Երեքշաբթի, 08. 10. 2024

spot_img

Ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայոց Մայր Տաճարը Վերանորոգուեցաւ (լուսանկարներ)

Յատուկ Եւ Հանդիսաւոր Արարողութիւն Սուրբ Խաչ Մայր Տաճարին Մէջ

Յունիս 27-էն 30 , ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի կեդրոնական թաղերէն մէկուն մէջ գտնուող կաթողիկէ Հայոց Սուրբ Խաչ մայր տաճարը իր դռները վերաբացաւ աւելի քան տարի մը տեւած վերանորոգման լուրջ աշխատանքներէ ետք։

Բացման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Յունիս 27-ին, նախագահութեամբ՝ Փարիզի քաղաքապետուհի Անն Հիտալկոյի եւ ներկայութեամբ՝ քաղաքական, դիւանագիտական, կրօնական բազմաթիւ անձնաւորութեանց, ինչպէս նաեւ անոր վերանորոգումը հովանաւորած բարերարին ու անոր ընտանիքի անդամներուն: Շաբաթ, Յունիս 29-ին կատարուեցաւ մայր տաճարին օրհնութիւնը, իսկ Կիրակի, Յունիս 30-ին հոն մատուցուեցաւ հանդիսաւոր պատարագ, ինչպէս նաեւ հոգեհանգստեան կարգ՝ բարերարներու ընտանիքներու յիշատակին։

Ապրիլ 2018էն մինչեւ Յունիս 2019՝ շուրջ 14 ամիս տեւած վերանորոգման աշխատանքներէ ետք Ֆրանսայի Կաթողիկէ Հայոց Ս. Խաչ տաճարը վերագտաւ իր փայլքն ու շքեղութիւնը։

1.2 միլիոն եւրօ արժած գործողութիւնը տրամադրուեցաւ Փարիզի քաղաքապետարանին եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ 1978-ին հիմնուած ընկերակցութեան կողմէ։ Այս վերջինը հովանաւորած է ծրագիրը 500 հազար եւրօ յատկացումով։

Հինգշաբթի, 27 Յունիսին, յատուկ արարողութեամբ մը վերանորոգուած տաճարին բացումը կատարուեցաւ։ Հաւատացեալներու խուռներամ բազմութիւն մը համախմբուած էր սրբատեղիին կամարներուն տակ։ Յայտարարուած ճիշդ ժամուն եկեղեցի մուտք գործեցին պաշտօնական հիւրերը՝ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի առաջնորդութեամբ, մինչ Հայաստանէն ժամանած երգչախումբը թափօրին կ՚ընկերանար Կոմիտասի «Շողեր ջան»ի երգեցողութեամբ։ Ներկայ էին Փարիզ 3-րդի թաղապետ Փիէռ Էտընպաում, Հայ Եկեղեցւոյ երեք յարանուանութեանց՝ Կաթողիկէ, Առաքելական եւ Աւետարանական առաջնորդները, յաջորդաբար՝ Հայր Եղիա Եպս. Եղիայեան Գերապայծառը, Տ. Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննէսեան եւ վերապատուելիներ՝ Ժոէլ Միքայէլեան, Ռընէ եւ Ժիլպէռ Լեւոնեան, ինչպէս նաեւ թեմի անդրանիկ առաջնորդ Տ. Նորվան Արք. Զաքարեան, Ժոզէֆ Վրդ. Քէլէկեան, Լիբանանէն Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, բոլորին կողմէ սիրուած քոյր Արուսեակը,- որ արժանացաւ ներկաներու յոտնկայս ծափահարութիւններուն,- Ֆրանսայի մօտ  Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան, Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, հայկական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ կրօնական ու քաղաքական պաշտօնատար այլ անձնաւորութիւններ։ Ներկաներուն մէջ էին մայր տաճարին վերանորոգման մասնակից բարերարներ՝ Տէր եւ Տիկ. Արա եւ Սիլվա Ահարոնեանները իրենց ընտանիքով: Նշենք, որ այս առիթով Պէյրութէն յատուկ հոն ժամանած էին բարերարին ընտանեկան պարագաներէն՝ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ եւ Լիբանանի Խորհրհրդարանին մէջ ՌԱԿի նախկին երեսփոխան ընկ. Յակոբ Գասարճեան եւ իր կողակիցը՝ Տիկին Անին:

Եղիայեան Գերապայծառին բարի գալուստի մաղթանքէն ետք՝ ներկայացուց բարենորոգման աշխատանքներուն ընթացքը, եկեղեցւոյ պատմականը, Հայ
 Կաթողիկէ համայնքին գործունէութիւնը։ Ան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր ծանօթ եւ անծանօթ նուիրատուներուն։ Հոս անմիջապէս նշենք, թէ կիրակի, 30 Յունիսի, ժամը 11-ին, նոյն տաճարին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ նուիրատուներու եւ հովանաւորներու ընտանիքներու յիշատակին։

Այնուհետեւ ելոյթներ ունեցան եւ բարեկարգման ծրագրի իրագործման մասին արտայայտուեցան Փարիզ 3-րդի թաղապետը, սոյն ծրագիրը հովանաւորող տիար  Արա Ահարոնեան եւ հուսկ՝ Փարիզի քաղաքապետը։

Պաշտօնական խօսքերէն ետք՝ խորանին առջեւ տեղ գրաւեց Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ Աստուածամօր եկեղեցւոյ քառասուն հոգինոց իգական երգչախումբը՝ խմբավար Ռոպերթ Մլքէեանի ղեկավարութեամբ։

2005-ին քոյր Արուսեակի ջանքերով հիմնուած աղջնակներու երգեցիկ խումբը իր հրաշալի կատարողութեամբ անմոռանալի պահեր պարգեւեց ունկնդիրներուն։ Արդարեւ հայրենի հողին վրայ ծաղկող արուեստն ու մշակոյթը «ուրիշ համ ունի»…։ Հնչեցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն՝ «Շողեր ջան», «Կալերի ճամբին կեցայ», «Աղջի անունդ Շուշան», «Հօյ իմ նազանի եարը», «Կաքաւի երգ», «Հովն անոյշ», «Պուճուր աղջիկ սեւաւոր»…։ Երգչախումբը յայտագրի երկրորդ բաժնով նոյնքան խոր ապրումներով մեկնաբանեց Շուպերթի, Լուսիկեանի, Այվազեանի, Տըպիւսիի, Ֆոռէի, Օֆենպախի, Սմբատեանի, Յովհաննիսեանի… յօրինումները։ Յայտնենք, թէ երգչախումբը Շաբաթ, 29 Յունիսի յետմիջօրէին ալ ելոյթ ունեցաւ տաճարին մէջ՝ յաւարտ կրօնական արարողութեան եւ օրհնութեան։ Նոյն ձեռնարկին Կաթողիկէ հայոց Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պատուոյ շքանշանով պարգեւատրուեցաւ բարերար Արա Ահարոնեան։

Հանդիսութեան աւարտին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ հիւրասիրուեցան ներկաները։

Կարեւոր է այստեղ նշել, որ այս յատուկ առիթով հրատարակուած է նաեւ երեսուն էջերէ կազմուած պատկերազարդ գրքոյկ մը՝ «Renaissance d’un trésor du patrimoine : La Cathédrale Sainte-Croix des Arméniens Catholiques» խորագրով։

Photographies des c_r_monies dТinauguration des 27, 29 et 30 juin 2019

Պատմական Ակնարկ

Տաճարը նախ կը կոչուէր՝ Սուրբ Յովհաննէս-Սուրբ Խաչ (Saint Jean-Sainte Croix)։ Երբ 1986-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը կաթողիկէ Հայոց եկզարքութիւնը կը վերածէ Սուրբ Խաչ թեմի, կը ստանայ «Փարիզի Սուրբ Խաչ տաճար» անունը:

Փարիզի պատմական Մարէ թաղամասի սրտին գտնուող կաթողիկէ Հայոց Սուրբ Խաչ տաճարը կը հանդիսանայ թաղամասի ճարտարապետական գոհարներէն մէկը: Այս տաճարի ծագումը կ՚երկարի մինչեւ 17-րդ դարու սկիզբը: 1622-ին դրամատէր Գլօտ Շառլօ ձեռնամուխ կ՚ըլլայ վանքի մը կառուցման, որ Կապուչին միաբաններուն թոյլ պիտի տար կատարել կամաւոր հրշէջի իրենց դերը:

Յաջորդ տարի կը կառուցուի վանական համալիրի Անարատ Յղութեան մատուռը: 1970-ին երբ հայ կաթողիկէ համայնքը Փարիզի մէջ կը փնտռէ ծխական եկեղեցի մը, կարդինալ Մարթի, որ այն ատեն Փարիզի արքեպիսկոպոսն էր, անոր տրամադրութեան տակ կը դնէ այս եկեղեցին: Ան նախ կը կոչուի Սուրբ Յովհաննէս-Սուրբ Խաչ (Saint Jean-Sainte Croix), սակայն երբ 1986-ին Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը կաթողիկէ Հայոց եկզարքութիւնը կը վերածէ Սուրբ Խաչ թեմի, ան կը ստանայ «Փարիզի Սուրբ Խաչ տաճար» անունը:
Արուեստի բազմաթիւ գործերը, յարդարական առարկաները, ներքին զարդերն ու մեծ երփնապակիները կը կազմեն տաճարին հարստութիւնը: Կ՚առանձնանայ տպաւորիչ խորանը իր հարթաքանդակներով, որոնք կը կոչուին Քրիստոս, Էմաիւսի ուխտաւորները, Չորս աւետարանիչները, կերտուած՝ 1905-ին։ Խորանի երկու կողքերուն տեղ գրաւած են ուշագրաւ երկու արձաններ` «Ասիզեցի Սուրբ Փրանկիսկոս՝ հմայուած», որ գործն է Վերածննդեան շրջանի ֆրանսացի մեծագոյն քանդակագործներէն Ժերմէն Փիլոնի եւ «Սուրբ Դիոնեսիոս», քանդակուած՝ Մառսի եղբայրներուն կողմէ։ Եկեղեցւոյ պատերը կը զարդարեն ԺԷ.-ԺԹ. դարերէն կտաւներ, ինչպէս՝ Հիւկ Թարավէլի՝ «Նոյի զոհաբերութիւնը՝ տապանէն ելքին»-ը (1783), «Խաչելութիւն»-ը (ԺԷ. դար), «Սուրբ Թերեզայի հաղորդութիւնը» (ԺԷ. դար), Քրիսթոֆ-Թոմա Տըժորժի«Քրիստոսը՝ սիւնին»-ը (1822), Պերնար Կայոյի «Ասիզեցի Սուրբ Փրանկիսկոս՝ Իննովկենտիոս Գ. պապին առջեւ»-ը (1827), Արի Շեֆերի «Սուրբ Լուդովիկոս կ՚այցելէ ժանտախտահարներուն»-ը (1822), Լորտոնի «Ասիզեցի Սուրբ Փրանկիսկոսը կ՚առաջնորդեն Եգիպտոսի սուլթանին առջեւ»-ը (1822): Այս գործերը շրջապատուած են գեղեցիկ զանազան այլ իրերով, ինչպէս՝ կաղնիէ ոսկեզօծ տախտակապատուածքներով, փորագիր սիրուն նստարաններով, ԺԷ. եւ Ժը. դարերու մկրտարաններով, բայց նաեւ Վիքթոր Պալթարի կերտած ամպիոնով ու գաւիթով եւ վերջապէս՝ կամարաձեւ կոնքը լուսաւորուած՝ ութ երփնապակիներով, գործ՝ Էմիլ Հիրշի (ԺԹ. դար): Այս բոլոր գործերն ալ կը դասուին պատմական յուշարձաններու շարքին:

Սուրբ Խաչ տաճարի վերականգնումը

 

Վերանորոգման անհրաժեշտ աշխատանքներու ցանկը 2014 Յուլիսին պատրաստեցին պատմական ժառանգութեան մասնագէտ ճարտարապետեր Ալէն-Շառլ Փեռօ եւ Ֆլոռան Ռիշար։ Անոնք, նախկին նկարներու եւ լուսանկարներու օգնութեամբ եւ որմնանկարներու խորաչափական հետազօտութիւններով հաստատեցին վերականգնման ծրագիրը: Հոգեւոր եւ աշխարհիկ արուեստի գործերու պահպանման կառոյցի (COARC) կատարած հետազօտութիւնները թոյլ տուին աւելի լաւ հասկնալ երփնապակիներու եւ վերանորոգութեան կարօտ միւս մասերու եւ բաղադրիչներու ստեղծագործման ձեւերը:
Հոս կ՚արժէ նշել, որ ԺԹ. դարու աշխատանքներէն ի վեր եկեղեցւոյ մէջ նշանակալի ոչ մէկ փոփոխութիւն կատարուած է: Հետեւաբար, մայր տաճարը կը գտնուէր ցաւալի վիճակի մէջ: Եկեղեցին յառաջացեալ աստիճանի մրոտած էր, ինչ որ բնականաբար իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցած էր երփնապակիներու եւ գեղանկարներու վրայ ալ: Պատերու եւ կամարներու նկարները նոյնպէս գէշ վիճակի մէջ էին: Իսկ խորանին ետեւի կողմերը ակներեւ էին խոնաւութեան գործած աւերները, տանիքէն՝ անձրեւի ջուրերու ներթափանցման հետեւանքով:
2018-ի սկիզբը սկսաւ վերականգնման լայնածաւալ ծրագիրը: Շինարարութիւնը տեւեց 14 ամիս եւ թոյլ տուաւ տաճարը վերականգնել իր բովանդակ շքեղութեամբ: Կամարները, կոնքի, խորանի եւ խորանին ետեւի ուղղահայեաց մակերեսները մաքրուեցան եւ ներդաշնակութեամբ ծեփուեցան: Նմանապէս, Փառք ու Գողգոթայ յարդարանքները վերանորոգուեցան եւ վերագտան իրենց երբեմնի փայլքը։

Վերականգնման դերակատարները

Փարիզի քաղաքապետարանի եւ մեկենասի՝ վերանորոգութեանց ծրագիրը կը փորձէր համատեղել յուշարձանի պատմական բնոյթի պահպանութիւնը եւ գործածականութիւնը Ֆրանսայի կաթողիկէ Հայոց թեմի Փարիզի Սուրբ Խաչ առաջնորդարանի մշակութային եւ կրօնական կեանքին մէջ, առաջնորդութիւն՝ զոր կը գլխաւորէ Հայր Եղիա եպիսկ. Եղիայեան: Ֆրանսայի կաթողիկէ Հայոց Սուրբ Խաչ առաջնորդութեան ընկերակցութիւնը, որ ստեղծուած է 1978-ին, Փարիզի քաղաքապետարանին հետ մասնակցեցաւ վերականգնման աշխատանքներուն, 2016 Յուլիս 11-ին ստորագրուած մեկենասութեան համաձայնագրի ստորագրումէն ետք։ Վերանորոգման կարեւոր հովանաւորողները եղան Տէր եւ Տիկ. Արա եւ Սիլվա Ահարոնեանները:

Փարիզի քաղաքապետարանը ստանձնեց վերանորոգման աշխատանքներու ղեկավարումը: Անն Հիտալկոյի նախաձեռնած՝ հոգեւոր ժառանգութեան վերականգնման ծրագրի ծիրին մէջ, Մշակութային գործոց տնօրէնութիւնը:

 

Օգտագործուած աղբիւրներ՝

www.paris.fr

www.leparisien.fr

www.la-croix.com

www.narthex.fr

www.norharatch.com

Dossier de presse post inauguration Cathédrale Sainte-Croix des Arméniens

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին