«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Պլէյզ Փասքալ (19 Յունիս, 1623 Գլեմոն Ֆերան)-(19 Օգոստոս, 1662 ֆրանսա) ֆրանսացի Գիտնական, աստուածաբան, փիլիսոփայ եւ գրող Մայրը մահացած է, երբ Պլէյզ երեք տարեկան էր։
1631 թուականին Փասքալներու ընտանիքը կը տեղափոխուի Փարիզ, իսկ 1640 թուականի Յունուարին այնտեղէն՝ Ռուան, ուր Փասքալի վատ առողջութիւնը աւելի կը վատանայ։ Հակառակ անոր, ան կը շարունակէ աշխատիլ։ Այստեղ ան իր հօր հաշուապահական աշխատանքներուն օգնելու ժամանակ կը ստեղծէ գումարումներ կատարող սարք։
Փասքալի գիտական ձեռքեբերումներու, յայտնագործութիւններու պատուին իրենց անունները ստացած են ճնշման միաւորը Միջազգային Միաւորներու Համակարգի մէջ, ամերիկացի գիտնական Նիքլաուս Ուիրթի Pascal ծրագրաւորման լեզուն, հիտրոսթաթիքի կարեւոր սկզբունք համարուող Փասքալի օրէնքը եւ Փասքալի եռանկիւնին։
Պլէյզ Փասքալի պատուին իր անունը ստացած է նաեւ (4500) Փասքալ աստեղատիպը։
Ուսողութեան մէջ Փասքալի ամենամեծ ներդրումը հաւանականութեան տեսութեան զարգացումն է։
Գրականութեան ասպարէզէն ներս Փասքալ կը համարուի ֆրանսական Դասական շրջանի ամենակարեւոր հեղինակներէն մէկը, եւ առ այսօր անոր գրածները կը կարդան որպէս ֆրանսական արձակի ամենամեծ վարպետի գործեր։