ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Փոքր տարիքէս միշտ ալ հետեւած եմ մարզանքի ու մարզական կեանքին: Երկար տարիներ տրամադրած եւ խաղացած եմ պասքեթպոլ` տարբեր խումբերու մէջ, բայց միշտ ալ ֆութպոլը դարձած է հետաքրքրութիւնս եւ ուշադրութիւնս գրաւող աշխարհ, մանաւանդ` հայրենի ու հայաստանեան ֆութպոլային աշխարհը, որ մարզական հետաքրքրութենէն անցաւ աւելի անդին: Մեր պատանեկան տարիներուն եւ մեծնալու այդ շրջանին հայաստանեան ֆութպոլը եթէ մարզական խաղ էր, բայց նաեւ` հայկական: Եւ այդ հայկականը ունէր իրեն շատ յատուկ դրուածք եւ քաշողականութիւն, որ կ՚անցնէր մարզական աշխարհի այդ բոլոր հաճոյք-հետաքրքրութեան պարունակէն` հասնելու համար ազգային ինքնութեան եւ հպարտութեան գիտակցութեան: Այո՛, մարզանքն ու մարզաշխարհը եւ անոնց իւրաքանչիւր մարզիկ-հերոսը իրենց դերը ունեցան ու տակաւին ունին մեր կեանքերուն, ազգային ինքնութեան եւ մշակոյթի զարգացման մէջ:
Այս բոլորին մէջ իւրայատուկ տեղ ունէին Հայաստանի «Արարատ» ֆութպոլի խումբը եւ անոր իւրաքանչիւր մարզիկը: «Արարատ 1973», որ նոյն այդ տարին եղաւ ձեւով մը խումբին պիտակը, երբ նուաճեց այդ տարուան ու տարեշրջանի Խորհրդային Միութեան ողիմպիական եւ ախոյեանութեան մրցաշարքերու զոյգ բաժակները:
Մեր օրերուն չկային տեղեկատուութեան աշխարհի ստեղծած շատ արագ եւ դիւրին լուրերու սփռումը: Պէտք էր սպասէինք նուազագոյնը յաջորդող օրերուն, որպէսզի իմանայինք մրցումներուն արդիւնքները: «Արարատ»-ի տղաքը մեր պատանեկան կեանքերուն համար եղած էին հերոսներ: Խումբին նկարը ննջասենեակիս պատին վրայ էր, իսկ տղոց բոլոր անունները գոց սորված էի` Յովհաննէս Զանազանեան, Լեւոն Իշտոյեան, Արկադի Անդրէասեան, Նիկոլայ Ղազարեան, Էդուարդ Մարգարով, Ալիոշա Աբրահամեան, Խորիկ Յովհաննէսեան, Նորիկ Մեսրոպեան ու տակաւին… Սերգէյ Բոնդարենկօ, զայն կը կոչէինք «պոնտ», որովհետեւ գնդակին իր հարուածները ուժգին էին: Ինչպէս մոռնալ Կովալենկոն, որ շատ լաւ հայերէն կը խօսէր ու կ՚ըսէր. «Ես ռուս ժողովուրդին հայ զաւակն եմ»:
Այս տղաքը, մեր պատանեկան տարիներէն սկսած եւ մինչեւ երիտասարդութեան սեմին, մեզ տարին ֆութպոլային աշխարհէն մինչեւ ազգային արժէքի ու հպարտութեան գիտակցութեան: Կարծէք` իւրաքանչիւր գնդակի խփումին հետ մէյ-մէկ ազգային գիտակցութեան հունտեր կը դնէին մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ…
Բայց որքան տարբեր էր այդ տարիներուն, երբ Երեւանի «Հրազդան» մարզադաշտի վրայ դիտեցի մեր տղաքը, որոնք պիտի ճակատէին «Տինամօ Քիեւ»-ի եւ անոր հուժկու աստղ Օլեկ Պլոխինի դէմ: Միջազգային համբաւ շահած ֆութպոլիստ էր Պլոխինը: «Արմենիա» պանդոկին մէջ եւ մրցումին նոյն օրը տեսայ Պլոխինը եւ իր խաղընկերները, որոնք մեր քովի սեղանը նստած` կը ճաշէին: Մօտեցայ իրեն եւ, այսպէս ըսած, երիտասարդական հմայուած դէմքովս խնդրեցի իրմէ, որ իր ստորագրութիւնը դնէր այդ օրուան «Արարատ»-ի դէմ իրենց մրցումի յայտագիր-բացիկին վրայ: Արհամարհական ձեւով մը ստորագրեց եւ թուղթը նետեց իմ կողմս…
Նեղուա՞ծ էի… այո՛: Վիրաւորուա՞ծ… անպայմա՛ն: Բայց երեկոյեան Հրազդան մարզադաշտի վրայ «Արարատ»-ի տղաքը իրենք զիրենք գերազանցեցին: Եւ արդիւնքը` երկու «Արարատ»-ին եւ զերօ «Տինամօ»-ին, ի նպաստ մեր տղոց: Պլոխինը այդ մրցումին գրեթէ անյայտացած էր մեր տղոց շատ զօրաւոր գրոհներուն դիմաց, իսկ ես, կարծէք, ուրիշ տրամադրութիւններու մէջ էի… Նեղութիւնս եւ վիրաւորանքս վերացած էին, ու անոնց տեղը լեցուած էր հպարտութիւն: Հպարտութեան արժէքը շատ աւելի կրնաս գիտնալ, եթէ անոր հասնելու համար անցնիս նեղութեան եւ վիրաւորանքի փորձառութենէն… Բայց մեր հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ալ այդպէս է, չէ՞: Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը մեզի սորվեցուց վերապրիլ, ապրիլ մեր հպարտութեամբ:
Բայց «Հրազդան» դաշտին մէջ մթնոլորտը ուրիշ էր: Մեր հայրենի հողին վրայ ու ժողովուրդին հետ դաշտը կը թնդար: «Արի, «Արարատ», հո՛ւպ տուր»: Իւրաքանչիւր «հուպին» հետ մեր սփիւռքեան կեանքերուն մէջ ցանուած այդ հունտերը, կարծէք, կ՚աճէին եւ կը բուսնէին` տալով «ծաղի՞կ», հայուն ազգային ինքնութեան ու այդ ինքնութեան եւ անոր համար ապրելու հպարտութեան:
Պիտի վերադառնայինք սփիւռքեան մեր իրականութեան` շարունակելով հետեւիլ «Արարատ»-ի խաղերուն: Եթէ մէկ կողմէ լուրերէն, բայց նաեւ մէկ-մէկ նկարներով ու քիչ մը յապաղած խաղերուն կարճ հաղորդումներով: Այդ լուրերուն մէջէն Լեւոն Իշտոյեանի «առճակատումը» ատրպէյճանական խումբի մը խաղացողին հետ` խորհրդային մրցաշարքի օրերու մէկ մրցումի մը ընթացքին: Երեւի ատրպէյճանցի խաղացողը զայրացած էր Լեւոնէն եւ զայն իր ազերի լեզուով կոչած էր «այի»` հայերէնով արջ: Բայց ազերի խաղացողը պէտք էր իմանար, որ Լեւոնը Ատրպէյճանի զաւակ էր եւ լաւ տիրապետած` իրենց լեզուին: Ահա չ՚ուշանար Լեւոնի պատասխանը` « Այի պապան տըր» (արջը հայրդ է): Առճակատումը պիտի մեծնար եւ վրայ պիտի հասնէր իրաւարարին միջնորդութիւնը: Թերթերուն մէջ այդ օրերուն բաւական տեղ գրաւեց Լեւոնի եւ ատրպէյճանցի խաղացողին «առճակատումը» դաշտին վրայ:
Բայց ո՞վ կրնար կռահել այդ օրերուն, որ Լեւոնի եւ ատրպէյճանցի խաղացողին այդ «առճակատումը» տարբեր բովանդակութեամբ եւ տարողութեամբ պիտի շարունակուէր տարիներ ետք եւ ընդարձակուէր մինչեւ այսօր… Ո՞վ կրնար տեսնել, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատմութեան եւ քաղաքականութեան հոլովոյթները պիտի զարգանային ու ընդարձակուէին` առճակատումը վերածուելով… պատերազմի: Պատերազմ մը` հայուն համար, ոչ թէ սպանելու, այլ` ապրելու… Որովհետեւ հայը կ՚ուզէ ապրիլ իր ազգային ինքնութեան եւ անոր հպարտութեան մէջ, իր հարազատ հողին վրայ:
Լեւոնը «արջ» չէ: Ոչ ալ ընդունեց, որ «արջ» է: Ան ամուր կեցաւ իր դիրքին ու արժանապատուութեան գիտակցութեան վրայ:
***
Հենրիկ Մխիթարեանը կը շարունակէ իր նախորդներուն աւանդը: Ան այսօր դարձած է համաշխարհային մակարդակի խաղացող. նոյն եռանդով ան կը սրսկէ իր հայ ժողովուրդին ազգային հպարտութեան ինքնագիտակցութիւնը: Անոր մէկ լաւ ու խօսուն օրինակը «Արսենալ»-ի խումբի (այն ակումբը, որուն մաս կը կազմէ) եւ «Չելսի»-ի միջեւ ճակատագրական մրցումին` իր բացակայութիւնը, որովհետեւ մրցումը կայացաւ… Պաքուի մէջ: Հենրիկ ի՞նք որոշեց չերթալ, թէ՞ խորհուրդ տուին իրեն չմեկնիլ` մեկնելով ապահովական անորոշութիւններէ եւ կամ Հայաստան-Ատրպէյճան ու ղարաբաղեան հիմնահարցի քաղաքական լարուածութիւնը խոչընդոտեց, որ ան մնայ իր որոշումին եւ կեցուածքին մէջ… Եթէ հպանցիկ ակնարկ մը նետենք տեղեկատուութեան եւ լրատուական միջոցներու հսկայական արձանագրութիւններուն եւ արձագանգներուն վրայ՝ Հենրիկի այս կեցուածքին առնչութեամբ, այդ մէկը արդէն բաւական տուեալներ էին դարձեալ խօսելու հայուն ազգային ինքնութեան եւ արժանապատուութեան գիտակցութեան եւ անոր արժանահաւատութեան մասին: Պատմութեան արժանահաւատութիւնը, որ արժէ հպարտօրէն կերտել եւ պահել զայն: Մինչ Հենրիկ կը բացակայէր, իր խաղընկերները կը պարէին քոչարին: Ու տակաւին, իրենց մարզական շապիկներուն վրայ անոնք գրեցին` Մխիթարեան: Հենրիկի որոշումը տեղեկատուութեան աշխարհին համար տուաւ բաւական ենթահող, որպէսզի ֆութպոլային վերլուծումներէ շատ աւելի` անոնք վերլուծեն Հենրիկի կեցուածքին տուն տուող պատճառները: Յովհաննէս Թումանեանի նկարագրականով, Հենրիկի կեցուածքը եղաւ «Մի կաթիլ մե՞ղր»… Որ մեծցաւ, տարածուեցաւ ու ընդհանրացաւ… Ֆութպոլային այդ մէկ մրցումի սահմաններէն շատ անդին` հասնելու համար պատմական արմատներուն եւ իրականութիւններուն:
Եթէ Հենրիկ իր կեցուածքով հպարտութիւն ներշնչեց իր անմիջական համակիրներուն, բայց նոյն շարունակուող հպարտութիւնն է, որ ան կը փոխանցէ իր «երկրպագուներուն»… Անպայմանօրէն` հայուն:
Մեր հայկական ինքնութիւնը եւ անոր նկատմամբ հպարտութիւնը կը ներշնչուի հայ կեանքին մէջ ապրած ու ապրող ազգային հերոսներով, որոնք կրնան տարբեր բնագաւառներու մէջ ըլլալ:
«Արարատ-1973»-ի տղոցմէ արդէն քանիները մեկնեցան այս աշխարհէն: Անոնք մեր պատանեկան-երիտասարդական օրերուն մեզի համար մարզիկ-«հերոսներ» էին, որոնք ոչ միայն շատ լաւ ֆութպոլ կը խաղային, այլ նաեւ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ կը դնէին հայուն հպարտութեան հունտերը: Անոնք այսօր մեծցան ու շինեցին կեանքեր, լեցուն` հայու հպարտութեամբ, որ կը շարունակուի: Հենրիկը այսօր կը շարունակէ նոյն այս աւանդը եւ ինքն ալ հայուն ներկայ օրերուն մարզիկ-«հերոսներէն» է, որուն «կեցուածքը» հայուն արժանապատուութիւն եւ հպարտութիւն կը ներշնչէ:
Հենրիկին կեցուածքը հայուն ազգային ինքնութեան եւ արժանապատուութեան հպարտութիւնն է, որ պէտք է շարունակուի:
Որովհետեւ հայը որոշած է ապրիլ իր ինքնութեամբ եւ հպարտութեամբ: