Հրատարակութեան պատրաստեց`
ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
Վերջին օրերուն Հայաստանի Ազգային Արխիւին մէջ պրպտումներուս ընթացքին պատահաբար դէմս ելաւ այս տարուան 26 Մայիսին մեզի հրաժեշտ տուած, արժանայիշատակ Տիկին Արշօ Թիւթիւնճեանի մէկ նամակը՝ ուղղուած Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէի (այսուհետ կրճատ՝ Սփիւռքի Կոմիտէ) նախագահ Վարդգէս Համազասպեանին (ֆոնտ 875, ցուցակ 14, գործ 244, թերթ 37, մեքենագիր, բնագիր):
Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու առումով իր պատմական շահեկանութեան համար, եւ ի յիշատակ լիբանանահայ գաղութի նորոգ հանգուցեալ նուիրեալ այս հասարակական գործիչ հայուհիին, փափաքեցանք «Զարթօնք»ին միջոցով այդ նամակը դարձնել հանրութեան սեփականութիւնը:
Փաստաթուղթը լոյս կ’ընծայենք նոյնութեամբ՝ պահպանելով բնագրային տեսքը (շարահիւսութիւնը, կէտադրութիւնը, գլխագրումները եւ այլն): Միակ փոփոխութիւնը աբեղեանական ուղղագրութեամբ մակագրութիւնները դասական ուղղագրութեան վերածումն է:
Ուշադրութիւն կը գրաւէ այն հաճելի փաստը, որ նամակագիրը ՈՉ ՄԷԿ ՕՏԱՐ ԲԱՌ գործածած է, մինչդեռ այսօր, մանաւանդ հայ իգական սեռի բանաւոր թէ գրաւոր խօսքին մէջ օտար բառերը տիրական ներկայութիւն են՝ յօշոտելով մեր մայրենին…
Նկատի ունենալ նամակին հեղինակման ժամանակը. ան գրուած է Իսրայէլի Լիբանան հերթական ներխուժումէն ու երկրի զգալի մասի գրաւումէն ընդամէնը մէկ ամիս առաջ…
Հակառակ փնտռտուքիս, պատասխան նամակին պատճէնը չկրցայ գտնել Հայաստանի Ազգային Արխիւի՝ Սփիւռքի Կոմիտէի հարիւրհազարաւոր փաստաթուղթերուն մէջ… Շատ հաւանաբար, զայն կարելի է գտնել արժանայիշատակ Տիկին Թիւթիւնճեանի անձնական արխիւին մէջ:
Նամակի թուղթին վերի աջ կողմը, կապոյտ թանաքի գրիչով նշուած են նամակին Սփիւռքի Կոմիտէ մուտքի թիւն ու թուականը՝ 847 – 17/V-82թ.:
Թուղթին վերը, մէջտեղը, կայ Վարդգէս Համազասպեանի՝ կարմիր թանաքի գրիչով կատարած, յոյժ դժուար ընթեռնելի մակագրութիւնը. «Ընկ[եր] Ասլանեանին[i] – Կազմել նամակ, որ մեզ թերթից[ii] յայտնի է, թէ ինչ մեծ շուքով նշուել է 10-ամեակը[iii], յուսանք նորանոր նուաճումներ [Վարդգէս Համազասպեանի կարճ ստորագրութիւնը]»:
Թուղթին վարը, աջին, կայ Արմէն Ասլանեանի՝ կանաչ թանաքի գրիչով կատարած մակագրութիւնը. «Ընկ[եր] Ս. Ստեփանեանին[iv] – Խնդրում եմ կազմել ջերմ նամակ, հաշուի առնելով նախագահի ցուցմունքներ[ը] [Արմէն Ասլանեանի ստորագրութիւնը] – 28.5.82թ.»:
———————
Մեծայարգ Տիար Վարդգէս Համազասպեան
Նախագահ Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի
Երեւան
Յարգելի Պ[ա]ր[ո]ն Նախագահ,
Սոյն գրութեամբ կը փութամ փոխանցելու երախտագիտական ջերմ զգացումներս, Բուրաստանի ծաղկայարդարման Տասնամեակին առթիւ ինծի ուղղուած պատուագիրին, զոր կը նկատեմ ազգային ծառայութեանս ընթացքին ինծի համար ամենամեծ գնահատանքը:
Հայ ժողովուրդին ծառայելու եւ ի մասնաւորի Հայ իգական սեռին մօտ ծաղկայարդարումի արուեստը ծանօթացնելու փափաքս, մղած է զիս յարատեւելու այս արուեստի մասնագիտացման, որուն արդիւնքը եղաւ նաեւ հրատարակութիւնը Հայերէն լեզուով ծաղկայարդարումի իմ առաջին գիրքիս[v]: Այս վերջինը իրականացաւ Հայրենիքի պատասխանատուներուն կողմէ ինծի հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ քաջալերանքին ու Հայրենիքի մէջ այս արուեստը տարածելու ջերմ գնահատանքէն:
Այս պատեհութեամբ, կը փափաքիմ նաեւ իմ ջերմագին շնորհակալութիւններս յայտնելու Ձեզի, Բուրաստան Ակումբի կնքամայր Տիկ[ին] Շաքէ Վարսեանի[vi] Լիբանան ժամանման, որուն ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ եղաւ Բուրաստանցիներուն համար մեծ պատիւ մը:
Անգամ մը եւս փոխանցելով շնորհակալութիւններս Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէութեան ընձեռած օժանդակութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Բուրաստանի Տասնամեակին առթիւ ղրկուած պատուագիրին, ողջոյնի խօսքին եւ յուշանուէրին, կը մնամ՝
Յարգանօք՝
[ստորագրութիւն]
Արշօ Թիւթիւնճեան
[i] 1980-ականներու առաջին կէսին Արմէն Ասլանեանը Սփիւռքի Կոմիտէի Ասիայի եւ Աֆրիկայի երկրների բաժինին վարիչն էր:
[ii] Հաւանաբար նկատի ունի «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած համապատասխան թղթակցութիւնը:
[iii] Վարդգէս Համազասպեան նկատի ունի Տիկ. Արշօ Թիւթիւնճեանի հիմնադրած ու ղեկավարած՝ Հ. Բ. Ը. Մ.ի Լիբանանի «Բուրաստան» ծաղկայարդարման ակումբի հիմնադրման 10-ամեակը:
[iv] Ստեփան Ստեփանեանը Սփիւռքի Կոմիտէի Ասիայի եւ Աֆրիկայի երկրների բաժինի աւագ խորհրդականներէն էր:
[v] Խօսքը կը վերաբերի Արշօ Թիւթիւնճեանի հեղինակութեամբ «Իգեպանա – Ճաբոնական ծաղկայարդարում» պատկերազարդ հատորին (տպարան Թեքնոփրէս Մոտեռն, Պէյրութ, 1982, 139 էջ):
[vi] Շաքէ Վարսեան (1925, Նիկոսիա – 1996, Երեւան) – Բուն անունով՝ Վարսենիկ Պոյաճեան: Լրագրող, գրող եւ հասարակական գործիչ: Լիբանանահայ-կիպրահայ կրթական մշակ ու տնօրէն Տիկին Սօսի Պոյաճեան-Պետիկեանի քոյրը: Նախակրթութիւնն ստացած է ծննդավայրի Մելիք-Ուզունեան Վարժարանին, այնուհետեւ՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ, որ աւարտած է 1943-ին: Նոյն թուականին անցած է Պէյրութ եւ սկսած ուսանիլ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ: 1946-ին հայրանադարձուելէ ետք ուսանած է Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրութեան Բաժանմունքին մէջ: Իբր բաժինի վարիչ, շուրջ 25 տարի աշխատած է Սփիւռքի Կոմիտէի՝ 1 Օգոստոս 1965-ին լոյս տեսնել սկսած «Հայրենիքի ձայն» շաբաթաթերթի խմբագրութեան մէջ: