Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ղարիպ Համառօտ Կերպով Պըրրիին Ներկայացուց Ալէյի Բախումներուն Մասին «Իրականութիւնը»

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ, Հինգշաբթի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին համառօտ կերպով ներկայացուց շաբաթավերջին Ալէյի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն «իրականութիւնը»։

«Պըրրի բախումներուն մասին մանրամասնութիւններ կը փնտռէ: … Ան գիտէ ճշմարտությունը»,- ըսաւ Ղարիպ` Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք՝ հրաժարելով քննարկման վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններ ներկայացնելէն: Պըրրի Չորեքշաբթի հանդիպած էր Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ, որ կը գլխաւորէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութցութիւնը, քննարկելու լարուածութիւնը:

Յիշեցնենք, որ անցեալ Կիրակի Ալէյի մէջ սպաննուած էին Ղարիպի երկու թիկնապահները։

Պըրրիի հետ հանդիպումէն առաջ, Ղարիպ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Թալալ Արսլանի եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ղեկավար Ապաս Իպրահիմի հետ:

Հանդիպումէն ետք Արսլան ըսաւ, որ ինք կը հաւատայ, որ իշխանութիւնները պատասխանատւութեան պիտի կանչեն բախումներուն պատասխանատուները, աւելցնելով. «Յուսանք, որ ճիշդ ուղիի վրայ ենք … եւ դատական ​​գործընթացը պիտի իրականացուի թափանցիկ կերպով»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին