Դոկտ․ ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
Լեհահայութիւնը անտարբեր պիտի չմնար յարգելու մեր տիտաններէն մեծն Կոմիտասի եւ Յ․ Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակները, մանաւանդ երբ այս յոբելեանները ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի օրացոյցին մէջ իբրեւ 2018-2019 թուականի մեծատաղանդ ու հռչակաւոր մարդոց յոբելեաններ։
Թումանեանի բանաստեղծական ստեղծագործութիւնները ի թիւս այլ լեզուներու այսօր հասանելի են նաեւ լեհերէն: Այս մէկը իրգործուեցաւ երբ Յուլիս 11-ին Լեհաստանի ՀՀ դեսպանութեան եւ ԼԵՀ-հայկական հիմնադրամի (Fundacja Polsko-Ormiańska) համակազմակերպութեամբ, Վարշաւայի մէջ տեղի ունեցաւ Յ․ Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած գրական միջոցառումը, Յ․ Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը» լեհերէն թարգմանուած գիրքի շնորհանդէսը։ Յոբելեաններու ոգեկոչումները կը տարբերին սովորաբար հայկական սփիւռքի մէջ իրենց ոճով, ձեւով ու գաղափարով։ Այս անգամ այդ ոգեկոչումը Լեհաստանի մայրաքաղաքին մէջ ունէր իւրայատուկ երանգ։
Այդ օր Թումանեան մեզի խօսեցաւ լեհերէն, լեհ ընթերցողին առաջին անգամ ներկայացուեցաւ Յ․ Թումանեանի «Թմկաբերդի առումը» բանաստեղծութիւնը։ Լեհերէնի թարգմանութիւնը շնորհիւ բազմատաղանդ՝ բանաստեղծուհի, թարգմանչուհի, լրագրող, գրական քննադատ ու մշակութային գործիչ՝ Կալինա Իզապելա Զիոլայի։ Գիրքը հրատարակուած է 2019 թուականին Երեւանի Անտարես հրատարակչատունէն, 32 էջի ծաւալով։
Գրական այս նախաձեռնութեան, ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, անգլերէնով ներկայացուց հայ մեծատաղանդ բանաստեղծ՝ Թումանեանի ստեղծագործական եւ հասարակական գործունէութիւնը, յատուկ շեշտադրումով անդրադարձաւ անոր համամարդկային խոհափիլիսոփայութեան արժանիքներուն։ Ս․ Մկրտչեան յատուկ ձեւով նշեց թէ՝ «Թումանեանի ստեղծագործական ոճը՝ իր ձեւով պարզ, սակայն բովանդակութեամբ եւ իմաստով խոր է, մշտապէս առինքնող է թէ նախորդ, թէ ներկայ սերունդներուն համար»։ Ապա Մկրտչեան եւ Զիոլա հայերէն ու լեհերէն ընթերցեցին հրատարակուած գիրքէն որոշ բաժիններ։ Թարգմանութեան այս առիթով, ներկաներուն կողմէ հարցադրումներ տեղի ունեցան երկու ընթերցակիցներուն։ Յայտագրի ընթացքին Յ․ Թումանեանին նուիրուած փաստավաւերագրական ֆիլմ ցուցադրուեցաւ, տեղի ունեցաւ երաժշտական կոկիկ ներկայացում։ Յայտագրի աւարտին Կալինա Իզապելա Զիոլա ներկաներուն մակագրեց իր թարգմանութեամբ ու Լեհաստանի ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ ու հովանաւորութեամբ լոյս տեսած Թումանեանի բանաստեղծութեան երկլեզու գիրքին օրինակները։
ՀՀ դեսպանութեան կողմէ թարգմանական այս նախաձեռնութիւնը ուշագրաւ է, յատկանշական իմաստ ունի հարստացնելու հայ լեհական երկողմ մշակութային դարաւոր ժառանգութիւնը, լեհ հասարակութեան առիթ ընծայելով նաեւ ըմբոշխնելու հայ գրականութեան գոհարներէն մէկուն՝ Յ․ Թումանեանի բանաստեղծութեան ։