Պաշտօնակից «Սարտարապատ»ի Հիմնադիր Տնօրէն՝ Ընկ. Նահապետ Նահապետեանի Խօսքը Թերթին 2000րդ Թիւին Առիթով
Երէկ լոյս տեսաւ մեզի պաշտօնակից եւ կուսակից՝ Հարաւային Ամերիկայի ՌԱԿի պաշտօնաթերթ «Սարտարապատ» ամսաթերթին 2000րդ յաղթական թիւը:
Այս առիթով շնորհաւորելով հանդերձ անոր լոյս ընծայման զինուորագրուած մեզի սրտամօտիկ իւրաքանչիւր պատասխանատու ինչպէս նաեւ անոր հաւատարիմ ընթերցողներն ու բարեկամները, տեղ կու տանք «Սարտարապատ»ի խմբագիր մեր սիրելի Տիանա Տէր-Կարապետեանին այս առիթով վարած հարցազրոյցը «Սարդարապատ»ի հիմնադիր տնօրէն՝ մեր կուսակցութեան երէց հաւատաւոր եւ կենդանի երախտաւոր ու անոր նահապետներէն հանդիսացող ընկեր Նահապետ Նահապետեանին հետ:
«Խմբ.»
– Ինչո՞ւ որոշեցիք ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ շաբաթաթերթը հրատարակել։
– 1970 ական թուականներուն՝ մեր գաղութին միջ- միութենական յարաբերութիւնները եւ պայմանները շատ տարբեր էին հիմակուընէ։ Հաստատութիւններու եւ մանաւանդ կուսակցութիւններու միջեւ գրեթէ յարաբերութիւն չկար եւ անհանդուրժողական ոգի կը տիրէր։ Ան որ դաշնակցական չէր, համայնավար կը սեպուէր, բայց այս կեցուածքը ոչ միայն սխալ էր, այլ նաեւ բաւական վնասակար աւելի ճիշդ վտանգաւոր կը նկատուէր այդ օրերու զինուորական կառավարութեան նկատմանբ։ Այո՛ կային համայնավարներ, որոնք իրենց կուսակցական գաղափարախօսութիւններուն հաւատարիմ մնացած են մինչեւ այսօր, բայց տասնամեակներէ ի վեր նաեւ գոյութիւն ունէին եւ մեր գաղութին մէջ կը գործէին ՍԴՀԿ-ն, Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը եւ շատ անկուսակցական հայրենասէր ազգայիններ, որոնք անխտիր կերպով կը մասնակցէին գաղութային կեանքին եւ կը ծառայէին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ։
Ուրեմն մեր գաղափարախօսութիւնը պահպանելու եւ հայրենասէր ոչ կուսակցական հատուածի կամքերը շահելու համար պէտք զգացինք Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան խօսնակը ունենալու։ Այս ձեւով կարելիութիւնը կ’ունենայինք մեր դէմ ստեղծուած լարուածութեան հակազդել եւ անբիծ պահել Հայաստանեաց Եկեղեցին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, որոնց դէմ լարուածութիւն կար:
–Ինչպէ՞ս անունը որոշեցիք եւ ինչո՞ւ ընտրեցիք ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ կոչել թերթը։
– Հայոց պատմութեան մէջ՝ Սարտարապատը եղաւ 20-րդ դարու այն հերոսամարտը որով հայ ժողովուրդը կրցաւ իր ինքնութիւնը պահպանել, իր ազատութիւնը պատշպանել։ Սարտարապատը բոլորիս ճակատամարտն է։ Շնորհիւ Սարտարապատի՝գոյութիւն ունեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը Խորհրդային Միութեան մէջ եւ 1991-ին անկախացած Հայաստանի Հանրապետութիւնը։
Խորհրդանշանական մեծ նշանակութիւն ունի Սարտարապատ անունը կրելը։ Մեր ընտրութեամբ հայրենասիրութեան, հաւատքի եւ հայապահպահման մեր խոստումը ուզեցինք ամրապնդել. եւ ուրախ ենք, որ այդ գործը կատարեցինք եւ նոյն ուղղութեամբ կը շարունակենք 43 տարիէ ի վեր։
– Նման հրատարակութիւն մը եղա՞ծ էր նախապէս։
-Սարտարապատէն առաջ՝ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ՝ մի քանի տարի լոյս տեսաւ Սուրհանդակ պարբերաթերթը, որ կը խմբագրէին ընկերներ եւ մեր գաղութի անձնաւորութիւններ։
–Որո՞նք զօրավիգ կանգնեցան Ձեր նպատակը իրականացնելու համար։
-Երբ արդէն մեր պաշտօնաթերթը հրատակելու որոշում առած էինք, շուտով աշխատանքի անցանք Դանիէլ Եուսուֆեանի, Հայկ Շահինեանի, Աւետիս Նալպանտեանի, Աւետիս Պարսամեանի, Միհրան Սարաֆեանի եւ ուրիշ ընկերներու հետ, որոնք մեծ դերակատարութիւն ունեցան մեր փափաքը իրագործելու համար։
Բայց մեր նպատակին պիտի չհասնէինք եթէ չունենայինք Հ.Բ.Ը.Մ.ի ցկեանս պատուոյ նախագահ, ազգային բարերար եւ Հայաստանի Ազգային հերոս Ալեք Մանուկեանի աջակցութիւնը, որ ոչ միայն հաւատաց մեր ներկայացուցած տեսլականին, այլ նաեւ իսկապէս համոզուած էր որ մենք պիտի կարենայինք այս գործը յաջողութեամբ գլուխ հանել:
Կրնանք ըսել որ Ալեք Մանուկեանը եղաւ մեր կնքահայրը, մեզ քաջալերողը եւ մինչեւ իր վերջին օրերը իր բարեկամութիւնը եւ իր վստահութիւնը վայելեցինք։ Շնորհիւ իրեն՝ շուտով ունեցանք տպագրական Compugraphic մեքենան, որ աննախադէպ էր մեր գաղութին մէջ։
Պետք է նշեմ որ Ալեք Մանուկեանի մահէն ետք, Սարտարապատը նոյն ձեւով շարունակեց վայելել եւ մինչեւ այսօր կը վայելէ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան բարեկամութիւնը եւ աջակցութիւնը յանձինս նախագահ՝ Պերճ Սեդրակեանի եւ այս 43 տարիներու ընթացքին՝ Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի վարչական անդամներուh, որոնց բարեկամութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար։
–Ուր եւ ինչպէ՞ս սկսաւ հրատարակութիւնը։
-Սարտարապատի առաջին թիւը լոյս տեսաւ 6 Սեպտեմբեր 1975ին տեղական Buenos Aires Herald անգլիական թերթի տպարանին մէջ։ Ամիսը երկու անգամ, անկիւնը սրճարանի մը մէջ նստած ընկերներու հետ անհամբեր կը սպասէինք հրատարակութեան լոյս տեսնելը եւ հաճոյքով տուն կը վերադառնայինք։ Բայց երբ արդէն ունեցանք մեր տպագրական սարքերը, այն ատեն գործերը թեթեւցան, մեր շրջանակը ընդլայնեցինք եւ կարողացանք երկշաբաթաթերթը շաբաթաթերթի վերածել։
– Գաղութը ինչպէ՞ս ընդունեց նոր հրատարակութիւնը։
– Սկիզբը՝ զարմանքով։ Սարտարապատը հետաքրքրական նոր երեւոյթ մը եղաւ թէ իր բովանդակութեամբ եւ թէ իր նոր ձեւով: Շուտով մեր հրատարակութիւնը սիրուած եւ սպասուած լրատուութեան միջոց մը դարձաւ հաստատութիւններու եւ տուներու մէջ։
Մեր գործունէութեան դաշտն ալ հարստացաւ նոր դէմքերով, որոնք իրենց բարոյական եւ նիւթական աջակցութիւնը բերին մեզի։ Հոս պետք է յիշել Հայկազուն Չալեանը, Պարգեւ Տէր Կարապետեանը, Արմանտօ Պալասանեանը, Արամ Տօնիկեանը, Միհրան Էքիզեանը, Փետրօ Պալասանեանը, Վարդան Շահինեանը, Յովսէփ Եուսէֆեանը, Խօսէ Ներկիզեանը, Արտաշես Վանեսքեհէեանը, Զապէլ Չալեանը, Նելլի Նալպանտեանը, Խաչիկ Ճանոյեանը, Գէորգ Մարաշլեանը եւ ուրիշ շատեր որոնք սատարեցին մեր գործին։
Խմբագրական կազմն ալ մեծ դեր ունեցաւ մեր յաջողութեան համար։ Փասքուալ Օհանեանի, Յովիկ Էօրտեքեանի, Վարուժան Աճէմեանի գրիչները արտայայտեցին մեր ընդհանուր կարծիքը եւ այս ձեւով կրցանք Հ.Բ.Ը.Մ.-ի գործունէութիւնը փրկել մեր գաղութին մէջ եւ եկեղեցասէր ժողովուրդը համախմբել Սուրբ Էջմիածինի հովանիին տակ 70-ական դժուար տարիներուն։
Մինչ այդ, մեր ոչ կուսակցական հայրենասէր բարեկամներուն թիւը շատցաւ, որոնցմէ ոմանք Հայաստանի անկախութենէն ետք միացան մեզի հասկնալով, որ մեր կեցուածքը Հայրենիքի հանդէպ ոչ կուսակցական է։ Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը անվերապահօրէն թիկունք կանգնած է Հայրենիքի կողքին Խորհրդային Միութեան ատեն եւ մանաւանդ անկախութենէն ետք։ Այս է մեր գաղափարախօսութիւնը՝ միշտ Հայրենիքի հետ եւ Հայրենիքի համար։
– Տարիները անցան, հասանք ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ–ի 2000 թիւին, կարե՞լի է ըսել որ Ձեր նպատակին հասանք։
– Հպարտութեամբ կրնամ ըսել այո’։ Ուրախ եւ գոհ եմ կատարուածով։ Կը զգամ որ մեր վրայ ունեցած վստահութիւնը երբեք յուսախաբ չենք ըրած, այլ ընդհակառակը: Նոր մարտահրաւէրներու առջեւ ենք եւ զանոնք կը դիմագրաւենք նոր ոյժով եւ յոյսով։
– Իբր 91 տարեկան ազգային գործիչ մը , որ կեանքը նուիրած է հայապահպահման գործին, ի՞նչ կ՛ակնկալեք գալիք տարիներէն․ Ո՞րն է Ձեր տեսլականը մեր գաղութին նկատմամբ։
– Մեծ գոհունակութիւն կը զգամ ռր 40 տարիներէ ի վեր մոտաւորապէս մեր գաղութը անիմաստ վիճաբանութիւններու տեղ չի տար։ Բոլորս համերաշխօրէն ձեռք ձեռքի բռնած, մեր Եկեղեցիին շուրջ, միութիւններով շրջապատուած կ՝աշխատինք։ Պէտք է շարունակենք այս նոյն թափով աշխատիլ;
– Ի՞նչ պէտք է ըլլայ 2000 թիւին պատգամը։
– Ինծի համար մեծ հպարտութիւն է ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ-ի լոյս տեսնելը, որ ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ-ը սիրուած թերթ մը դարձաւ մեր գաղութին մէջ եւ վիճաբանութիւններէ դուրս՝ հայրենասիրութեան, Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցիի եւ Հայրենիքի կողքին կը քալէ մինչեւ այսօր։
Կը մաղթեմ որ այսպէս շարունակենք, որ շատ տարիներ եւս վայելենք ՍԱՐՏԱՐԱՊԱՏ-ի պէս մաքուր, վստահելի եւ հայրենանուէր հրատարակութիւն մը։