ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի երէց աշխատակից
Ո՞վ Է Յանցաւորը . . .
Տխրահռչակ այս դէպքը վերջերս պատահած է Փորթօ Ռիքոյի մայրաքաղաք Սէն Ուանի նաւահանգիստին մէջ, ուր խարսխուած էր Royal Caribbean Cruise Line-ի հսկայական Freedom of the Seas (տես նկարը) զբօսաշրջիկութեան նաւը։ Պէտք է նշել որ Փորթօ Ռիքոն կիսանկախ երկիր (unincorporated Territory) մըն է՝ որ կը պատկանի Միացեալ Նահանգներուն։ Անոր բնակիչները կ՛ուզեն միանալ Միացեալ Նահանգներուն որպէս 51րդ նահանգ։
Գիտենք որ զբօսաշրջիկութեան այդ նաւերը կը շրջին երկիրէ երկիր՝ ճամբորդելով գիշերները, իսկ ցերեկները կանգ կ՛առնեն այդ երկիրներու նաւահանգիստներուն մէջ։ Այս դրութիւնը թոյլ կու տայ զբօսաշրջիկներուն որ շրջին այդ քաղաքներու մէջ եւ տեսնեն անոնց տեսարժան վայրերը։
Հիմա վերադառնանք մեր բուն պատմութեան։ Ինտիանա նահանգի Սաութհ Պէնտ քաղաքէն Ուիկընտ ընտանիքը՝ հայր, մայր, երկու զաւակներ եւ երկու զոյգ մեծ հայր ու մեծ մայր, կը ճամբորդէին այդ զբօսանաւով։ Սբօսանաւը Բորթօ Ռիքօ հասնելով խարիսխ նետեց մայրաքաղաք Սէն Ուանի նաւահանգիստը։ Այսքանը շատ բարի, բայց պատահեցաւ անսպասելի արկածը։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ թէ ինչ է այդ սարսափելի դէպքը։
Ուրեմն մեծ հայրը՝ 18 ամսական փոքրիկն Քլովին (տես նկարը), տարած էր նաւուն 11րդ յարկը, զբօսնելու։ Դէպի ծով նայող ապակիէ բաց պատուհանին առջեւ կեցած՝ անոնք կը դիտէին ջինջ կապոյտ ջուրը, երբ Քլովին սահելով մեծ հօր գիրկէն իյնկաւ վար եւ անսպասելին պատահեցաւ։
Հիմա ո՞վ է յանցաւորը, մեծ հայրը՝ թէ նաւուն պաշտօնակատարները՝ որոնք պատուհանը բաց թողած էին։ Քլովիին հայրը՝ որ ոստիկան մըն է, կը պնդէ թէ նաւի ընկերութիւնն է պատասխանատուն եւ արդէն պատրաստ է դատ բանալու, պահանջելով նիւթական հատուցում՝ իր աղջկան անժամանակ մահուան առիթով։ Մահ մը՝ որուն առաջքը կրնային շատ դիւրիւթեամբ առնել, եթէ նաւուն պաշտօնատարները ապահովութեան անհրաժեշտ միջոցները գործադրէին, կ՛ըսէ ան . . .
Այս պատմութեան դժբախտութիւնը հոն է որ վերոյիշեալ դէպքը պատահած է իրիկուան ժամը 5:00-ին, երբ նաւը կը պատրաստուէր ճամբայ ելլել ժամը 8:30-ին՝ դէպի յաջորդ կայքը!
Բարի Սամարացին . . .
Ո՞վ չէ կարդացած կամ լսած Սուրբ Գիրքի (Ղուկաս, 10:30-35) «Բարի Սամարացի»-ին առակը։ Թարմացնելու համար ձեր յիշողութիւնը ըսեմ որ՝ Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կը ճամբորդէր երբ աւազակները կողոպտելէ ետք, կիսամեռ վիճակի մէջ ձգեցին զինք ճամբուն եզերքը։
Քահանայ մը տեսաւ զինք եւ ձգեց ու անցաւ, Ղեւտացի մը տեսաւ զինք եւ ձգեց ու անցաւ։ Սակայն երբ Սամարացի մը տեսաւ զինք, խնամեց անոր վէրքերը եւ տարաւ զինք մօտակայ պանդոկ մը՝ որ հանգստանայ ու կազդուրուի։ Ան նաեւ վճարեց անոր պանդոկի ծախսերը։
Իսկ մեր պատմութեան «Բարի Սամարացի»-ին դէպքը՝ վերջերս պատահած է Նիւ Եորք քաղաքի Ուաշինկթըն Հայց շրջանին մէջ։ Իթհըն Կուզման 10 տարեկան պատանի մըն է որ կը բնակի այդ շրջանի շէնքերէն մէկու մը յարկաբաժինին մէջ։ Երբ յարկաբաժինէն վար կ՛իջնէ, կը տեսնէ իրեն նման պատանի մը շէնքին առջեւ բոպիկ պասքէթպոլ կը խաղայ։
Անմիջապէս վեր կը վազէ եւ տունէն զոյգ մը մարզական կօշիկներ (sneakers) եւ անոր համապատասխան զոյգ մը գուլպաներ կ՛առնէ, վար կ՛իջնէ եւ այդ տղուն կու տայ (տես նկարը)։ Դուն մի ըսէր՝ այդ տղան ալ նոյն շէնքին մէջ կը բնակի եւ ընտանիքին հետ, Տոմինիքեան Հանրապետութենէն գաղթած պատանի մըն է։
Պատանին՝ ուրախութենէն ինքնիրմէ ելած, շուտով տուն կը վազէ այդ կօշիկները իր մօրը ցոյց տալու համար։ Ըստ երեւոյթի, իրեն նման պատանիները իրենց երկրին մէջ պասքէթպոլը բոպիկ կը խաղան եղեր . . . Անշուշտ այս մէկը՝ չքաւորութեան հարց է եւ ոչ թէ սովորութիւն։ Որովհետեւ մենք գիտենք թէ Հարաւային եւ Միջին Ամերիկեան շատ մը երկիրներ բարգաւաճ տնտեսութիւն մը չունին եւ իրենց բնակիչներուն մեծ մասը աղքատութենէ կը տառապի։
Ըստ ինծի, Իթհըն Կուզմանի ըրածը իսկապէս բարեգործութիւն մըն է՝ նման Բարի Սամարացիին, որովհետեւ ան որեւէ մէկէ չէր թելադրուած!