Զարթօնք Հայրենիքի Մէջ – 32 –
Հարցազրոյց Սաղիմահայ Յախճապակիի Արուեստագէտ Նշան Պալեանի Հետ
Զրուցեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Միջնադարուն հայկական խեցեգործութեան խոշոր կեդրոններ էին Հայաստանի մայրաքաղաքներ Դուինը եւ Անին, ուր հայ խեցեգործ վարպետները կը պատրաստէին ջներակուած յախճապակի: 15-րդ դարուն պատմական Հայաստանի Քիւթահիա (Կուտինա) քաղաքը հռչակ վայելեց հայ խեցեգործներու պատրատած յախճապակէ կերտուածքներով ու աշխատանքներով։ Անի քաղաքէն Քիւթահիա գաղթած հայերը գլխաւորաբար կը զբաղէին խեցեղենի արտադրութեամբ ու կը պահպանէին հինէն եկած արհեստագործական աւանդոյթները։ Հայերու ձեռքով պատրաստուած յախճապակիի արտադրանքը կը զարդարէր հայկական, յունական եկեղեցիները, ինչպէս նաեւ թրքական մզկիթները։ Երեք ու կէս դար Կուտինայի հայկական յաճխապակիի 300 արուեստանոցներն ու գործարանները տնային գեղեցիկ իրեր պատրաստած ու արտահանած են Փոքր Ասիա, Եգիպտոս, Արեւմտեան Եւրոպա եւ այլուր։ Բոլոր վայրերու մէջ շատ բարձր գնահատած են հայկական խեցեղէնը, թէ առանձնայատուկ ոճի, թէ ընտրուած գոյներու՝ ճերմակ, կապոյտ, գեղեցիկ համադրութեամբ։ Կուտինայի հայկական յախճապակիի մասին բազմաթիւ յիշատակումներ կան թէ՛ հայկական, թէ՛ օտար ազգերու գրականութեան մէջ։
Քիւթահիոյ մէջ արդէն 1900-ական թուականներուն հայկական խեցեղենի արուեստով կը զբաղէր երեք մեծ ընտանիք՝ Պալեաններու, Գարագաշեաններու եւ Յովհաննէսեաններու։ Ցեղասպանութենէն ետք Երուսաղէմի մէջ հաստատուած Պալեաններու ընտանիքը մինչ այսօր կը զբաղի խեղեգործութեամբ՝ պահպանելով թէ՛ աւանդական տարբերակը, թէ՛ օգտագործելով նորագոյն գիտարուեստները։
Ի դէպ՝ 2016 թուականին Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկի մէջ տեղի ունեցած է «Կուտինայի հայկական յախճապակիի արուեստը» խորագիրով ցուցահանդէսը, որուն նպատակն էր նպաստել Կուտինայի հայկական յախճապակիի դարաւոր աւանդոյթներու հետազօտման եւ զայն ներկայացնել նոր սերունդներուն։ Թանգարանի մէջ ցուցադրուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի, Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրի, Հայոց ազգագրութեան եւ ազատագրական պայքարի պատմութեան ազգային թանգարաններէն, յախճապակիի եզակի նմուշներ ստեղծած ու պահպանած ընտանիքներու մասնաւոր հաւաքածուներէն բերուած ցուցանմուշներ:
«Զարթօնք»-ը առիթ ունեցած է զրուցելու յայտնի Պալեան ընտանիքի ներկայացուցիչներէն, յախճապակիի մնայուն նմուշներ ստեղծած Մարի Պալեանի տղուն՝ Նշան Պալեանի հետ, որ այցի եկած էր Հայաստան։ Նշան Պալեանի հետ զրուցած ենք հայկական յախճապակիի արուեստի, անոր ստեղծման պատմութեան, հայկական յախճապակիի իւրայատկութեան եւ Պալեան գերդաստանի մասին։
– Պարոն Պալեան շնորհակալ եմ հարցազրոյցի հրաւէրը չմերժելու համար։ Կը խնդրեմ պատմէք Ձեր մասին, Պալեան ընտանիքի եւ հայկական յախճապակիի արուեստի մասին, որով կը զբաղիք արդէն երկար տարիներէ ի վեր։
– Մենք Երուսաղէմի մէջ Պալեան ընտանիքի երրորդ սերունդն ենք, որ կը զբաղի յախճապակիի արուեստով։ Մեծ հայրս՝ Նշան Պալեանը, որուն անունը կը կրեմ, Թուրքիայէն եկած է Երուսաղէմ, անթիլիացիները զիրենց բերած են, որպէսզի նորոգեն իսլամական տաճարի յախճապակին։ Ասիկա 1919 թուականին էր, երեք հայ ընտանիք բերին, որպէսզի իսլամական տաճարի խեցեղէնը նորոգեն եւ այդ պիզնէսը բերեն Երուսաղէմ։ Այդ երեք ընտանիքներն էին՝ Պալեանները, Յովհաննէսեանները եւ Գարագաշեանները։ Յովհաննէսեան ընտանիքը աշխատեցաւ 1919-1948 թուականներուն, Պալեան եւ Գարագաշեան ընտանիքները 1919-1964 թուականներուն, իրար հետ մէկ ընտանիք էին, նոյն տեղը կ’աշխատէին՝ որպէս գործընկերներ։ 1963-ին եւ 1964-ին, երբ Մկրտիչ Գարագաշեանը եւ Նշան Պալեանը մահացան, ընտանիքները բաժնուեցան եւ Գարագաշեան ընտանիքը գնաց ուրիշ տեղ, մենք մնացինք նոյն տեղը։
– Անկէ ետք ինչպէ՞ս զարգացուցիք ընտանեկան պիզնէսը, ինչպէ՞ս հայկական յախճապակին այդքան յայտնի դարձաւ ոչ միայն Երուսաղէմի, այլեւ ողջ աշխարհի մէջ։
– Մեր գործը աւանդական գործ է, կաւով կը պատրաստուի, մինչեւ հիմա ունինք ատիկա, բայց ունինք նաեւ նորագոյն գիտարուեստներու միջոցով, յախճապակիով նկարներ տպելու միջոց։ Այս գործին մէջ պէտք է հաւասարակշռութիւնը պահել, որովհետեւ հաւանաբար պնակի արժէքը 200 տոլար է, բայց մարդը պատրաստ է անոր համար վճարել 30 տոլար։ Մենք պարզ, աւանդական ձեւերը ունինք, անոր հետ մէկտեղ նորագոյն գիտարուեստներով պատրաստուած, որոնք աւելի աժան են ու մեծ քանակութեամբ կրնանք արտադրել։ Տարիներու ընթացքին գիրքեր գրուած են մեր ընտանիքի մասին, ցուցահանդէսներ եղած են, բայց ամենակարեւոր դերակատարութիւն ունեցողը մայրս է՝ Մարի Պալեանը, որ ֆրանսահայ է, կրթութիւն ստացած է Լիոնէն, եկած է Երուսաղէմ եւ իր տաղանդը այնտեղ ի գործ դրած։ Աշխարհահռչակ մարդ էր, անուն ունէր։ 1952-ին անհատական ցուցահանդէս ունեցանք «Մարի Պալեան եւ Երուսաղէմի հայկական յախճապակի» անունով՝ աշխարհի ամենամեծ թանգարաններէն մէկուն՝ Smithsonian American Art Museum-ի մէջ։ Անիկա մեզի մեծ համբաւ բերաւ, որմէ ետք Սպանիայի եւ Երուսաղէմի մէջ անհատական ցուցահանդէսներ կազմակերպեցինք։ Անկէ ետք հեղինակաւոր պարբերականները գրեցին մեր մասին։ 80-ականներէն ի վեր, ամբողջ աշխարհը սկսաւ ճանչնալ հայկական Պալեան ընտանիքի յախճապակին։
– Յառաջիկային ի՞նչ ծրագիրներ ունիք։ Այդ ընտանեկան պիզնէսը ինչպէ՞ս պիտի փոխանցէք եկող սերունդներուն։
– Ես երեք զաւակ ունիմ՝ երկու տղայ, մէկ աղջիկ, որոնք իրենց կամքով ցանկութիւն յայտնեցին միանալ այս գործին։ Ես շատ բախտաւոր եմ, որովհետեւ պէտք չունեցայ իրենց ձեռքէն քաշել եւ ստիպել, որ հետս աշխատին։ Մեծ տղաս արդէն հետս կ’աշխատի, միւս տղաս Հայաստան կ’ուսանի՝ Ֆրանսական համալսարան կը յաճախէ, իսկ աղջիկս կ’աշխատի Մատրիտիի մէջ։ Աղջիկները սովորաբար ցանկութիւն չեն ունենար այս գործին մէջ մտնելու, աւելի շատ տղաները կը պահեն ընտանեկան պիզնէսը, մեր պարագային աղջիկս շատ խանդավառուած է այս գործին մէջ մտնելու։ Երազանքս է, որ Հայաստանի մէջ այս գործը մեծցնենք։ Աշտարակի մէջ տուն ունիմ, վարի յարկը մեծ արուեստանոց կը կառուցեմ։ Աշտարակի մէջ կը փնտռեմ խելացի, տաղանդաւոր երեխաներ, որպէսզի սկսինք գծագրութենէն, եւ իրենք ալ խանդավառուին այս գործով։ Հիմա մեր ապրանքները բացառիկ իրաւունքով կը գտնուին Երեւանի «Կրանտ» հիւրանոցին մէջ, այնտեղ ցուցադրուած են եւ կը վաճառուին։ Նաեւ նշեմ, որ Ամենայն հայոց Կաթողիկոսի հետ հանդիպում ունեցած եմ, ան ընդունեց եւ օրհնեց, որպէսզի Սեպտեմբեր 24-ին մեծ ցուցահանդէս մը կազմակերպենք Էջմիածինի մէջ։