Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ (լուսանկարներ)

Ով` Ինչի Կը Պատրաստուի Արցախեան Ճակատի Վրայ

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի շուրջ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին բաւական գործուն զարգացումներ արձանագրուեցան, բաւական հետաքրքրական, յաճախ ալ՝ իրարամերժ յայտարարութիւններ հնչեցին: Իսկ առաջնագիծին իրավիճակը կը մնայ անփոփոխ՝ ամէն պահ պատրաստ կտրուկ փոփոխութիւններու: Անոր օգտին կը վկայէ նաեւ փաստը, որ հերթական անգամ ատրպէյճանական կողմը դիտարկում իրականացնող ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դուրս չէ հանած իր առաջապահ դիրքերը: Այս անցուդարձի առանձին դրուագներ մեկնաբանած է Դաւիթ Բաբայեանը:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք, ըստ էութեան հրաժեշտի այցով կը գտնուէր Հարաւային Կովկաս: Սակայն անոր յայտարարութիւնները միայն հաճելի յիշողութիւններ չձգեցին: Դաւիթ Բաբայեանի գնահատմամբ՝ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցով Պաքուի մէջ կատարած անոր յայտարարութիւնները յստակ ատրպէյճանամետ էին եւ Երեւանի մէջ ալ Թուսք խօսեցաւ ընդհանուր գիծերով՝ չփորձելով նոր յայտարարութեամբ վերականգնել իր իսկ խախտած հաւասարակշռութիւնը: «Պարոն Թուսքը չխօսեցաւ ազգերու ինքնորոշման մասին, չխօսեցաւ մարդու իրաւունքներու մասին: Ատրպէյճանի մէջ խօսեցաւ տարածքային ամբողջականութեան մասին: Ասոնք այնպիսի մօտեցումներ եւ գաղափարներ են, որոնց մենք պէտք է արձագանգենք կոշտ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Արցախը այդ իրաւունքը վաստակած է իր պատմութեամբ»,- կ’ընդգծէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեանը: Փոխարէնը, Ուաշինկթոնէն ոչ այնքան հաճելի հաղորդագրութիւններ ստացաւ Պաքուն: ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը հաւանութեան արժանացուցած է քոնկրեսական Պրետ Շերմանի ներկայացուցած առաջարկը, որ կ’արգիլէ Պաքուին փոխանցել ամերիկեան պաշտպանական որոշակի թեքնիքական միջոցներ, որ կրնայ օգտագործուիլ Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ գործող քաղաքացիական օդանաւերը խոցելու համար: Իսկ աւելի վաղ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է քոնկրեսական Ճուտի Չուի լրացումը ի պաշտպանութիւն Արցախի վերաբերեալ «Ռոյս-Էնկելի» առաջարկին։ Խօսքը կը վերաբերի զօրքերու շփման գիծէն դիպուկահարները հեռացնելուն, ԵԱՀԿ դիտորդներու թիւը աւելցնելու, հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքենականութիւններու ներդրման ու գործարկման: «Առաջնահերթութեան տեսանկիւնէն ասիկա առաջնային օղակն է: Այսինքն այնպէս ընել, որ տեղւոյն վրայ զինադադարի ռեժիմը պահպանուի, վերահսկուի, խախտումները մատնանշուին եւ ասիկա անշուշտ ճիշտ մօտեցում է»,- կը կարեւորէ Դաւիթ Բաբայեան: Հայկական կողմերը նման գործելաձեւերու անհրաժեշտութեան մասին շատոնց կը խօսին: Ատրպէյճանը ամէն ձեւով կը փորձէ հարցը շրջանցել՝ խուսափելով յատկապէս առաջնագիծին վերահսկողութեան որեւէ տարբերակէ:

Յուլիս 11-ին ալ ատրպէյճանական կողմը դիտարկում իրականացնող ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դուրս չէ հանած իր առաջապահ դիրքերը: Արդէն հերթական անգամ: «Այս մօտեցումը ինքնին եւս մէկ անգամ ցոյց կու տայ, որ Ատրպէյճանական կողմը այդ մշտադիտարկման վայրին մէջ կը կատարէ քայլեր, որոնք կը խախտեն զինադադարի պահպանման ռեժիմի եւ պայմանագրերը, եւ փիլիսոփայութիւնը»,- միջնորդներու ուշադրութեան կը հրաւիրէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետը: Այս բոլորը նկատի առնելով ալ՝ Ստեփանակերտի մէջ թերացումներու համար Պաքուին հակազդելու միջնորդներու գործիքակազմը անբաւարար կը համարեն, առաջնագիծին հետաքննութեան մեքենականութիւններու տեղադրման հարցը՝ անհետաձգելի:

Ստեփանակերտ

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին