ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Հանրածանօթ հեղինակաւոր լեզուաբան եւ յանձնառու յառաջապահ հրապարակախօս, հրեայ՝ հակասիոնական, եւ ամերիկահպատակ՝ հակամերիկեան ու հակաիմփերիալիստ՝ նոյն դպրոցին պատկանող հեղինակաւոր հայ հրապարակախօս Դաւիթ Պարսամեանի ունեցած զրոյցներուն մէկ հաւաքածոն՝ “The Prosperous Few and the Restless Many” վերնագրով (հրատարակուած 1993 թուին, Odonian Press-ի The Real Story շարքէն) վերստին կարդալու առիթը ունեցայ, եւ ընթերցողներուն օգտակար համարելով հոն արձանագրուած շարք մը դիտարկումներուն անդրադարձը, որոշեցի գրել ներկայ խճանկարը այդ դիտարկումներուն։
- «Անյիշատակաելի հինգ տառով կազմուած բառը» (The unmentionable five-letter word)։
Անյիշատակելի այդ բառը ԱՄՆ-ի մէջ՝ CLASS բառն է (դասակարգ-ը), որուն գործածութիւնը արգիլուած է ԱՄՆ-ի մէջ, քանի որ սարսափ կը պատճառէ դրամագլուխի տէրերուն, որովհետեւ դասակարգ բառը կը վերյիշեցնէ ատոր յարակից՝ դասակարգային շահագործում, դասակարգային պայքար եւ դասակարգային յեղափոխութիւն գաղափարները…։ Մինչդեռ ԱՄՆ-ի պետական քարոզչութիւնը կ՚ըսէ, թէ՝ ԱՄՆ-ի մէջ դասակարգեր չկան, ժողովուրդը ամբողջ իրաւահաւասար եղբայրներ եւ քոյրեր են իրարու, եւ բոլորը աշխատաւորներ են, պոսսեր չկան, տիրող դասակարգ չկայ, բոլորս ամերիկացի ենք, բոլորս ունինք հասարակաց նոյն շահերը, եւայլն, եւայլն…։
Դաւիթ Պարսամեան Չոմսքիին կ՚ըսէ. «Տուեալ ընդունինք, որ գաղափարախօսութիւնը եւ քարոզչութիւնը գոյութիւն չունին ԱՄՆ-ի մշակոյթին մէջ։ Նոյնպէս՝ դասակարգը։ Կ՚ուզեմ որ խօսիք այս բառին մասին։
Չոմսքի կ՚ըսէ. «Վիչէնթէ Նավարրօ փրոֆեսորը, որ կը գործէ հանրային առողջապահութեան դաշտին մէջ, ուզեց վերստին տարրալուծել ցեղային եւ դասակարգային պատկանելութեանց ժառանգական գիծերուն շուրջ կատարուած վիճակագրութիւնները, իրարմէ զատորոշելու համար ցեղային ու դասակարգային պատկանելութեանց ազդեցութեանց տարբեր աստիճանները։ Սպիտակամորթ աշխատաւորներու եւ սպիտակ գործատէրերու միջեւ տարբերութիւնը աւելի մեծ էր, սեւամորթ աշխատաւորէն եւ գործատիրոջ միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութենէն։ Սակայն, ամերիկեան ոչ մէկ բժշկական հաստատութիւն կամ հրատարակութիւն որդեգրեց Փրոֆ. Վիչէնթէ Նավարրոյի բացայայտած կարեւորութիւնը դասակարգային պատկանելութեան… որովհետեւ ԱՄՆ-ի մէջ՝ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ Է ԽՕՍԻԼ ԴԱՍԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ԵՐԿՓԵՂԿՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ։ Միայն բրիտանական “Lancet” հանդէսը որդեգրած է զայն… քանի որ Բրիտանիոյ մէջ գիտութեան խօսքն է ընդունելին. սուտի քարոզչութիւնը անընդունելի է»։
Հոս տեղին է յիշել դրուագ մը Թոնի Պլէռի մասին։ Երբ ան, ԱՄՆ-ի մէջ, ամերիկացի լրագրողներուն ըսած է թէ՝ ինք ամէն օր Աւետարան կը կարդայ, իր ինքնաշարժին մէջ կը պահէ Աւետարանի օրինակ մը, եւ թէ՝ նախագահ Ժորժ Պուշի նման երբեմն ալ կը խօսի Աստուծոյ հետ… թղթակիցները հարց կու տան Պլէռին՝ ինչո՞ւ այս մասին բնաւ չէք անդրադարձած երբ Լոնտոն կը գտնուէիք։ Պլէռ ուղղակի կը բացատրէ թէ՝ եթէ ինք այսպիսի խօսքեր ըսէ Լոնտոնի մէջ… զինք ունկնդրողները կը ձերբակալեն զինք եւ մտային հիւանդութեանց բուժարան կը տանին…»։
Չոմսքիի շարք մը դիտարկումներէն մէկը կ՚ըսէ. «ԱՄՆ-ի մէջ երբ դուն հազիւ դասակարգ բառը գործածես, բոլոր ունկնդիրները մեռած գետին կ՚իյնան… կարծելով թէ Մարքսեան ներխուժում մը կայ նորէն»։
ԱՄՆ-ի ֆինանսատէրները ժողովուրդը կ՚օրօրեն՝ «բոլորս ամերիկացի ենք, բոլորս ունինք միեւնոյն հասարակաց շահերը» օրօրոցային քնացնող երգով… Լիբանանի անկուշտ ֆինանսատէրերն ալ ժողովուրդը կը քնացնեն՝ «բոլորս ունինք մեր համայնքին հասարակաց նոյն շահերը» երգելով, դաժանօրէն շահագործելով իրենց իսկ համայնքին աշխատաւոր դասակարգին պատկանողները։
Զարմանալին այն է, որ Սոցիալիզմը դաւանիլ յաւակնող հայ կուսակցութիւն մըն ալ կը մերժէ դասակարգային բեւեռացումը հայ ժողովուրդին…։ Կարելի՞ է՝ թէ սոցիալիստ ըլլալ եւ թէ չընդունիլ դասակարգային երկփեղկումը նաե՛ւ հայ ժողովուրդին…։ Հայաստանի մէջ, աւատատիրութեան շրջանին, նոյնիսկ աւատատէր բարձրաստիճան եկեղեցականներ եղած են, որոնց շարքին կաթողիկոս մը, որ 500 հայկական գիւղերու աւատատէրը եղած է…։ Էսթապլիշմէնթացած եկեղեցիները, բոլոր ժողովուրդներուն մօտ ալ, եղած են զինակիցն ու դաշնակիցը, նաեւ՝ մեղսակիցը տիրող շահագործողական ստրկատիրական, աւատատիրական եւ դրամատիրական դասակարգերուն։
- «Ֆաշիզմը չի կրնար պատահիլ ԱՄՆ-ի մէջ, կրնա՞յ պատահիլ» (Fascism can’t happen here _ can it?)։
Դաւիթ Պարսամեան կ՚ըսէ՝ թէ 1930-ականներուն, Լուիզիանա նահանգի կառավարիչը ըսած էր. «Եթէ օր մը Ֆաշիզմը Միացեալ Նահանգներ մուտք գործէ, ամերիկեան դրօշով պարուրուած պիտի ըլլայ»… եւ կ՚ուզէ գիտնալ Չոմսքիի կարծիքը, քանի որ Չոմսքի՝ առիթով մը, դիտարկած էր՝ թէ ինք ֆաշական ձգտումներ նկատած էր ԱՄՆ-ի մէջ…, Հանրապետական կուսակցութեան հանրահաւաքներուն ընթացքին ջղագար լոզունգներ լսելով՝ «Աստուծոյ», «Երկրի» եւ «Կանանց դերակատարութեան» պանծացումը գոռացող… որոնք յար եւ նման էին Հիթլերի ճառերուն, յատկապէս կանանց հանրաւաքներուն եւ ընտրութիւններուն ընթացքին…։
Չոմսքի կը բացատրէ. «Այդ օրերուն, ես շատ լրջօրէն չէի կրնար հաւատալ, որ Ֆաշիզմը կրնայ տիրապետել ԱՄՆ-ի մէջ, քանի որ երկրի ֆինանսատէրներու հզօր հատուածը թոյլ պիտի չտար նման բան։ Սակայն, երբ աւելի ուշ, ամերիկացի ընկերաբան մը՝ Լոնտոնի մէջ հրատարակեց իր հետազօտութեանց արդիւնքները, տարբեր երկիրներու ժողովուրդներուն կրօնասիրութեան տոկոսներուն շուրջ։ Անդրադարձայ, թէ ԱՄՆ-ի ժողովուրդին երեք-քառորդը կրօնասէր է, կը հաւատայ կրօնական հրաշքներու… կը հաւատայ սատանայի… յարութեան… Աստուծոյ ամենակարողութեան եւայլն։ Այսինքն, կոյր հաւատքի մոլեռանդները մեծամասնութիւնը կը կազմեն ԱՄՆ-ի բնակչութեան… կրցայ հաւատալ, որ ասոնք կրնան յաղթել ֆինանսատէրներու հզօր հատուածին, կը դառնան ֆաշականներ եւ կը գործեն արկածախնդրութիւններ, որոնք համազօր են անձնասպանութեան եւ կ՚արժանանան Հիթլերի վախճանին..»։
Նացիզմը եւ Ֆաշիզմը քաղաքական կազմակերպութիւններ չեն, այլ՝ դիցաբանական… որ հետեւորդներէն կը պահանջէ կոյր հաւատք… կոյր կամապաշտութիւն (volantarism) եւ երդում եւ ուխտել, բայց երբեք՝ գիտակից յարում։ Կոյր յարումով անդամներով կազմակերպութիւն մը կ՚ունենայ կուռ շարքեր, կ՚ըլլայ հզօր, բայց եւ վտանգաւոր ու արկածախնդիր…։
- «Բաժնէ ու գրաւէ եւ տիրէ» (“Divide and conquer and rule”)։
Պարսամեան կ՚ըսէ. «Քիչ մըն ալ խօսեցէք բրիտանական վերեւ յիշուած քաղաքականութեան մասին»։
Չոմսքի. «Բնականաբար ամէն գրաւող ուժ՝ երկրի մէկ մասը պիտի գործածէ միւս մասին դէմ։ Ես կը կարծեմ, որ Բրիտանիոյ կողմէ Հնդկաստանին իշխելու համար օգտագործած ուժերուն 90 տոկոսը հնդիկներ էին։ Բրիտանացիները Հնդկաստանին տիրապետելու համար, իրենց իշխանութեան գագաթնակէտին անգամ, հոն փոխադրած չէին՝ աւելի քան 150,000 բրիտանացի։ Բայց մոռնանք երրորդ աշխարհը, տեսնենք թէ նացիներու գրաւումը քաղաքակրթուած Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ՝ Պելճիքայի, Հոլանտայի եւ Ֆրանսայի պէս երկիրներուն մէջ, ինչ էր քաղաքականութիւնը։ Միեւնոյնն էր. բազմաթիւ էին գրաւողներուն հետ գործակցող ֆրանսացիները, պելճիքացիները եւ հոլանտացիները։ Նացիները, հրեաներու վրայ վերահսկելու համար, կ՚օգտագործէին հրեայ մատնիչներ…։ Եւ՝ եթէ պահ մը ենթադրենք, որ ռուսերը գրաւած են Միացեալ Նահանգները, ներխուժողներուն հետ հաւաքական գործակցողները պիտի ըլլան՝ Ճորճ Պուշի, Ռոնալտ Ռիկընի, Իլիեօթ Ապրամզի եւ ասոնց նմաններու նկարագիրը ունեցողները…։ Ներխուժողները իբր կանոն կը սերտեն իրենց գրաւած երկրի բնակչութեան իրարու թշնամի կամ հակառակորդ խումբերը եւ անոնցմէ մէկը կ՚ընտրեն, որ պայքարի միւսներուն դէմ, որոնք վերապահ են իրենց նկատմամբ։ Հիմա օրինակ՝ Արեւմուտքը, Թուրքիան պաշտպանելու համար, Իրաքի աւատատէր քիւրտերը կը մղեն պայքարելու PKK-ի դէմ…։ Եւրոպայի գաղթատիրական արշաւանքը դէպի Արեւելք եւ Հարաւ, կը մղուէր բնաջնջումի պատերազմներով, որոնց ծանօթ չէին գրաւեալ երկիրներու բնիկ ժողովուրդները։ Եթէ մենք պարկեշտ պիտի ըլլանք, պէտք է ընդունինք, որ Եւրոպայի շարժումները դէպի Արեւելք եւ Հարաւ՝ բարբարոսային ներխուժումներ էին…»։
4) «Ընտրեալ Երկիրը» (“The Chosen Country”)։
Պարսամեան հարց կու տայ Չոմսքիին. «Միացեալ Նահանգներ եւ Իսրայէլ դաշինքի պայմաններուն մէջ, կառուցուածքային փոփոխութիւն մը կա՞յ»։
Չոմսքի կը պատասխանէ. «Ոչ մէկ նշանակալից կառուցուածքային փոփոխութիւն։ Մինչեւ տեսանելի ապագայ, Միջին Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ի շահերը պաշտպանելու Իսրայէլի հնարաւորութիւնները աւելցած են հաւանաբար, եւ AIPAC (American Israel Public Affairs Committee) կը շարունակէ մնալ ԱՄՆ-ի Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Միջին Արեւելքի բաժանմունքը…։ Իսրայէլ այնքան ժամանակ որ կը շարունակէ հնարաւորութիւն ունենալ պաշտպանելու Միջին Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ի շահերը, կը մնայ ԱՄՆ-ի «Ընտրեալ Երկիր»ը։ Եւ հետեւաբար, Իսրայէլի դէմ առնուած ոչ մէկ ՄԱԿ-ի որոշում՝ գործադրելի ուժ չի կրնար ունենալ, ճիշդ այնպէս ինչպէս է ԱՄՆ-ի դէմ որոշումը, որուն դէմ գործածուող վեթոյի իրւունքը նոյնպէս կը գործածուի Իսրայէլի դէմ առնուած որոշումին դէմ։ Որովհետեւ Իսրայէլ փոքր, տկար ու անօգնական պետութիւն մը չէ, սիոնական առաքելութիւն ունեցող պետութիւն մըն է, ինչ որ զինք կը դարձնէ ԱՄՆ-ի նմանակ պետութիւն…»։
- Ուտելիք եւ Երրորդ Աշխարհի «տնտեսական հրաշքներ».. (“Food and Third World “economic miracles”)։
Դաւիթ Պարսամեան խիստ կարեւոր կը համարէ անդրադառնալ նաեւ՝ դեռեւս շարունակուող միլիոններով մարդոց եւ յատկապէս երեխաներու մահը՝ անօթութեան պատճառով։ Ան կը հաղորդէ Չոմսքիին. «1985-1992 տարիներուն, ԱՄՆ-ի մէջ, անօթութենէ տառապող ամերիկացիներու թիւը բարձրացած է քսանէն երեսուն միլիոնի։ Այդուհանդերձ, վիպագիր Թոնի Ուուլֆ, 1980-ականները նկարագրած է իբր «մարդկութեան երբեւէ չտեսած մեծ ոսկեղէն պահեր»»։
Չոմսքի պատասխանած է. «Նիւթական շահերը մարդկային կեանքին աւելի կարեւոր նկատող ընկերային-տնտեսական համակարգը այդ սուտը հասցուցած է մինչեւ «Երրորդ Աշխարհի երկիրներու մէջ, ինչպէս՝ Պոլիվիոյ՝ տնտեսական հրաշքներու»։
Չոմսքի մանրամանսօրէն կը բացատրէ, թէ աշխարհին մէջ ուտեստեղէնի տագնապ չկայ, այլ՝ սննդեղէնի անհաւասար, անարդար բաժանում…։ Եւ՝ անհեթեթ է խօսիլ աղքատութեան դէմ պայքարի մասին։ Աղքատութիւնն ալ հետեւանքն է՝ աշխատանքով գոյացած հարստութեան անարդար բաժանումին՝ գործատիրոջ եւ աշխատաւորին միջեւ։ Ուրեմն, եթէ գործատէրը դադրի շահագործելէ աշխատաւորները, աղքատութիւն չի գոյանար։ ԱՄՆ-ի ֆինանսատէրերը կ՚ըսեն՝ թէ ԱՄՆ-ի տնտեսութիւնը ազգային չէ, այլ՝ միջազգային։ Ուրեմն, իրենք պէտք է ըլլան աշխարհի կառավարիչները։ Եւ այդ նպատակով ստեղծած են IMF-ը (Արժոյթային Միջազգային Հիմնարկ) WB-ը (Համաշխարհային Դրամատուն), որոնք «տնտեսական հրաշքներ» խոստանալով, Պոլիվիոյ եւ Չիլիի այդ երկիրներուն դրամական փոխատւութիւններ ըրին։ Եւ անոնց տնտեսական քաղաքականութեան հրահանգներ տուին։ Այդ երկիրները տարիներ վերջ հասան տնտեսական աճի ընդունելի ցուցանիշերու, սակայն իրենց երկիրներուն մէջ՝ բազմապատկուեցան աղքատներու թիւը եւ գործազուրկներու թիւը։ Չիլիի մէջ, Սալվատոր Ալլէնտէի օրով, գործազուրկներու թիւը հասած էր 20%-ի։ CIA-ի միջամտութեամբ Ալլէնտէի սպանութեան յաջորդող տարիներուն (1973-1990), Չիլիի գործազուրկները հասան 40%-ի…։ Իսկ Պոլիվիոյ մէջ զարգացաւ քոքային արտադրող քոքա-յի մշակումը, որ դարձաւ Պոլիվիոյ եկամուտին երկու-երրորդ մասը, որմէ աւելի մեծ համեմատութեամբ շահեցան նաեւ՝ ամերիկեան անդրազգային ընկերութիւնները… եւ քիմիական արտադրութեանց ամերիկեան գործարարները։ Եզրակացնելով թէ՝ IMF-ի եւ WB-ի գովաբանած «տնտեսական հրաշքներ»էն օգտուեցան ամերիկացի ֆինանսատէրերը… եւ ոչ թէ Երրորդ Աշխարհի Պոլիվիոյ եւ Չիլիի ժողովուրդը։
- “The new global economy”։
Այս ենթախորագրին տակ, Չոմսքի եւ Պարսամեան, 1993 թուին արդէն կը խօսին 15 տարիներ վերջ՝ 2008-ին պայթելիք ԱՄՆ-ի (դրամատիրութեան) տնտեսական մեծ եւ տակաւին շարունակուող ճգնաժամին մասին։ Անոնք կը խօսին միաբեւեռ աշխարհակարգի անկումին եւ երրեակ բեւեռներով աշխարհակարգի մասին, որ սակայն իրականացաւ իբր բազմաբեւեռ աշխարհակարգ։ Մարգարէական ախտաճանաչումներ, որոնք կը պահանջեն յատուկ անդրադարձ…։