Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Լոս Անճելըս. ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու համախմբումը համալրուեցաւ նոր անդամներով

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կիրակի, 26 Մայիս 2019-ին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Ասպետներու համախմբումը ընտանեկան հաճելի երեկոյ մը կազմակերպած էր Պեւըրլի Հիլզի “Viceroy L’Ermitage” պանդոկին մէջ, ասպետական շրջանակին միացող հինգ նոր անդամներուն ի պատիւ։ Անոնք են՝ Տոքթ. Կէրի Գէորգեան, Տոքթ. Վիգէն Թիւթիւնճեան, Տոքթ. Աւետիս Պօղոսեան, Տոքթ. Սամուէլ Տէմիրճի եւ Պրն. Կէրի Ճամէլեան։

ՀԲԸՄ-ի Ասպետներու ատենապետ Պրն. Հէրի Սինանեան կատարեց տպաւորիչ բացման խօսք մը, բարիգալուստ մաղթելով Ասպետներուն եւ անոնց ընտանիքներուն, ներկայացնելով նաեւ յարգելի նոր անդամները։ Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց վերջին 17 տարիներու Ասպետներուն կատարած գործունէութիւնը եւ նշեց գալիք տասնամեակի ծրագիրները։ Պրն. Սինանեան խնդրեց, որպէսզի րոպէ մը լռութեամբ յարգեն յիշատակը վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին կեանքէն հեռացած երեք ասպետներու՝ ողբացեալք Ռաֆֆի Էքիզեանի, Վահան Ոսկեանի եւ նախկին ատենապետ Գուրգէն Պերքսանլարի։ Խօսքին աւարտին, Պրն. Սինանեան հրաւիրեց օրուան հանդիսավար, Ասպետներու համախմբումի անդամ Պրն. Շահան Մինասեանը, որպէսզի վարէ երեկոն։

Ընթրիքին ընթացքին ելոյթներ ունեցան նաեւ Ասպետներու վարչութեան անդամներ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեանն ու Տոթք. Կիրակոս Մինասեանը։

ՀԲԸՄ-ի Ասպետները կը ծառայեն, որպէս մէկ օղակը ՀԲԸՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակային յանձնաժողովին, ծրագրելով եւ ներկայացնելով մշակութային, ընկերային եւ բարեսիրական գործունէութիւններ տեղի հայ համայնքին համար։ Անոնք, իրենց հիմնադրութենէն իվեր (2002), իրենց դրական ազդեցութիւնը թողած են հայութեան կեանքէն ներս։ 2018-ին Ասպետները հսկայական ներդրում ունեցան Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս (AUA), դառնալով անոր 100 «Սիւներէն» մէկը։ Կրթաթոշակ ապահոված են Արցախեան պատերազմի վեթերան Արման Վարդանեանին, որպէսզի ան ուսանի եւ աւարտէ բարձրագոյն ուսումը Ամերիկեան համալսարանէն ներս։ Իսկ 2019-ին Ասպետները 120 հազար տոլար նուիրատուութեան խոստում կատարեցին Հայ-ամերիկեան թանգարանին, որ պիտի բարձրանայ Կլենտէյլ քաղաքի սիրտին վրայ, դառնալու մշակութային կարեւոր կեդրոն մը։ Այս երեքը՝ պարզապէս նշելու համար Ասպետներուն գործունէութիւններէն պատառիկներ։

Պրն. Հէրի Սինանեանին խօսքերով՝ «Պատճառներէն մէկը, որ Ասպետներու շարժումը վստահօրէն մուտք կը գործէ յաջորդ տասնամեակ ո՛չ միայն մեր բարձրացուցած կարեւոր խնդիրներն են մեր համայնքէն ներս, այլեւ՝ գնահատանքն ու յարգանքը իրարու հանդէպ, ստանալով միասնաբար աշխատելու հրճուանքն ու անոր արդիւնքը՝ որպէս մէկ ու միասնական խումբ»։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին