Հինգշաբթի, 12. 09. 2024

spot_img

Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս եւ Վկայականներու Բաշխման Հանդիսութիւն (լուսանկարներ)

Կեանքը Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանէն Ներս 

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի մանկապարտէզի 2018- 2019 կրթական տարեշրջանը վերջ գտաւ Ուրբաթ՝ 7 Յունիս 2019-ին։ Փոքրիկները օրեր առաջ արդէն իրենց ուսուցչուհիներուն հետ պատրաստուած էին տարեվերջի հանդէսին, նիւթ առնելով տարուան չորս եղանակները եւ հրաւիրած էին իրենց ծնողներն ու հարազատները բաժնեկցելու համար իրենց հետ այդ օրը։

Կիրակի՝ 9 Յունիս 2019, կ․ա․ ժամը 10։30-ին վարժարանիս Յակոբ Պարսամեան սրահը լեցուն էր հրաւիրեալներով։ Հանդէսը ընթացք առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով, ներկայութեամբ՝ Թ.Մ.Մ. հիմնադիրներու մարմնի ատենապետ՝ ընկ. Յակոբ Գասարճեանի եւ անդամներուն, Ռ.Ա.Կ. Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամներու, վարժարանիս հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Յովիկ Վարդանեանի եւ անդամներու:

Մանկապարտիզպանուհի՝ Տիկ․Վերա Հաննա բացման խօսքով փոխանցեց թէ մեր փոքրիկները խրոխտ քայլերով հանդէս պիտի գան եւ իրենց թաքուն ձիրքերը պիտի արտայայտեն՝գնահատելով բնութիւնը ու տարուան չորս եղանակները։ Ան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանիս հոգաբարձութեան եւ տնօրէնուհիին որոնք միշտ վերելքի սլացք կուտան մանկապարտէզի ծրագրի գործադրման աշխատանքին։ Շնորհակալական խօսք ուղղեց նաեւ ծնողներուն իրեն համագործակցութեան համար։ Յայտագրի առաջին մասով՝ Մանկամսուրը եւ Բողբոջ դասարանը ներկայացուցին աշնան եղանակը, իսկ Կոկոնը ձմեռը ապա գարունը, Ծաղիկ դասարանը հանդէս եկաւ ամրան եղանակով։ Իւրաքանչիւր դասարան նախ խաղիկներով փոխանցեցին գիտելիքներ եղանակի մասին ապա եղանակի յատկանիշը կրող տարազներով ներկայացուցին գեղեցիկ պարեր։ Խմբերգեցին «Կաքաւիկ», «It’s a Small World», «Ախըր իյյամ էլ Սայֆիյյէ»։ Յայտագրի երկրորդ մասը կ’ընդգրկէր տեսերիզ մը «Հայրերու Տօն»-ին առթիւ, ապա մուտքը շրջանաւարտներու՝ որոնք իրենց կարգին, հայրերու տօնը խորհրդանշող ձեռային նուիրեցին` պատուելով իրենց հայրերը: Ապա, բեմ բարձրանալով անոնք փոխանցեցին իրենց սրտի խօսքը՝ անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով, իսկ հրաժեշտի խօսքը՝ հայերէնով, որմէ ետք ստացան իրենց առաջին վկայականները։

«Կրթական խօսք»ը  արտասանեց տնօրէնուհի՝ Տիկ. Կալինա Նաճարեան: Ան շեշտը դրաւ ըսելով՝ «Մանկապարտէզը, սիրելիներ, այն կարեւոր միջնաբերդն է, ուր հայ մանուկը ծանօթանալով Մեսրոպ Մաշտոցի տառերուն կ’ամրացնէ ինքզինք հայ կեանքէն ներս, ու յետագային, իր նախահայրերուն կամքով ու հաւատքով, կը շարունակէ ապրիլ հայօրէն: Անիկա կարեւոր հիմքն է, ուր աշխատանք կը տարուի նաեւ պատրաստելու համար այնպիսի աշակերտներ, որոնք իրենց ստացած գիտութեան կողքին կ’ունենան ստեղծագործ միտք, մտածելու կարողութիւն եւ ճիշդը սխալէն զատորոշելու միջոց: Հակառակ ներկայ օրերու դժուար պայմաններուն, հայ մանուկը մանկապարտէզէն ներս ստացաւ հայեցի լիարժէք դաստիարակութիւն: Եւ ահաւասիկ, այսօր, ծաղիկ դասարանի աշակերտները գեղեցիկ հանդէսով մը կը նշեն մանկապարտէզի շրջանի աւարտը ու կ’ուխտեն լրջօրէն շարունակել իրենց ընթացքը այս հայակերտ ամրոցէն ներս, տարիներ ետք միանալու վարժարանիս շրջանաւարտներու փաղանգին: Ուրեմն, ամէն գիտակից հայու պարտականութիւնն է հայ դպրոցը պահել իր յառաջապահ դերին մէջ, որ կը կարօտի նիւթական եւ բարոյական զոհողութիւններու, որովհետեւ հայ դպրոցը ամէնէն ազդու միջոցներէն մէկն է մեր մնայուն արժէքներու ժառանգութիւնը կտակելու գալիք սերունդին, ինչպէս նաեւ մեր հայրենիքին ու մայրենի լեզուին սիրոյ կրակը վառ պահելու հայ սրտերուն մէջ: Հայ ազգը, սիրելիներ, կը շնչէ ու կենսունակ կը մնայ ամէն բանէ առաջ իր դպրոցներով եւ թէ իր գոյութեան պայքարը կը մղէ ուսման եւ կրթութեան ճամբով:» Ապա, տնօրէնուհին շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանս հովանաւորող Թ.Մ.Մ. հիմնադիրներու մարմինին, վարժարանիս վերելքին ու յաջողութեան նպաստող հոգաբարձութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար հանդիսացան անցնող տարեշրջանին:  Շրջանաւարտները աւարտեցին յայտագիրը երգելով վարժարանիս քայլերգը ապա ընդունեցին շնորհաւորութիւններ ու ստացան արժէքաւոր նուէրներ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին