, հեռացաւ Աւստրիա (որդին նոյնպէս գերիի վիճակով կը պահուէր հոն և կը տառապէր տարաբախտ հօրը կարօտէն)։

   Նափոլէոն ներեց կնոջը՝ կարծելով, թէ անիկա հանգամանքներու զոհ դառնալով չկրցաւ իր քով երթալ ու միշտ հաւատարիմ մնաց իրեն։ Դժբախտը չէր գիտեր որ կի-նը շատոնց ամուսնացած էր ուրիշին հետ և արդէն քանի մը երեխայ ունէր անկէ։

   Նափոլէոն կնոջը կտակեց իր սիրտը, որ սպիրթով լեցուն անօթի մը մէջ անոր պի-տի հասցուէր։ Սակայն ան այդպէս ալ չգիտցաւ որ այդ կտակը ոչ մէկ արժէք ներկա-յացուց իր «բարի Լուիզային» համար։

   Չնայած սիրտը Լուիզային կտակելուն՝ Ս. Հեղինէ կղզիին վրայ աքսորեալ մահա-մերձ Պոնափարթի շուրթերէն հնչած վերջին բառերը եղան․ «Բանակ, Ֆրանսա, Ժո-զէֆինա». ասոնք էին աշխարհը գրաւած հզօր կայսեր երեք ամենակարևոր «տկա-րութիւնները»։

Պատրաստեց՝  Շաքէ Մարգարեան

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին