ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Անխախտ Բարեկամութիւնը Կը Պահպանուի` Հակառակ Դատարաններու Որոշման
Ֆրանսական դատարանները չեղեալ յայտարարած են Ֆրանսայի եւ Արցախի մի քանի համայնքներու միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան հռչակագրերը: Մայիսի 29-ին եւ Յունիս 11-ին Ֆրանսայի վարչական դատարանները չեղարկած են Տրոմ նահանգ-Արցախ, Վալանս-Ստեփանակերտ, Պուրկ լէ Վալանս-Շուշի, Պուրկ տը Պէաժ-Մարտունի համայնքներուն միջեւ կնքուած Բարեկամութեան հռչակագրերը: Դատական համակարգը պէտք չէ բռնանայ բացառապէս մարդասիրական մակարդակի մարդոց շփումներուն, համոզուած է Արցախի խորհրդարանի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը. «Իսկապէս, այստեղ ոչ միայն երկրի ճանաչման հարցն է, այլ մարդու իրաւունքներու հարցը: Ի վերջոյ, նոյն Եւրոպան կ’ապրի այդ օրէնքներով»:
Թէ որուն ջանքերուն արդիւնքով ֆրանսական դատարանները նման արշաւ սկսած են՝ կարելի է կռահել: Գուշակելու կարիք անգամ չկայ: Պաքուի ներկայացուցիչները չեն թաքցներ, որ արդէն չորս տարիէ ի վեր կ’աշխատինն այդ ուղղութեամբ, բողոքներ կը յղեն: Ըստ էութեան` նաեւ ժխտողականութեան հարցի մէջ մեծ փորձ կուտակած թրքական լոպպին այդ գործին լծուած է: Ֆրանսական դատարաններուն որոշումները, առաջին հայեացքէն կարելի է որպէս անոնց ջանքերու արդիւնք գնահատել, համամիտ է Արցախի Խորհրդարանի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը, որ միաժամանակ կ’ընդգծէ, թէ այդ մակարդակի պայքար սկսելով Պաքուն ինք ակամայ կը բարձրացնէ համայնքներու մակարդակով Արցախի եւ տարբեր երկիրներու միջեւ հաստատուած կապերու կարեւորութիւնը: «Այդ ամէնը ցոյց կու տայ, որ մենք ճիշտ ճանապարհի վրայ ենք: Տարբեր առիթներով Ատրպէյճանի այդ ջղաձգութիւնը, հիսդերիք պահուածքը կ’ապացուցէ ատիկա: Ասիկա կը նշանակէ, մենք ճիշտ ուղղութեան վրայ ենք եւ քաղաքական այդ զարգացումները պէտք է շարունակենք»,- կը շեշտէ Վահրամ Բալայեան:
Բացի այն, որ Արցախի բազմաթիւ բնակավայրեր կապեր ունին այլ երկիրներու բնակավայրերու, համայնքներու հետ, աշխոյժ է նաեւ խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը, որուն մասն կը կազմեն Արցախ-Ֆրանսա խորհրդարանական կապերը: Ունեցած հնարաւորութիւնները աւելի աշխոյժ պիտի օգտագործուին, փակագիծերը ամբողջութեամբ չի բանար Արցախի Խորհրդարանի փոխնախագահը. «Ես նիկատի ունիմ խորհրդարանակայ խումբերու ընդլայնումը, աշխատանքը տարբեր երկիրներէն ժամանող հիւրերու հետ, ովքեր Արցախ կու գան, կը ծանօթանան իրավիճակին եւ կը դառնան մեր բարեկամները»:
Այդ յարաբերութիւններու բարեկամական ըլլալը կը հաստատեն Արցախի հետ բարեկամացած ֆրանսական քաղաքներու ներկայացուցիչները: «Մենք կը վերհաստատենք մեր հաւատարմութիւնը Արցախի եւ անոր բնակիչներուն հետ բարեկամութիւնը՝ յուսալով, որ մեր անսասան համերաշխութիւնը կը նպասէ խաղաղութեան» ըսուած է Պուրկ լէ Վալանսի քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէի, Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնի տարածած յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութիւն տարածած է նաեւ Արցախ-Ֆրանսա բարեկամութեան շրջանակը: Ափսոսանք յայտնելով Ֆրանսայի վարչական դատարաններուն կողմէ Վալանս, Պուրկ լէ Վալանս, Պուրկ տը Պէաժ, Առնուվիլ քաղաքներուն եւ Արցախի Հանրապետութեան համայնքներուն միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան հռչակագրերու չեղարկման առթիւ` բարեկամութեան շրջանակը ողջունած է նոյն քաղաքներու քաղաքապետերու յայտարարութիւնները` շարունակելու եւ զարգացնելու հաստատուած բարեկամական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ «Ֆրանսա-Արցախ» բարեկամութեան շրջանակի անդամներու՝ ֆրանսական կառավարութեանն ուղղուած կոչը՝ չտրուիլ ատրպէյճանական ճնշումներուն եւ պահպանել անկողմնակալութիւնը:
Յիշեցնեմ, որ Արցախը առաջիններէն մէկը նոյն ֆրանսական տարբեր քաղաքներուն եւ համայնքներուն հետ սկսած է կապեր հաստատել` մօտ 20 տարի առաջ: Արցախի եւ Ֆրանսայի քաղաքներու միջեւ առ այսօր մէկ տասնեակէ աւելի բարեկամութեան հռչակագրեր ընդունուած են:
Ականի Պայթիւնէն Տուժածի Վիճակը Կը Գնահատուի Միջին Ծանրութեան
Արցախի մէջ հերթական խաղաղ բնակիչ մը վնասաուծ է ականի պայթիւնէն: Դէպքը տեղի ունեցած է Հադրութի շրջանի մէջ: Տուժողն ալ Մեծ Թաղեր գիւղի բնակիչներէն մէկն է: «Արարատ Վալերիի Մարգարեան, ծնած 1985 թուականին, չպարզուած հանգամանքներով Տող գիւղի տարածքին խաղողի այգիի մէջ աշխատելու ընթացքին պայթած է գնդիկաբեկորային ռումբի վրայ»,- կը մանրամասնէ ԱՀ ԱԻՊԾ ճգնաժամային կառավարման կեդրոնի հերթապահ Արթուր Մարտիրոսեանը:
Տուժողը տեղափոխուած է Ստեփանակերտ, Հանրապետական բժշկական կեդրոն: Հիւանդը ստացած է կրծքավանդակի եւ որովայնի շրջանին բազմաբեկորային վնասուածքներ: «Կատարուած է բեկորներու մասնակի հեռացում: Հիւանդը տեղափոխուած է մասնաւոր բուժման սենեակ»,- լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն տեղեկացուցած է վիրաբոյժ Արամայիս Գրիգորեանը:
Հիւանդի վիրահատութիւնը մօտ մէկ ժամ տեւած է: Ներկայիս բժիշկները տուժողին վիճակը կը գնահատեն միջին ծանրութեան: «Թրաքթորը վարելու ժամանակ: Հողի տակէն դուրս ելաւ՝ պայթեցաւ: Ալիքը զիս հեռու շպրտեց: Պաշտպանիչ հատուածը զիս փրկեց: Անիկա չըլլար՝ մաս-մաս պիտի ըլլայի»,- արդէն վիրահատութենէն ետք պատմեց տուժող Արարատ Մարգարեանը:
Արցախի մէջ պարբերաբար տեղի կ’ունենան ականի պայթիւնէն խաղաղ բնակիչներու վնասման դէպքեր: Ականազերծման աշխատանքները կը շարունակուին եւ պետական, եւ արտասահմանէն հասնող մարդասիրական միջոցներով:
Մասնաւորապես, Յունիս 19-ին ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատը հաստատած է Արցախի մէջ ականազերծման ծրագրի եւ վերականգնման ծառայութիւններու համար 1.5 միլիոն տոլարի չափով օգնութիւն տրամադրելու նախաձեռնութիւնը: ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի տարածած տեղեկատւութեան համաձայն` 2020 թուականի արտասահմանեան օգնութեան մասին օրինագիծի փոփոխութիւնը ներկայացուցած է Թիճէյ Քօքսը: Փոփոխութեան առաջարկին կողմ քուէարկած է 231, դէմ՝ 187 քոնկրէսական:
«Լեռնային Ղարաբաղը ականներու պայթիւններէն քաղաքացիական բնակչութեան կորուստներու բարձր ցուցանիշ ունի: HALO Trust-ի տուեալներով վերջին տասնամեակներու ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականներու պայթիւններուն հետեւանքով 400 խաղաղ բնակիչ զոհուած է,- ըսած է նախաձեռնութեան հեղինակ քոնկրէսական Քօքսը:- Այս փոփոխութիւնը պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման եւ վերականգնման ծրագրերու շարունակական ֆինանսաւորումը»: Քօքսը շեշտած է, որ լի է վճռականութեամբ աշխատելու Քոնկրէսի Հայկական հարցերով յանձնաժողովի իր գործընկերներուն, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ HALO Trust-ի հետ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ համայնքներու վերականգնումը ապահովելու հարցով:
Թալիշ–Մատաղիս–Մարտակերտ Ճանապարհահատուածը Ամբողջութեամբ Վերակառուցուած Կ’ըլլայ Մէկ Տարի Անց
Նախագահ Բակօ Սահակեան անձամբ հետեւած է Մարտակերտ-Մատաղիս ճանապարհի վերակառուցման աշխատանքներուն: 11 քմ ճանապարհը շինարարները երկու հանգրուանով պիտի կառուցեն: Հոկտեմբերին պատրաստ պիտի ըլլայ առաջին՝ 5,5 քմ հատուածը: Երկրորդ հատուածը աւարտելէն ետք շինարարական մեքենաները պիտի տեղափոխուին Թալիշ տանող ճանապարհը:
Մարտակերտ-Մատաղիս 11 քմ ճանապարհը պիտի բարեկարգուի: Արդէն մի քանի օր է՝ աշխատնքները սկսած են: Ներկայիս կ’իրականացուին հողային աշխատանքները՝ լայնցնելով երթեւեկելի հատուածը: «Ինչպես կը տեսնէք, արդէն աւարտած ենք այդ հանգրուանը: Անկէ ետք խճապատումը պիտի կատարենք: Օգոստոս 1-էն պիտի սկսին ճանապարհը ծածկել կուպրով»,- պատմեց եւ ցոյց տաուաւ շինարարութիւնը իրականացնող «Քարաւան» ընկերութեան տնօրէն Յակոբ Յակոբեանը:
Ճանապարհը կուպրով պատելու պիտի սկսին Մատաղիսէն եւ շարունակեն դէպի Մարտակերտ: «Զգալի աշխատանքներ կատարուած են՝ յենապատերու կառուցում, ջրահեռացման աշխատանքներ»,- կատարուածը կը գնահատէ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը` վստահ ըլլալով, որ շինարարութիւնը կը հասցնեն ժամանակին աւարտել:
Առաջին 5,5 քմ պատրաստ կ’ըլլայ Հոկտեմբերին: Երկրորդ հատուածը աւարտելէն ետք կը սկսի Մատաղիս-Թալիշ ճանապարհի բարեկարգումը: Նորութիւնը կը կարեւորեն նաեւ Արցախի հիւսիսային սահմանին մարտական հերթապահութիւն իրականացնողները: Անբարեկարգ ճանապարհները որոշակի բարդութիւններ կը ստեղծէին: «Իսկ հիմա արդէն այդ հարցերը բոլորը լուծուած են: Սպաները կրնան հանգիստ շարժ կատարել»,- լաւատես է ՊԲ գնդապետ Արմէն Գէօզալեանը:
Մարտակերտ-Մատաղիս-Թալիշ ճանապարհի նորոգումէն նաեւ տնտեսական ակնկալիքներ կան: Նոր հնարաւորութիւններ պիտի բացուին զբօսաշրջութեան համար: «Մենք այս ուղղութեամբ բաւական մեծ հողատարածքներ ունինք` գիւղատնտեսական նշանակութեան: Միւս կողմէ, այս ճանապարհը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ աւելի արդիւնաւէտ կապուիլ մայր հայրենիքի հետ՝ Մարտակերտ-Վարդենիս ճանապարհով»,- նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը կ’ընդգծէ Մարտակերտի շրջվարչակազմի ղեկավար Էդգար Յարութիւնեանը:
Ոչ պակաս կարեւոր է այս ծրագրի շարունակութիւնը: Մատաղիս-Մարտակերտ ճանապարհի բարեկարգումը աւարտելէն անմիջապես ետք կը սկսի Մատաղիս-Թալիշ ճանապարհի բարեկարգումը: Յատկապէս վերջին ծրագիրը տնտեսականէն ու սոցիալականէն առաւել շատ ռազմավարական նշանակութիւն ունի:
Մարտակերտի շրջանի տնտեսական կեանքի մէջ մօտ ապագային խոշոր դեր պիտի ստանձնէ Մատաղիսի ձկնաբուծարանը: Այստեղ խաւիար ու ձկնամիս պիտի արտադրուի: Այստեղ աշխատանքները սկսած են տարիներ առաջ եւ յոյս ունին, որ մօտ ապագային ներքին ու արտաքին շուկային մէջ պիտի ներկայանան նոր ու թանկարժէք արտադրանքով:
Ստեփանակերտ