Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ (լուսանկարներ)

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից 

Արցախի Փախստականներու Կարգավիճակի Միջազգային Հաստատումը` Օրախնդիր

Փախստականներու միջազգային օրուան առիթով Արցախի փախստականներու միութիւնը քննարկման հրաւիրած է միութեան անդամները, Խորհրդարանի ու կառավարութեան ներկայացուցիչները: Արցախի մէջ առաջին փախստականները յայտնուած են 1988-ի Փետրուարին՝ Սումկայիթեան ջարդերէն մազապուրծ: 1988-91 թուականներուն Ատրպէյճանէն բռնագաղթուեցան 500 հազարէ աւելի հայ: Անոնցմէ 100-120 հազարը որոշ ժամանակով Արցախի մէջ հանգրուանեց: Շատերը հեռացան՝ պատերազմի եւ սոցիալական ծանր պայմաններու պատճառով: Փախստականներու մէկ մասը այսօր ալ Արցախի մէջ է՝ իր բազմաթիւ հոգերով: «Անիկա առաջին հերթին հանրակացարանի տարաբնակեցման հարցն է, բնակարնային խնդիրներն են, այդ շարքին է նաեւ հիբոթեքային վարկաւորման հարցը, շատ ընտանիքներ սոցիալական խնդիրներու ունին»,- կը թուարկէ Արցախի փախստականներու միութեան նախագահ Սարասար Սարեանը:

Անոնք, որոնք մնացին Արցախի մէջ, կրնան ակնկալել միայն պետական աջակցութիւն: Արցախի կարգավիճակի պատճառով՝ Արցախի մէջ հաստատուած բռնագաղթուածները միջազգային կառոյցներու կողմէ փախստականի կարգավիճակ չեն ստանար: «Բոլորը կարծես թէ չեն տեսներ Արցախի մէջ հաստատուածներս: Այնինչ մեզի հետ կատարուածը բոլոր առումներով կը համապատասխանի փախստականի միջազգայնօրէն ճանչցուած բնորոշման»,- մտահոգութիւնը չի թաքցներ Սարասար Սարեանը: Այն որ խնդիրը իսկապէս կայ եւ սուր է, կը նկատէ նաեւ Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանը. «Միջազգային մարմիններու կողմէ ատրպէյճանական փախստականներու հանդէպ ուշադրութիւնը կայ, իսկ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ միջազգային կառոյցներու պատշաճ ուշադրութիւն չկայ»: Սարասար Սարեան կ’ընդգծէ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գերակայ համարեցին հարցի մարդասիրական կողմը: Արդէն 30 տարի է ամէն ինչ կը կատարուի` Ատրպէյճանէն մազապուրծ փրկուած եւ հայրենիք վերադարձած հայերու սոցիալական վիճակը թեթեւցնելու համար: Կան բնակարանային եւ աջակցութեան տարբեր ծրագրեր: Այդ պատճառով փախստականներու խնդիրները աստիճանաբար կը լուծուին: Իսկ Ատրպէյճանի մէջ նախընտրեցին փախստականները պահել ճամբարներու մէջ եւ արդէն 30 տարի է կը փորձեն միջազգային հանրութիւնը շանթաժի ենթարկել այդ հարցով: «Իրականութիւնը այն է, որ հայութեան` Ատրպէյճանի մէջ ձգած գոյքը լիուլի բաւարար էր` այդ մարդոց բնակարանային հարցերը լուծելու համար»,- կ’ընդգծէ Սարասար Սարեան:

Հարցը որքան մարդասիրական, նոյնքան ալ քաղաքական մաս ունի՝ հակամարտութեան կարգաւորման առումով: «Պէտք է մեր փախստականներու ձայնը լսելի ըլլայ: Անոնք հակամարտութենէն տուժած համայնք են: Իրենք ոչ պակաս քան ատրպէյճանցի փախստականները պէտք է ներկայացուած ըլլան տարբեր հարթակներուն, իրենց ձայնը լսեն»,- կը վստահեցնէ Արտակ Բեգլարեանը:

            Նման բովանդակութեամբ յայտարարութիւն ընդունեցին փախստականներու միջազգային օրուան նուիրուած կլոր սեղանի մասնակիցները: Յայտարարութիւնը ուղղուած է միջազգային մարդասիարկան կառոյցներուն, առաջին հերթին` ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքերու հարցերով յանձնակատարին:

Աննախադէպ Աւելցած են Հետախուզութեան, Կանխարգելիչ Գործողութիւններու Հնարաւորութիւնները

10.000 զինծառայող, 200-է աւելի հրետանային համակարգեր, մօտ 150 զրահական մեքենայ, 50-է աւելի Հակաօդային Պաշտպանութեան համակարգեր, աւելի քան 400 մեքենայ եւ այլ շարժակազմեր: Որոշ դրուագներու մէջ՝ ներառուած է նաեւ ռազմական օդուժը: Յունիս 17-էն մեկնարկած ՊԲ հրամանատարական զօրավարժութիւնները աւարտած են Յունիս 20-ի գիշերը՝ մարտական հրաձգութեամբ: «Հրաձգութեան փուլի ժամանակ մենք կիրառած ենք տարբեր զօրատեսակներու սպառազինութեան նմուշներ: Մենք յատուկ խնդիր դրած ենք փորձարկել եւ փորձարկման արդիւնքներով, մանաւանդ կիրառելով այս պայմաններու մէջ, յստակեցնել եւ ծրագրաւորել մեր հետագայ ընելիքները»,- զօրավարժութենէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին նշած է Արցախի պաշտպանութեան նախարար, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Կարէն Աբրահամեանը:

            Պաշտպանութեան բանակի մէջ այս լայնածաւալ զօրավարժութիւնը կ’իրականացուի ըստ մարտական պատրաստութեան ծրագրի: Նախորդներէն կը տարբերի անով, որ կ’իրականացուի սպառազինութեան ու նիւթատեխնիկական կայանի համալրումէն ու հաստիքակառուցուածքային փոփոխութիւններէն ետք՝ թոյլ տալով գործնականօրէն  կիրառել նորոյթները: Անոնց շարքին են հետախուզական նպատակներու համար նախատեսուած նոր միջոցները: «Զօրավարժութեան տարբեր փուլերուն մենք կիրառած ենք բարձր գիտարուեստներով յագեցած հետախուզական եւ կառավարման համակարգեր: Նպատակն էր հասնիլ կառավարման համակարգի մէջ կայուն եւ անընդհատ ղեկավարման»,- Կարէն Աբրահամեանը բոլոր փակագիծերը չի բանար, բայց կը վստահեցնէ` նոր միջոցները անհամեմատ լայն հնարաւորութիւններ կու տան հակառակորդի շարժը վերահսկելու, անոր գործողութիւններէն բխող վտանգը ժամանակին հաշուարկելու եւ ընդհուպ` կանխարգելիչ հարուածներ հասցնելու հարցով:

            Մի քանի փուլ ներառող զօրավարժութիւնները իրականացուած են իրականին մօտ, յաճախ՝ միտումնաւոր աւելի բարդացուած եղանակային պայմաններու մէջ: Զօրավարժութիւններու մտայղացման մաս կազմած են քօղարկման, հակառակորդը ապակողմնորոշելու դրուագները: Կարէն Աբրահամեանը անոնք ալ արդիւնաւէտ կը գնահատէ: «Հակառակորդի կողմէ հնարաւոր չէ եղած իրականացուի իրական հետախուզում եւ տալ գնահատական մեր զօրավարժութեան իրական ծաւալներուն»,- նշած է Արցախի պաշտպանութեան նախարար, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Կարէն Աբրահամեան:

            Որպէս զօրավարժութեան ղեկավար՝ ՊԲ հրամանատարը արդիւնքները բարձր կը գնահատէ: Հետագայ ընելիքներու համար հետեւութիւնները կ’ըլլան արդիւնքները աւելի մանրամասն վերլուծելէ ետք:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին