Կիրակի, 06. 10. 2024

spot_img

Յուշ-Երեկոյ Նուիրուած՝ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի Ծննդեան 150 Ամեակին (լուսանկարներ)

Գրիգոր Պոյաճեան

Կիրակի, 11 Օգոստոս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Զմմառու Մայրավանքի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ Երանելիին նուիրուած յուշ-երեկոյ:

Յոբելեանին նախագահեց՝ Ամեն. եւ Գերերջ. ՏՏ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարք՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետը:

Սոյն միջոցառումը կազմակերպութիւնն էր Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի տեսչութեան:

Յուշ-երեկոյին ներկայ էին պետական նախարարներ Տիարք՝ Աւետիս Կիտանեան, Ռիշար Գույումճեան, պետական բարձրաստիճան այրեր եւ երեսփոխաններ, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Հոգշ. Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան, Մարունիներու Մար Պշարա Րաաի Պատրիարքի ներկայացուցիչ՝ Եուհաննա Ռաֆիք Ալ Ուարշա առաջնորդը,  Պէյրութի լատիններու թեմի առաջնորդ Արհ. Տ. Սեզար եպս. Եսայեան, Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսաց եւ կղերից դասը, Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան անդամները, գլխաւորութեամբ` մեծաւոր մօր՝ Արուսեակ Սաճոնեանի, քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներ, բարեսիրական, մշակութային եւ կրթական մշակներ եւ հայորդիներ:

«Տէրունական աղօթք»ով եւ Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութեամբ ընթացք առած յուշ-երեկոյին բացման խօսքը արտասանեցին հայերէնով՝ դպրեվանքի Տեսուչ Հ. Գրիգոր Վրդ. Պատիշահ, արաբերէնով՝ փոխտեսուչ Հ. Տիգրան Վրդ. Փիլիպպոսեան, անոնք հակիրճ ձեւով ներկայացուցին  դպրեվանքի պատմութիւնը «270 տարի առաջ՝ 1749-ին, Միջին Արեւելքի մէջ հիմնադրուած՝ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան վանական համալիրի յարկին տակ՝ 1750-էն գործող տարածաշրջանի առաջին հայկական հոգեւոր ճեմարանը՝ դարբնոցը հանդիսացաւ խումբ մը անզուգական Զմմառեան միաբաններու, որոնք իրենց անձնուէր եւ ազգանուէր գործունէութեամբ՝ սփիւռքի տարածքին եւ ներկայիս հայրենիքի մէջ եւս՝ իրենց նշանակելի աւանդը բերին ազգապահպանութեան եւ մարդակերտման նուիրական գործին: 2001-ին, կրթօճախի ժառանգաւորաց բաժինը վերաիմաստաւորուեցաւ՝ վերանուանուելով նուիրեալ միաբան վարդապետի, Մեծ հայու՝ Իգնատիոս Մալոյեանի անունով: Ան իր նահատակութեամբ վկան դարձաւ՝ վասն հաւատոյ եւ հայրենեաց զոհաբերումին, որով 2001 Հոկտեմբեր 7-ին, Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի կողմէ Երանելի հռչակուեցաւ», հայր սուրբերը Երանալիին բարեխօսութիւնը հայցելով եզրափակեցին իրենց խօսքը:

Ապա Հ. Մաշտոց վրդ. Զահթերեանը ընթերցեց ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան սոյն տօնի առթիւ յղած ուղերձը, ըստ որում «1915թ. ապրիլ ամիսը հայ ժողովրդի եւ մարդկութեան պատմութեան մէջ ողբերգական ու սարսափելի էջերից մէկն է, որը պատմում է, թէ որքա՛ն ծայրահեղօրէն տարբեր կարող է լինել Մարդը: Այս պատճառով, յիշութեան մէջ անդրադառնալով անցած դարասկզբի դէպքերին, մենք վեր ենք հանում ոչ միայն դաժան եւ արիւնարբու պատկերներ, այլեւ մարդկային հոգեւոր սխրանքի օրինակներ, որպէսզի դրանցով կրթուեն, դաստիարակուեն եւ ոգեշնչուեն մեր մանուկները եւ երիտասարդները:

Նահատակուած Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը այն հայն էր եւ հոգեւորականը, որի օրինակը կարող է ուսանելի լինել թէ՛ դպրեվանքի սաների եւ թէ՛ ցանկացած հայի համար:

Ապրել գաղափարի համար, ապրել  ոգեղեն կեանքով եւ սփռել կրթութեան լոյսը մեր ժողովրդի երկնաշնորհ առաքելութիւնն է: 1750 թուականին հիմնուած Միջին Արեւելքի առաջին կրթօճախը հանդիսացող Զմմառի Պատրիարքական կղերի միաբանութեան դպրեվանքը դրա լաւագոյն ապացոյցներից մէկն է: Կրելով Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անունը՝ դպրեվանքը մի կողմից արձանագրում է իր ձեռքբերումները դաստիարակութեան եւ կրթութեան գործում, միւս կողմից՝ նախանշում է իր հետագայ ընթացքը, գործունէութիւնը, իր ապագան:

Թո՛ղ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանին նուիրուած սոյն յուշ-երեկոն եւս մէկ առիթ հանդիսանայ գիտակցելու եւ իմաստաւորելու մեր կորուստները եւ ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ հետագայ նպատակները եւ խնդիրները:

Արագընթաց փոփոխութիւնների այս դարում չարի դէմ պայքարը չի վերանում: Սեփական գոյի, տեսակի համար մաքառումը շարունակւում է: Եւ այս իմաստով մեծ է դպրեվանքի եւ քարոզուող բարոյական ու մարդկային օրինակների դերը»:

Ուղերձին յաջորդեց ժառանգաւորաց երգչախումբի կատարողութեամբ «Տէր Ողորմեա» եւ «Կիլիկիա» մաղթերգը:

Օրուան բանախօս՝ Ժագ Քէշիշեան ամենայն մանրամասնութեամբ եւ խորազնին ուսումնասիրութեամբ ներկայացուց Երանելիին վարքը, ծաւալած գործունէութիւնը, նահատակութիւնը եւ երանելիացումը ըսելով. «1915 թուին, ազգային արժանապատուութեան ոտնահարումի եւ հայ ժողովուրդի ուսին ծանրացած անագորոյն լուծի մռայլ օրերուն՝ Երանելի Մալոյեան, իր կեանքի 46-րդ տարին, ցեղասպան թուրքին խարդաւանանքին զոհ գնաց: 2019 թուականը կը յատկանշուի Երանելի Մալոյեանի ծննդեան 150 ամեակի յիշատակումով: Աւազանի անունով՝ Շուքրալլա Մալոյեան, ծնած է Մարտին 1869-ին, 1883-ին կ’ընդունուի Զմմառու դպրեվանք: 1896-ին, ուսումը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք քահանայ կը ձեռնադրուի, ստանալով Իգնատիոս անունը: 1911-ին, Մարտին քաղաքի եւ անոր շրջակայ գիւղերուն եպիսկոպոս կ’ընտրուի եւ օծումը կը ստանայ Հռոմի մէջ: 1912-ին, կը մեկնի Մարտին, ուր կը ստանձնէ տեղւոյն Առաջնորդական պաշտօնը: Ան իր անսասան հաւատքով, անսպառ եռանդով, հեղինակութեամբ եւ եղերական վախճանով՝ հայ ժողովուրդի բիւրաւոր նահատակներուն դասին միացաւ»:

Գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուեցաւ բանախօսութեան ընթացքին ուր՝ Սրբոց Հրեշտակապետաց Միացեալ հոգեւոր Ճեմարանի դպրեվանեցիները ասմունքեցին Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական»ը, Արամ Սաատոն «Տլէ Եաման»ը, Նշան Հաննէշեան «Իլ սօն թօմպէ»ն, Գէորգ Ներսէսեան «Հրեշտակային»ը՝ երգեցին. երգեհոնի ընկերակցութեամբ՝ Պետրոս Մարաաշլի Հատտատի:

Ապա ցուցադրուեցաւ Երանելի Մալոյեանի նուիրուած տեսանիւթ:

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր՝ Գերպծռ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան արաբերէնով՝ աղօթք մը  բարձրացուց առ Աստուած: Այնուհետեւ ժառանգաւորաց երգչախումբը հնչեցուց Մալոյեանի նուիրուած «Բազմաչարչար» ողբերգը, ապա հանրութիւնը միասնաբար արտասանեցին Մալոյեանի ձօնուած աղօթքը:

Ամեն. եւ Գերերջ. Տ.Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարք, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Հայրապետի «Պահպանիչ»ով եւ Երանելիին ձեռաց խաչի օրհնութեամբ վերջ գտաւ օրուան յուշ-երեկոն: Աւարտին ներկաները ստացան Մալոյեանի մասունքով պատրաստուած դիմանկարը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին