Շաբաթ, 18. 05. 2024

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի Նորաբաց Պատկերասրահին Մէջ Ներկայացուեցան Ժանսեմի Եղեռնի Թեմայով Կտաւները

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին մէջ, առաջին անգամ, բացուեցաւ պատկերասրահ, ուր ներկայացուեցան «Ժանսեմ. Մեծ Եղեռնի գեղանկարիչը» խորագիրով մշտական ցուցադրութիւնը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ ցուցադրութեան մէջ ներկայացուած են ֆրանսահայ մեծանուն նկարիչ Ժանսեմի (Յովհաննէս Սեմերճեան) «Եղեռն» շարքէն 20 գործ: Կտաւներուն թիրախային կերպարը անոր գեղանկարչութեան կինն է:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժինի վարիչ Սեդա Պարսամեան պատմեց, որ Ժանսեմը դեռ երկու տարեկան էր, երբ ծնողները Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով ստիպուած եղան գաղթել Օսմանեան կայսրութենէն դէպի Յունաստան, այնուհետեւ՝ Ֆրանսա:

«Փոքր տարիքէն՝ փոքրիկ Յովհաննէսի յիշողութեան մէջ ամրացած էին այն տխուր պատմութիւնները, որոնք լսած էր ծնողներէն եւ միայն կեանքի վերջին շրջանին կրցաւ իր տպաւորութիւնները յանձնել կտաւին»,- ըսաւ Պարսամեան:

1998-2001 թուականներուն ընթացքին` 78 տարեկանին՝ Յովհաննէս Սեմերճեանը ստեղծեց 34 կտաւներէ բաղկացած Եղեռն շարքը, վերարտադրելով Հայոց Ցեղասպանութեան ուղղորդուած յայտնի դրուագները`տեղահանութիւն, գաղթականներ, կոտորած, վիշտ, որոնք նոյնքան խօսուն են, որքան Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող իւրաքանչիւր սարսափելի տեսարան:

«2002 թուականին Հայաստան կատարած իր հերթական այցին ժամանակ՝ Յովհաննէս Սեմերճեանը ՀՀ կառավարութեան որոշումով՝ նուիրատւութեան կարգով՝ 34 կտաւ յանձնեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին եւ նոյն իսկ տարին՝ բացուեցաւ «Եղեռն» խորագիրով  մշտական ցուցադրութիւն, գործելով մինչեւ 2013 թուականը, այսինքն` մինչեւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ վերանորոգման աշխատանքները սկսիլը, որմէ ետք կտաւները փոխադրուեցան ֆոնտային պահոց: Այսօր, նոյն իր անուամբ պատկերասրահին մէջ կը բացուի Ժանսեմի կտաւներուն ցուցադրութիւնը»,- ըսաւ Պարսամեան:

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժինի վարիչը համոզուած է, որ գեղանկարչութեան մէջ չկայ երկրորդը համարժէք Ժանսեմին, որ կրցած է այսչափ խորութեամբ եւ ծաւալով  ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութեան թեման` կտաւներուն յանձնելով իրական պատմութիւններ:

Անոր խօսքով` յետագային կը նախատեսեն ընդարձակել պատկերասրահը եւ ցեղասպանութեան թեմայով Ժանսեմի մնացած կտաւները եւս ցուցադրել, ինչպէս նաեւ այլ հեղինակներու կտաւներու ցուցադրութիւն կազմակերպել:

Մշակութաբան-ցեղասպանագէտ Յասմիկ Գրիգորեանը նշեց, որ «Եղեռն» թեմայով կտաւներուն մէջ գերակշռող մասով ընդգրկուած են բռնութեան տեսարաններ:

«Կտաւներուն մէջ նկարիչը պատկերած է ցեղասպանութեան ողջ ողբերգութիւնը: Ուշագրաւ է, որ Ժանսեմի կտաւներուն գերակշռող մասին մէջ կը մատնանշեն գործողութիւններ` տեղահանութիւն, բռնութիւն, արտասուիլ եւ այլն, որոնք կարծես միտուած են ներկայացնելու ոչ թէ տեղի ունեցած եւ աւարտուած պատմական իրադարձութիւնը, այլ կ՝ակնարկեն գործողութիւններու պատրանք»,- եզրափակեց Գրիգորեան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին