ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեամբ՝ ընթացիկ օգոստոս 13-ին Շուշիի կերպարուեստի պետական թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ երգչուհի Շողիկ Թորոսեանի մենահամերգը: Այս ձեռնարկը լիբանանահայ սոփրանոյի առաջին ելոյթն է Արցախի մէջ: Երգչուհին ինքզինքին համար բացայայտեց Արցախը, իսկ արցախցիների համար իսկական բացայայտում մըն էր լիբանանահայ երգչուհին: Ան այսուհետ սպասուած հիւրը կ՛ըլլայ Արցախի բեմին:
Լիբանանահայ երգչուհին Արցախ եկած է իր ամուսնին եւ դստեր հետ՝ աւելի շեշտելով այն հանգամանքը, որ այցը առաջին հերթին ճանաչողական բնոյթ ունի: Ինչ կը վերաբերի համերգին, ապա ան պէտք է կայանար նախորդ տարուայ՝ 2018-ի օգոստոսին, սակայն ինչ-ինչ հանագամանքերու պատճառով յետաձգուած էր: Մէկ տարուայ յետաձգումով, բայց ոչ պակաս սիրով՝ լիբանանահայ երգչուհիին հիւրընկալեցին Շուշիի Կերպարուեստի թանգարանին մէջ, որ ժամանակէ մը ի վեր արդէն ոչ միայն տարբեր ազգութիւններ եւ ժամանակներ ներկայացնող նկարիչներու, քանդակագործներու ստեղծագործութիւններով հիանալու վայր է, այլեւ փոքրիկ ու ջերմ համերգներու սրահ: Արցախի մէջ ելոյթ ունենալը սոփրանոյի երազանքն էր, բայց Արցախի մէջ իր առաջին ելոյթը Շուշիի մէջ ըլլալը ան նոյնիսկ չէր երազէր: «Իրականացաւ իմ երազը՝ երգել հայրենի հողին վրայ, անոր հերոսական զաւակներու համար: Բոլորովին այլ զգացողութիւններ են: Իսկապէս ազդուած եմ»,- յուզմունքը չի ծածկեց Շողիկ Թորոսեանը: Երգչուհին կը դասաւանդէ Լիբանանի Բարսեղ Կանաչեանի անուան երաժշտական դպրոցին մէջ, որուն շրջանաւարտն է: Ան կ՛երգէ նաեւ Լիբանանի եկեղեցական երգչախումբերուն մէջ, հանդէս կու գայ համերգային ծրագիրներով, ինչպէս Լիբանանի մէջ, նաեւ ալ անոր սահմաններէն դուրս: Ամեն տեղ տարածել հայ երգը. այս, իրեն համար ոչ թէ աշխատանք է, այլ առաքելութիւն: Շուշիի մէջ կայացած համերգի ծրագրին մէջ կային հայ երաժշտահաններու եւ երգահաններու՝ Կոմիտասի, Տիգրանեանի, Կանաչեանի, Աւետիսեանի, Պերպերեանի յայտնի ստեղծագործութիւնները: Երգչուհին կատարած է նաեւ իրեն համար գրուած երկու երգ: Սոփրանոյին նուաագակցեցաւ դաշնակահար Նելլի Սարգսեան: Ան Արցախէն է եւ շատ կարճ ժամանակահատուածիէր մէջ ծանօթացած է համերգային ծրագրին: Երգչուհիին հետ անոնք ընդամէնը 2 փորձ կատարած են՝ Հայրենիք-Սփիւռք մշակութային կամուրջ կառուցելով: «Երգչուհին ինքն ալ զարմացած էր, որ նման կարճ ժամանակահատուածի մէջ կրցանք համագործակցութեան այսպիսի մակարդակի հասնիլ»,- հպարտութեամբ կ՛արձանագրէդաշնակահար Նելլի Սարգսեանը:
Համերգի կայացմանը նպաստած է Վարանդա երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Զաքար Քեշիշյան: Ան կը վստահեցնէ, որ Սոփրանոյի հետ համագործակցութիւնը հարստացուցէր է նաեւ Վարանդայի երգացանկը: «Երկու երգ խմբագրած եմ, որ «Վարանդա» երգչախումբը, որուն մասին երգչուհին շատ լսած էր, կարողանայ իր հետ հանդէս գալ այս համերգին: Այդպէս ալ ըրինք եւ ամէն ինչ շատ յաջող դուրս եկաւ»,- գոհունակութիւնը չի թաքցնէր Զաքար Քեշիշեան:
Համերգի ընթացքին կայացէր է նաեւ ապրիլեան զոհերու յիշատակին նուիրուած երգի մը մեկնարկը: Խօսքերու հեղինակը Միքայէլ Հաճեանն է: Ան «Թալիշի դիրքերում» բանաստեղծութիւնը նուիրած է որդիին՝ Նորայրին և անոր մարտական ընկերոջ՝ Սարգիսի յիշատակին: Երաժշտութիւնը գրած է լիբանանահայ Վահրամ Էմմիեանը: Երգչախմբային տարբերակը մշակած է Զաքար Քեշիշեան: «Ես հիացած եմ: Մեր ընտանիքն ալ շատ գոհ է: Այս մեր երգին արցախեան մեկնարկն էր»,- յուզմունքը չի պահէր Միքայէլ Հաճեան:
Երգչուհիին սիրեց հանդիսատեսը, անոր անզուգական կատարումները ընդունեցին ջերմ, սիրալիր ժպիտով, ճանապարհեցին՝ բուռն ծափերով: Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու և զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան հաստատեց, որ այս համերգը սկիզբն է նոր համագործակցութեան: Տարբեր բառերով՝ ապագային նոր համերգներու ծրագրեր կ՛ուրուագծուին:
Ստեփանակերտ