Տարեկան բանակումը եւ խարուկահանդէսը սկաուտական օրացոյցի ամենափնտռուած ժամանակահատուածն է: Տարի մը հետեւողական աշխատանքէն ետք, սկաուտական շարժումի անդամ-անդամուհիները իրենց ստացած դաստիարակչական, կազմակերպչական գիտելիքները կը հիւրասիրեն ծնողներուն, միութենական բարեկամներուն:
Շաբաթ, 10 Օգոստոս 2019-ի յետմիջօրէին, Շըպենիէ մէջ, Համանա, տեղի ունեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի տարեկան մեծ բանակումը եզրափակող խարուկահանդէսը: Բանակումը սկսած էր Հինգշաբթի, 25 Յուլիսին:
Գեղեցիկ բնութեան գիրկը, սարալանջի մը յարմարաւէտ տարածութեան վրայ ընտրուած բանակավայրին հեռուէն, այցելուները անմիջապէս կը տեսնէին երեք անջատ հատուածներէ բաղկացած, դէպի երկինք սլացող գեղեցիկ կայմը: Կայմին վրայ կը ծածանէր ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի դրօշը: Կայմին փէշերուն տակ պաշտպանուած տարածութեան վրայ դասաւորուած էին սկաուտական խումբերուն վրանները:
Ժամը ուղիղ 6.30-ին, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ փողերախումբին գլխաւորութեամբ, Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի եւ փողերախումբին դրօշներով բանակավայր սկսան մուտք գործել ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական շարժումի խումբերը, իւրաքանչիւրը, խմբապետներու եւ փոխխմբապետներու գլխաւորութեամբ:
Լիբանանի, Հայաստանի, ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, քոյրեր Սերլի Քէօշկերեան, Վիքի Սընըքճեան, եղբայր Կարօ Թաշճեան (հայերէն),ապա՝ եղբայր Նարեկ Նաճարեան(արաբերէն) լեզուով, բարի գալուստ մաղթեցին հարիւրաւոր ներկաներուն, որոնց մէջ կ’երեւէին նախարար Արթիւր Նազարեանը, նախկին երեսփոխան Յակոբ Գասարճեանը, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպիր Սիլվա Լիպարիտեանը, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը եւ անդամներ, AEL-ի Քոմիսէր Ժեներալ քոյր Փերուզ Թիւթիւնճեանը, ՀԵԸ-ի տարբեր մասնաճիւղերու վարչութեանց ատենապետներ, վարչականներ, հիւրեր, ծնողներ եւ միութենականներ:
Նախքան հանդիսութիւնը, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի անունով երախտագիտական յուշանուէրներ յանձնուեցան ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի նուիրեալ, Գործադիր Մարմինի նախկին անդամ եղբայր Վահան Ղորղորեանին եւ քառավելական փոխմբապետուհի Արին Տաքեսեանին:
ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան մասնաճիւղի Գործադիր Մարմինի ատենապետ տոքթ. Վարուժան Մարկոսեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց ծնողները, որոնք տարի մը ամբողջ իրենց զաւակները ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի ղեկավարութեան վստահելէ ետք, եկած էին վայելելու անոնց իւրացուցած գիտելիքները:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան յայտնեց, թէ երկու կարեւոր երեւոյթ տպաւորած էր զինք,սկաուտները բանակավայր մուտք գործելու եւ խումբ առ խումբ իրենց դիրքերը գրաւելու միջոցին. առաջինը՝ ՀԵԸ Անդրանիկ սկաուտական շարժումին հաւաքական աշխատանքը, ուր՝ թիթեռ, արծուիկ, գայլիկ, սկաուտ, արենուշ, քառավել եւ երէց հաւաքաբար պատրաստած էին բանակավայրը: Երկրորդը՝ զինք ոգեւորած էր մեր երիտասարդութեան աշխոյժ գործունէութիւնը, արդար ակնկալութեամբ համոզուելու, թէ ՝ փայլուն ճանապարհի վրայ կը գտնուէր Միութեան ապագան: Այս առիթով այն յայտնեց, թէ Միութիւնը միշտ դերակատարութիւն վերապահած է երիտասարդութեան, որովհետեւ երիտասարդութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւ վաղը պիտի ըլլայ ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի ներկան եւ ապագան:
Այս առիթով, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը դիտել տուաւ, թէ ՀԲԸՄ-ի ղեկավարներուն մեծամասնութիւնը անցած է ՀԵԸ-ի շարքերէն:
Խանդավառ մթնոլորտին մէջ, Վիգէն Չերչեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք սիրայօժար իրենց զաւակները կը վստահին Միութեան, այն հաստատ համոզումով, որ իրենց զաւակները պիտի դառնան տիպար քաղաքացիներ, լաւ հայեր եւ միութենականներ: Ապա, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան մասնաճիւղի Գործադիր Մարմինի ատենապետ տոքթ. Վարուժան Մարկոսեանին, Գործադիրի վարչական անդամներուն, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի սկաուտական խմբապետական կազմին, բոլոր խմբապետ, խմբապետուհիներուն եւ ընդհանուր խմբապետ եղբայր Կարէն Պասմաճեանին:
Ուրախութիւն բոլորիս, Վիգէն Չերչեան նշեց, թէ վերջերս՝ 9-էն 23 Յուլիսին,Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ՀԲԸՄ-ի տարեկան բանակումին, Լիբանանէն մեկնած խումբը, մեծամասնութեամբ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի անդամ-անդամուհիներ ըլլալով, միութենավայել ընթացքով արժանացած է բոլորին գնահատանքին: Վիգէն Չերչեան շնորհաւորեց Լիբանանէն մեկնած պատուիրակութեան պատասխանատու եղբայր Ժիրայր Թօսունեանը: ՀԵԸ-ի ատենապետը իր խօսքը փակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի ծնողաց վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք մնայուն կը քաջալերեն Միութեան աշխատանքները:
Յաջորդաբար Արթիւր Նազարեան, Յակոբ Գասարճեան,Սիլվա Լիպարիտեան, Կերի Նազարեան, Վիգէն Չերչեան, Յակոբ Թէլվիզեան, տոթք. Վարուժան Մարկոսեան, հրաւիրուեցան վարելու խարոյկը:
Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը՝ պար, «սքեչ», ասմունք: Գեղարուեստական յայտագիրը կը կրէր «Եօթը Թագաւորութիւններու Հեքիաթը» խորագիրը: Իւրաքանչիւր սկաուտական խումբ ներկայացուց թագաւորութիւն մը: Իւրաքանչիւր խումբ կը շեշտէր մարդկային առաքինութեան յատկանիշ մը՝ հաւատարմութիւն, քաջութիւն, հնազանդութիւն, վստահութիւն, հաւատք, յարգանք եւ ծառայասիրութիւն: Այս միջոցին եղբայր Հրակ Օհանեանը եւ քոյր Վանա Ճորճեանի վարեցին հաճելի երկխօսութիւն մը:
Ներկաները մեծ խանդավառութեամբ հետեւեցան բարեխղճօրէն պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրին: Ցուցադրուեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի անցնող տարուան գործունէութիւնը խտացնող տեսաերիզ մը՝ ձմեռնային հաւաքներ, շրջապտոյտներ, դաստիարակչական ձեռնարկներ, հանդիպումներ, ընդունելութիւններ: Շնորհակալ եւ գնահատելի աշխատանք: Խանդավառ մթնոլորտին մէջ բաժնուեցաւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի «Միշտ Պատրաստ» պարբերաթերթի նոր թիւը:
Յիշատակելի հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Ցտեսութեան» խմբերգով: Ներկաները շնորհաւորեցին ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումին պատասխանատու անդամ-անդամուհիները եւ բանակավայրէն բաժնուեցան յաջորդ տարի հանդիպելու բարեմաղթութիւններով:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ