ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Ռամկավար ազատական շարժումին հիմերը կ’երթան խորերը պատմութեան: Ռամկավարութեան հիմերը դրուած են հին Յունաստանի մէջ Ք.Ա.5-րդ դարուն Աթէնքի քաղաք-պետութեան մէջ, իսկ ազատականութեան-liberalism հիմերը դրուած են Մեծն Բրիտանիոյ մէջ 18-րդ դարուն: Այդ օրերուն Ուիկ-whig կուսակցութիւնն էր ազատականութեան գաղափարը տարածողը:
Ռամկավարութեան հիմերն են՝ ազատ կարծիքի արտայայտութիւնը, մարդկային իրաւունքի յարգումը, յարմար անձը ընտրելու եւ ընտրուելու ազատութիւնը, բոլոր քաղաքացիներու հաւասարութիւն օրէնքին առջեւ, խօսքի ազատութիւն օրէնքի սահմաններուն մէջ եւ սահմանադրութեան յօդուածներու համաձայն իշխանութիւն, այսինքն իշխանութեան երեք թեւերու՝ օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմիններու գործունէութիւն:
Իշխանութեան այս ձեւը թէեւ պարզ է, սակայն ունի կարգ մը դժուարութիւններ, որոնք պէտք ունին լուծումի իշխանութեան հեզասահ ընթացքը շարունակելու եւ օրէնքը յարգելու համար:
Առաջին արգելքը, որուն հանդիպեցան հին Աթէնքի ընտրողները իշխանութեան չարաշահումն էր, որ մեր օրերուն ալ Հայաստանի կամ ռամկավարական կարգ ունեցող կարգ մը պետութիւններու մէջ կրկնուեցաւ: Աթէնքի մէջ Փերիքլէս իշխանութեան հասաւ եւ սկսաւ գործել ամբոխավարութեամբ եւ միապետի մը նման, քաղաք-պետութեան օրէնքները ոտնակոխ ընելով: Այս հարցը ռամկավարութեան սահմաններուն մէջ լուծելու համար, Աթէնքի քաղաքացի մեծ փիլիսոփայ Սոկրատ առաջարկեց ամէն մարդ չընտրել ղեկավարի պաշտօնին: Այդ պատասխանատու պաշտօնը ստանձնողը պէտք է պատրաստուած ըլլայ եւ ընտրուի ազնիւ ղեկավարներու խումբէն: Ան պէտք է ըլլայ ոչ-նիւթապաշտ եւ ըլլայ նուիրեալ մը ժողովուրդի բարօրութեան համար: Զոհողութիւն կատարող պէտք է ըլլայ: Իր աշակերտները Պղատոն եւ Արիսթոթէլ իրենց երկերուն մէջ շեշտեցին այս հարցին կարեւորութիւնը: Մեր ընկերութիւնը ո՞ւր է ներկայիս այդ իրականութենէն: Մենք կը պատրաստե՞նք մեր ղեկավարները եւ կ’ընտրենք ճիշդ մարդը ղեկավարի պաշտօնին համար: Գետնի վրայ իրականութիւնները դժբախտաբար լաւ բան չեն ըսեր:
Ազատ կարծիքի արտայայտութիւնը շատ անգամ կը չարաշահուի ռամկավարութեան մէջ: Մարդիկ կը կարծեն, թէ ամէն հարցի մասին եւ ամէն մարդու մասին իրենց ուզածը կրնան խօսիլ: Ճիշդ է, որ իշխանութեան այս ձեւը խօսքի ազատութիւն կը խոստանայ, սակայն կան կարգ մը սահմանափակումներ: Առաջինը այն է, որ երբ մարդ պիտի ամբաստանենք, պէտք է մեր ձեռքին մէջ ունենանք փաստեր եւ գիտնանք թէ մեր ազատութեան սահմանը կը հասնի այնտեղ, ուր ուրիշին ազատութիւնը կը սկսի: Ասոր համար է, որ ռամկավարութեան մէջ կայ զրպարտութեան օրէնքը, որ առանց փաստի զրպարտանքի պարագային կրնայ մինչեւ դատի հասնիլ: Կուսակցութիւններն ալ ունին իրենց ներքին զրպարտութեան օրէնքը: Շինիչ քննադատութիւնն է որ տեղ կը հասնի եւ բան կրնայ փոխել: Զրպարտելով կամ բամբասելով ժխտական մթնոլորտ կը ստեղծուի ու ոչ մէկ արդիւնքի կը հասնինք:
Ռամկավարութիւնը մարդկային իրաւունքը յարգելու ամենաազդու իշխանութեան ձեւն է: Քաղաքացին ունի տարրական իրաւունքներ ուսում ստանալու, բժշկուելու, բնակելու, ունենալու բարեկեցիկ կեանք, արտայայտուելու, ընտրելու եւ ընտրուելու: Իշխանութիւնը կ’ընտրուի այս օրէնքը գործադրելու համար: Այն իշխանութիւնը, որ չի յարգեր այս տարրական մարդու իրաւունքներէն որեւէ մէկը, կը կորսնցնէ իր լիազօրութիւնները եւ կը դառնայ սահմանադրութիւն խախտող կողմ ու կրնայ ընտրութեան ընթացքին չընտրուիլ: Երբ ընտրողներ կը լռեն սահմանադրութեան ոտնակոխումին, իրենք ալ անուղղակիօրէն մասնակից կը դառնան այդ ոտնակոխումին: Այս է որ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ վերջին քսան տարիներուն:
Յարմար անձը ընտրելը ռամկավարութեան յաջողութեան ամենակարեւոր գործօնն է: Վերջապէս ղեկավարն է որ պիտի վարէ իշխանութիւնը եւ պիտի գործադրէ նպատակները: Ուրեմն ընտրելու համար մեզի պէտք է յարմար անձը, որ պատրաստուած ըլլալու բոլոր տուեալները պէտք է ունենայ: Ղեկավարը պիտի ընտրուի ըստ ծրագրի, զոր ներկայացուցած պէտք է ըլլայ ընտրութենէն առնուազն երկու շաբաթ առաջ: Ընտրական ծրագիրը հիմն է, որուն համաձայն պիտի ընտրուի եւ հաշուետու պիտի ըլլայ: Այսինքն, երբ մենք պիտի քննադատենք ղեկավար մը, այդ մէկը պիտի կատարենք եթէ չէ գործադրած կամ թերացած է իր ծրագրի գործադրութեան մէջ: Եթէ մենք պիտի չվերընտրենք ղեկավար մը, այդ մէկը պիտի կատարենք, եթէ ան թերացած է իր ծրագրի գործադրութեան մէջ: Այս ծրագիր չներկայացնելու սովորութիւնը դժբախտաբար արմատացած է Սփիւռքի շատ մը կուսակցութիւններու մէջ: Ժամն է փոխելու այս ընթացքը եւ ընտրելու աշխատանքի ծրագիր ունեցող ղեկավարներ: Հաշուետուութիւն կարելի չէ կատարել առանց ընտրական ծրագրի շրջանային կամ ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովներու ընթացքին: Հաշուետուութիւնը հիմն է մեզ փրկելու ճահճացումէ եւ փտածութենէ: Ամէն միութիւն, որուն մէջ չի գործեր ընտրուելու եւ հաշիւ ներկայացնելու հոլովոյթը կամաց-կամաց կը խրի փտածութեան եւ ճահճացումի տիղմին մէջ: Վերջին քսանամեակին շատ մը միութիւններու եւ կուսակցութիւններու գործունէութիւնը վկայ:
Վերոյիշեալ պատճառներէն մղուած հայ ժողովուրդէն մաս մը միացաւ ազատական ռամկավարութիւն դաւանող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան: Տուաւ անոր իր սուղ ժամանակէն եւ փոխադարձը ստացաւ յարգանք ու երախտաւոր աշխատանք: Տարիներու թաւալքը անշուշտ նոյնը չպահեց ամէն ինչ: Շատ բան փոխուեցաւ վերջին երեսուն տարիներուն մանաւանդ Համաշխարհայնացումի շարժումին բերած նորութիւններուն հետ: Արեւմուտքի մէջ ալ ռամկավարութիւնը հարուած ստացաւ, երբ ճնշումի մեծ կեդրոններ՝ զէնքի եւ քարիւղի քարթէլներ, դրամատուներ, գաղտնի գործակալութիւններ սկսան միջամտել ընտրութիւններուն: Ընտրուող ղեկավարը հաշուետու էր իրենց եւ ոչ թէ քուէարկողին: Այս է որ խախտեց ռամկավարութեան հիմերը եւ հասանք տնտեսական այս վտանգաւոր պայմաններուն: Այս բանէն է որ ժամանակին զգուշացուց ԱՄՆ-ի նախագահ Այզընհաուըր իր նշանաւոր ճառին մէջ: Ան յայտնեց, թէ քուէարկողը պէտք է պաշտպանէ իր քուէն եւ ընտրէ իր յարմար տեսած անձը: Ժամն է դրական փոփոխութեան քանի դեռ ուշ չէ:
Ռամկավարական իշխանութեան ձեւի ամենաքաշողական գաղափարներէն մէկն է իր հաստատումը, թէ մարդիկ հաւասար են իրաւունքին առջեւ: Նախագահին զաւակը եւ պարզ քաղաքացի մը ունին նոյն իրաւունքները արդարութեան առջեւ: Այս իրականութիւնը հաստատուած է պետութեան սահմանադրութեան մէջ: Այս սահմանադրութեան խախտումը տեղի կ’ունենայ զարգացող ռամկավարութիւն ունեցող երկիրներու մէջ, ինչպէս Հայաստան եւ Լիբանան: Հայաստանի մէջ ցարդ գործող սակաւապետութեան-oligarchy գործելու պայմանները դժբախտաբար սահմանադրութեան խախտումներ կ’արձանագրէին: 27 Հոկտեմբեր 1999, 1 Մարտ 2008 եւ շատ մը միջանկեալ ոճիրներ մնացին առանց յայտնաբերումի եւ անոնց թղթածրարները փակուեցան իշխող համակարգի պատուէրներով:
Իշխանութեան երրորդ թեւը՝ դատական իշխանութիւնը ազատ չէր կրնար գործել պատուէրով ընթացող համակարգի մը մէջ: Դատական իշխանութիւնները կախեալ էին գործադիր իշխանութենէն, այսինքն նախագահէն եւ վարչապետէն: Այս մէկը կը համարուի երեք իշխանութիւններու անկախ գործունէութեան սահմանադրական օրէնքի խախտում:
Ռամկավարութեան հիմերէն ամենակարեւորն է իշխել ըստ սահմանադրութեան օրէնքներուն: Կուսակցութեան վերին մարմիններու անդամներ եւ իշխանութեան համակարգի ղեկավարներ կ’ընտրուին ըստ օրէնքներու: Օրէնքն է գերիվեր ամէն բանէ եւ ամէն մարդէ: Պետութեան հիմերը դրուած են երկրի սահմանադրութեան վրայ: Առանց անոր գործադրութեան պետութիւնը կը դառնայ անտառային օրէնք կիրարկող էութիւն մը իր բոլոր ժխտական հետեւանքներով: Օրէնքը եւ սահմանադրութիւնն են իրաւական պետութեան քաղաքական եւ ընկերային կեանքը կանոնաւորող միակ ընդունուած օրինական փաստաթուղթերը:
Ըստ սահմանադրութեան, պետութիւնը կը բաղկանայ երեք անկախ իշխանութիւններէ: Առաջինը եւ մայրը բոլոր իշխանութիւններուն, Խորհրդարանն է, որուն անդամները կ’ընտրուին ժողովուրդին կողմէ, նպատակի մը համար եւ որոշ ժամկէտով: Այդ ժամկէտի աւարտին, տեղի կ’ունենան նոր ընտրութիւններ եւ ժողովուրդը հաշուետուութիւն կը կատարէ: Կը նորոգէ լիազօրագիրը այն պատգամաւորին, որ լաւ գործ տեսաւ եւ կրնայ չնորոգել անոր որ իր գործունէութեամբ յուսախաբ ըրաւ իր համակիրները: Խորհրդարանը ունի նոր օրէնք հաստատելու եւ երկրորդ՝ գործադիր իշխանութեան գործունէութեան հսկելու լիազօրութիւն: Եթէ կառավարութեան մէջ ոեւէ նախարար սխալ գործ մը կատարեց, կը քննադատուի Խորհրդարանի անդամներուն կողմէ: Հակառակ պարագային, կառավարութիւնը կը գործէ առանց հաշուետուութեան եւ երկիրը կրնայ մխրճել ընկերային եւ տնտեսական մեծ տագնապի մէջ: Լիբանանի պարագան լաւ օրինակ է այդ հաշուետուութեան բացակայութեան: 1992-էն ի վեր Խորհրդարանը գործած է թոյլ ձեւով եւ իրերայաջորդ կառավարութիւններ ծախսած են առանց հաշուետուութեան: Արդիւնքը այն հսկայ պարտքն է, որ հաւաքուած է եւ որուն տոկոսը կառավարութիւնը վճարելու դժուարութիւն սկսած է ունենալ ներկայիս:
Երկրորդ իշխանութիւնը Գործադիր իշխանութիւնն է, որ կը բաղկանայ երկրի նախագահէն եւ կառավարութենէն: Այս իշխանութիւնն է որ կը կազմուի Խորհրդարանի անդամներու հաւանութեամբ: Կառավարութեան ղեկավարը՝ վարչապետը կ’ընտրուի Խորհրդարանին կողմէ: Վարչապետը կը կազմէ կառավարութիւնը եւ իր ծրագիրը կը ներկայացնէ Խորհրդարանին անոր քուէն ստանալու համար: Վստահութեան քուէն ստանալէ ետք, կառավարութիւնը կը սկսի գործել եւ տարուան ընթացքին քանի մը անգամ հաշուետուութիւն կը կատարէ Խորհրդարանին: Այս հաշուետուութեան բացակայութիւնը կամ թերի ձեւով կատարուիլը կը համարուի ռամկավարութեան խոցելի կէտերէն մէկը:
Երրորդ իշխանութիւնն է Դատական իշխանութիւնը, որ կը հսկէ Սահմանադրութեան օրէնքներու գործադրութեան վրայ, կառավարութեան եւ Խորհրդարանի առած որոշումներու սահմանադրութեան օրէնքներու չխախտելուն վրայ: Այս իշխանութեան անկախ գործունէութիւնը ամենակարեւոր հիմերէն մէկն է ռամկավարութեան: Առանց անոր այս վարչաձեւը կը տկարանայ: Գործադիր իշխանութեան միջամտութիւնը անոր գործերուն անոր ձախողութեան պատճառներէն կը համարուի: Հայաստանի Հանրապետութեան վերջին քսան եւ աւելի տարիներու կեանքի ընթացքին, դժբախտաբար գործադիր իշխանութիւնը միշտ միջամտեց դատական իշխանութեան գործերուն եւ երկրի տնտեսական համակարգի ձախողութեան պատճառներէն հիմնականը այս թեւին անկախ չգործելն էր: Երբ մէկը իրաւազրկումի ենթարկուէր հազուագիւտ պարագայ էր, որ դատարանէն արդար վճիռ արձակուէր, գործադիր իշխանութեան միջամտութեան պատճառով: Այս արարքը ներդրում կատարողները երկրէն կը հեռացնէր:
Ազատ խօսքն ալ կը համարուի ռամկավարութեան հիմերէն մէկը: Չորրորդ իշխանութիւնն է մամուլը: Անոր շինիչ քննադատութիւնները ուղեցոյցն են ղեկավարներու: Մամուլը կարծիքներու փոխանակումի եւ գիտական հիմերու վրայ հաստատուած որոշում կայացնելու ամենակարեւոր գործօններէն մէկն է: Սակայն սահմանները պէտք չէ շրջանցել: Ըսուելիք խօսքը պիտի ըսուի առանց խծբծանքի եւ արժանապատուութիւն վիրաւորելու: Այս պարագային մամուլը աւելի ազդու դեր կրնայ ունենալ: Այն պետութիւնը, ուր մամուլը ազատ չէ չի կրնար ապրիլ ռամկավարութեան իսկական բարիքները: Մեր հայկական իրականութեան տկար կէտերէն մէկը մեր մամուլի որպէս զարգացումի հարթակ չօգտագործուիլն է: Եւրոպան ծաղկեցաւ շնորհիւ իր ազատ մամուլին եւ անոր բերած կարծիքներու փոխանակման եւ գաղափարներու վեհութեան: Շինիչ քննադատութիւնն է, որ հիմնեց մեր գիտցած ռամկավարական գաղափարախօսութիւն դաւանող աշխարհը: Ներկայիս, մեծ վտանգ կը սպառնայ անկախ մամուլին: Անոր թերթերէն շատերը գնուած են հանրային կարծիքի վրայ ազդեցութիւն ունենալ ուզող մենաշնորհներէ եւ ճնշումի խումբերէ:
Աւարտելու համար վերադառնանք ռամկավարութեան հիմերէն մէկուն, որ ամենակարեւորն է: Այդ երկխօսութիւնն է կամ տիալէքթիքան: Երկու խօսակիցներու գաղափարներու բախումէն կը ծնի նոր գաղափար մը, յառաջդիմութիւն արձանագրելու առիթ մը: Երկու գաղափարներէն կը բխի նոր գաղափար մը, որ իր կարգին կրնայ զարգանալ: Այս զարգացումն է որ հիմը կը դնէ զարգացած ընկերութեան, իսկ անոր բացակայութիւնը կը հաստատէ լճացում եւ փտած միջավայր: Սփիւռքի մէջ շատ մը միութիւններու եւ կուսակցութիւններու մէջ նոր գաղարներու չքաջալերուիլը պատճառն է անոր իսկական լճացումին: Միահեծան մէկ ուղղութիւն ունեցող շարժումներ բարիք չեն կրնար բերել որեւէ ընկերութեան: Սփիւռքի մէջ մեր լճացման պատճառներէն մէկը այս գաղափարներու սնանկութիւնն է եւ այլ, նոր կարծիքի չյարգուիլը: Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վերջին քսան տարիներուն, մէկ ուժի իշխանութեան ժխտական արդիւնքը բոլորին յայտնի է: Ժամն է դրական առաջարկներ կատարելու եւ ընկերութեան զարգացումին օժանդակելու: