Զարթօնք Հայրենիքի Մէջ -31 –
ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Յունիս 1-ին Երեւանի կեդրոնին մէջ՝ Եզնիկ Կողբացի 42 հասցէին բացուեցաւ հայ հոգեւոր երգի անզուգական կատարող Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանը։ Տարիներու բարդ ու դժուարին աշխատանքի արդիւնքով բնակարանը, ուր իրենց կեանքի տարիները ապրած են Լուսինէ Զաքարեանն ու Խորէն Պալեանը, հնարաւոր եղաւ վերածել տուն-թանգարանի։ Անիկա հնարաւոր եղաւ իրագործել շնորհիւ Խորէն Պալեանի եղբօրորդի Ռաֆֆի Պալեանի եւ Լուսինէ Զաքարեանի արուեստի նուիրեալներուն ու համակիրներուն։
Բացման արարողութեան ներկայ էին արուեստագէտներ, երաժշտագէտներ, սփիւռքահայ գործիչներ, Լուսինէի եւ Խորէն Պալեանի հարազատները, ընկերները եւ այլք։
Ներկաներուն ողջոյնի խօսքով դիմեց Ռաֆֆի Պալեանը, որ ներկայացուց, թէ ինչ դժուար ճանապարհ անցած են այս արդիւնքին հասնելու համար։
«Մենք սրտի մեծ ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ կ’ուզենք աւետել Լուսինէ Զաքայեան տուն-թանգարանի բացումը։ Երկարատեւ այս ծրագրի իրականացոմը կարելի կը դառնայ հետեւողական աշխատանքի շնորհիւ։ Այս թանգարանի ծրագիրը մտայղացումն է հօրեղբօրս Խորէն Պալեանին՝ Լուսինէ Զաքարեանի յիշատակն ու գործը անմահացնելու նպատակով։ Մենք անխուսափելիօրէն ժառանգեցինք այդ երազը, ուխտադրելով լիովին իրագործել այդ նպատակը»,- նշեց Ռաֆֆի Պալեան, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակցութիւն ունեցած են այս գործին մէջ։
Բացման արարողութեան ներկայ Տէր Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան բոլորին փոխանցեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի օրհնութիւնը եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի հայրական սէրն ու ջերմութիւնը Լուսինէ Զաքարեանի եւ Խորէն Պալեանի յիշատակին։
«Մեր պատմութեան ընթացքին սերունդներու համար կ’ըլլան անուններ, որոնք երբեմն զարմանք կը յառաջացնեն, երբ մէկը այդ անունը չի գիտեր։ Այդպիսին էր Լուսինէն։ Սերունդներ, որ պարզապէս անկախ տարիքէն, անկախ ընկերային վիճակէն, ըլլայ անիկա նախարար, ըլլայ գիտնական, թէ պարզ հաւատացեալ մարդ մը Լուսինէի անունը ոչ միայն գիտէր, այլեւ՝ զայն արտասանելու ժամանակ որոշակի յարգանքի ու սիրոյ նշան կը ցուցաբերէր։ Անձնապէս ուրախութիւն ունեցած եմ ծանօթ ըլլալու թէ՛ Լուսինէին, թէ՛ Խորէն Պալեանին»,- ըսաւ Տէր Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան։
Լուսինէ Զաքարեանի տուն-թանգարանը ստեղծելու ժամանակ, նպատակ ունեցած են զայն դարձնելու հայ հոգեւոր երգի եւ երաժշտութեան հաւաքատեղի, նոր սերունդի, արուեստագներու համար հոգեւոր երգի կեդրոն՝ նոր սերունդին ներարկելով Լուսինէի եւ Խորէն Պալեանի արուեստը։
Տուն-թանգարանը գեղեցիկ վերանորոգուած է, պատերուն կախուած են Լուսինէի եւ իր ամուսինի լուսանկարները, անձնական իրերերը, որոնք հաւաքուած են առաձնայատուկ ակնածանքով, հակառակ անոր որ երգչուհիի ձգած նիւթական ժառանգութիւնը քիչ է։ Առանձին սենեակի մէջ յատուկ փաթեթաւորումով տեղադրուած է Լուսինէի սիրելի կապոյտ զգեստը։ Ի դէպ՝ Լուսինէն կապոյտ գոյնը շատ կը սիրէր։
Ռաֆֆի Պալեանը «Զարթօնք»-ի հետ զրոյցին անդրադարձաւ այն դժուարութիւններուն, որոնք եղած են տուն-թանգարանը ստեղծելու ճանապարհին եւ խօսեցաւ այն նպատակներու մասին, յանուն որոնց պիտի գործէ Լուսինէ Զաքարեան տուն-թանգարանը։ «Մեր առջեւ հսկայական խոչընդոտներ կային իրաւական, բարեկամական, սեփականութեան եւ այլն։ Կրցանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները։ Ասիկա իր տեսակին մէջ իւրայատուկ թանգարան է։ Յոյս ունինք, որ անիկա պէտք է ըլլայ ոչ միայն տուն-թանգարան, այլեւ՝ հոգեւոր երաժշտութեան կեդրոն։ Կարծեմ այսպիսի կեդրոններ չունինք։ Մանաւանդ այս տարիներուն ասիկա խիստ կենսական մշակութային անհրաժեշտութիւն է, յատկապէս մեր երիտասարդ սերունդին, որ շատ հեռացաւ հայկական հոգեւոր երաժշտութենէն։ Մենք պիտի փորձենք զիրենք ետ բերել դէպի հայկական հոգեւոր մշակոյթ։ Սա է մեր մշակոյթը, մեր հարստութիւնը։ Ես յոյսով եմ, որ թանգարանը պիտի ծաղկի ու զարգանայ։ Բնականաբար, հսկայական օգնութեան կարիք ունինք յատկապէս պատկան մարմիններէն։ Էջմիածինը իր ներդրումը ըրած է, ինչու չէ նաեւ ժողովուրդը պէտք է գայ եւ իր ներդրումը ունենայ եւ կարենայ գնահատել այս արուեստի արժէքն ու ներդրումը»,- ընդգծեց Ռաֆֆի Պալեան։
Տուն-թանգարանը սկբնական շրջանին պիտի գործէ շաբաթական երկու օր։ Մուտքավճարը պիտի ըլլայ խորհրդանշական գումար մը։