Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

ՀԲԸՄ-ի վեթերաններ. Պտոյտ Դէպի Հիւսիսային Լեռնալիբանան

Մարիա Ուստագարայեան Ղարիպեան

         2008 թուականէն սկսեալ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան վեթերաններու համախմբումը ամրան եղանակին պտոյտ կը կազմակերպէ երկու նպատակով. առաջին՝ Միութեան անդամները քով քովի բերելու, իրարու ծանօթացնելու եւ իրարմով ուրախացնելու առիթ մը ստեղծել, երկրորդ՝ նոյն չափ կարեւոր նպատակ մը՝ Միութեան անդամներուն ծանօթացնել մեր երկրորդ հայրենիքին՝ Լիբանանի բնութիւնը, պատմութիւնը, մշակոյթը, ու զանազան գաւառներ այցելելով ծանօթանալ այդ տեղի մարդոց կենցաղին, բնաւորութեան եւ ունեցած դժուարութիւններուն:

         Յիշենք մի քանի վայրերու անուններ ուր վեթերանները այցելած են վերջերս: Հիւսիսային Լիբանան Միզյարա, կեդրոնական եւ արեւմտեան Պէքաա՝ Զահլէ եւ Ռաշայա, Հարաւային Լիբանան՝ Մաղտուշէ եւ Լիբանանի հարաւային սահմանի գիւղերը:

         Այս տարուան մեր պտոյտը կրկին Հիւսիսային Լիբանան էր, Պշարրի եւ Տիման:

         Պէտք է խոստովանիլ որ իւրաքանչիւր պտոյտ որ կը կազմակերպուի վեթերաններու համախմբումին կողմէ, ամիսներու աշխատանք կը խլէ անդամներէն, որոնք նախօրօք կ’այցելեն այդ վայրերը. հետազօտելով պատմական յուշակոթողներ, ճամբաներուն վիճակը, ճաշարաններն ու փոխադրական միջոցները:

         Թուական 4 Օգոստոս 2019. շուրջ հարիւր հոգի, ամէն սեռի, տարիքի վեթերան անդամներ եւ հիւրեր հաւաքուած էին Հըրշ Թապէթի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ –ի Զապէլ Մովսէսեան շէնքին բակը, ուրկէ երկու խոշոր հանրակառքերով առաւօտեան ժամը 8-ին ճամբայ ելանք դէպի Հիւսիսային Լեռնալիբանան՝ Պշարրի: Առաջին կանգառը եղաւ Պաթրուն, Պիթար Պէյքըրիի ծաղարանը, ուր նախաճաշի սպասարկութիւն տեղի ունեցաւ: Ժամ մը ետք կրկին ճամբան էինք: Երկրորդ կանգառը, Պէյրութէն վաթսուն մէկ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Նապու արուեստից  թանգարանը՝ էլ Հէրրի ծովեզերեայ գիւղի մէջ, Շըքքայի շրջանը: Հոյակապ երկյարկանի շէնք մը, տաճարի նմանող, կառուցուած պողպատէ, պղնձագոյն ձողերով, ծովեզերեայ գեղեցիկ տեսարանով շրջապատին մէջ:

         Նապու արուեստից թանգարանի բացումը տեղի ունեցած է 2018-ին, հիմնադիրներ են՝ Ժաուատ Ատրա, Պատր-էլ-Հաժ, եւ Ֆիտա Ժտիտ: Հիմնադիրները նպատակ ունեցած են Լիբանանի պատմական եւ ժամանակակից արուեստի գործերը ծանօթացնել հանրութեան: Ցուցադրուած են գեղանկարիչներ Տաւուտ Քորումի, Սեզար Ժըմայէլի, Օմար Ունսիի, անոնց կարգին Փոլ Կիրակոսեանի, Սեդա Մանանեանի եւ ուրիշներու գործեր: Թանգարանը ՆԱՊՈՒ անունը առած է Միջագետքի Իմաստութեան չաստուածէն: Շէնքին ճարտարապետները եղած են իրաքցիներ՝ Մահմուտ Օպէյտ եւ Տիա Ազզաուի: Թանգարանին մէջ կան հնութիւններ Հռոմէական, Բիւզանդական եւ Արաբական շրջանէն, արձաններ, կաւէ ամաններ եւայլն: Թանգարանի մուտքը ձրի է, քաջալերելու համար այցելել ուզողները

         Վայելելէ ետք Նապու թանգարանի արուեստի գործերուն գեղեցկութիւնը ու հիանալի ծովափին տեսարանը, ժամը 12-ին ճամբայ ելանք դէպի Տիման՝ Պշարրի, Քուրայի աւանի Ամյուն քաղաքէն, ձիթենիներու պարտէզներու մէջէն անցնելով: Դժբախտաբար Պշարրիի սահմանին հանրակառքերէն մին խանգարուեցաւ, ու կարելի չեղաւ զայն տեղւույն վրայ նորոգել: Ճամբորդական գրասենեակը ուրիշ կարգադրութիւն մը ըրաւ, առաջին հանրակառքը Պշարրիի ճաշարանը հասնելէն ետք, վերադարձաւ խանգարուած հանրակառքին մօտ ու մնացեալ ճամբորդները հասցուց Պշարրի: Տիման այցելելու ծրագիրը յետաձգուեցաւ:

         Պշարիի ճաշարանին մէջ վայլելէ ետք Լիբանանի համադամ աղանդերներն եւ խորովածները, օղին ու գինին, վիճակահանութեան խաղեն ետք, մէկ մեծ եւ երկու միջակ հանրակառքերով ճամբայ ելանք դէպի Տիման՝ Պշարրի մէջ, Սուրբ Գատիշայի բլուրներուն նայող, Պէյրութէն 100 քլմ. ու Թրիփոլիէն 34 քլմ. հեռաւորութեան վրայ: Տիման եղած է Մարոնիթ Պատրիարքներու ամառնային հանգստավայրը: Առաջին պատրիարքը որ հոն հաստատուած է, եղած է Իլիաս Հուայէք (1895-1931), 1905 թուականին, եւ եկեղեցին կառուցուած է իր օրով: Տիման ունի նաեւ մատենադարան: Պատմութեան համար հոս կ’արժէ յիշել Իլիաս Հուայէքի յաջորդող մարոնիթ պատրիարքներու անունները հերթական կարգով.

Անթուան Արիտա                1932-1955

Պուլոս Մաուշի                    1955-1975

Անթոնիոս Խուրէյշ              1975-1986

Նասրալլա Սֆէյր                 1986-2011

Պըշարա Րաաի                    2011- ….

 

         Տիման անունը Սիրիաք լեզուով կը նշանակէ արձան:

         Շուրջ կէս ժամ շրջագայելէ ետք Տիմանի մէջ, երեկոյեան ժամը 7-ին ճամբայ ելանք դէպի Պէյրութ, անցնելով գիւղաքաղաքներէն՝ Հալաթ, Ժըզէ եւ Հասրուն: Ժամը 9:30-ին Անդրանիկ Սեւան ակումբ էինք յոգնած ու յագեցած օրուան նորութիւններէն:

         Շնորհակալութիւն պտոյտը կազմակերպող յանձնախումբի անդամներուն, Շահէին, Մարոյին, Սեւակին, Սագոյին, Ասոյին, Մարալին, Նորային, Րաֆֆիին, Մայքին եւ Շանթին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին